Մանուէլ ՔԷՇԻՇԵԱՆ / Է՜Հ ՀԱԼԷ՜Պ, ՀԱԼԷ՜Պ
Գործող անձինք
Խենդ Նենօ Թաղին Խենդը
Վազգէն Թաղին գինովը
Քեռի Անդօ Թաղին Մեծը
Գէորգ Թաղին առնող-ծախողը
Կարպիս Թաղին զինուորցուն
Գօգօ Կարպիսին եղբայրը
Վարդգէս Թաղին պահապան տղոցմէ
Վարդան Թաղին պահապան տղոցմէ
Մարի Վազգէնին կինը
Սոնա Թաղին կիներէն
Արսէն Թաղին ջութակահարը
Շողեր Արսէնին սիրած աղջիկը
Արմէն Ազգային մը
Անի Թաղին այրիներէն
Արփի Անիին դստրիկը
Վաչէ Անիին զոհուած ամուսինը
Մովսէս Թաղին ճամբորդը
Տէր Հայր Տաներէց Քահանայ
Խ. Նենօ — (բեմառաջ, վարագոյրը գոց): Է՜հ… գլուխս կը ցաւի… ինչո՞ւ. չե՛մ գիտեր: Գլուխ է, կ՛ուզէ կը ցաւի, կ՛ուզէ կը ցաւի… հա՛… ա՞ս ով է. ա՛, գինով Վազգէնն է: Վազգէ՞ն, էհէ՜յ …
Վազգէն — Էհէյ: Դուն ո՞վ ես:
Խ. Նենօ — Ե՞ս, Նենօն:
Վազգէն — Ի՞նչ Նենօ:
Խ. Նենօ — Խենդ Նենօն: Զիս չե՞ս ճանչնար:
Վազգէն — Մեր տունը ո՞ւր գացեր է… չեմ գտներ:
Խ. Նենօ — Տիկին Մարիին քովն է:
Վազգէն — Տիկին Մարի՞ն ով է:
Խ. Նենօ — Ինծի խենդ կ՛ըսեն, ամմա ով է խենդը՝ չեմ գիտեր: Ետեւս նստիր, քեզ հասցնեմ: Վրրր… Վրրր… փիփ-փիփ…
Վազգէն — Ետեւ՞դ… Ո՞ւր նստիմ… հէ՜յ… ո՞ւր գացիր…
Խ. Նենօ — Հիմա կուգամ:
Վազգէն — Գնաց: Հազիւ մէկը գտայ, որ տունիս տեղը գիտէ… գնաց:
Կ՛երթան: Վարագոյրը կը բացուի: Քեռի Անդօ եւ Գէորգ նարտի կը խաղան:
Ք. Անդօ — (զարը կը նետէ): Ի՞նչ եկաւ:
Գէորգ — Ի՞նչ պիտի ըլլայ ղաշիմին նետածը, իքի պիր:
Ք. Անդօ — Աս զարին բան մը եղե՞ր է:
Գէորգ — Մի սկսիր զարը մահանայ բռնելու: Խաղցիր նայինք:
Ք. Անդօ — Ահա խնդրեմ:
Գէորգ — (զարը կը նետէ): Ըհը, ինծի ալ իքի պիր, մի՛ նեղուիր:
Ք. Անդօ — Տէ՛, խաղցիր նայինք, ասի՛ ուրկէ պիտի բերես:
Գէորգ — Ստիպուած բաց պիտի տամ: Ինչ ընեմ: Ահա:
Ներս կը մտնեն Կարպիս եւ Գօգօ եղբայրները երկու դոյլ ջուր բերած:
Գէորգ – Կամաց, ճանըմ, կամաց, ո՞ւր կը վազէք:
Կարպիս — Քեռի Անդոյին ջուր բերինք:
Գէորգ — Բայց ինծի լոգցուցիք:
Կարպիս — Կը ներես, պարոն Գէորգ: Հեռուէն կուգանք: Յոգնեցայ:
Գէորգ — Վրաս գլուխս ջուր եղաւ, ուշադիր եղէք, ճանըմ:
Ք. Անդօ — Բան չիկայ, բան չիկայ, գնա՛, տափատդ փոխէ եկուր:
Գէորգ – Լավ, երթամ: Չեմ ուշանար, չփախիս…
Ք. Անդօ — Ո՞ւր պիտի փախիմ, եղբայր: Շնորհակալ եմ, տղաք: Կարպիս, տղաս, ասոնք ներս տար: Դուրսի դրան ետեւ պիւթակազի շիշ մը կայ, հետդ բեր:
Կարպիս կ՛երթայ:
Ք. Անդօ – Գօգօ, տղաս, աս դրամը պապայիդ տուր, ըսէ, որ մնացածն ալ ամէն շաբաթ կամաց-կամաց կուտամ:
Գօգօ — Անցեալ շաբթուայ տուածդ երբ որ տուի, ըսաւ «Աս ծերուկը ցնդեր է, ես իրմէ առնելիք չունիմ»:
Ք. Անդօ — Ցնդե՞ր է մը՛: Ինքը ցնդեր է, որ չի յիշեր: Առ-առ: Աս կազի շիշն ալ տարէք, որ մաման ճաշ եփէ:
Տղաքը իրար կը նային, գլուխնին կախ կ՛երթան: Կը լսուի ջութակի մեղմ մեղեդի: Գէորգ կը վերադառնայ:
Գէորգ — Կարպի՞ս:
Կարպիս – Այո, քեռի:
Գէորգ — Չ՛ըսիր, զինուորութեանդ հարցը ի՞նչ եղաւ:
Կարպիս — Գալ շաբաթ պիտի տանին:
Գէորգ — Պիտի տանի՞ն: Ինչու, բանտարկեա՞լ պիտի երթաս:
Կարպիս — Ոչ, զինուոր պիտի տանին:
Գէորգ — Զինուոր պիտի երթամ կ՛ըսեն, տղաս: Պիտի երթաս, որ տունդ պաշտպանես, մեզ պաշտպանես: Աս է աշխարհի դրուածքը: Գնա՛, Աստուած քեզի պահապան: Եկուր ճակատդ համբուրեմ:
Կարպիս կը համբուրուի ու կ՛երթայ:
Գէորգ — Ասլան տղաներ են: Արդէն ամէն գիշեր պահակութիւն կ՛ընեն տղոց հետ:
Ք. Անդօ — Ծո՛ւռ է, ծո՛ւռ:
Գէորգ — Ի՞նչ կը տրտնջաս նորէն:
Ք. Անդօ — Հէ՛չ: Ծօ՛, մարդ երեք զաւակ ունենայ եւ դրացինե՞րը ջուր բերեն իրեն:
Գէորգ — Կը բողոքես: Գացին… բայց ամէն ինչդ կը հոգան: Ձգած դրամնին քեզի 1ՕՕ տարի կը բաւէ:
Ք. Անդօ — Գետինը մտնէ դրամն ալ, դրամը ստեղծողն ալ: Աշխարհի բոլոր չարիքներուն աղբիւրն ալ դրամն է: Մէյ մը դուն քեզի նայիր, աս տոպրակները որ կը շալկես ամէն օր, ի՞նչ են:
Գէորգ — Ի՞նչ են…
Ք. Անդօ — Դո՛ւն ըսէ:
Գէորգ — Օգնութի՛ւն:
Ք. Անդօ — Ամմա՛ ըրիր, հա՜:
Գէորգ — Հապա ի՞նչ, գողութի՞ւն է:
Ք. Անդօ — Օգնութիւն է, եթէ առնես տուն տանիս: Ոչ թէ ծախես:
Գէորգ — Օգնութիւն է, քանի որ կը ծախեմ ՛՛ուզողին՛՛, կը ծախեմ անոր, որ ՛՛պէտք ունի՛՛: Այդպիսով օգնած չե՞մ ըլլար:
Ք. Անդօ — Օգնած կ՛ըլլաս:
Գէորգ — Ուրեմն ըրածս օգնութիւն է:
Ք. Անդօ — Այո, օգնութիւն է յատկապէս քեզի համար:
Գէորգ — Ի՞նչ ընէի: Առած ամսականս մէկ շաբաթ չի բաւեր: Գողնայի՞:
Ք. Անդօ — Չեմ գիտեր ինչ ըսեմ, բայց զիս ալ մի՛ այպաներ, որ կը տրտնջամ, մինակ մնալը շատ գէշ բան է:
Խ. Նենօն — (օթոյի ձայն հանելով ներս կը վազէ): Փիփ… փիփ…
Գէորգ – Կամաց, կամաց… ո՞ւր կը վազես այսպէս փիփ-փիփ:
Խ. Նենօ — Ճամբայ բացէ՜ք, կուգա՜յ… կուգա՜յ:
Ք. Անդօ — Նենօ՛, ո՞վ կուգայ:
Խ. Նենօ — Էհէ՜յ, Վազգէնը: Հա-հա-հա…
Քշելով կ՛երթայ: Կը լսուի ջութակի մեղմ մեղեդի:
Ք. Անդօ — Աս ալ աս պատերազմին արդիւնքներէն է: Ոսկիի պէս տղան՝ Վազգէնը, խանութի տէր, գործը յաջող, երկվայրկեանի մէջ՝ մէկ ռումբով կը կորսնցնէ ամէն բան եւ հրաշքով կը փրկուի: Բայց ցնցումը զինք գինեմոլութեան կը տանի:
Գէորգ — Ահա տեսա՞ր, հիմա հասկցա՞ր՝ զաւակներդ ինչու գացին:
Ք.Անդօ — Այո՜, բայց ո՞վ գիտէ, ո՛ւր, ի՛նչ պիտի ըլլայ:
Գէորգ — Հապա Նենօ՞ն: Խե՞նդ էր: Ան ալ մէկ ռումբի հարուածով ամբողջ ընտանիքը կորսնցուց, հետն ալ խելքը:
Ներս կուգան Վարդգէսն ու Վարդանը՝ մէջերնին առած Վազգէնը, որ հազիւ կը քալէ:
Գէորգ — Հասա՜ւ: Բարով եկար, Վազգէն:
Վազգէն — Ո՞ւր է: Վազգէնը եկա՞ւ:
Վարդգէս – Եկաւ, եկաւ:
Վարդան — Քեռի Անդօ, ահա մենք հասցուցինք ու կը յանձնենք ձեզի: Շատ կը ներէք, պէտք է ճակատ երթանք պահակութեան:
Ք. Անդօ — Գացէք, գացէք: Աստուած ձեզի պահապան:
Գէորգ — Մարին կանչե՞մ:
Ք. Անդօ — Խեղճ աղջիկ: Կանչէ, ուրիշ ճար չունինք: (Գէորգ կ’երթայ:) Վազգէ՛ն, ինչպէ՞ս ես:
Վազգէն — Աս փողոցը ինծի ծանօթ է: Խանութս գոցեմ՝ գամ:
Ք. Անդօ – Նստիր, տղաս, նստիր: Ես գոցեցի:
Վազգէն — Նստիմ: Յետոյ ինչպէ՞ս ոտքի պիտի ելլեմ:
Ներս կուգայ Մարի՝ գիրկը երեխայ մը շալկած, որ կուլայ: Գէորգն ալ կու գայ:
Մարի — Քեռի Անդօ՛, ես ինչքա՞ն կրնամ այս վիճակիս դիմանալ:
Վազգէն — (կնոջ կը նայի ու կը դառնայ Գէորգին կողմը): Մեղք է կնիկը: Աս պզտիկը առէք ձեռքէն:
Ք. Անդօ — Վազգէ՛ն, ելիր տունդ գնա:
Երեխան կուլայ: Վազգէն կը փորձէ ոտքի կենալ, կ՛իյնայ ծունկի: Դժուարութեամբ կը յաջողի ոտքի կենալ ու յանկարծ…
Վազգէն — Սագօն է… իմ ճիկէարս… մի լար…
Գէորգ կը փորձէ օգնել ոտքի կենալու, Մարի կուլայ:
Վազգեն — Աս ի՞նչ հրաշք է, երկու հատ Մարի կայ, երկու հատ ալ Սագօ՞…
Մարի — Վազգէ՛ն… աս ճիկէարդ կաթի պէտք ունի… իսկ դուն կերթաս օղի կը խմես:
Վազգէն — Չիկայ… դրամ չիկայ… օղի չիկայ… կաթիկ չիկայ… խանութ չիկայ…
Ք. Անդօ – Վազգէն, նստիր: Քովդ կաթ չի՞ գտնուիր, Գէորգ:
Գէորգ — Կը գտնուի, բայց քովս չէ, տիկին Սոնային քով: Կարծեմ տղաքը երեկ եկեղեցիէն բաներ մը բերին: Երթամ հարցնեմ: (Կ՛երթայ:)
Ք. Անդօ — Այս գիշեր թող խմէ, վաղը Վազգէնը կ՛երթայ, եկեղեցիէն կը բերէ:
Մարի — Քեռի Անդօ, չ՛երթար: Կ՛ամչնայ երթալու:
Ք. Անդօ — Ես հետը կ՛երթամ, չ՛ամչնար:
Խ. Նենօ — (ներս կը մտնէ): Փիփ-փիփ… Էհէ՜յ… Վազգէ՞ն:
Վազգէն — Էհէ՜յ… Նենօ…
Խ. Նենօ — Ճանչցա՛ւ… տունդ գտա՞ր: Ահա աս է:
Վազգէն — Մարի… Սագօն ինչո՞ւ կուլայ: Օղի՞ կ՛ուզէ… ներողութիւն, կաթի՞կ կ՛ուզէ…
Մարի — Այո, կաթիկ կ՛ուզէ:
Վազգէն — Տուր, ինչո՞ւ չես տար:
Ք. Անդօ — Կուտայ կուտայ, հիմա կուտայ:
Տ. Սոնա — (ներս կուգայ Գէորգին հետ): Քա Մարի, առտուընէ Վրէժիս հետ քեզի լուր ըրի, որ գաս կաթը առնես: Ինչո՞ւ չեկար: Տուր նայիմ աս վայրենին, գնա, գնա կաթը պատրաստէ:
Խ. Նենօ — Ամմա՜… մէկէն ձայնը կտրեց:
Ք. Անդօ – Ելիր, Վազգէն, ելիր տուն մտիր, երեսդ լուայ: Ես երթամ, տունը սուրճ մը եփեմ, բոլորս նստինք համով հոտով խմենք:
Վազգէն եւ Մարի կ՛երթան:
Տ. Սոնա — Ձերիններէն ի՞նչ լուր կայ, քեռի Անդօ:
Ք. Անդօ — Փառք տիրոջ, բոլորը լավ են:
Տ. Սոնա — Է՜՞… յետո՞յ:
Ք. Անդօ — Ի՞նչ յետոյ:
Տ. Սոնա — Հե՛չ: Ես Եղսաբէթ քոյրիկը կարօտցայ: Ըսէ թող գայ:
Ք. Անդօ — Եղեր հոն ռումբ չիկայ, լաւ է:
Գէորգ — Սոնա քոյրիկ, հանգիստ տունը նստեր է, ջուր, էլէկտրականութիւն, շոֆաժ… կուգա՞յ:
Տ. Սոնա — Հապա մա՛րդը, հոս մինա՞կ մնայ: Է՜հ… չէ, ճանըմ… ծուռ է…
Գէորգ — Խօսի՞մ, քեռի Անդօ… Եթէ խօսիմ, պիտի նեղուիս, Սոնա քոյրիկ: Դուք ալ եթէ գացած ըլլայիք, աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար:
Ք. Անդօ – Չէ, Գէորգ, մի սկսիր հին պատմութիւնները փորփրել:
Տ. Սոնա — Ճակատագիրէն փախիլ չ՛ըլլար:
Խ. Նենօ — Փիփ-փիփ… Քեռի Անդօ, սուրճը ի՞նչ եղաւ: Վրրրմ-վրրմ… Ես գացի, սուրճին հոտը առնելուս պէս կուգամ:
Ք. Անդօ – Ապրիս, Նենօ, լաւ յիշեցուցիր, երթամ եփեմ:
Մարի — Սոնա քոյրիկ, տուր Սագօլիկը կերակրեմ:
Տ. Սոնա – Առ, աղուորս: Վազգէնը քնացա՞ւ:
Մարի — Ոչ, սուրճ պիտի խմէ եղեր… կ՛ամչնայ կոր:
Գէորգ — Երանի ամչնար ու աս երիտասարդներուն հետ պահակութեան երթար:
Մարի — Պիտի երթայ, պարոն Գէորգ, վաղը պիտի երթայ:
Գէորգ — Է՜հ, ամէն օր վաղը կ՛ըսէ, բայց ուրիշ տեղ կ՛երթայ:
Մարի — Այս անգամ պիտի երթայ: Սագոյիս գլխուն երդում ըրաւ:
Գէորգ — Ճանըմ, ո՛չպահակութիւն թող ընէ, ո՛չ ալ օղի թող խմէ:
Մարի — Պարոն Գէորգ, երբ Սագօն ծնաւ, գիտե՞ս ինծի ինչ ըսաւ Վազգէնը:
Գէորգ — Ի՞նչ ըսաւ, Մարի:
Մարի – Ըսաւ՝ «Ասի կեանքիս ամենաթանկ նուէրն է, որ ինծի կուտաս»:
Գէորգ — Էէէ՞… դո՛ւն ինչ ըսիր:
Մարի — Ես ալ ըսի՝ «Դուն հոգիս ես»:
Տ. Սոնա — Աստուած ձեզի ամուր պահէ: Սիրով մնացէք:
Կը լսուի ջութակի մեղեդի: Ներս կուգայ մէկ կողմէն Արմէնը, միւս կողմէն քեռի Անդօն սուրճով միասին:
Մարի — Ահա սուրճը հասաւ. մէկ գաւաթ ա: (Կ՛երթայ:) Վազգէնի՞ն տանիմ:
Արմէն կու գայ:
Գէորգ — Ծո աս ի՜նչ հոտառութիւն է, պարոն Արմէն, եկուր նստիր, եկուր միասին աս սուրճը խմենք:
Արմէն — Շնորհակալ եմ: Այսօր շատ խմեցի: Ժողովը երկար տեւեց:
Ք. Անդօ – Նստիր, Արմէն, նստիր: Ասի ազգին սուրճը չէ: Ասի համով է:
Արմէն — Ինչո՞ւ, ազգին սուրճը ինչո՞ւ համով չէ եղեր:
Ք. Անդօ — Քանի որ ամէն մարդ վրան աչք տնկած կ՛ըլլայ:
Գէորգ — Պարոն Արմէն, աս խանութիս հարցով պիտի կարենա՞ս օգնել:
Արմէն — Պէլէտիէ դիմեցի՞ր:
Գէորգ — Անշուշտ դիմեցի, բայց պետութիւնը միայն հարիւրէն երեսուն կուտայ եղեր, այդ ալ աստուած գիտէ՝ երբ:
Արմէն — Քանի՞ տեղէ պիտի օգտուիս, պարոն Գէորգ:
Գէորգ — Ամա՛, աս ի՞նչ խօսք է: Առաջնորդարանը կ՛օգնէ՞, թէ ո՛չ:
Արմէն — Անշո՛ւշտ կ’օգնէ: Իմ վրաս ինչո՞ւ կը բարկանաս, ես առաջնորդարա՞նն եմ:
Տ. Սոնա — Ըսել կ՛ուզէ՝ ինչո՞ւ ոմանց կ՛օգնեն, ոմանց չեն օգներ:
Արմէն — Տիկին Սոնա, ամուսինդ ռումբի զոհ գացած է, ժամանակին ալ Արցախ կռուի գացած է. կրնա՞նք ձեզ չ՛օգնել:
Գէորգ — Ուրեմն պէտք էր խանութիս հետ ե՞ս ալ պայթէի, որ օգնէիք:
Արմէն — Կը ներէք, ես զբաղած եմ, պէտք է երթամ: Այս խօսակցութիւնը ուրիշ առիթով կը շարունակենք: Ցտեսութիւն:
Գէորգ — Զբաղած է եղեր, գնա՛, ես գիտեմ՝ ո՛ւր, գնա՛, բայց նպատակիդ պիտի չհասնիս:
Կը լսուի ջութակի մեղեդի:
Տ. Սոնա — Աս ճահելներն ալ մեղք են: Ինչպէ՞ս ամուսնանան, ինչպէ՞ս ընտանիք պահեն: Է՜հ, ես տուն երթամ, Վրէժս սպասեմ:
Ք. Անդօ — Ես ալ աս նարտին տուն տանիմ:
Գէորգ — Մոմ ունի՞ս, ներսը բարդի մը խաղանք, աս սուրճն ալ հարամ թող չ՛ըլլայ:
Ք. Անդօ — Ունիմ, ունիմ: Քալէ: Ապաու… զարկը սկսաւ: Երթանք:
Կը լսուին ռումբի ձայներ , կրակոց որ կը սաստկանայ: Ջութակին ձայնը կամաց-կամաց կը զօրանայ:
Ներս կուգան Շողեր եւ Արսէն:
Շողեր — Ինչպէ՞ս կրնաս նուագել այս ռումբերուն տակ:
Արսէն — Երբ նուագեմ, միայն երաժշտութիւնը կը լսեմ եւ կ՛երեւակայեմ, որ դուն կը պարես:
Շողեր — Կը պարե՞մ:
Արսէն — Կը պարես… ու աշխարհը կը պարէ քեզի հետ…
Շողեր – Հա-հա…
Արսէն — Կը ժպտաս եւ դաշտերը կը ծաղկին…
Շողեր — Դուն բանաստեղծ ես:
Արսէն — Կը խօսիս եւ թռչունները հետդ կ՛երգեն…
Շողեր — Քեզի հետ կեանքը գեղեցիկ է:
Արսէն — Գեղեցիկ են աչքերդ, շրթներդ, թեւերդ… ամէն բան…
Շողեր — Աչքերդ, շրթներդ, թեւերդ… ամէն բան…
Արսէն — Կը սիրեմ քեզ, Շողեր…
Շողեր — Ես ալ…
Արսէն — Ի՞նչ եղաւ քեզի:
Շողեր – Ասի՝ մեր գաղտնիքն է, մարդ պէտք չէ լսէ:
Արսէն — Ինչո՞ւ, մե՞ղք կը գործենք:
Շողեր — Ոչ, բայց մարդոց մէջ կան այնպիսիներ, որ կրնան մեր երազները սպաննել:
Արսէն — Ես անո՛նց համար կը նուագեմ, որպէսզի իրենց գլուխներէն հեռանան ռումբի ձայները եւ սիրոյ երաժշտութիւնը յաղթէ:
Շողեր — Եթէ ասի կ՛օգնէ, ես պատրաստ եմ մինչեւ առտու պարելու: Նուագէ, հոգիս, նուագէ…
Արսէն կը նուագէ ու Շողեր կը պարէ: Յանկարծ կը նուաղի ու գետին կ՛իյնայ:
Արսէն — Ի՞նչ եղաւ, Շողեր:
Շողեր — Չեմ գիտեր: Գլուխս դարձաւ:
Արսէն — Ելիր, ելիր, քեզի տուն տանիմ:
Տ. Սոնա — (պատուհանէն): Արսէ՛ն, ի՞նչ եղաւ Շողերին:
Արսէն — Աստուա՛ծ քեզի ղրկեց, տիկին Սոնա: Ինկաւ… ես ալ շուարած եմ, չեմ գիտեր ինչ ընեմ:
Տ. Սոնա — Բան մը մի ըներ, թող պառկած մնայ: Ես հիմա կ՛իջնեմ:
Արսէն — Շողեր… ի՞նչ եղաւ քեզի: Հիմա կը պարէիր… ուրախ էիր:
Տ.Սոնա – Հանգստացիր, Արսէն, բան չիկայ: Շողեր, աղջիկս… կամաց մը նստիր… Արսէն, քեռի Անդոյին դուռը զարկ, նայինք քովը սուրճ մնա՞ց:
Արսէն — (դուռը զարնելով): Քեռի Անդօ, սուրճ ունի՞ս: Քեռի Անդօ՛…
Ք. Անդօ — (ներսէն): Եկայ… եկա՜յ…
Արսէն — Քեռի Անդօ՛, սուրճ ունի՞ս…
Ք. Անդօ — (դուռը բանալով): Ունիմ, ունիմ… Արսէ՞ն, ի՞նչ պատահեր է:
Արսէն — Շողերը… ինկաւ:
Գէորգ — Ո՞ւր ինկաւ, ինչո՞ւ ինկաւ, ինչպէ՞ս ինկաւ, ե՞րբ ինկաւ…
Տ. Սոնա — Գէո՞րգ, ի՞նչ եղաւ քեզի: Սուրճը ո՞ւր է:
Գէորգ — Ահա, սուրճը պատրաստ է: Առ, աղուորս, խմէ, որ արթննաս:
Արսէն — Փառք Աստծոյ, աչքերը բացաւ:
Տ. Սոնա — Մի վախնար, բան մը չիկայ:
Գէորգ — Չ՛ըլլայ յղի է:
Տ. Սոնա — Ամա՜ն, Գէորգ, ասանկ խօսքերէն չարիք կը ծնի: Վստահ, որ աղջիկը անօթի է: Աղջիկ Շողեր, այսօր բան մը կերե՞ր ես: Լաւ, երթամ, խնձոր մը բերեմ: (Կ՛երթայ:)
Ք. Անդօ — Արսէ՛ն, աս աղջկան լաւ նայիր, գանձ է:
Արսէն — Ձեռքէս գար, այսօր կ՛ամուսնանայի հետը:
Ք. Անդօ — Կ՛ըլլայ, կ՛ըլլայ… քիչ մնաց: Ինչ որ սկիզբ ունի, վերջ ունի:
Արսէն — Է՜հ, քեռի Անդօ, պիտի դիմանանք: Պատերազմը կենալուն պէս պիտի ամուսնանանք:
Գէորգ — Ախորժակդ տեղն է, երիտասարդ:
Արսէն — Նստինք լա՞նք: Ես լալկանները չեմ սիրեր:
Տ. Սոնա — (խնձորը ձեռքին): Առ, աղջիկս, կեր, որ ստամոքսդ չցաւի:
Շողեր — Շնորհակալ եմ, Սոնա քոյրիկ:
Արսէն — Խօսեցա՛ւ… փառք Աստծոյ: Շնորհակալ եմ, տիկին Սոնա… ըըը… Կրնա՞մ ես ալ Սոնա քոյրիկ ըսել:
Տ. Սոնա – Անշուշտ, տղաս: Մենք նոյն թաղի բնակիչներ ենք, օտար չենք: Ելիր, Շողեր, կրնա՞ս ոտքի կենալ:
Շողեր – Կրնամ, կրնամ: Շնորհակալ եմ:
Արսէն եւ Շողեր միասին կ՛երթան:
Գէորգ — Ես ալ տուն երթամ: Բարի գիշեր:
Տ. Սոնա — Բարի գիշեր, ես ալ երթամ… խեղճ աղջիկ:
Ք. Անդօ — Բարի գիշեր: Թող այս գիշերն ալ խերով բարով անցնի:
Տ. Սոնա — Աստուած բերնէդ լսէ:
Բոլորը կ՛երթան, կը յայտնուի Արմէն: Կը մօտենայ Անիի տան դրան: Անին եւ աղջիկը՝ Արփին:
Անի — Քնացի՛ր, աղջիկս, այս դեղը առ եւ քնացիր:
Արփի — Կը մսիմ, մամա, շատ կը մսիմ:
Անի — Դուն տաքութիւն ունիս, աղջիկս, դեղդ պէտք է առնես եւ քնանաս:
Արփի — Մութ է, մամա, կը վախնամ:
Անի — Ինչէ՞ն կը վախնաս, աղջիկս, ես քովդ չե՞մ:
Արփի — Ձայներէն կը վախնամ, մամա, ռումբերու ձայներէն:
Անի — Այդ ձայները շատ հեռուէն կու գան, աղջիկս, մի՛ վախնար: Քնացի՛ր, աղջիկս:
Արփի — Մամա՛, անօթի եմ:
Անի — Աղջիկս, հիմա գիշեր է, լաւ չէ ուտելը:
Արփի — Մամա, կէսօրուընէ անօթի եմ:
Անի — Աղջիկս, կէսօրին լոլիկի ջուրով մէկ հաց չկերա՞ր:
Արփի — Մամա՛, ես մսիկ կ’ուզեմ:
Անի — Վաղը կէսօրին քեզի համով փիլաւ մը կ’եփեմ:
Արփի — Փիլաւէն ձանձրացայ, մամա:
Անի – Լաւ, աղջիկս, վաղը մսիկ կ’ուտենք:
Արփի — Երէկ ալ նոյնը ըսիր, առջի օր ալ, անցեալ շաբաթ ալ…
Անի — Լռէ՛, Արփի, լռէ այլեւս եւ քնացիր:
Արփի — Մամա՛, դուն առաջ վրաս չէիր բարկանար:
Անի — Քնացի՛ր, աղջիկս:
Արփի — Մամա՛, մեր տուն պիտի չվերադառնա՞նք:
Անի — Պիտի վերադառնանք, աղջիկս, օր մը անպայման պիտի վերադառնանք:
Արփի — Օր մը՞, օր մը ե՞րբ, մամա: Մեր տունը տաք էր, մեր տունը ուտելիք շատ կար, այն ատեն ռումբի ձայն չկար, մամա:
Անի — Օր մը պիտի լռեն ռումբի ձայները, օր մը պիտի վերադառնանք մեր տաքուկ տունը. օր մը…
Արփի — Հայրիկն ալ պիտի վերադառնա՞յ:
Անի — Հայրիկը՞… օր մը, աղջիկս, երբ այս պատերազմը վերջանայ, բոլորը պիտի վերադառնան, մենք ելեկտրականութիւն պիտի ունենանք, խմելու մաքուր ջուր, ուտելիք, հագնելիք, ամէն մարդ իր տուն պիտի վերադառնայ, մենք ալ. մեր տան մէջ հայրիկի հոգին մեզ պիտի դիմաւորէ, Արփի, աղջիկս, մենք պէտք է դիմանանք, մենք հայրիկը ուրախացնելու համար պէտք է դիմանանք:
Արփի — Ես քեզի կը հաւատամ, մամա:
Անի — Ապրի՛ս, աղջիկս: Ես ալ կը հաւատամ այն օրուան, երբ հայրիկդ պիտի վերադառնայ, օր մը, գեղեցիկ օր մը պիտի քնանանք եւ երբ արթննանք, պիտի տեսնենք, որ ան վերադարձած է. որքա՜ն պիտի ուրախանայ մեզ ողջ առողջ տեսնելով, որքա՜ն գեղեցիկ նուէրներ պիտի բերէ քեզի, աշխարհի ամենագեղեցիկ պուպրիկները, դուն երջանիկ պիտի ըլլաս, աղջիկս, դուն արժանի ես երջանիկ ըլլալու, օր մը կեանքը քեզի պիտի յատուցանէ քու անմեղ մանկութեանդ կորսուած տարիները… վերջապէս քնացա՞ր… ես ալ անօթի եմ, աղջիկս, ես ալ կը մսիմ, ես ալ կը վախնամ ռումբերու եւ ամէն տեսակ զէնքերու ձայներէն:
Նոյն եւ Արմէն: Դուռը կը զարնուի:
Անի — Ո՞վ է:
Արմէն — Ես եմ, պարոն Արմէնը:
Անի — Հրամմեցէ՛ք, պարոն Արմէն, հրամմեցէ՛ք, նստեցէք…
Արմէն — Բարի իրիկուն: Քիչ մը ուտելիք բերած եմ աղջկադ համար:
Անի — Ողջ մնաք, պարոն Արմէն, բայց…
Արմէն — Ի՛նչ բայց, մեր պարտականութիւնն է:
Անի — Շատ շնորհակալ եմ, պարոն Արմէն,
Արմէն — Քեզի ալ շիշ մը գինի… տաքնալու համար:
Անի — Ես գինի չեմ խմեր, պարոն Արմէն:
Արմէն — Ես ալ չեմ խմեր… տաքնալու համար իրար հետ գաւաթ մը կը խմենք: Բե՛ր, բե՛ր, գաւաթները բեր: Համով աղանդներ բերած եմ, շատոնց կերած չես ըլլար:
Անի — Պարոն Արմէն, կը խնդրեմ, որ հասկնաք..
Արմէն — Անի, ճանիկս, հետս յոգնակիով մի՛ խօսիր, ինձմէ մի՛ քաշուիր, անուշ լեզուովդ Արմէն մը ըսէ…
Անի — Պարոն Արմէն…
Արմէն — Վաղը աղջկադ համար նոր հագուստներ կը բերեմ, շիշ մը կազ եւ մազօթ ալ կը ղրկեմ…
Անի — Պէտք չէ՛, պարոն Արմէն, պաղին ընտելացանք արդէն…
Արմէն — Այդ ի՞նչ խօսք է, ընտելացանք եղեր, մարդ պաղին կ’ընտելանա՞յ, եկո՛ւր, քովս եկո՛ւր, քիչ մը տաքցնեմ քեզ:
Անի — Ես չեմ պաղիր, պարոն Արմէն:
Արմէն — Չե՞ս պաղիր… լա՛ւ, ուրեմն դուն զիս տաքցուր… Քեզի քիչ մը դրամ տամ, աղջկադ համար համով-համով ճաշեր եփէ:
Անի — Դրամի պէտք չունինք, պարոն Արմէն, շնորհակալ եմ:
Արմէն — Դրամի պէտք չունի՞ս… ուրտեղէ՞ն քեզի դրամ, որմէ՞ կ’առնես, ես աւելի կու տամ քեզի:
Անի — Ես ոեւէ մէկէն դրամ չեմ առներ:
Արմէն — Ինձմէ ա՛ռ, աղջիկս, մի՛ քաշուիր:
Անի — Չեմ քաշուիր, չեմ ուզեր:
Արմէն — Որքա՜ն գեղեցկացէր ես, Անի, մեղք չէ՞ այս գեղեցկութեանդ:
Անի — Պարոն Արմէն, կը խնդրեմ, որ հետս այդ կերպ չխօսիք:
Արմէն — Հապա ի՞նչ կերպ խօսիմ. գեղեցիկին գեղեցիկ կ’ըսեն: Եկո՛ւր, քովս եկո՛ւր…
Անի — Պարոն Արմէն…
Արմէն — Նազ կ’ընես, գիտեմ, նազ կ’ընես, հայուհիի կեղծ նազ… գիտեմ, որ դուն ալ կ’ուզես, էգ չե՞ս, ես ալ արու եմ, եկո՛ւր, քեզի ըսի գաւաթ մը խմէ՛:
Անի — Հիմա աղջիկս կ’արթննայ, պարոն Արմէն:
Արմէն — Ուրեմն սուս ու փուս եկուր, սո՜ւս:
Անի — Այդ ինչ կ’ընէք, պարոն Արմէն, շատ կը խնդրեմ, զիս հանգիստ ձգեցէք:
Արմէն — Այս որքան յամառ ես եղեր, չէ՜, հետդ անուշութեամբ խօսիլ չ’ըլլար:
Անի — Ձգեցէք զիս, չեմ ուզեր, չէ՞ք հասկնար, չեմ ուզեր:
Արմէն — Ինքզինքդ պարկեշտ կը ձեւացնես, քեզի պէս շատեր տեսած եմ: Հո՛ս եկուր, քովս եկուր, պիտի գաս, ուզես չուզես պիտի գաս… Ա՜խ, կը ճանկե՞ս… ուրեմն ճանկել ալ գիտես… Օհօ՜… աչքիս աւելի կ’աղուորնաս, աւելի կը համովնաս… եկո՛ւր էգ, եկո՛ւր…
Անի — Ես էգ չեմ, ես մարդ եմ, պարոն Արմէն, հանգիստ ձգեցէք զիս, հեռացէք, հեռացէ՛ք… Կը խնդրեմ, պարոն Արմէն, հեռացէք ինձմէ, շատ կը խնդրեմ, պարոն Արմէն…
Արմէն — Աղջկադ մասին մտածէ, աղջկադ, մեղք չէ՞:
Անի — Մեղք է, շատ մեղք է, աղջիկս, միակ աղջիկս, ինչո՞ւ ասանկ պիտի ըլլար, ինչո՞ւ… ես ալ մեղք եմ… մեղքցէք ինծի, ոչինչ մնացած է ինծի, միայն պատիւս, մի՛ արատաւորէք պատիւս, մեղքցէք ինծի…
Արմէն — Պատիւդ չարատաւորուիր, մի՛ վախնար, մարդ չի գիտնար, անհոգ եղիր, հանուի՛ր, հանուիր…
Անի — Դո՛ւրս, դո՛ւրս… Դո՛ւրս, ըսի, հիմա՛, այս վայրկեանիս դո՛ւրս:
Արմէն — Աղջիկդ անօթի կ’ուզես մեռցնել… դուն գիտես, կը կարծես, որ ուրիշ կին չմնա՞ց աշխարհի մէջ… պատուաւորիս նայեցէք…
Անի — Դո՜ւրս… դո՜ւրս…
Արմէն կ’երթայ: Անին առանձին, ապա Անի եւ մեռած ամուսինը՝ Վաչէ:
Անի — Ինչո՞ւ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ… Ինչո՞ւ զիս փորձութեան կ’ենթարկես… Ինչո՞ւ այս անհեթեթ պատերազմը, ի՞նչ յանցանք ունինք, պատասխանէ, Տէ՛ր Աստուած, ինչո՞ւ կը չարչարես մեզ… Մարիամ Աստուածածին, դուն օգնէ ինծի, օգնէ, որպէսզի դիմանամ, չէ՞ որ դուն բարի ես, օգնէ զիս, ես չեմ ուզեր ինքզինքս կորսնցնել, Մարիամ Աստուածածին, կը հասկնա՞ս, չեմ ուզեր ինքզինքս կորսնցնել… դուն շա՜տ բարի ես, Մարիամ Աստուածածին, կ’աղաչեմ, զիս առանձին մի՛ ձգեր, տէր եղի՛ր ինծի…
Վաչէ կը մտնէ:
Անի — Եկա՞ր… պատռած հագուստի՞ս կը նայիս:
Վաչէ — Պատռած հագուստիդ տակ չպատռուող, անբիծ հոգիդ կը տեսնեմ:
Անի — Անբիծ հոգի, պիտի չկարենամ դիմանալ, Վաչէ, հոգիս պիտի կորսնցնեմ:
Վաչէ — Անի, դուն զօրաւոր ես, շատ զօրաւոր, կը դիմանաս:
Անի — Մեր աղջիկը անօթի կը մնայ, Վաչէ, եւ ես չեմ կրնար զինք կերակրել:
Վաչէ — Կը կերակրես, գիտեմ, դուն անօթի կը մնաս եւ իրեն կերակուր կը հայթայթես:
Անի — Շատ ցուրտ է, ան չի դիմանար:
Վաչէ — Դուն զինք քու տաքուկ գիրկիդ մէջ կը տաքցնես:
Անի — Մեր փոքրիկը հիւանդ է, Վաչէ, տաքութիւն ունի:
Վաչէ — Գիտեմ, ինքզինքս յանցաւոր կը զգամ:
Անի — Դուն յանցաւոր չես, դուն ի՛նչ յանցանք ունիս, յանցաւորը քու վրադ ռումբ նետողներն են, անոնց ռումբ տուողները:
Վաչէ — Ի՜նչ երազներ ունէինք, Անի:
Անի — Ես տակաւին այդ երազներով կ’ապրիմ, այդ երազները ինծի ոյժ կու տան, զիս կանգուն կը պահեն:
Վաչէ — Իմ երազներս կիսատ մնացին, ես չէի ուզեր մեռնիլ, չէի ուզեր քեզ առանձին ձգել:
Անի — Գիտեմ. հիմա ես երկուքիս երազներով կ’ապրիմ, հիմա ապագայի մեր բոլոր երազները մեր աղջկան՝ Արփիին շուրջ կը հիւսեմ:
Վաչէ — Ես քեզ կը սիրեմ, Անի:
Անի — Ես քեզ կը կարօտնամ, Վաչէ, շատ կը կարօտնամ, այլեւս պիտի չկարենամ դիմանալ կարօտիդ, Վաչէ, երբեմն կ’ուզեմ քովդ գալ, քեզի միանալ:
Վաչէ — Դուն Արփիին քով պիտի մնաս, Անի, Արփիին հետ պիտի մնաս, պիտի պաշտպանես զինք:
Անի — Առանց քեզի պիտի չկարենամ պաշտպանել Արփին, պիտի չկարենամ պաշտպանել ինքզինքս… չար մարդիկ կան շուրջս, Վաչէ:
Վաչէ — Շուրջդ չարեր կան, բայց բարի մարդիկ աւելի շատ են շուրջդ, Անի:
Անի — Գիտեմ, գիտեմ:
Վաչէ — Ես կ’երթամ, Անի:
Անի — Մի՛ երթար, Վաչէ, պիտի կարօտնամ քեզ:
Վաչէ — Ես ալ պիտի կարօտնամ, ես միշտ կարօտցած եմ քեզ, նոյնիսկ երբ միասին էինք, քովս նստած կ’ըլլայիր, իսկ ես կը կարօտնայի քեզ: Արփին տաքութիւն ունի, Անի, շատ բարձր է անոր տաքութիւնը:
Անի — Վաղը բժիշկի կը տանիմ:
Խենդ Նենօ, առանձին:
Խ. Նենօ — Սո՜ւս… գիշեր եղաւ, մարդիկ լռեցին: Ծովիկիս քնանալու ժամն է… Քնացիր, քնացիր, քեզի հեքիաթ պատմե՞մ. ուրախացա՞ր: Կար ու չկար, Ներսէս մը կար, ամբողջ աշխարհը այս Ներսէսին էր, որովհետեւ մեծ ընտանիք մը ունէր, յետոյ… յետոյ ի՞նչ եղաւ, յետոյ այս Ներսէսը խենդ Նենօ եղաւ, սո՜ւս, մարդիկ զինք հիմա ալ խենդ կը կոչեն բայց իրենք են խենդը: Ի՞նչ կ’ըսէի, հա՛, կ’ըսէի, որ իրենք են խենդը. մէկուն տունը այրեր է եղեր, միւսին խանութը քանդուած է, հոգ կ’ընեն, ի՞նչ կայ հոգ ընելու, հոգ ընելով տուներնին կը վերաշինուի՞, խանութնին կը վերականգնի՞… Անխելք մարդիկ, չեն հասկնար, որ այս ամէն մէկ ճար կայ, մոռցէ՛ք, մոռցէք մարդ ըլլալնիդ եւ կը տեսնէք, որ ամէն հարց կը լուծուի, կ’ուզէ լոյս ըլլայ, կ’ուզէ հարազատդ թող հեռանայ քեզմէ, ո՛վ ուզէ, թող ապրի, ո՛վ ուզէ, թող մեռնի… Քնացաւ Ծովիկս… այլեւս չ’արթննար…
Արմէն — Ես ի՞նչ ըրի… Ես ի՞նչ ըրի…
Խ. Նենօ — Փիփ-փիփ… վրրր… վրրր… Էհէ՜յ… բարեւ, էշեր…
Արմէն — Ի՞նչ … էշե՞ր: (Չորս կողմը կը նայի:) Ուրիշ մարդ կա՞յ…
Խ. Նենօ — Ոչ, մարդ չիկայ:
Արմէն — Ուրեմն ինչո՞ւ… էշեր:
Խ. Նենօ — Քանի որ շա՛տ էշ ես: Փիփ-փիփ… վրրր… վրրր…
Արմէն — Կեցի՛ր, Նենօ: (Նենօն ետ կուգայ:) Առ, աս ուտելիքները տար, որու կ՛ուզես տուր:
Խ. Նենօ — Զիս կը կաշառե՞ս. ուշ է… ես մարդու բան չեմ ըսեր: Գնա՛, եկեղեցին մոմ վառէ: Փիփ-փիփ… վրրր… վրրր… (Կ՛երթայ:)
Արմէն կամաց մը կը հաւաքէ առարկաները ու չորս կողմը նայելով կը հեռանայ: Ռումբերու ձայներ կը լսուին: Դրացիները պատուհաններէն իրարու ձայն կուտան, կը հաւաքուին, որպէսզի նկուղի մը մէջ պահուըտին:
Ք. Անդօ — Իմ նկուղս ապահով է եւ ընդարձակ է, եկէք:
Տ. Սոնա – Երթանք, երթանք, մէկու մը գլխուն բան մը չինկած երթանք:
Գէորգ — Նենօ՛… ո՞ւր ես, շուտ հոս եկուր:
Խ. Նենօ — Փիփ-փիփ… վրրր… վրրր… ռումբերը տեղալ սկսան, երթամ Ծովիկս բերեմ… Վըրրր…
Ք. Անդօ — Ո՞վ մնաց: Մարի՛, Վազգէ՛ն… ո՞ւր էք: (Կուգան:)
Տ. Սոնա — Ամաաա… Անիին ձայն տուէք, մեղք է:
Գէորգ — (Անիին տան դուռը զարնելով): Տիկին Անի՛, տիկին Անի՛…
Անի – Այո, պարոն Գէորգ:
Գէորգ — Շուտ ըրէ, եկուր հետերնիս միասին նկուղ իջիր:
Անի — Չեմ կրնար, պարոն Գէորգ, աղջիկս հիւանդ է, քուն մտեր է, չեմ ուզեր անկողինէն հանել:
Գէորգ – Ծօ, աս ձայներով մարդ կրնայ քո՞ւն մտնել:
Անի — Հիւանդ է, պարոն Գէորգ: Դուք գացէք:
Գէորգ — Լաւ, անցած ըլլայ: Գացինք:
Կ՛երթան: Մինչ քեռի Անդօ պիտի մտնէ, կը նկատէ Մովսէսին՝ ճամպրուկներ շալկած:
Ք. Անդօ — Եկո՛ւր, շուտ ըրէ, վտանգաւոր է:
Մովսէս — Չէ, չէ, արագ մը տուն հասնիմ:
Ք. Անդօ – Եկուր, եկուր, յետոյ կ՛երթաս:
Ձայները կը զօրանան:
Վարդան — Քեռի Անդօ, բանի մը պէտք ունի՞ք:
Ք. Անդօ — Ո՛չ, տղաս, բոլորը նկուղ իջան, դուն ալ իջիր:
Վարդան — Չեմ կրնար, քեռի Անդօ, ռումբերը շատ մօտ կ’իյնան, կրնան վիրաւորներ ըլլալ:
Ք. Անդօ — Գնա՛, Աստուած հետդ:
Խ. Նէնօ — Վարդան, Վարդան, վիրաւոր մարդ մը կայ:
Վարդան — Ո՞ւր, Նէնօ:
Խ. Նէնօ — Հո՛ն, հո՛ն:
Վարդան — Լա՛ւ, դուն գնա՛, նկուղ իջիր:
Խ. Նէնօ — Ո՛չ, ես քեզի պիտի օգնեմ:
Դրացիները կամաց-կամաց դուրս կ՛ելլեն:
Ք. Անդօ — Է՜… պարոն Մովսէս, դո՞ւք ալ կ՛երթաք:
Մովսէս – Այո, քեռի Անդօ, ալ չեմ դիմանար: Ջիղերս յոգնեցան:
Գէորգ — Պարոն Մովսէս, բայց մենք ձեզմէ ուրիշ բաներ սորվեր էինք:
Տ. Սոնա — Ամիսներով մեզի քարոզեցիք, որ պէտք է դիմանանք, ձեռք-ձեռքի տալով քով-քովի մնանք:
Ք. Անդօ — Քարոզեցիք, որ մեր եկեղեցիները, մեր դպրոցները եւ մեր գերեզմաները մեր պատմութիւնն են: Մեր հայրերու եւ մեծ հայրերու արիւնով ու քրտինքով կառուցուած մեր հպարտութիւնն են:
Մովսէս — Այո՛, այդպէ՛ս է, բայց ես չեմ դիմանար: Պէտք է տեղ մը երթամ ջիղերս բուժեմ: Յոգնեցայ:
Գէորգ — Այնքան հաւատացած էիք Հալէպի մայր գաղութի դիմացկունութեան, գոյատեւման եւ վերականգնման…
Մովսէս — Այո, հիմա ալ հաւատացած եմ, բայց յոգնած եմ, Գէորգ:
Ք. Անդօ — Թերեւս կը մտածես «մնամ-չմնամ, բան մը պիտի չփոխուի»: Մէկ հոգի պակաս կամ աւելի՝ գաղութը պիտի մնայ: Կ՛երեւակայե՞ս, եթէ բոլորը այսպէս մտածեն, ինչ կ՛ըլլայ:
Մովսէս — Ո՛չ , չե՛մ երեւակայեր, չեմ ալ ուզեր, որ այդպէս ըլլայ, բայց ես ա՛լ յոգնելու իրաւունք չունի՞մ: Հասկցէք վերջապէս:
Գէորգ — Գնա՛, պարոն Մովսէս, գնայ, որ մեր ջիղերն ալ հանգստանան:
Կ’երթան: Վարդանը եւ Վարդգէսը կու գան. Արմէնը եւ Նէնոն բեմին վրայ կը մնան:
Վարդան — Ինչպէ՞ս պիտի ըսենք:
Վարդգէս — Չեմ գիտեր. նախ քեռի Անդոյին ըսենք, հետերնիս թող գայ:
Վարդան — Պիտի չդիմանայ. քիչ մը սպասենք, հիմա ուր որ է Տէր հայրն ալ կու գայ, գնաց Արային ըսելու, հետը պիտի բերէ:
Վարդգէս — Սպասենք:
Սոնա — Վարդա՞ն, Վարդգէ՞ս… հոս ի՞նչ կ’ընէք:
Վարդգէս — Մօրաքոյր Սոնա, Տէր հայրը կը սպասենք:
Սոնա — Դուրսը մի՛ կենաք, ներս եկէք:
Վարդան — Սոնա մօրաքոյր, ուր որ է կուգայ…
Սոնա — Ուրեմն ձեզի տաք թէյ բերեմ, խմեցէք, կը տաքնաք քիչ մը:
Վարդգէս — Պէտք չէ՛, Սոնա մօրաքոյր:
Սոնա — Ինչպէս թէ պէտք չէ, դուք ալ իմ Վրէժիս եւ Արայիս պէս էք, դուք ալ զաւակներս էք: Հիմա կ’իջնեմ, պատրաստ է թէյը:
Վարդան — Աստուած իմ, ինչպէ՞ս պիտի ըսենք:
Վարդգէս — Ես չեմ կրնար ըսել… չե՛մ կրնար:
Վարդան — Ես ալ չեմ կրնար, գոնէ Տէր հայրը եւ Արան շուտ գային, ես ալ չեմ կրնար ըսել:
Սոնա — Ի՞նչը չես կրնար ըսել, Վարդան, ինչո՞ւ կը լռես, ի՞նչը չես կրնար ըսել:
Վարդգէս — Մօրաքոյր Սոնա…
Սոնա — Ո՞ր մէկը, ըսէ՛, ո՞ր մէկը… Վրէ՞ժը, թէ՞ Արան…
Վարդան — Մօրաքոյր Սոնա, Վրէժը հերոսի մահով նահատակուեցաւ: Ան մեր թաղերը կը պաշտպանէր:
Սոնա — Վրէժը՞… ի՞նչ ըսիր, սուտ կը խօսիք. Վրէժը չի կրնար մեռած ըլլալ, ըսէք, որ սուտ կը խօսիք…
Վարդգէս — Երանի սուտ ըլլար, մօրաքոյր Սոնա…
Սոնա — Ո՛չ, ո՛չ, ո՜չ…
Արմէն — Արթնցի՛ր, Սոնա քոյրիկ:
Գէորգ — Խմէ՛, Սոնա մօրաքոյր:
Պատուհաններէն մարդիկ կը տեսնուին:
Վարդգէս — Ջո՛ւր, ջուր բերէ՛ք, մարդիկ… մօրաքոյր Սոնա… (Խենդ Նէնօն ջուր կը բերէ:) Քիչ մը խմէ, մօրաքոյր Սոնա:
Սոնա — Վրէժս, ինչպէ՞ս չկրցա՞ք զինք փրկել, այս ի՞նչ տեսակ ընկերներ էք դուք:
Վարդան — Ինք մեզ փրկեց, մօրաքոյր Սոնա, Վրէժը իր ընկերներուն փոխարէն նահատակուեցաւ:
Արմէն — Կը լսե՞ս, Սոնա քոյրիկ, ան իր ընկերներուն փոխարէն նահատակուած է:
Տէր հայրը կու գայ:
Սոնա — Եկա՞ր, Տէր հայր, զիս մխիթարելո՞ւ եկար: Վրէժը եւ Արան ո՞ւր են, Տէր հայր, ինչո՞ւ հետդ չբերիր:
Տէր Հայր — Արան իր եղբօր դիրքը գրաւեց. «դեռ վտանգը չէ՛ անցած. «Չեմ կրնար դիրքերը լքել, հիմա եղբօրս փոխարէն ալ պիտի կռուիմ» ըսաւ:
Սոնա — Ի՛նչ երանելի մայր եմ, չէ՞, Տէր հայր… հերոս զաւակներու երանելի մայր… Տէր հայր, Վրէժը ետ տուր ինծի, շատ կը խնդրեմ, մարդիկ, զաւակս ինծի տուէք:
Վարդգէս — Մենք բոլորս քու զաւակներդ ենք:
Սոնա — Զաւակնե՞րս էք… այո՛, զաւակներս էք, բայց ես Վրէժս կ’ուզեմ, ո՞ւր է ան, մեռա՞ւ, մեռաւ… ինչո՞ւ մեռաւ, ինչո՞ւ… դո՛ւք՝ իր ընկերները, պատասխանեցէք ինծի. ինչո՞ւ մեռաւ Վրէժը:
Վարդան — Ան մեռաւ Հալէպի մեր դպրոցները պաշտպանելու համար, մեր եկեղեցիները պահպանելու համար, այսինքն Էջմիածինն ու Անթիլիասը պահպանելու համար: Ան շատ լաւ գիտէր, որ Հալէպահայութեան համար զոհուիլ կը նշանակէ ամբողջ հայութեան համար զոհուիլ, ան կ’ուզէր Արցախ երթալ կռուելու, սակայն հալէպահայութեան ճակատագիրը զինք հոս ձգեց:
Ք. Անդօ — Երանի Արցախ երթար, հօրը պէս: Երանի:
Արմէն — Երանի:
Վարդգէս — «Կ’արժէ Հալէպի մէջ պայքարիլ եւ զոհուիլ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնացած ըլլայ հոն».- կ’ըսէր ան. իրեն համար՝ մեզի համար ալ Արցախի սահմանները Հալէպի մեր թաղերու սահմաններէն կը սկսին:
Սոնա — Պիտի գայիր, որպէսզի Վրէժիս պսակին օրը որոշէինք, ըսէ՛, Տէր հայր, ե՞րբ պիտի թաղենք Վրէժը:
Տէր հայր — Վրէժը պիտի չթաղենք, Սոնա, հերոս նահատակները չեն թաղուիր, վաղը անոր հարսնիքը պիտի ընենք:
Սոնա – Հարսնի՞քը:
Խ. Նենօ — Տէր հայր, ես ալ կրնամ գալ Վրէժի հարսնիքին, ան իմ ընկերս էր:
Տէր հայր — Կրնաս գալ, Նենօ:
Սոնա — Հարսնիքը, խենդ Նենօ, կը լսե՞ս, հարսնիքը:
Տէր հայր — Այո՛, հարսնիքը, որովհետեւ հերոսները չեն մեռնիր, անոնք կը պաշտպանեն մեզ, մեր տուները, Վրէժը հիմա իր եղբօր հետ, իր ընկերներուն հետ է, դիրքերու վրայ, անոնցմէ ոմանք կը պաշտպանեն Արցախը, ամէն մէկը իր դիրքին վրայ է, անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չլքէ իր դիրքերը, անոնցմէ շատեր պիտի զոհուին, պիտի միանան իրենց հերոս ընկերներուն, եւ մենք այդ հերոսներու մայրերուն պիտի ըսենք. «Դուք չի կորսնցուցիք ձեր զաւակները, զանոնք մէկիկ-մէկիկ մեզի տուիք… »
Ք. Անդօ — Սոնա, Հալէպի փողոցները այս պահուս վտանգաւոր են, եւ մենք այդ փողոցներէն պիտի քալենք կախ գլուխներով, ո՛չ թէ կքած, այլ խոնարհած մեր հերոսներուն առջեւ, գիտակցելով, որ անոնց մատուցած մեր յարգանքի տուրքը իրենց պէտք չէ, այլ մեզի` անոնք մեզ քիչ մը աւելի կը միացնեն իրար, իրար հանդէպ քիչ մը աւելի ներողամիտ կը դառնանք:
Արմէն — Սոնա քոյրիկ, մենք մեր գլուխները կը խոնարհենք Վրէժին առջեւ:
Գէորգ — Սոնա մօրքուր, մենք մեր ապրուստին համար զիրար կը խաբէինք, մեր հաճոյքին համար ստորաբար կը վարուէինք, իսկ Վրէժը մեր թաղերը կը պաշտպանէր:
Սոնա — Ես այս բառերը չեմ ուզեր, ես Վրէժս կ’ուզեմ: Կը հասկնա՞ք, մարդիկ, ինծի մխիթարանք պէտք չէ՛, ինծի զաւակս վերադարձուցէք:
Ք. Անդօ — Քու զաւակդ քու հետդ է: Սոնա… լա՛ց, իրաւունք ունիս լալու, նայիր շուրջդ, տե՛ս, մենք ալ հետդ կու լանք. քու ցաւդ շատ մեծ է , Սոնա, քու սիրտդ անմխիթար կը ցաւի, մեր ալ սիրտերը հետդ կը ցաւին, եւ միշտ պիտի ցաւին, բայց դուն իրաւունք չունիս ըսելու, որ քու զաւակդ կորսուած է, ան մեր բոլորին նահատակն է, Սոնա, եւ դուն իրաւունք չունիս անձնասէր ըլլալու: Վրէժը մեզի հետ է, Սոնա, մեր բոլորին մէջ, կը հասկնա՞ս: Հաճիս հասկցիր, Սոնա:
Սոնա — Կ’ուզեմ հասկնալ, քեռի Անդօ, կը հասկնամ, բայց հասկնալը չի՛ բաւեր, քեռի Անդօ, հասկնալը շատ քիչ է:
Խ. Նենօ — Ես ալ հետդ կու լամ, իմ սիրտս ալ կը ցաւի, շատ կը ցաւի:
Գէորգ — Ճի՛շդ ես, Նէնօ, իմ ալ սիրտս շատ կը ցաւի:
Վարդգէս — Մենք պէտք է երթանք, մօրաքոյր Սոնա, մեզի օրհնութիւնդ տուր:
Վարդան — Մենք կ’երթանք Վրէժին փոխարինելու, մօրաքոյր Սոնա:
Սոնա — Կ’երթա՞ք… գացէ՛ք, տղաք, Տէր հայր, աղօթէ Աստուծուդ, որ այս տղաքը պահպանէ, որպէսզի անոնց մայրերը չլան, Տէր հայր, աղօթէ Աստուծուդ:
Տէր հայր — Պիտի աղօթեմ, պիտի աղօթեմ:
Անին կը մտնէ, գիրկին մէջ Արփին:
Անի — Մարդիկ, օգնեցէ՛ք, Արփին մեռած է, Արփին պիտի մեռնի…
Խ. Նենօ — Արփին պիտի մեռնի՞: Ծովիկիս քո՞վ պիտի երթայ:
Ք. Անդօ — Մի՛ վախնար, Անի: Արփիին բան չ’ըլլար:
Անի — Արփի, Արփի… մարդիկ, ան չ’արթննար, ան չի լսեր զիս:
Խ. Անդօ — Անի, Արփին պիտի չմեռնի, Սոնա, ըսէ, որ Արփին պիտի չմեռնի, ան Վրէժին եւ Ծովիկին փոխարէն ալ պիտի ապրի:
Անի — Վրէժին:
Գէորգ — Վրէժը նահատակուեցաւ, Անի:
Անի — Վրէժը՞, Աստուած իմ… Սոնա մօրքուր, Վրէժը՞… չի՛ կրնար ըլլալ:
Սոնա — Չես հաւատար, չէ՞… մի՛ հաւատար: Արփի՛ն… մարդիկ, Արփին փրկեցէք:
Արմէն — Ես զինք հիւանդանոց կը տանիմ:
Անի — Դուն հեռու կեցիր, հեռացի՛ր, դուն իրաւունք չունիս անոր դպնալու:
Արմէն — Անի, ես ալ ձեզմէ մէկն եմ:
Խ. Նենօ — Պարոն Արմէն, դուն հիմա մէկ կողմ կեցիր, դուն դեռ մեղայի պիտի գաս, բոլոր սխալողները մեղայի պիտի գան՝ բոլորը:
Սոնա — Ինչո՞ւ ժամանակ կը կորսնցնէք. այս փոքրիկը պէտք է փրկուի, Վրէժը կանչեցէք, ան կը փրկէ այս փոքրիկը: Վրէժը կանչեցէ՛ք, Վրէժս:
Ք. Անդօ — Տիկին Սոնա, ես եւ դուն պիտի զսպենք մենք մեզ: Պիտի չի լանք, մեր ցաւը աւելի մեծ է, քան մեր արցունքը, պիտի չի լամ, մեր լացը տոկունութեան պիտի վերածենք: Ամէն մէկ հայի նահատակութիւնը ուրիշ հայ մը պիտի ապրեցնէ: Դուն, Նէնոն, ես, բոլորս այս գիտակցութեամբ պիտի դիմանանք:
Խ. Անդօ — Պիտի դիմանա՞մ, ես ներսէս պիտի ճչամ, բայց խուլ պիտի դառնամ եւ պիտի չլսեմ այդ ճիչը… սո՛ւտ եմ, չե՛մ ուզեր խլանալ, կ’ուզեմ լսել այդ ճիչը…
Տէր հայր — Այդ ճիչը մեր մէջ պիտի մնայ, պիտի գամուի մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ, պիտի վերածուի մխիթարանքի, պիտի վերածուի ապրելու կոչի, այս փոքրիկը պիտի փրկուի, այս փոքրիկը պիտի ապրի, չէ՞ որ այդ նպատակին համար նահատակուեցաւ Վրէժը: Այս փոքրիկը պիտի ապրի, հո՛ս պիտի ապրի, հո՛ս պիտի մեծնայ եւ մոմ ու խունկ պիտի վառէ մեր երեկուան, այսօրուան եւ վաղուան նահատակներու շիրիմներուն, տէր պիտի ըլլայ անոնց, տէր պիտի ըլլայ մեր տուներուն, մեր բոլոր կառոյցներուն, ապա թէ ոչ ի զուր պիտի ըլլայ երեկուան, այսօրուան եւ վաղուան նահատակներուն թափուած արիւնը:
Վերջ առաջին արարի
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐ
Գէորգ — Ո՞ւր են ձայները. ռումբերու ձայները ո՞ւր են:
Խ. Նենօ — Ռումբերու ձայները բէ՛հ եղան, վերջացան:
Գէորգ — Մենք ալ բէհ եղանք, Նենօ:
Խ. Նենօ — Չէ՜, Գէւօ, ասանկ չեղաւ: Մենք բէհ չեղանք: Անանկ ըսողին… քիչ մնաց մեղքի մէջ պիտի մտնէի, մեղայ, մեղայ…
Գէորգ — Օգնութիւնները պիտի դադրեցնեն եղեր:
Խ. Նենօ — Կ’ուզէիր, որ դեռ չծնած թոռնիկներո՞ւդ ալ օգնեն: Գնա՛, գնա եւ աշխատիր:
Քեռի Անդօն եւ Տէր հայրը կը մտնեն:
Գէորգ — Ինչպէ՞ս աշխատիմ, խանո՞ւթ մնաց, որ աշխատիմ:
Ք. Անդօ — Տէր հայրը կ’ըսէ, թէ ազգը բոլորին պիտի օգնէ, գործատեղիները պիտի նորոգէ:
Գէորգ — Դուն ալ հաւատացիր: Օրհնեա՛, Տէր հայր:
Տէր հայր — Աստուած օրհնէ, Գէորգ: Այո՛, տղաս, ազգը պիտի օգնէ:
Գէորգ — Է՜հ, Տէր հայր, նպաստները պիտի կեցնէ եղեր:
Խ. Նենօ — Տէր հայր, այս մարդը վարժուեցաւ առանց աշխատանքի՝ այստեղէն-այդտեէն ստացած նպաստները ծախելով ապրիլ: Ի՞նչ թող ընէ խեղճը, մեղք է, հաճիք, շարունակեցէք իրեն նպաստներ յատկացնել: Խեղճ, ողորմելի՛…
Գէորգ — Ի՞նչ, ի՞նչ ըսիր: Ողորմելին դուն ես: Դո՞ւն ինչպէս կ’ապրիս: Մուրալով չե՞ս ապրիր, ինքզինքդ խենդ կը ձեւացնես, որպէսզի մարդիկ խղճան ու իրենց աւելցուկ ուտելիքէն քեզի բաժին հանեն: Անանկ չէ՞, խենդ Նենօ:
Նենօ — Ե՞ս կը մուրամ, քեռի Անդօ, ես կը մուրա՞մ: Տէր հայր, դո՛ւն ըսէ, ես մուրացկա՞ն եմ:
Տէր հայր — Ո՛չ, Նենօ, դուն արդէն պահակ կ’աշխատիս, եւ քու ապրուստդ ճակտիդ քրտինքովը կը շահիս:
Խ. Նենօ — Հապա ինչո՞ւ Գէորգը ինծի մուրացկան կ’ըսէ, թերեւս ճիշդ է ըսածը, դուք ինծի մեղքնալով այս գործը տուիք, դուք պահակի պէտք չունէիք: Ես անպէտք եմ, մարդի՛կ, կը լսէ՞ք, ես անպէտք եմ: Ամէնէն առաջ ե՛ս պէտք է մեռնէի ռումբերուն տակ: Տէ՛ր Աստուած, ինչո՞ւ զիս ողջ ձգեցիր, ինչո՞ւ:
Ք. Անդօ — Հանդարտի՛ր, Նենօ, հանդարտի՛ր:
Խ. Նենօ — Ձգէ՛, ձգէ՛ զիս, ձգէ՛ ըսի:
Ք. Անդօ — Սպասէ՛, Նենօ, ո՞ւր կ’երթաս:
Խ. Նենօ — Մուրալու կ’երթամ, աղջկաս խաղալիք պիտի գնեմ, պէտք է մուրամ: (Կ’երթայ:)
Ք. Անդօ — Հաւնեցա՞ր ըրածդ:
Գէորգ — Իր ըսածը հաւնեցա՞ր:
Տէր հայր — Ձեզ տեսնեմ, հիմա ալ իրար հետ կռուեցէք:
Ք. Անդօ — Հիմա օրերով այս վիճակէն չի կրնար ելլել:
Գէորգ — Ե՞ս եմ յանցաւորը:
Ք. Անդօ — Չէ՜, ազգն է յանցաւորը: Ա՜խ, ի՞նչ ըսեմ այս պատերազմին պատճառ եղողին:
Տէր հայր — Ես երթամ: Գէորգ, չմոռնաս վնասներուդ մասին տեղեկագիր ներկայացնելու:
Գէորգ — Պարապ բան. մեղք չէ՞ թուղթին:
Տէր հայր — Հաւատա՛, Գէորգ: Ազգը ամէն մէկուն վարկ պիտի տայ, որպէսզի վերականգնէ գործը:
Գէորգ — Վա՞րկ, այսինքն պարտքի դրա՞մ պիտի տայ:
Տէր հայր — Այո՛, Գէորգ, շատ երկար ժամանակով եւ գրեթէ առանց տոկոսի:
Գէորգ — Լա՛ւ է, շա՛տ լաւ է, որպէսզի այս ձեւով մեր խանութներուն տէր պիտի ըլլայ:
Տէր հայր — Անանկ բան պիտի չըլլայ, Գէորգ, մարդիկ պիտի աշխատին, շահին եւ կամաց-կամաց պիտի վերադարձնեն իրենց առած դրամը: Այդ գումարը ազգի սնտուկին մէջ պիտի մնայ, որպէսզի կարենայ միշտ օգնել կարիքաւորներուն:
Գէորգ — Ասանկ հաշիւներ իմ խելքս չեն մտներ. ասոր տակը խաղ մը կայ:
Ք. Անդօ — Մտածէ՛, Գէւօ, կը տեսնես, որ սխալ բան չկայ, լա՛ւ մտածէ՛:
Գէորգ — Ի՛նչ պիտի մտածեմ, մտածը՝ մտած է: Երթամ:
Ք. Անդօ — Ո՞ւր կ’երթաս: Նարտին չբերե՞մ:
Գէորգ — Չէ՛, երթամ, տուն-մուն նորոգող կազմակերպութիւն կայ եղեր, երթամ նայիմ՝ ի՞նչ կրնամ փրցնել:
Ք. Անդօ — Քու տունիդ բան չէ՛ եղած, պիտի քանդես, որ նորոգե՞ն:
Գէորգ — Բերանդ խէրով բաց: Քեռիիս տղուն խնամիին տունին բանալին քովս է, խեղճին տան բոլոր պատերը ծակ-ծակ եղած են, ապակիները ջարդուփշուռ են:
Ք. Անդօ — Մարդը քեզի նորոգելու դրամ ղրկած էր, չէ՞:
Գէորգ — Է՛հ, հա՛, ատոր համար կ’երթամ:
Ք. Անդօ – Զգոյշ, Գէորգ, մէկը պարապ տեղ բան չի տար:
Արմէնը կու գայ:
Արմէն — Գնա՛, գնա եւ անոնցմէ մէկը դարձի՛ր:
Գէորգ — Որոնցմէ՞ դառնամ:
Արմէն — Ի՛նչ գիտնամ, տեսակ-տեսակ նոր կազմակերպութիւններ բուսած են: Դուք չէք գիտակցիր, որ ասոնց ըրածը մարդորսութիւն է:
Գէորգ — Է՜հ, դուք ալ որսացէք:
Արմէն — Մենք մարդ չենք որսար, մենք մեր կարելին կ’ընենք, մի՛ մոռնար, որ մեզ միայն հայերը կ’օգնեն, միւսերը, Աստուած գիտէ, ուրտեղէն կը բերեն դրամը:
Գէորգ — Ուրտեղէն կ’ուզեն թող բերեն, մեզի ինչ: Մարդիկ իրենց համայնքի զաւակներուն բոլոր կարիքները կը հոգան, դեռ ուրիշներուն ալ կը հասնին, ոչ թէ ձեզի պէս օր մը կու տան, օր մը չեն տար, որուն ուզեն՝ կու տան, որուն ուզեն՝ չեն տար… դեռ չեմ ըսեր, որ եթէ չենք գիտեր անոնց դրամներուն ուրտեղէն գալը, մեզի եկած դրամներուն ալ ուր երթալը չենք գիտեր: Խօսիր, քեռի Անդօ, ինչո՞ւ կը լռես:
Ք. Անդօ — Գնա՛ Գէորգ, շատ խօսեցար:
Արմէն — Ձգէ՛, թող խօսի մարդը, նայինք ո՞ւր պիտի հասնի:
Գէորգ — Քանի դեռ քեզի պէսերն են մեր ղեկավարները, տեղ մըն ալ չենք հասնիր: Ես գացի:
Արմէն — Աստուած հետդ:
Արմէն — Տիկին Սոնա: Սոնա քոյրիկ:
Սոնա — (պատուհանէն): Բարեւ, Արմէն, ի՞նչ կայ: Վեր հրամմէ:
Արմէն — Շատ ժամանակ չունիմ, Սոնա քոյրիկ: Կրնա՞ս վայրկեան մը վար իջնել, հետդ եւ քեռի Անդօյին հետ խորհրդակցելիք նիւթ մը ունիմ:
Սոնա— Լա՛ւ, հիմա կ’իջնեմ:
Ք. Անդօ — Խե՞ր է, ի՞նչ կայ նորէն:
Արմէն — Քեռի Անդօ, օգնութիւնները պիտի կեցնենք:
Ք. Անդօ — Գիտեմ, Տէր հայրը ըսաւ: Ժողովուրդին վիճակը բաւական լաւցած է, չէի գիտեր:
Արմէն — Մենք ալ գիտենք, որ չէ լաւցած, բայց հիմա պատերազմը դադրած է, մինչեւ ե՞րբ ասանկ պիտի շարունակուի: Այլեւս եկած դրամները վերականգնումի պիտի յատկացնենք: Մարդոց խանութները պէտք է վերանորոգենք: Կը հասկնա՞ք:
Սոնա — Կը հասկնանք: Մեզմէ ի՞նչ կ’ուզես, կ’ուզես, որ մարդոց մե՞նք լուր տանք:
Արմէն — Ո՛չ, Սոնա քոյրիկ, ձեզմէ թաղի ամէնէն կարիքաւորներուն անունները կ’ուզեմ:
Սոնա — Բոլորն ալ շատ նեղ վիճակի մէջ են:
Արմէն — Գիտեմ, ճանըմ, բայց մենք միայն շատ կարիքաւորներուն պիտի կարենանք օգնել:
Ք. Անդօ — Մնացածին ալ Աստուած կը հասնի:
Արմէն — Ամէն մարդ իր գլխուն ճարին ինք թող նայի: Թող գործ գտնէ:
Սոնա — Բոլորն ալ կ’աշխատին, պարոն Արմէն, բայց շահածնին չի բաւեր:
Արմէն – Ճանըմ, ռեստորան քիչ մը պակաս թող երթան: Բոլոր ճաշարաններն ալ լեբ-լեցուն են:
Ք. Անդօ — Ո՞վ ճաշարան կ’երթայ, քու այդ լեբ-լեցուն ճաշարաններդ Հալէպահայութեան հարիւրէն հինգը չեն:
Սոնա — Չի բաւեր, պարոն Արմէն, շահածնին ուտելիքի հազիւ կը բաւէ:
Արմէն — Տիկին Սոնա, մենք ի՛նչ կրնանք ընել, մենք կառավարութիւն չենք, որ ամսականները աւելցնենք:
Ք. Անդօ — Կառավարութիւնը ինք դրամի պէտք ունի, աւելցնէ ալ, մեզմէ քանի՞ն պաշտօնեայ է: Չէ՜, լաւ պիտի չըլլայ նպաստներու դադրեցումը, բայց ի՛նչ ընենք, մեր ժողովուրդն ալ յաւիտեան նպաստով պիտի չապրի:
Արմէն — Ապրի՛ս, քեռի Անդօ: Հիմա ըսէք նայինք, որո՞ւն տանք:
Սոնա — Արտոենց, մէկը չունին օգնող, Կարպիսն ալ զինուոր է:
Արմէն — Շատ լաւ:
Ք. Անդօ — Տիկին Մարիենց: Խեղճ Վազգէնը անկողին գամուած մնացած է:
Արմէն — Քեզի ալ տանք, քեռի Անդօ: Առանձին, խեղճ մարդ ես:
Ք. Անդօ — Ես նոյնիսկ իմ թաղմանս դրամը պատրաստած մէկ կողմ դրած եմ. ես մէկու մը պէտք չունիմ: Իմ բաժինս դուն առ, մեղք ես:
Արմէն — Ե՞ս մեղք եմ: Ծօ՛, ես եթէ ուզեմ, ամբողջ թաղը կրնամ գնել:
Ք. Անդօ — Գիտեմ, գիտեմ նաեւ, որ եթէ ուզես, շատերուն կրնաս օգնել, բայց դուն եւ քեզի պէսերը բան մըն ալ չէք ըներ, դուրսէն դրամ ղրկողները իրաւունք չունի՞ն հարցնելու.- Հալէպի մէջ մէկ հարուստ իսկ չկայ կարիքաւորներուն օգնող:
Սոնա — Քեռի Անդօ, դուն ալ շատ լաւ գիտես, որ կայ, այն ալ շատ:
Արմէն — Լաւ, մեր գործին նայինք, ես շատ ժամանակ չունիմ: Խենդ Նէնօյին անունը գրե՞մ:
Ք. Անդօ — Խենդ Նէնօն չ’ուզեր, կ’աշխատի, գիշերները պահակութիւն կ’ընէ:
Արմէն — Պռաւօ՛, Նենօ: Ինչպէ՛ս ալ վստահեր են: Տիկին Անիին անունը գրե՞մ:
Սոնա — Տիկինն ալ չ’ուզեր, ան ալ աշխատիլ սկսեր է:
Արմէն — Ի՞նչ, ի՛նչ աշխատիլ գիտէ որ: Մեղք չէ՞: Հապա՞ Արփին:
Սոնա — Արփին արդէն դպրոց կ’երթայ: Նենօն կը տանի, կը բերէ, կէսօրէ վերջ ալ իմ կամ Մարիին քով կը մնայ, մինչեւ Անիին գործէն գալը:
Արմէն — Ճանըմ, երիտասարդ կին է, ի՞նչ պէտք կայ աշխատելու, ազգը պարտաւոր է իր նահատակներու այրիներուն հոգ տանելու:
Ք. Անդօ — Ազգը պարտաւոր է, բայց ճիշդ ըսածիդ պէս, Անին ալ ըսաւ՝ ես երիտասարդ եմ, կրնամ աշխատիլ, ազգը թող աւելի կարիքաւորներուն օգնէ :
Արմէն — Անա՞նկ ըսաւ: Կ’ըսէ, Անին կ’ըսէ:
Ք. Անդօ — Ըհը՛, տեսա՞ր, դուն շատ լաւ գիտես, որ կ’ըսէ ալ, կ’ընէ ալ:
Արմէն — Օգնութիւնները մի՛ կտրեք, կ’ըսես, կը տեսնեմ, որ մարդ չէ՛ մնացած օգնութիւն ուզող:
Սոնա — Պարոն Արմէն, իրականութեան մէջ ոչ մէկը կ’ուզէ նպաստ առնել, բայց կարիքը կը խեղդէ զիրենք, մարդիկ յանուն իրենց զաւակներուն իրենք զիրենք նուաստացնելով հոս հոն կը դիմեն եւ հազիւ ծայրը ծայրին կը հասցնեն:
Արմէն — Ասիկա նուաստացում չէ: Ո՛վ որ իրապէս կարիք ունի, պէտք է նպաստ ստանայ, ինքն ալ օր մը ուրիշ կարիքաւորի կու տայ:
Ք. Անդօ — Նուաստացում չէ՝ կ’ըսես, բայց յաճախ ես աչքովս տեսած եմ, այս ականջներովս լսած եմ, թէ ինչպէս կը վերաբերիք նպաստանկալներուն, երկու ղրուշ կու տաք, բայց երկու հարիւր բառ ալ կ’ըսէք:
Խ. Նենոն եւ Արփին կու գան:
Խ. Նենօ — Փի՜-փիփ, փի՜-փիփ:
Արփի — Փի՜-փիփ:
Խ. Նենօ — Մենք եկանք:
Արփի — Մենք եկանք:
Սոնա — Բարի եկաք, հազար բարի:
Խ. Նենօ — Բարի տեսանք, Սոնա մօրաքոյր:
Արփի — Բարի տեսանք, Սոնա մօրաքոյր:
Արմէն — Ծօ, խենդ Նենօ, խեղճ աղջիկը թութակ դարձուցա՞ծ ես:
Արփի — Ես թութակ չեմ:
Ք. Անդօ – Եկուր, Արփի, համով պաչիկ մը տուր:
Խ. Նենօ — Ասիկա հոս ի՞նչ գործ ունի:
Սոնա — Նենօ՛:
Խ. Նենօ — Ի՞նչ Նենօ: Ասիկա հոս գործ չունի: Գացինք, Արփի, երթանք քիչ մը պտտինք: Վը՛րր, վը՜րր…
Արփի — Վը՜րր…
Մարի — (պատուհանէն): Ո՞ւր, Նենօ: Ճաշ եփած եմ: Արփին մեր տուն թող գայ:
Սոնա — Գնա՛, Արփի: Մարի մօրաքոյրենց գնա: Քիչ ետք ես ալ կու գամ, յետոյ մեզի կ’երթանք, մինչեւ մամադ գործէն վերադառնայ:
Խ. Նենօ — Գնա՛, Արփի:
Մարի — Դուն ալ եկուր, Նենօ, Վազգէնը կ’ուրախանայ:
Խ. Նենօ — Չէ՛, կը վախնամ, որ զիս տեսնելով գէշ բաներ յիշէ եւ նեղուի:
Մարի – Ինչու, կրնա՞յ գէշ բաները մոռնալ… Է՜հ, է՜հ:
Վազգէն — Բարեւ ձեզ:
Ք. Անդօ – Բարեւ, Վազգէն, ինչպէ՞ս եղար:
Վազգէն — Լա՛ւ եմ, լա՛ւ: Ըսի, քիչ մը տունէն ելլեմ՝ երթամ խանութիս վիճակը տեսնեմ:
Մարի — Իրեն ըսի. կրնա՞ս երթալ, քանի մը օր ալ սպասէ:
Վազգէն – Կրնամ, Մարի, կրնամ, մի՛ մտահոգուիր:
Ք. Անդօ — Գնա՛, Վազգէն, Աստուած հետդ:
Արմէն — Ապրի՛ս, Վազգէն:
Խ. Նենօ — Տեսա՞ր, պիտի մոռնայ, բոլորս ալ պիտի մոռնանք գէշ բաները, Մարի քոյրիկ:
Արմէն — Ամէնէն առաջ դուն պէտք է մոռնաս, Նենօ:
Խ. Նենօ — Դուն դեռ հո՞ս ես: Ես գացի… Վը՜րր, փի՜փ, փի՛-փիփ:
Արմէն — Օ՜ֆ, օ՜ֆ…
Ք. Անդօ — Պարոն Արմէն, մարդ գէշ արարք մը չգործած պէտք է լաւ մտածէ, յետոյ կրնայ շատ ուշ ըլլալ:
Արմէն — Քեռի Անդօ, ամէն մարդ ինքնիրէն թող նայի: Երբ Յիսուս ըսաւ «Ով որ անմեղ է թող ինք առաջին քարը նետէ», կարծեմ քար նետող մը չեղաւ մեղաւորին վրայ:
Ք. Անդօ — Հիմա մենք բոլորս ալ մեղաւոր ենք:
Սոնա — Քեռի Անդօ, ամէն մէկս ալ սխալ գործած կրնանք ըլլալ. բոլորս ալ զիրար պէտք է ներենք:
Արմէն — Ապրի՛ս, Սոնա քոյրիկ:
Ք. Անդօ — Ուրախացա՞ր:
Վարդան եւ Վարդգէս կը մտնեն:
Սոնա — Ահա տղաքս եկան: Եկէ՛ք, տղաք:
Վարդգէս – Բարեւ, Սոնա մօրաքոյր, բարեւ ձեզ:
Վարդան — Բարի իրիկուն:
Ք. Անդօ — Բարի եկաք, տղաք:
Սոնա — Տղաքս ամէն իրիկուն կ’այցելեն զիս, Վրէժիս փոխարէն:
Վարդան — Արան տունը չէ՞:
Սոնա — Այս քանի մը օրը շատ ուշ կու գայ: Կ’ըսէ շատ գործ կայ, բայց ես գիտեմ, որ գործի տեղէն ուղղակի պահակութեան կ’երթայ:
Արմէն — Ի՞նք մնաց պահակութիւն ընող: Ինք իր պարտականութիւնները լիուլի կատարած է:
Վարդգէս — Պարոն Արմէն, պարտականութիւնը չափ ու կշիռ չունի:
Արմէն — Դո՞ւք ալ պահակութիւն կ’ընէք:
Վարդան – Անշուշտ, պարոն Արմէն:
Արմէն — Է՜հ, է՜հ… ուրիշ մարդ չմնա՞ց:
Վարդան — Ամէն մէկը եթէ «ուրիշ մարդ չմնա՞ց» ըսէ, մէկ կողմ քաշուի…
Արմէն — Անանկ ըսել չեմ ուզեր, ահա ես ալ գործ բան ձգած ազգային պարտականութիւններուս ետեւէն կը վազեմ:
Վարդգէս — Վարձքերնիդ կատար, պարոն Արմէն:
Արմէն — Ինքզինքս գովել չեմ ուզեր, բայց բոլորն ալ գիտեն, որ տուն-քուն մոռցած հոս-հոն կը վազվզեմ, մէկ հոգի աւելիի օգտակար դառնալու համար: Ի՞նչ ընեմ, ձեռքս չէ, կը սիրեմ ազգս, գաղութս…
Ք. Անդօ — Պարոն Արմէն, ձգէ, ուրիշները թող քեզ գովեն: Տղաքը լաւ կը ճանչնան քեզ:
Արմէն — Այո՛, ես ինքնագովութիւն չեմ սիրեր, ինքզինքս գովածս ատեն կը սեպեմ, որ ուրիշի մը մասին կը խօսիմ, գովասանքի, շքանշանի արժանի մէկու մը մասին:
Սոնա — Պարոն Արմէն, քեռի Անդօ, տղաքը թէյ խմելու եկած են, դուք ալ հրամմեցէք, համով խմորեղէն ալ ունիմ:
Ք. Անդօ — Չէ, Սոնա, շնորհակալ ենք:
Արմէն — Տեսա՞ր, տիկին Սոնա, քեռի Անդոն արդէն սկսեր է իմ անունովս ալ խօսել:
Ք. Անդօ – Չէ, քու անոնովդ չխօսեցայ, պարոն Արմէն, ինքզինքիս մասին յոգնակիով խօսեցայ:
Սոնա – Հրամմէ, եկուր, պարոն Արմէն:
Արմէն — Շատ շնորհակալ եմ, բայց պէտք է երթամ արդէն:
Ք. Անդօ — Հինգ անգամ պիտի երթամ ըսիր, դեռ կեցած տեղդ ես:
Վարդան — Սոնա մօրաքոյր, այսօր մենք ալ պիտի չկրնանք թէյ խմելու ելլել, ժամանակ չունինք:
Սոնա — Ի՞նչ ըսել է ժամանակ չունիք: Թէյ կը խմէք, յետոյ ուր ուզէք գացէք:
Վարդան — Սոնա մօրաքոյր, Վարդգէսը քեզի մնաք բարի ըսելու եկած է:
Սոնա — Մնաք բարի ըսելո՞ւ: Դուն ալ կը հեռանաս Հալէպէն:
Ք. Անդօ — Ուրեմն քու ալ ճամբորդելու կարգդ հասաւ… է՜հ, Վարդգէս, Վարդգէս:
Արմէն — Ո՞ւր պիտի երթաս, Գանատա՞, Աւստրալիա՞… գաղտնի՞ կը պահես:
Վարդան — Վարդգէսը պահեստի զինուոր պիտի երթայ:
Սոնա — Պահեստի զինուո՞ր, ո՞վ, Վարդգէ՞սը:
Վարդգէս — Այո, մօրաքոյր Սոնա, վաղը առտու պէտք է զօրակայան ըլլամ:
Սոնա — Չի կրնար ըլլալ, անարդար է, Աստուած իմ, ո՞ւր կը տանին երիտասարդները, ինչո՞ւ կը տանին:
Ք. Անդօ — Ո՞ւր կը տանին, ինչո՞ւ կը տանին:
Սոնա — Աստուած իմ, գաղութին մէջ երիտասարդ չի մնաց…
Գօգոն կու գայ:
Գօգօ — Քեռի Անդօ, եղբայրս բարեւ ունի:
Ք. Անդօ -Արձակուրդի՞ եկաւ:
Գօգօ – Երանի… հեռաձայնով խօսեցանք: Մէկ տարիէ աւելի զինք չեմ տեսած, քեռի Անդօ, շա՛տ կարօտցած եմ զինք:
Ք. Անդօ — Մենք ալ կարօտցած ենք, տղաս, բոլորս ալ կարօտցած ենք:
Արմէն — Այո՛, տղաս, եղբայրդ բոլորիս հարազատն է:
Սոնա — Պիտի դիմանանք, Գօգօ, կարօտին պիտի դիմանանք:
Գօգօ — Ես կը դիմանամ, մօրաքոյր Սոնա, բայց ծնողքս չեն դիմանար, մանաւանդ մամաս:
Ք. Անդօ — Բոլոր երիտասարդներն ալ զինուոր պիտի դառնան, տղաս, պարտականութիւն է: Ահա, Վարդգէսն ալ պահեստի զինուոր պիտի դառնայ:
Գօգօ — Ես զինուոր պիտի չդառնամ, քեռի Անդօ: Մարդ 6-7 տարի զինուոր կ’ըլլա՞յ: Մի՛ երթար, Վարդգէս, ինչո՞ւ պիտի երթաս:
Վարդգէս — Թերեւս ճիշդ ես, Գօգօ: Ինչո՞ւ պիտի երթամ, կռուելու, յանուն ինչի՞: Գոնէ գիտնայի որո՞ւ համար պիտի կռուիմ, որո՞ւ համար սպաննեմ, սպաննուիմ: Չէ՜, Գօգօ, պիտի երթամ, որպէսզի օր մը մեզի չըսեն, թէ դուք փախուստ տուիք, որպէսզի օր մը չըսեն, թէ դուք իրաւունք չունիք այս երկրին մէջ… որպէսզի փաստեմ, որ մենք, հայերս, ամէնէն հաւատարիմն ենք այս երկրին, հակառակ անոր որ…
Արմէն — Հակառակ անոր որ, ի՞նչ:
Վարդգէս — Չեմ գիտեր, չեմ գիտեր, այս երկիրը մեր հայրենի՞քն է, թէ՞ ոչ… Մենք, հայերս, ուզած ենք, որ մեր հայրենիքը ըլլայ, բայց շատեր չեն ընդունած մեզ որպէս իրենց հայրենակիցները, անոնց համար մնացած ենք հիւր գաղթականներ, մինչդեռ մենք միայն շէնցուցած ենք այս երկիրը, ոչ մէկուն ուսին բեռ չենք եղած…
Գօգօ — Մեր հայրենիքը Հայաստանը չէ՞:
Անին կը մտնէ:
Վարդան – Գօգօ, մեր հայրենիքը Հայաստանն է, բայց մենք մեր ծննդավայրը մեր հայրենիքին չափ սիրած ենք, մեր արիւնով ներկած ենք այս երկիրը եւ մեզի համար սրբացած է անոր հողը:
Ք. Անդօ — Այդ պատճառաւ ալ, տղաս, պարտաւոր ենք զինուոր դառնալ, պարտաւոր ենք մեռնիլ այս հողին համար, որ մեր երկրորդ հայրենիքը դարձած է:
Անի — Պարտաւոր ենք մեռնիլ, բայց գիտնանք՝ ինչո՞ւ համար կը մեռնին մեր զաւակները, որո՞ւ համար կը մեռնին, ինչո՞ւ կը մեռնին: Կը բաւէ մեր զաւակները կրակի բերան նետենք: Մենք պէտք եղածեն աւելի զոհ տուած ենք, մեր զաւակները ապրելու իրաւունք նուաճած են, իրենց հայրերուն, մայրերուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն մահով նուաճած են ապրելու իրաւունքը:
Սոնա — Անին ճիշդ կ’ըսէ: Մեր զաւակները պէտք է ապրին:
Արմէն — Ես երթամ: Երթաս բարով, Վարդգէս: Բարով երթաս, բարով վերադառնաս:
Անի — Ո՞ւր կ’երթաս, Վարդգէս:
Վարդգէս — Բանակ:
Անի — Բանա՞կ: Արփին Մարիե՞նց տունն է: Գնա՛, Վարդգէս, գնա՛: Աստուած իմ, այս ի՞նչ ճակատագիր տուիր մեզի:
Ք. Անդօ – Գնա, Վարդգէս: Ամէն մարդ իր տուն թող երթայ, արդէն իրիկուն եղաւ: Գնա՛, Գօգօ, ծեծ չկերած գնա՛: Քեզի գնա՛ ըսի:
Սոնա — Գնա՛, Վարդգէս: Ողջ վերադարձիր: Ես քեզ պիտի սպասե՛մ, Վրէժին փոխարէն քե՛զ պիտի սպասեմ:
Բոլորը կ’երթան: Կը մթննայ: Նուագելով ներս կը մտնէ Արսէն, քիչ ետք կը մտնէ նաեւ Շողերը:
Շողեր — Արսէն, Արսէն:
Արսէն — Շողե՞ր, ինչո՞ւ եկար:
Շողեր — Եկայ քեզի հրաժեշտ տալու:
Արսէն — Հրաժեշտ տալու: Գնա՛, Շողեր, քեզի երջանկութիւն կը մաղթեմ:
Շողեր — Ի՛նչ անսիրտ ես, Արսէն: Սատիստ մը ըլլաս կարծես:
Արսէն — Ե՞ս եմ անսիրտը, ե՞ս եմ սատիստը: Ե՞ս եմ սիրած անձս լքելով Գանատա գացողը:
Շողեր – Արսէն, ես քեզ կը սիրեմ, եւ մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի սիրեմ, բայց ստիպուած եմ երթալ, կրնա՞մ հայրս, մայրս առանձին ձգել:
Արսէն — Լռէ՛, Շողեր:
Շողեր — Պիտի լռեմ, Արսէն, բայց սիրտս պիտի լայ, պիտի լայ քեզի համար, պիտի լայ մեր սպաննուած սիրոյն համար:
Արսէն — Ե՞րբ պիտի երթաք:
Շողեր — Վաղը, առտու կանուխ:
Արսէն — Վաղը՞: Աստուած հետերնիդ:
Շողեր — Նուագէ, Արսէն, իմ սիրածս եղանակը նուագէ:
Արսէն — Պիտի չկարենամ նուագել, Շողեր:
Շողեր — Պիտի կարենաս, Արսէն, նուագէ:
Արսէն կը սկսի նուագել, Շողեր կը պարէ, ապա կը մօտենայ Արսէնին, որ կը դադրի նուագելէ, սակայն նուագը կը շարունակուի: Միասին կը պարեն, ապա պարային շարժումներով կը հեռանան իրարմէ:
Բոլորը պատուհաններէն զիրենք կը դիտեն:
Շողեր — Մնաս բարով, Արսէն:
Արսէն — Երթաս բարով, Շողեր:
Շողեր — Երբեք պիտի չմոռնամ քեզ, միշտ պիտի սիրեմ:
Արսէն — Գնա՛, Շողեր, գնա՛:
Խ. Նենօ եւ Մովսէս ներս կը մտնեն:
Խ. Նենօ — Փի-փի՛փ, Մովսէսը բերի, մեր Մովսէսը տուն բերի:
Մովսէս — Թա՛ղս, ի՛մ թաղս, վերջապէս հասայ քեզի:
Գէորգ — Թաղդ… հապա՜, թաղդ է:
Ք. Անդօ — Մովսէ՞ս, ծօ՛ Մովսէս, դո՞ւն ես: Գիտէի, որ պիտի վերադառնաս: Մարդի՛կ, Մովսէսը վերադարձեր է:
Ձայներ — Մովսէսը վերադարձեր է, Մովսէսը ետ եկեր է…
Բոլորը մէկ-մէկ բակ կ’իջնեն:
Մովսէս — Վերադարձեր եմ, մարդիկ, ետ վերադարձեր եմ:
Գէորգ — Կը վերադառնաս, ռումբերը վերջացան, անշո՛ւշտ կը վերադառնաս:
Սոնա — Բարի եկած ես, հազար բարի:
Մարի — Քու տունդ վերադարձած ես, Մովսէս:
Վազգէն — Ուրեմն ետ դարձար: Բարի եկար:
Անի — Մովսէս, լաւ ըրիր, որ եկար: Գաղութը իր զաւակներուն պէտք ունի:
Գօգօ — Երանի իմ ընկերներս ալ ետ դառնան:
Խ. Նենօ — Կը բերեմ, Գօգօ, քու ընկերներդ ալ ետ կը բերեմ:
Մովսէս — Սիրելի ժողովուրդ…
Գէորգ — Ի՞նչ կ’ընես:
Մովսէս — Վերադարձի առիթով ճառ մը գրած եմ…
Գէորգ — Ճանըմ, վար իջիր, մեզի ճառ պէտք չէ՛: Հասկցանք՝ եկար, լաւ ըրիր եկար…
Ք. Անդօ — Է՜հ, Մովսէս, Մովսէս: Եկա՛ր, բարի եկար, հազա՛ր բարի:
Արմէն — Բարի եկար, բայց ինչո՞ւ եկար:
Մովսէս — Ինչո՞ւ եկայ, որովհետեւ աշխարհի մէջ ինծի համար այստեղէն լաւ տեղ չկայ, որովհետեւ մէկ տարի շունի պէս ապրեցայ, որովհետեւ չկրցայ գացած տեղս յարմարիլ, որովհետեւ ամէն տեղ դուռերը գոց էին առջեւս, որովհետեւ իմ տեղս հոս է:
Արմէն — Մէկը կ’երթայ, միւսը կու գայ: Բարով երթայ, բարով թող գայ:
Ք. Անդօ — Իսկ հոս մնացողները կը վերականգնեն գաղութին եկեղեցիները, դպրոցները, տուները, գործատեղիները, կը վերականգնեն մեր հոգիները, մէկ խօսքով, գաղութը կը վերակենդանանայ:
Խ. Նենօ — Իսկ ո՛վ որ երթայ, բարով թող երթայ, բայց երանի գացողը միայն մէկ հասցէ ունենայ… միայն մէկ հասցէ…
Ձայներ – Երթալու միայն մէկ հասցէ, միայն մէկ հասցէ….
Արփի — Մէ՛կ հասցէ… (Կ’երգէ, քիչ-քիչ բոլորը կը միանան:) Կարօտել եմ, դու իմ հայրենիք…