ՎԱՀԵ ՕՇԱԿԱՆ / «ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ»

 

 

ՎԱՀԵ ՕՇԱԿԱՆԻ «ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ» պիեսը տպագրվել է «Դրամատուրգիա» հանդեսի 2000 թ., թիվ 2-ում

 

 

«Ահաբեկիչը» ֆանթէզի մըն է եւ նաեւ տռամ մը որոնց համերաշխ ագուցումը կը յաջողի եթէ երկուքն ալ լուրջի առնուին թէ հանրութեան եւ թէ բեմադրիչին կողմէ:

Մէկ դերասանին նոյն ատեն երկու տարբեր անձերու դերերը խաղալու դժուարութիւնը հարթելու պարտականութիւնն ու հաճոյքը բեմադրիչինն են:

«Ահաբեկիչին» վայրին Աւստրալիա եւ Սիտնի քաղաքը ըլլալը պէտք է փոխուի համաձայն այն երկրին ու քաղաքին ուր կը ներկայացուի ան: Նոյնը՝ Բիմպըլ անունը, որ Սիտնիի արուարձաններէն մէկն է:

Խաղին մէջի «Հեղինակը» կրնայ հանդիսատեսներուն առաջին շարքին կեդրոնը նստիլ որպէսզի Ա. Տեսարանի մէջ իր խօսքին ձայնը կարենայ հաւասարապէս բեմին ու հանրութեանը հասնիլ: Անժէլը կրնայ որեւէ մէկ տեղ նստիլ:

Սօֆիին եւ Էլիզին հեռաձայնի խօսակցութիւնները դրուած են գրութեան մէջ միայն օգնելու համար դերասանին կապելու իր խօսքին շեշտը ընկալուչէն իր լսածին իմաստին ու թոնին ետ: Բոլոր յատուկ անունները փոփոխելի են, յարմարելու համար երկրի յատկանիշներուն՝ բացի Սեդայէն:

Լոյսի խաղեր ու ենթախորքի երաժշտութիւն յանձնարարելի են:

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ

ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ

Թատերախաղ

(Տռամ-ֆանթեզի երկու տեսարանով)

 

ՏԵՍԱՐԱՆ Ա.

Բեմը կը ներկայացնէ պզտիկ, մաքուր սենեակ մը… բազմոց մը, բազկաթոռ, սեղանիկ մը քովը, վրան հեռաձայնի գործիք: Աջ անկիւնը հեռատեսիլի գործիք մը: Պատին՝ պզտիկ, կլոր հայելի մը: Խորքին, աջին՝ դուռ մը:

Պատերուն՝ քանի մը հասարակ նկարներ: Դիմացի պատին՝ ցածլիկ մատենադար մը, վրան՝ ծաղկաման: Ձախ պատին մեծկակ ժամացոյց մը: Ժամը 2. 30 է:

Ամիսը յունիս է, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ: Ձմեռ է: Անձրեւ կայ դուրսը, բայց չի լսուիր:

Վարագոյրը կը բացուի: Պարապ է սենեակը: Յանկարծ սեղանիկին վրայ հեռաձայնը կը սկսի զարնել:

ՊԱՅԾԱՌ — Աղէկ, աղէկ եկայ… (Ներս կը վազէ Պայծառ, կը վերցնէ գործիքը, ոտքի կը մնայ: Միջահասակ, ներկայանալի դէմքով, վայելուչ, 45 տարեկաննոց կին մըն է, լեցուն մարմնով: Արտայայտութիւնը կեանքոտ է ու չեզոք գոյներով հագուստ մը հագած է): Ալօ՞… հա դո՞ւն ես Սօֆի, ի՞նչ կայ:

ՍОՖԻ — (Այս գիշեր ուշ տուն պիտի գամ մամա, ընկերներով Սեւակենց տունը պիտի հաւաքուինք):

ՊԱՅԾԱՌ — Բայց աղջիկս, քննութիւններ ունիս գալ շաբթու, չե՞ս…

ՍՕՖԻ — (Գիտեմ գիտեմ, աս ուրիշ բան է, Յակոբին տարեդարձն է):

ՊԱՅԾԱՌ — Ի՞նչ կրնամ ըսել, քու կեանքդ է, նորէն մէրսի որ թէլէֆոն ըրիր… եղբայրդ ալ հո՞ն է:

ՍՕՖԻ — (Չեմ գիտեր ան ուր է):

ՊԱՅԾԱՌ — Աղէկ, միայն թէ մի ուշանար:

ՍՕՖԻ — (Չէ, չեմ ուշանար: Վաղն առաւօտ ալ օթոյի պէտք ունիմ: Պապան տունն է, չէ՞):

ՊԱՅԾԱՌ — Չէ աղջիկս, պապադ Մելպուրն գնաց, բայց օթոն հոս ձգեց:

ՍՕՖԻ — (Սքանչելի: Լաւ, չեմ ուշանար: Պայպայ):

ՊԱՅԾԱՌ — Պայպայ:

Վար կը դնէ ընկալուչը, կը շտկրտէ երկայն մազերը, մէկ ոտքը աթոռին՝ կը դառնայ սրահին: Շատ բնական, նոյնիսկ մտերմիկ շեշտով կը խօսի հանդիսատեսներուն:

ՊԱՅԾԱՌ — Գիտէք որ ես երկու անձ եմ, առնուազն: Նախ՝ մեր քաղաքի հայ միջին դասակարգի կիներուն համար Պայծառ Յակոբեանն եմ, գրեթէ բոլորը կը ճանչնաք զիս, ձեզմէ շատեր տունս եկած են, Բիմպըլ: Ըլլալու են անշուշտ քանի մը հոգի որ չեմ ճանչնար:

Քայլ մը կը մօտենայ եզերքին, կը քթթէ աչքերը, կը քննէ:

Մութին մէջն էք, չեմ տեսներ կոր:

Ետ կը քաշուի, կը լռէ:

Ինչ որ է, ես Պէյրութէն եմ, Էշրէֆիէէն, հարուստ ռամկավարի աղջիկ: (Կը խնդայ:) Գուրգէնը՝ աղքատ դաշնակցականի տղայ… Գուրգէնը, եթէ չէք գիտեր, ամուսինս է կամ, ըստ իրեն՝ էրիկս, մարդս:

Այս «մարդս» բառը կը հնչէ շեշտաւոր:

Կը հասկնաք որ քիչ մը հին գլուխ է, պապայէն ժառանգած: Կը սիրեմ այդ գիծը իր մէջ, բայց դաշնակցական չէ, փառք Աստուծոյ:

Լուռ է նորէն, շուրջը կը նայի, զուարթ, թեթեւ:

Գուրգէնը ճարտարագէտ է, էնժէնիէօր, եւ լաւ հոգ կը տանիմ իրեն, ըլլայ ճաշի սեղանը, գիշերը անկողինը, ըլլայ դուրսը բարեկամներով, չորս զաւակ տուած եմ իրեն, տունը հայերէն կը խօսինք… ի՞նչ գիտնամ, երջանիկ ենք: Աս ամբողջը…

Կը բանայ թեւերը լայն, կը դառնայ սենեակին չորս պատերուն:

…եւ միւս սենեակները՝ մենք ենք:

Կը լռէ, լրջացած, կը մտածէ վայրկեան մը:

ՍԵԴԱ — Բայց ես ուրիշ մէկն ալ եմ — Սեդա Բարիքեան, գրագէտին երեւակայութեան մէջ ստեղծուած մէկը, եւ ան է, հեղինակն է որ զիս հոս դրած է այս գիշեր: Ուզածը կ’ընէ ինծի, իր գերին եմ, հարճը, մէթրէսը, կը չարչարէ զիս, կը ծեծէ, կը սիրաբանի հետս, կը մեռցնէ, նորէն կեանք կու տայ, բերանս բառեր կը դնէ որ երբեմն սխալ են: Բայց մէյ մը որ ելած եմ իր երեւակայութենէն՝ ազատ կը զգամ ինքզնիքս…

Կը խնդայ: Լուռ է վայրկեան մը:

Դեղագործ եմ, Royal North Shore հիւանդանոցը: Այդպէս ուզած է հեղինակը, բան չեմ հասկնար դեղագործութենէն ու կ’ ատեմ հիւանդանոցները, բայց ի՞նչ ընեմ, ան է տէրս: «Ուժով կին մը ըլլայ, գրաւիչ, դարուն կինը, բարդ խառնուածքով, անկախ ու խելացի»: Ան կը խորհի թէ հայ կիները առ հասարակ շահեկան չեն, տափակ են, գոց, անգոյն կեանքեր կ’ապրին… եւ ամուսինս, ոչ թէ Գուրգէնը այլ Նշանը, Բարիքեան Նշանը համաձայն է իրեն, սակայն գիտեմ որ սխալ են երկուքն ալ, շատ փորձեցի համոզել, չեղաւ: Ես լաւ կը ճանչնամ Պայծառը տափակ մափակ կ’երեւի բայց շատ խորունկ անձ է, մաքուր սրտով, բարի: Կայ Նշանը, իմ նշանաւոր Նշանս որ պանքայի բարձր պաշտօնեայ է, լաւ չեմ ճանչնար, չենք վարժուած իրարու: Երջանի՞կ… յայտնի չէ, ոչ հեղինակին ոչ ալ ինծի համար: Երկու զաւակ ունինք, լաւ տղաք են, սակայն չգիտցուիր այս օրերուս, կատուներու պէս գաղտնի կեանքեր ունին: Անշուշտ մարդու պէս հայերէն չեն գիտեր, արդէն Աւստրալիոյ մէջ քանի՞ երիտասարդ կայ որ լաւ հայերէն գիտնայ… չո՞րս, հի՞նգ: Հազիւ:

Նորէն շուրջը, հանդիսատեսները կը քննէ, կը մտածէ ըսելիքը:

Ես ալ գաղտնի կեանք մը ունիմ:

Կը բանայ թեւերը, կը գրկէ իր մարմինը, կը սեղմէ ուժգին, կրունկին վրայ կը դառնայ ու կ’անշարժանայ յանկարծ:

Եթէ բանամ թեւերս ու մարմինս ու սիրտս ու միտքս, երեւակայութիւնս ու յիշատակներս՝ այնքան պայթուցիկ կայ մէջս՝ կը զգամ որ ամբողջ հայ ազգը օդը կրնամ հանել, Սփիւռք, Հայաստան եւ Արցախ միասին: Բայց մի վախնաք, այդպէս բան ընելու միտք չունիմ: Շատ աւելի ցանկութիւն է քան իրականութիւն… հայ կին եմ, ի վերջոյ:

Կարճ վայրկեան մը, ինքնամփոփ:

Միայն մէկ պզտիկ գաղտնիքի բերանը պիտի բանամ ձեզի այսօր: Բայց պէտք է գրկեմ մարմինս որ ներսս մնայ:

Ձայնը կը ցածնայ, կը քակէ թեւերը, կը մօտենայ ժողովուրդին:

Եթէ գիտնաք ո՞վ է ձեզի խօսողը որեւէ մէկ վայրկեան, Պայծա՞ռը թէ Սեդան՝ այն ատեն կը մտնէք իմ աշխարհէս ներս: Ընդունեցեք որ բացառիկ առիթ մըն է հայ կին մը ճանչնալու: Հայ ժողովուրդին ամենէն լաւ պահուած գաղտնիքն է հայ կինը, մեծագոյն գանձը, էն յարգի հարստութիւնը որուն պահակ կեցած է ամբողջ հայ ազգը: Մարդ չգիտեր ո՞վ է ան, ի՞նչ են անոր ներքին ապրումները, ուժին աղբիւրը, սրբութեան խորանը: Հայ կինը ծածկուած, պաշտպանուած կ’ապրի, ճիշդ Պարսկաստանի իսլամ կիներուն պէս ամէն ինչ գոցած: Վստահ եղէք հայ մարդիկը մեզի քովնտի կը նային, փախստական, յանցաւորի պէս, աչքը միշտ նախ կուրծքերուն կ’երթայ, ասիացիներուն պէս: Իմ շատ հոգս չէ՝ լավ կուրծքեր ունիմ, կը սիրեմ որ մարդիկ ինծի նային, ցանկան մարմինս, մերկացնեն երեւակայութեամբ… ես նախ կին եմ, աչքի, համի, լեզուի, մտքի, մատներու եւ մանաւանդ մարմնի հաճոյքի համար ծնած…

Նորէն կը գրկէ մարմինը, էգ ու պչրոտ շարժումով մը, ու դառնալով ժողովուրդին:

Տեսէ՞ք, չեմ քաշուիր աս բաները ըսելու, ազատ կին եմ, չեմ վախնար մարդոց կարծիքէն. եւ անշուշտ հասկցաք թէ Սեդան եմ հիմա, եւ ես նոյնիսկ հեղինակեն անկախ կարծիքներ ունիմ որ պիտի ըսեմ հոս, ձեզի, իր մասին, Պայծառի մասին եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ իր, հեղինակին մտերիմ կեանքի մասին, կինը եւ երեւակայութիւնը, սիրոյ ու մահուան վախը, կեանքի վախը…

Յանկարծ հեղինակը ոտքի կը կանգնի իր տեղէն ու կը պոռայ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Կ’արգիլեմ քեզի: Ես քեզ ստեղծեցի…

Սեդա կ’ընդմիջէ:

ՍԵԴԱ — Նախ՝ ալ շատ ուշ է, ես հոս եմ, միս ու ոսկոր ու զգացում, ու կ’ապրիմ…

Պահ մը լռութիւն, հեղինակը կը փնտռէ աչքերով:

ՍԵԴԱ — Կը յիշէ՞ք, «աս մարդիկը միայն կատակերգութիւն կը սիրեն» ձեր խօսքերն են, դուք ինծի ըսիք, կը յիշէ՞ք: Անանկ որ, ի՞նչ տարբերութիւն կ’ընէ:

Յանկարծ հեռաձայնը կը զարնէ: Կը ցնցուի Սեդա, սակայն ինքզինքը շուտ կը գտնէ, կը դառնայ ժողովուրդին:

ՍԵԴԱ — Ներողութիւն վայրկեան մը, երթամ ներսի հեռաձայնը առնեմ, հիմա կու գամ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չէ չէ, հոսկէ խօսէ, կ’ուզեմ որ ներկաները լսեն: Մարդիկը դրամ տուած են որ լսեն, ի վերջոյ:

ՍԵԴԱ — Լաւ… Ալօ՞, ո՞վ է… Դո՞ւն ես Էլիզ:

ԷԼԻԶ – (Պայծառ, մտիկ ըրէ, շատ կարեւոր բան մը ունիմ քեզի ըսելիք, բայց ոչ թէլէֆոնով):

ՍԵԴԱ — Ուրեմն ինչո՞ւ հեռաձայնը բացիր:

ԷԼԻԶ — (Վաղը, վաղը աոաւօտ, քովդ պիտի գամ եթէ տունն ես):

Կարճ լռութիւն մը:

ՍԵԴԱ — Էլի՞զ:

ԷԼԻԶ — (Այո…)

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ կայ Էլիզ, ինչո՞ւ նորէն իրար անցեր ես, ինչո՞ւ կու լաս կոր:

ԷԼԻԶ — (Չէ չէ, չեմ լար կոր):

ՍԵԴԱ — Չէ՞ն որն է, կը լսեմ կոր լացդ, ի՞նչ կայ:

ԷԼԻԶ — (Կրնա՞ս քովս գալ):

ՍԵԴԱ — Ե՞րբ, հիմա՞, ա՞ս ժամուն:

ԷԼԻԶ — (Հիմա):

Լուռ, կը խորհի պահ մը, հեռախոսը վար կախած:

ՍԵԴԱ — Նայէ Էլիզ, չեմ գիտեր ի՞նչ է եղածը, բայց մինչև վաղը ժամանակ տուր դուն քեզի, լաւ մը խորհէ, որոշում մի առներ, վաղը քովս եկուր:

ԷԼԻԶ — (Ախ Պայծառ, եթէ միայն գիտնաս…)

Լուռ է պահ մը, մտածկոտ:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ է խնդիրը, Եդուարդի՞ն հետ է նորէն:

ԷԼԻԶ — (Այո):

Սեդան կը նստի աթոռին, լւջօրէն մտահոգ: Լուռ, ցած ձայնով:

ՍԵԴԱ — Էլիզ, խօսէ որ պարպուիս, թեթեւնաս, հանդարտիս… խօսիս նէ դուն ալ աւելի լաւ կը հասկնաս ինչ կ’ըլլայ կոր:

ԷԼԻԶ — (Թէլէֆոնով չեմ ուզեր խօսիլ, մարդիկ կը լսեն):

ՍԵԴԱ — Ո՞վ պիտի լսէ, տունն եմ, մարդ չկայ հոս:

ԷԼԻԶ — (Քեզի անգամ մը խօսեցայ աս մասին, կը յիշե՞ս):

ՍԵԴԱ- Այո, կը յիշեմ, կաղանդին էր… եթէ ատ է…

ԷԼԻԶ — (Այո, ատ է):

ՍԵԴԱ — Եթէ ատ է, կրնայ վաղուան սպասել, Էլիզ:

ԷԼԻԶ — (Պայծառ, չեմ կրնար մինակս տանիլ ասիկա, կը վախնամ կոր, կ’ուզեմ որ գիտնաս, քրոջս պէս ես ինծի համար: Շատ մինակ եմ):

Էլիզ կը սկսի լալ: Սեդա վար կը կախէ ընկալուչը, սիկարէթ մը կը վառէ, ձեռք կ’առնէ գործիքը: Էլիզին մեղմ հեծկլտուքը:

ՍԵԴԱ — Լաւ լաւ, մի լար այլեւս, ըսէ քանի մը բառով, թեթեւցիր, վաղը կը խօսինք:

Երկար լռութիւն: Սեդա կը ծխէ:

ԷԼԻԶ — (Լմնցաւ Պայծառ, ամէն ինչ լմնցաւ… աս կէսօր Եդուարդը տուն եկաւ որ գալ շաբաթ տեղ մը պիտի երթայ մէկ ամիսով «կուսակցական կարեւոր ժողով»… ինքն ալ չգիտեր ուր, այնքան գաղտնի է որ, իրեն ըսի որ ալ չեմ կրնար տանիլ աս կեանքը, տունը, կինը, զաւակները ձգած ժողովներու ետեւէն է… ամուսնացած օրէս ի վեր աս է, ըսի որ ալ կոկորդս հասած է, կամ ընտանիքը՝ կամ կուսակցութիւնը, պէտք է որոշէ, ալ չեմ կրնար տանիլ.. «հիմա պիտի որոշես» ըսի «չէ նէ կը ձգեմ կոր քեզի, զաւակներս կ’առնեմ կ’երթամ կոր» ըսի… դուռը զարկաւ դուրս ելաւ, տակաւին տուն չէ եկած):

Խոր լռութիւն: Թաքուն ուրախութիւն մը կը փրփրայ Սեդային դէմքին վրայ:

ՍԵԴԱ — Պրավօ Էլիզ, շատ լաւ ըրեր ես, հոյակապ… բայց պիտի զսպես ինքզինքդ, մինչեւ վաղը պիտի դիմանաս, կրնաս դիմանալ, ուժով կին ես դուն, պէտք չունիս ինծի, ինձմէ աւելի քաջ ես, գիտե՞ս… պրավօ:

Լաց ու խնդուք խառնուած են Էլիզի ձայնին մէջ:

ԷԼԻԶ — (Բայց մէկուն չըսես հա Պայծառ, չեմ ուզեր որ մարդ գիտնայ):

ՍԵԴԱ — Անհոգ եղիր… թէյ մը խմէ, հէչ մի վախնար… վաղը նորէն կը խօսինք: Պայպայ: ԷԼԻԶ — (Պայպայ Սեդա):

Սեդա վար կը դնէ ընկալուչը, կը մնայ երազկոտ ու կորսուած, տարտամ ուրախութիւն մը դէմքին: Յանկարծ ոտքի կը կայնի ու ժողովուրդին կը դառնայ: Ճիշդ նոյն վայրկեանին, ոտքի կը ցատկէ հեղինակը ու կ’աղաղակէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ոչ, չխօսիս Սեդա: Չըսես:

Յանկարծակիի եկած՝ կը ցնցուի:

ՍԵԴԱ- Ի՞նչ, ի՞նչ չըսեմ, ինչո՞ւ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Խօսք տուիր Էլիզին, գաղտնի պիտի պահես:

ՍԵԴԱ — Դուք ի՞նչ գիտէք թէ ինչ պիտի ըսեմ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ես գիտեմ ինչ կ’ըսեմ, ես շինած եմ քեզի մի մոռնար, գիտեմ թէ բուռն կին մըն ես: Կ’արգիլեմ քեզի:

ՍԵԴԱ — (Կը խնդայ) Շատ կը ցաւիմ բայց որոշած եմ ըսել ու ոչինչ…

ՀԵՂԻՆԱԿ — (Ընդմիջելով) Ոչ Սեդա, ոչ:

Լուռ է Սեդա: Յետոյ կը դառնայ ժողովուրդին ու զուարթ թոնով կ’ըսե:

ՍԵԴԱ — Հասկցաք անշուշտ որ այս թատերգութեան բուն նիւթը, հերոսը՝ հեղինակը ինքն է, ոչ թէ ես կամ Էլիզը:

Կը լրջանայ, քայլ մը կ’առնէ դէպի ժողովուրդը, վար կը հակի:

ՍԵԴԱ — Կ’ուզե՞ք որ ըսեմ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ՁԱՅՆԵՐ — Այո… այո… ոչ… այո:

ՍԵԴԱ — Տեսա՞ք… երեք գաղտնիք կայ հիմա՝ Էլիզին ըսածը, իմ ըսելիքս եւ հեղինակին չըսածը: Ես վերջինէն կը սկսիմ:

Լուռ է, շուրջը կը քննէ, մազերուն կը դպնայ:

ՍԵԴԱ — Հեղինակը չուզեր որ ըսեմ Էլիզին խօսածը որովհետեւ գործին չի գար կուսակցութեան մեծ ու պզտիկ ղեկավարներուն հետ գէշ մարդ ըլլալ, չուզեր որ իր վարկը վնասուի, մանաւանդ որ այդ ղեկավար ընկերներուն պաշտպանութիւնը կը վայելէ:

Հեղինակը ոտքի կը ցատկէ նորէն:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Սուտ է, մի հաւատաք: Պայծառ, դուն գիտես հայութեան մէջ տիրող կացութիւնը, մի ձգեր որ էվէլ պակաս բաներ ըսէ աս կնիկը, խօսք հասկցուր: Ինքը ասանկ բաներ պիտի չըսեր իր դերին մէջ, ես գրած եմ ի վերջոյ իր խօսքերը, ես եմ իր հայրը…

ՍԵԴԱ — Ուշ է այլեւս, հեղինակ: Պայծառը շատ շատ կրնայ լռել ձեր մասին, ան ձեզի լաւ կը ճանչնայ կեանքէն, լաւ է որ չխօսի:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ի՞նչ ըսել է «զիս լաւ կը ճանչնայ կեանքէն», ա՞յդ ինչ խօսք է:

ՍԵԴԱ — Դուք շատ տարբեր չէք Եդուարդէն, բոլոր կուսակցականներդ իրար նման բաներ էք:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Պարապ խօսք:

ՍԵԴԱ — Պարապ խօ՞սք, ատա՞նկ է… ինչո՞ւ մէյ մը չէք հարցներ ձեր կնկան, հոն քովերնիդ նստեր է սուսիկ փուսիկ… ես հարցնե՞մ… վստահ եմ ձեզմէ աւելի քաջ է… խօսեցնե՞մ… խելացի կին է՝ ձայն չի հաներ, բայց ինչե՜ր ինչե՜ր ունի պատմելիք պարապ տունի, պարապ անկողինի, պարապ սրտի մասին… Ժողովի կ’երթաք շաբաթը հինգ գիշեր որովհետեւ տունէն կը փախիք, չէք կրնար կին էակէն հաճոյք առնել կամ տունը սիրել… միայն իրարմէ հաճոյք կ’առնէք, ճիշդ չե՞մ:

Հեղինակին ձայնը խիստ է ու կտրուկ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ալ չափը անցուցիր, լռէ:

Խոր լռութիւն: Ոտքի կ’ելլէ Սեդա, սիկարէթ մը կը վառէ նորէն, ու կը խօսի ժողովուրդին, շատ հանդարտ:

ՍԵԴԱ — Էլիզին տագնա՜պը… կը ճանչնաք Էլիզը, Մաքսուտեան Եդուարդին կինը, հանդէսներուն, ընդունելութիւններուն, ես ինչ գիտնամ ամեն կարեւոր բանի՝ առաջին շարքն է էրկանը հետ… խելքը գլուխը, սիրտը տեղը, պարկեշտ, չարքաշ հայ տանտիկինն է… հոս հիմա սրահին մէջ տասնեակներով կան իրեն պէս… երեքէն մէկը՝ հայ իտէալ կինն է:

Կը լռէ, կը քաշէ ծուխը, կը նայի մատներուն:

ՍԵԴԱ — Տանելի երջանկութիւն մը. դուրսէն նայիս՝ բան չես նշմարեր, բայց ներսը փտած է, մէկ, ահաւոր, անբուժելի վէրք մը կայ… Էլիզը սէրը ինչ է՝ չէ ճանչցած, իգական սեռէն չէ, հոյակապ տանտիկին, կնիկ ու մայր է, բայց կին՝ ոչ:

Լուռ է, շուրջը կը նայի նորէն:

ՍԵԴԱ — Սրբուհի Տիւսաբին Մայտան կը յիշեցնէ: Ի՞նչ փոխուած է 120 տարի առաջուան վրայ, կը հարցնեմ ձեր մէջէն զարգացածներուն որոնք գիտեն թէ ով էր Մայտան, ինչ էր իր տէրտը: Շատ քիչ բան, աւա՜ղ: Շահագործումը, բռնութիւնը կը պակսին այսօր հաւանաբար, սակայն մնացեա՞լը, սիրոյ անապատը որ հայ կինը, առանց տրտրի կը կտրէ ամբողջ կեանքին ընթացքին, կարգուելէն առաջ ու մանաւանդ վերջը: Ըսէք նայիմ…

Լուռ է կարճ պահ մը:

ՍԵԴԱ — Էլիզը պարզապէս իր իրաւունքը կ’ուզէր: Չեմ խօսիր օրէնքի մասին, այդ տեսակ իրաւունք չէ, այլ սրտին իրաւունքն է: Սէրը իր իրաւունքները ունի երբ անկեղծ ու մաքուր է: Վստահ եղէք Էլիզը կը սիրէ իր չսիրուելիք ամուսինը: Ես վստահ եմ ատոր: Եւ այդ է որ ուժը կու տայ իրեն այդ տեսակ որոշում առնելու: Եւ ահա այսպէս է որ ան, սենեակին մէջտեղը կայնած, էրկանը կ’ըսէ, շատ հանդարտ, առանց պոռալու կամ վախի «հոս նայէ, կամ կուսակցութիւնը՝ կամ ես, մէկերնէս մէկը, չես կրնար երկու կին ունենալ», ատանկ, մարդուն երեսին, «կամ ակումբը եւ ժողովի ընկերներդ՝ կամ տունը եւ ընտանիքդ… եւ հիմա, այս վայրկեան պիտի ընտրես»: Մտածե՞ր էր ըսելէն առաջ, ծրագիր մը ունէ՞ր եթէ Եդուարդը կին մին ձգէր երթար: Չեմ գիտեր տակաւին, վաղը պիտի գիտնամ: Բայց մարդը դուռը կը զարնէ կ’ելլայ կ’երթայ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Պայծառը, Պայծառը, թող ան խօսի:

ՍԵԴԱ — Անոր կարգը կու գայ: Տասնամեակներէ ի վեր, հազարաւոր հայ տուներու մէջ սա է երեկոեան տեսարանը, շաբաթը հինգ օր… մարդը կու գայ գործէն, էրիկ կնիկ լուռ ու մունջ կը ճաշեն, յետոյ մարդը վերարկուն կռնակը կը նետէ կը շտկուի դէպի ակումբ ու ժողովի սենեակ, ետ դէպի արգանդը միութենական կեանքին, հոն, սեղաններու շուրջ, քիթ քիթի, ոտքերը դպնալով, ծխելով, հազալով, պաղող սուրճին շուրջ, լուրջն ու անլուրջը իրար խառնած կը վիճին, կը կատակեն, կը խօսին ժամերով… Տունէն փախած այդ մարդոց համար, հոն իրենց նման ուրիշ տղամարդոց մէջ միայն կ’իրագործուի իրենց արուի, այրմարդու ճակատագիրը:

Կարճ պահ մը կը լռէ:

ՍԵԴԱ — Ֆրոյտը չէ՞ր որ կ’ըսէր թէ կուսակցական մտերմութեան եւ միասեռական ցանկութեան միջեւ շատ մը նմանութիւններ կան… Ինչ որ է: Մեր այս ղեկավար տարրը, իր ազգային պարտականութիւնը կատարած՝ ուշ գիշեր, ծուխով եւ աղմուկով գլուխը լեցուն, պաղ ու մութ տուն մը կը դառնայ: Մինչ այդ, կինը եւ զաւակները, ի՞նչ կը տեսնեն իրմէ՝ սե՞ր, գուրգուրա՞նք, մտերմութի՞ւն, հետաքրքրութի՞ւն: Ոչինչ:

Կը լռէ, շուրջը կը նայի:

Յանկարծ ներկաներէն կին մը ոտքի կը կայնի, ու քիչ մը վարանոտ ձայնով կը խօսի:

ԱՆԺԷԼ — Ներողութիւն, բայց կրնա՞մ բան մը ըսել:

Սեդա արագ մը կը դառնայ ձայնին կողմը, կը նշմարէ Անժէլը ու դէմքը կը պայծառանայ:

ՍԵԴԱ — Այո, անշուշտ: Նախ ի՞նչ է ձեր անունը:

ԱՆԺԷԼ — Անժէլ, Անժէլ Պասմաճեան:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ է ձեր ըսելիքը, տիկին Անժէլ:

Անժէլի ձայնը անհամարձակ է:

ԱՆԺԷԼ — Ըստ իս, սխալ է ամբողջը…

ՍԵԴԱ — Աւելի բարձր խօսեցէք, հազիւ կը լսուի հոսկէ:

ԱՆԺԷԼ — Սխալ է ամբողջ յանցանքը տղամարդոց վրայ ձգել, մենք կիներս ալ յանցաւոր ենք: Ես կը հաւատամ որ ամէն մարդ պատասխանատուն է իր կեանքին համար եւ երբ հայ կին մը իր անձը կը յարմարեցնէ այր մարդոց մտքին մէջ միայն գոյութիւն ունեցող կաղապարի մը՝ այս է արդիւնքը:

ՍԵԴԱ — Ես ձեր հետն եմ, Տիկին Անժէլ: Շարունակեցէք խնդրեմ:

ԱՆԺԷԼ — Անոնք մեզ կ’ուզեն հնազա՞նդ՝ հնազանդ ենք, մեզ կ’ուզեն կրաւորական ու հանդուրժո՞ղ՝ հանդուրժող ենք, չե՞ն ուզեր խառնուինք ազգին գործերուն՝ չենք խառնուիր, կ’ուզեն որ մայր-խոհարար-կնի՞կ ըլլանք միայն՝ մենք ալ ատ ենք…

Անժէլ շուրջը կը նայի, գրեթէ զարմանքով: Յետոյ կը դառնայ Սեդային որ բեմին առաջը եկած էր:

ԱՆԺԷԼ — Տիկին Սեդա, դուք ըսէք, ով գիտէ ի՜նչ դժուարութեամբ հասած էք ձեր արուեստագէտի ազատութեան, այնպես չէ՞:

Սեդա պզտիկ խնդուք մը ունի:

ՍԵԴԱ — Է եւ չէ…

Անժէլ կամաց մը կը նստի: Սեդա իր կողմ կը դառնայ անմիջապէս ու բարձր ձայնով կը կանչէ անոր, ձեռքերը շարժելով:

ՍԵԴԱ — Տիկին Անժէլ, Տիկին Անժէլ, ինչո՞ւ նստաք, շատ նստեր էք ասկէ առաջ ու ձեռքերնիդ ծալլած, հրեշտակի պէս մտիկ ըրեր էք… Ալ կը բաւ է: Ոտքի ելէք:

Անժէլ ընդոստ կը կայնի: Քանի մը քաջալերական խօսքեր շուրջէն:

ՍԵԴԱ — Լաւ, ի՞նչ է յաջորդ քայլը, չհարցուցիք: Գիտէ՞ք:

ԱՆԺԷԼ — Այո գիտեմ:

Անժէլ չի հաւատար թէ ինքն է հոն կայներ այս խօսքերը կ’ըսէ, հրապարակաւ: Աչքը արցունք կայ… Լռութիւն:

ԱՆԺԷԼ — Էլիզին ըրածը պիտի ընենք:

ՍԵԴԱ — Պրավօ Անժէլ, քաջ կին ես: Բուն ահաբեկիչը դուն ես, ես չեմ: Պրավօ: Կեցիր, մի նստիր:

Սեդա արագ մը վար կ’իջնայ բեմէն, ընդհանուր իրարանցումին մէջ Անժէլին քով կ’երթայ, կը փաթթուի անոր, կը համբուրէ այտերէն ու վազելով ետ բեմ կ’ելլէ: Մինչեւ հասնիլը Անժէլ նստած է: Կը կայնի հարդակին մէջտեղը, լայն ժպիտ մը դէմքին, կը բանայ թեւերը սիրոյ խորհրդանշական շարժումով մը:

ՍԵԴԱ — Պրավօ: Եւ ասիկա կ’ըլլայ՝ միայն սէրը փրկելու համար եւ ոչ իբրեւ պատիժ կամ վրէժ: Սխալ չհասկնաք: Եթէ սէր չկայ ձեր սրտին մէջ՝ տեղերնէդ մի շարժիր:

Նորէն կարճ լռութիւն մը մինչեւ որ ջիղերն ու ձայները հանդարտած են նորէն: Ու Սեդա կը խօսի շատ ինքնամփոփ կերպով:

ՍԵԴԱ — Շնորհակալութիւն Տիկին Անժէլ: Անշուշտ խնդիրը ան է որ եթէ Եդուարդը նոյնիսկ որոշէ ետ տուն եւ ընտանիքին դառնալ՝ պիտի փոխուի՞, պիտի կրնա՞յ տաքցնել զանոնք: Չեմ գիտեր: Կեանքի րիզքերէն մին է ասիկա:

Լուռ է:

ՍԵԴԱ — Սիրտը… սիրտը գաւաթի պէս է, մէյ մը իյնայ կոտրի՝ ալ չի շինուիր… C’est la vie…

Լուռ է սրահը: Մտիկ կ’ընէ, մօտիկ մարդոց կը նայի, քիչ մը դերասանական:

ՍԵԴԱ — Դուք անշուշտ կրնաք «միութիւն» բառը հանել եւ տեղը «գործ» բառը դնել, բան չի փոխուիր: Հայութիւնը «սիրել, ներել, հանդուրժել» բառերուն իրաւ իմաստը մոռցած է:

Սեդա տրամաթիք լռութիւն մը կը պահէ:

ՍԵԴԱ — Եւ Էլիզը ըսած է, վերջին անգամ, փողոցի դրան մէջ Եդուարդին հեռացող կռնակին՝ «եթէ տուն չի գաս՝ լմնցած է Եդուարդ, ես քու կինդ չեմ, տղաքը կ’առնեմ կ’երթամ, գիտցած եղիր»:

Լուռ է: Յետոյ աչքով կը փնտռէ Հեղինակը, վարը, սրահին մէջ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Պայծա՞ռ:

ՊԱՅԾԱՌ — Այո:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ինչո՞ւ լուռ ես, դուն գոնէ իրական ես, էրիկ ունիս զաւակ ունիս… հասկցուր այդ երեւակայական կնկան թէ ինչքան նախանձոտ մարդ է Գուրգէնդ, ինչքան քեզ ու զաւակները կը սիրէ… ըսէ իրեն թէ հայ կինը կրնայ դուրսէն լքուած ու չգոհացած երեւիլ՝ սակայն դժգոհ չէ կեանքէն եւ թէ ինք պէտք է գիտնայ Գուրգէնին ծնողքը ինչ դժուարութեամբ զինքը մեծցուցած են, AUB ղրկած են, մեծ մայրը Էրզրումէն է, տեղահանութեան մեծհայրը իր հայրը, 12 տարեկան տղեկ՝ ամիսներով շալկած քալած է անապատներէն… պատմէ ասոնք:

ՊԱՅԾԱՌ — Պրն Հեղինակ, իմ ամուսինս ալ շաբաթը երեք գիշեր միութենական գործերով ժողովէ ժողով կը վազէ բայց ես իրմէ դժգոհ չեմ, եւ չեմ ուզեր որ ընտանեկան սրբութիւնները հոս նիւթ ըլլան բոլորին դիմաց:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ըսէ ատիկա, իրեն ըսէ:

Սեդա կը ստիպուի պահ մը լռել:

ՍԵԴԱ — Լաւ, լսեցի եւ շատ ուրախ եմ որ Պայծառին prive կեանքի զգացումը տեղն է: Ես սխալեր եմ: Բայց ես իր հետ խնդիր չունիմ, փաստօրէն դուք չէք զայն ստեղծողը, դուք պարզապէս կը գործածեք զայն ցոյց տալու ինչի կը նմանի թիփիք հայ կինը յամի Տեառն 1993-ին Սփիւռքի մայրաքաղաքներէն Սիտնիի մէջ, աս չէ՞:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Այո:

ՍԵԴԱ — Ինծի համար Պայծառը զոհն է սիսթէմին…

Սեդա կը լռէ, ջիղերը սպառած:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Լաւ կը ճանչնամ այդ ահաւոր սիսթէմը:

ՍԵԴԱ — Դուք ալ մաս կը կազմէք անոր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ոչ:

Սեդա նորէն ստիպուած կը լռէ:

ՍԵԴԱ — Հոգ չէ: Խնդիրը այն է որ պատճառաբանութիւններու ամբողջ ցանց մը շինուած է հարիւր տարիէ ի վեր՝ մեր ազգին գլխուն եկած փորձանքներուն պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ ուրիշին վրայ նետելու եւ գործածելու այդ ձախողանքները ազգը զավալլը նահատակի մը վերածելու, պոչը ոտքերուն մէջ քաշած շունի մը նման՝ որպեսզի ազգին վրայ իրենց իշխանութիւնը շարունակուի: Հիմա, ատիկա կրնայ անգիտակցաբար ըլլալ՝ արդիւնքը սակայն նոյնն է:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չէ՜ ճանըմ, մի չափազանցեր: Ատանկ բան չկայ, ես գիտեմ, բոլորս ալ, գլուխէն պոչ՝ նոյն կաթսային մէջն ենք: Իրականութեան մէջ, չկայ, գլուխ չկայ, ալ ի՜նչ մաքիավէլիք հաշիւներ կը տեսնես…:

ՍԵԴԱ — Ամէն պարագայի, շատ հպարտ եւ ուրախ եմ որ Արցախի մէջ ճիշտ հակառակը փաստուեցաւ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ատիկա նայէ՝ բոլորս քեզի հետ ենք:

Սեդա նոր ուժ առած է ըսածներէն:

ՍԵԴԱ — Բայց Սփիւռքը անձնասպան կ’ըլլայ, ոչ թէ կը ձուլուի: Այդ սիսթէմը ջղային հիւանդութեան նման բան մըն է որուն յանձնուեր կ’երթանք: Մահուան բնազդի պէս բան մը՝ ջարդուած, զոհուած, նահատակուած, հերոսացած, մարտիրոսացած հայ ժողովուրդը մահէն աւելի գեղեցիկ ու հմայիչ ի՞նչ կրնայ ցանկալ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բայց ինչպե՞ս մոռնալ թուրքը որուն…

Սեդա բուռն կերպով կ’ընդմիջէ:

ՍԵԴԱ — Ոչ, թուրքին խօսքը մի ընէք ինծի այլեւս: Եօթանասուն տարիէ ի վեր թուրք չկայ սակայն օրը քսանչորս ժամ իրար կ’ատենք, կը հարուածենք, կը բամբասենք, կը գանգատինք, կը քննադատենք, կը կռուինք, ամէն ինչ կամ սեւ մռայլ է կամ ալ շլացուցիչ լուսաւոր… սիրտ կա՞յ ալ կեանքէն համ առնելու, բնական մարդ ըլլալու, կին էակը սիրելու: Կամ պարզապես կին ըլլալու եւ ոչ թէ կնիկ կամ «մեր կնիկը»: Ո՜չ: Մինչ մութ ուժերը… քաղաքական ղեկավարները, նոյնիսկ եկեղեցին..

Հեղինակը ոտքի կը ցատկէ, կանչելով:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Վայրկեան մը: Ես այդ վերջին նախադասութիւնը չեմ գրած, ատիկա դուն քեզմէ աւելցուցիր:

ՍԵԴԱ — Այո ճիշդ է, որովհետեւ դուք չէք համարձակիր եկեղեցին քննադատել, գէշ մարդ չէք ուզեր ըլլալ: Դուք ալ ծախուած մարդ էք:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Պօշ խոսք… եկեղեցին ուրիշ է, ազգային սրբութիւն է, անոր չեն դիպնար: Բայց դուն արդէն չես հասկնար ատանկ բաներ, կնկայ կարճ խելքովդ:

Կարճ լռութիւն մը: Սեդա կը նայի Հեղինակին ու հեգնական արտայայտութիւն մը առած է:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Եւ յետոյ, ես տողեր գրած եմ քեզի համար հոն, թատերախաղին մէջ որ դուն չես ըսած: Կրնա՞մ գիտնալ ինչու:

ՍԵԴԱ — Այո, մասնաւոր ըրի: Աւելորդ գտայ, ազատ եմ չէ՞, դուք գիս այդպէս ստեղծեցիք եւ ես հիմա ձեզմէ անկախ եմ: Ես նոյնիսկ անմահ կրնամ ըլլալ, ո՞վ գիտէ… դուք օր մը կը մեռնիք կ’երթաք՝ ես կը մնամ: Դուք բոլորդ մահկանացու էք, գերեզմանի ապրանք՝ բայց իմ զօրութեանս սահման չկայ:

Լուռ է, խիստ ու սպասողական: Կը դառնայ հանրութեան:

ՍԵԴԱ- Կ’ուզե՞ք որ ըսեմ ինչ հանած եմ գրութենէն: Այո՞… քանի՞ հոգի: Ձեռք վերցուցէք:

Հոս կը նայի ժողովուրդին, եթէ շատ են ձեռքերը, կը շարունակէ գրուածը: Եթէ ոչ՝ կը ցատկէ ընդմիջումէն անդին:

ՍԵԴԱ — Լաւ, մեծամասնութիւնը կ’ուզէ, ըստ երեւոյթին: Ուրեմն հանած եմ ամբողջ վրան բաց խօսքերը, աղտոտ բառերը: Ամէն գրողի պէս, ան ալ հաճոյք կ’առնէ այդ բառերէն որովհետեւ գրագետին համար բառը աւելի իրական է քան շօշափելի իրականութիւնը: Յետոյ՝ ամէն գրող կը սիրէ ցնցել հասարակ մարդիկը, գայթակղեցնել… հակառակ իր պնդումին՝ հոգին կու տայ յանդուգն գրողի, մոտէրն, ավանկարտ գրողի համբաւը արդարացնելու համար: Ըստ իս, վայել չէ իրեն, անանկ որ հանեցի:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ծայրէ ծայր սխալ:

Ժպիտի պէս բան մը կայ դէմքին վրայ: Կը ցածցնէ ձայնը:

ՍԵԴԱ — Հիմա ըսէք նայիմ, կ’ուզե՞ք լսել այդ աղտոտ բառերէն մի քանին… բարձր ձայնով մեր բեմերէն, մեր գիրքերէն երբեք չեն հնչած այդ բառերը, չպղծելու համար Մեսրոպաշունչ Սուրբ Հայերէն լեզուն: Մանաւանդ կնկայ մը կողմէ: World premiere է այս գիշեր: Անոնք որ կը համարձակին լսել՝ թող ձեռք բարձրացնեն:

Քանի մը հոգի կը բարձրացնեն ձեռքերը, վարանումով, չորս դին նայելով: Սեդա շունչը բռնած՝ կը հաշուէ…

ՍԵԴԱ — Հինգ հոգի: Լաւ, երկու բառ միայն:

Հեղինակը տեղէն ոտքի կը ցատկէ ու կը պոռայ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ոչ ոչ ոչ, կեցիր, մի բանար բերանդ, կ’արգիլեմ:

Սեդա, յանկարծակիի եկած:

ՍԵԴԱ — Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ որ:

Հեղինակը, դառնալով շուրջի ժողովուրդին:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Դուք գիտէ՞ք թէ այդ բառերը հայերեն լեզուի էն լղրճուկ, նախատական բառերն են, պետք չէ որ բարձրաձայն ըսուին:

ՍԵԴԱ — Օհօ՜… աս ի՞նչ փոփոխութիւն է Պրն Հեղինակ, դուք այդ բառերը գրած չէի՞ք սկիզբը:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ե՞րբ:

ՍԵԴԱ — Երբ ձեռագիրը կը գրէիք առաջին անգամ, աշխատանքի սեղանի ետին:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Դուն ուրկէ՞ գիտես ատիկա:

ՍԵԴԱ — Հոն էի նէ, մոռցա՞ք, ձեր երեւակայութեան մէջ արդեն գոյութիւն ունէի ու գիտէի ինչ կ’անցնէր կը դառնար հոն:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Լաւ, ճիշդ է ատիկա, բայց չեմ ուզեր որ ըսուին հիմա, փոխեցի միտքս:

ՍԵԴԱ — Ատ ուրիշ: Բայց կը նշանակէ թէ կը վախնաք սա վարը բազմած, արուեստին քովէն չանցած պարոններուն եւ իրենց կիներուն բամբասանքէն:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Նախ՝ սխալ է, այդ մարդիկը կը հասկնան՝ եթէ արուեստի յաջող գործ մը տեսնեն: Յատոյ, ինչո՞ւ պիտի վախնամ որ:

ՍԵԴԱ — Ես ի՞նչ գիտնամ, բայց յստակ է որ բարոյականութեան քանի մը ինքնակոչ ախոեանները, այս այն միութեան մեկաթոն աղաներն ու իրենց կիները կը յաջողին արուեստագէտին ազատութիւնը կաշկանդե՞լ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ոչ ոչ, ատանկ չէ, բացատրեմ:

ՍԵԴԱ — Պրն Հեղինակ, կը ներէք համարձակութեանս, դուք իբրեւ մարդ մեծ բան մը չէք…

Հեղինակը լուռ է:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Զգայնութեան, ճաշակի եւ չափի հարցեր կան արուեստի գործին մէջ որոնց խելքդ չի հասնիր: Բայց անցնինք: Յետոյ, ժողովուրդին ինչո՞ւն է պէտք ես ինչ տեսակ մարդ եմ: Դուք արուեստին հետ գործ ունիք միայն, ոչ թէ արուեստագէտին: Վերջակէտ: Անցնինք հիմա այս տեսարանը ձեւի բերելու աշխատանքին:

Սեդա պահ մը խորասոյզ՝ կը մտածէ:

ՍԵԴԱ — Այդ վերջակէտը չեմ ընդունիր: Հայ արուեստագէտը ուրիշ ազգերու արուեստագէտներէն տարբեր է, իր բարոյականը այնքան կարեւոր է որքան իր տաղանդը, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ: Այդ մասին սակայն դեռ կը խօսինք:

Վերջ առաջին տեսարանին:

 

ՏԵՍԱՐԱՆ Բ.

Նոյն սենեակն է: Ժամը 4-ին քառորդ կայ: Սեդան երկնցեր բազկաթոռին գիրք մը կը կարդայ: Դուրսի դրան զանգակին ձայնը կը լսուի:

ՍԵԴԱ — Ասիկա փոստաս ըլլալու է: Միշտ ուշ կու գայ: Ներողութիւն:

Ոտքի է, խորքի դուռէն դուրս կ’ելլէ: Խօսակցութեան ձայն մը կը լսուի, տղամարդու ձայն մը: Յետոյ ետ ներս կը մտնէ Սեդա, նամակ մը ձեռքին: Կը նայի վրայի հասցէին:

ՍԵԴԱ — Միսիզ Պայծառ Յակոբեան… Խէր ըլլայ, ապահովագրուած նամակ շատոնց է չէի ստացեր: (Կը պատռէ եզերքը, դուրս կը հանէ, արագ մը աչք մը կը նետէ վրան: Կը կարդայ հատիկ հատիկ): Այո, Պայծառին է… ո՞վ է գրողը… Աւետիս Մուրատեան… եղբայրն է:

Կը դառնայ ժողովուրդին:

Անշուշտ հասկցաք թէ ես Պայծառը չեմ հիմա, ես Սեդան եմ բայց պիտի բանամ այս նամակը ու կարդամ, ձեզի ալ: Եթէ ինծի ուղղուած ըլլար, չէի կարդար, սակայն Պայծառը հոգ չէ, անոր բրիվէ կեանքի զգացումը շատ նախնական է, գրեթե չունի, ամէն ինչ իր տունին եւ Գուրգէնին շուրջ կը դառնայ, անանկ չէ՞:

ՊԱՅԾԱՌ — Հոգ չէ, կարդա:

Սեդա կը բանայ ծալլուած թուղթը ու կը սկսի հանդարտ ձայնով կարդալ:

ՍԵԴԱ — Սիրելի քոյրիկս Պայծիկ:

Վար կ’իջնայ ձեռքը ու գլուխը շարժելով կը դառնայ ժողովուրդին:

ՍԵԴԱ — 40 տարեկան, յաւիտենական երեխան՝ հայ կինը, Պայծիկը: Եղբայր-քոյր սե՞ր է ասիկա թէ ուրիշ բան… Վազգէն Շուշանեանը կը յիշեցնէ… խեղճին համար ամէն կին քոյր էր, ըլլար ֆրանսացի բոզ թէ հայ կոյս՝ «քոյր» էր… կարծես համամարդկային «ինսէսթ»ի վիճակի մը մէջ կ’ապրեին, այդ սերունդը, որբի հոգեբանութենէն դուրս չմեծցած, մարդիկ որ կը վախնային մեղաւոր էգէն, ֆրանսացի կինէն ու բոլորը մէկ «առաքինի քոյրի» կը փոխէին որ կարենային սիրել առանց մեղքի մէջ մտնելու… Արդեօք շատ բան փոխուա՞ծ է:

Կարճ պահ մը երազկոտ կը մնայ եղած տեղը:

ՍԵԴԱ — Քոյրիկս Պայծիկ, աս նամակը աճապարանքով կը գրեմ: Ստանալուդ պէս պատասխանէ ինծի: Ժիւլիէթը տարեկան արձակուրդը կ’առնէ գալ ամսու 15-ին եւ կ’ուզեմ որ Սիտնի գայ, ձեր մօտ մնայ: Տո՞ւնն էք օգոստոսի կէսէրէն ետք: Կրնա՞ս քիչ մը իրմով զբաղիլ, մայրին մահը շատ ազդած է իրեն վրան: Հոս հոն պտտցնել, ես իրեն բաւական դրամ տուած եմ որ բեր չըլլայ քուկին վրադ: Գիտեմ որ շատ զբաղած էք, սակայն Աւստրալիա կեանքը այնքան ալ հեւն ի հեւ չէ աստեղի պէս: Մենք լաւ ենք: Սագոն Հայաստան գացէր էր քանի մը ընկերներով, նոր եկաւ, իրար անցած վիճակ մը ունի, կարծեմ հայրենիքի զօրաւոր սէր մը արթնցած է մէջը: Մարին գիտցածիդ պէս, գինով էրիկէն բաժնուած կ’ապրի: Բարեբախտաբար զաւակ չունին: Ժիւլիէթը շատ շատ յոգնած է գործէն, փոխել կ’ուզէ: Ըսի որ փոխենք քաղաքը, «Ես իմ Համպուրկէս չեմ բաժնվիր» ըսաւ…

Սեդա արագ մը կ’անցընէ աչքը էջին մնացեալ մասին վրայէն:

ՍԵԴԱ — …եւ աս ասանկ կ’երթայ… Միհրանը, իր գործը եւ այլն… Աղբարդ՝ Աւետիս:

Կը դառնայ ժողովուրդին, կը ծալլէ նամակը:

ՍԵԴԱ – Նախ՝ ուղղագրական սխալները… օխայով:

ՊԱՅԾԱՌ — Եղբայրս հայկական դպրոց չէ տեսած, աս ալ լաւ է իրեն համար:

ՍԵԴԱ — Այո, գիտեմ, բայց մէկու մը համար իր մայրենի լեզուն սորվիլը դպրոցի հարց չէ: Դպրոցը մտածելու գործիքները միայն կը պատրաստէ: Իր լեզուն լաւ գիտնալը մարդ ըլլալու աոաջին պայմանն է, թէեւ ոչ միակը: Լեզուին մէջ է քու ինքնութիւնդ: Ես ան գիտեմ որ լեզուն մարդ կարդալով կը սորվի, այսինքն մինակը կը սորվի: Աւետիսը պարզապէս ծոյլին մէկն է, անշահեկան եւ անկարեւոր:

ՊԱՅԾԱՌ — Դասախօսութի՞ւն է աս ի՞նչ է:

Սեդա լուռ է, բան մը տեղ մը դպած է իրեն:

ՍԵԴԱ — Իրաւունք ունիս, կը ներես, սակայն կ’ըսեմ որ գիտնաս թէ կիսատ մարդ է եղբայրդ:

ՊԱՅԾԱՌ — Աւետիսին դժբախտութիւնը օտար կին առնելը եղաւ:

ՍԵԴԱ — Ինչո՞ւ:

ՊԱՅԾԱՌ — Երկու տարբեր անձեր եղաւ… մեր ընտանիքին մէջ մէկը՝ կնկան հետ ուրիշ մէկը: Եւ տակաւին ինքն իր մէջ ճեղքուեցաւ… յանցաւոր Աւետիս մը՝ եւ անմեղ Աւետիս մը: Ահաւոր քոմբլէքսներ ունէր պատանութեան: Կը յիշեմ…

ՍԵԴԱ — Պրավօ Պայծառ, լաւ է վերլուծումդ… բայց աղբարդ շատ հասարակ մէկն է: Վստահ եմ Ժիւլիէթը առաւ որովհետեւ մենք հայերս ուժը կը պաշտենք, եւ Գերմանները…

Սեդա կէս կը ձգէ նախադասութիւնը եւ ժողովուրդին կը դառնայ:

«Նոյն կտաւէն պէտք է կտրել հարսն ու փեսան» կ’ըսէր պապաս… եւ յետոյ մարդ ընտանիք մը կ’առնէ եւ ոչ թէ միայն հարս մը…»:

Կը դառնայ հեղինակին:

Հեղինակ, անկեղծ ըսեմ, աս մասը բնաւ չսիրեցի, սա քարոզը որ ըսել կու տաք ինծի: Վարժապետական է, կուսակցականի պէս կը մտածէք «պէտք է»ներով… կեանքը «պէտք է» չունի… մարդը ազատ է, ազատ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ինծի դաս մի տար խնդրեմ:

Արագ մը կը դառնայ ժողովուրդին:

ՍԵԴԱ — Տեսա՞ք, տեսա՞ք, ասիկա հայ մարդն է, իբր թէ զարգացած, մօտէրն: Հայերուն երեք քառորդը ասանկ կը մտածէ, սեռապաշտ ու բռնատիրական:

ՊԱՅԾԱՌ — Աւստրալիացիներէն ազդուած են:

ՍԵԴԱ — Երանի՜ թե… պիտի նշանակեր թէ կը խառնուին տեղացիներուն: Բայց ոչ, խառնուիլ ազդուիլ չկայ, Աստուած չընէ որ մեր մաքուր ազգը աղտոտի: Պէյրութն ալ Հալէպն ալ աս են:

Յանկարծ կը լռէ, կը զգայ թէ կը հեռանայ իր կեդրոնէն:

ՍԵԴԱ — Չէ, կատակը մէկդի, կարծես թէ հայութեան կեանքին մէջ մոգական բան մը կայ, տեսակ մը կախարդանք, կարծեք իրականութենէն դուրս կ’ապրինք կոր, ամէն մարդ օտար է մեր շուրջը եւ միայն մենք բնական եւ իրաւ ենք: Հմայուած աշխարհի մը բնակիչներ ենք…

Սեդա տարուած իր մտածումէն՝ մօտեցեր է բեմին եզերքին:

Օտար հարսը այդ կախարդանքը կը փշրէ կոր, թշնամի լրտես է մեր ազգին ծոցին մէջ, եկեր է մեր գաղտնիքը այսինքն մեր ուժը գողնալու: Օտար հարսերուն պէտք չէ հայերէն սորվեցնենք որպէսզի չհասկնան մեր գաղտնիքները… հայութիւնը մեծ ընտանիք մըն է եւ դուրսէն օտարներ պէտք չէ գիտնան հոն ինչ կ’անցնի կը դառնայ…

Լուռ է պահ մը: Կը դառնայ Հեղինակին:

Ի՞նչ կ’ըսէք Հեղինակ, այս բառերը չկային ձեր գրածին մէջ, ես աւելցուցի, շիտա՞կ են:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չէ, չկային… քեզի ինչպե՞ս պիտի զսպեմ, չեմ գիտեր:

ՍԵԴԱ — Բայց ճիշդ եմ, չէ՞:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Սանկ նանկ… միակ մոգական բանը մեր Սփիւռքին մէջ Հայաստանն էր, այսինքն հողը եւ իր սրբութիւնը: Բայց հիմա որ Հայաստանը շօշափելի եղաւ, այդ խորհուրդն ալ փշրուելու վտանգին առջեւ է: Հայութիւնը կը մտնէ իրապաշտ չէրչիներու շրջան մը, կը հասարակնայ, կը գռեհկանայ: Հիմա այլեւս սրբութիւն չմնաց, հիմա կը սկսի ձուլումի դարը:

ՍԵԴԱ — Մի մտահոգուիք, Սփիւռքը կը մնայ, կը պահենք՝ որ անոր իտէալը չմեռնի եւ չէրչիներու եւ սարաֆներու ազգի չվեարծուինք: Վախնամ սակայն անկախ Հայաստանը չկրնայ օգնել մեզի աս հարցին մէջ: Սփիւռքի բարատոքսը այն է որ թէ խենթի պէս կը սիրենք մեր հայրենիքը եւ թէ ալ պէտք է հեռու մնանք անկէ որպէսզի անոր իտէալ պատկերը մաքուր մնայ մեր սրտին մէջ եւ ուժ տայ Սփիւռքին:

Սագոյին մէջ հայրենիքի սէրը արթնցեր է, շատ լաւ է, ես…

Հեղինակը տեղէն կը ցատկէ, թեւերը շարժելով ու պոռալով:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չեղա՜ւ, ոչ չեղաւ, չեղաւ, կեցուր, հոն կեցուր:

Սեդա յանկարծակիի եկած:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչը, ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ամբողջ այդ երկրորդ տեսարանը ծուռ գնաց, տափակ, անհամ խմբագրական եղաւ, ետ գնա:

ՍԵԴԱ — Ե՞տ, ուրկէ՞ սկսիմ… դուք էիք որ ուրիշ բաներ խառնեցիք մէջը:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Գիտեմ, տարուեցայ, ես ալ տարուեցայ: Ետ գնա կ’ըսեմ մինչեւ կտաւի խնդիրը, ճիշդ ատոր սկիզբը:

ՍԵԴԱ — Օհօ՜:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Օհօ մօհօ չկայ ասոր մէջ:

ՍԵԴԱ — Ոչ, չեմ կրնար:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Անանկ ալ կրնաս:

Հեղինակը յանկարծ ոտքի կը կանգնի, բիրտ շարժումով մը դուրս կ’ելլէ տեղէն, կը քալէ դէպի բեմ եւ մէկ ոստումով հարդակին վրայ է ու Սեդային քով, մատը շարժելով կ’ըսէ անոր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Տիկին Սեդա Բարիքեան, դուք արուեստագէտ չէք, չէք գիտեր տարբերութիւնը արուեստին ու դասախօսութեան միջեւ:

ՍԵԴԱ — Ե՞ս կտաւի խնդիրը բացի թէ դուք:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Կեանք, կեանք պէտք է մտնէ, մերկ, հում մարդկային ձայն ու մարմին, պայթող գաղափար եւ մահացու զգացում… չէ նէ մեռած է, հայ կեանքն ալ դուն ալ ես ալ…

Քիչ մը ճզմուած անոր խօսքերուն ուժէն:

ՍԵԴԱ — Լաւ լաւ, ուրկէ՞ սկսինք անանկ է նէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ես քեզի Ահաբեկիչի դեր մը տուած եմ, դուն յեղափոխական կինն ես եկած հայութիւնըն ցնցելու, Սիտնիի հայ պուրժուաներուն «ճամբ սթարթ» ընելու որ շարժին պատմութեան հետ, ճամբայ ելլեն, աճապարեն, հարիւր տարի ավանս ունի աշխարհը մեր վրայ, մենք ալ աղուոր աղուոր կծկուեր կը քնանանք բազմոցին վրայ…: Չեղա՜ւ: Ես 21-րդ դար կ’ըսեմ՝ դուն ալ Ուրարտու գացեր Թէյշէբունիի փողոցը կուկուզ ըրեր վէգ կը խաղաս Պայծառին հետ տաք փոշիին մէջ… Չեղա՜ւ:

Ծափ կը զարնէ, հեգնական:

ՍԵԴԱ — Պրավօ, բայց չեմ ընդունիր ատիկա:

ՊԱՅԾԱՌ — Ես ալ չեմ ընդունիր:

Հեղինակը յանկարծ կը սթափի Պայծառի գոյութեան:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Դուն Պայծառ հէլէ գնա աստեղէն, ալ գործ չունիս հոս: Գնա խոհանոցդ կամ լուացքդ ըրէ: Գնա:

ՍԵԴԱ — Մի երթար Պայծառ, մտիկ մի ըներ իրեն, միասին աւելի ուժով ենք իրմէ:

ՊԱՅԾԱՌ — Չէ, կ’երթամ ես, խնդիր թող չելլէ:

Վայրկեան մը կ’անցնի, Հեղինակը հանդարտած է:

ՍԵԴԱ — Լաւ, հիմա առանձին ենք:

Իրար կը նային, ծածուկ հեաաքրքրութեամբ: Յետոյ Սեդա կամաց մը կը նստի բազմոցին կեդրոնը, ոտքերը վեր կը քաշէ, էգ թելադրութեամբ մը:

ՍԵԴԱ — Նստեցէք:

Հեղինակը կը նստի բազմոցին, հեռու Սեդայէն:

ՍԵԴԱ — Ինչո՞ւ այդքան հեռու նստաք, քիչ մը մօտեցէք:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Հեռու չեմ:

ՍԵԴԱ — Կը վախնաք որ դպնա՞ք ինծի, կամ ե՞ս մօտենամ ձեր մարմինին:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ատ ի՞նչ պարապ խօսքեր են: Ես եկայ որ ձեւի բերենք երկրորդ տեսարանը, ամբողջ տակն ու վրայ ըրեր էք:

ՍԵԴԱ — Մասնաւոր ըրի որ հոս գաք, քովս, միասին ըլլանք:

Կարճ, շուարած լռութիւն մը: Հեղինակը կը նայի անոր, յետոյ կատակի կու տայ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չեմ հաւատար:

Հիմա իրար աչքերուն կը նային եւ յուզում մը կ’անցնի անոնց սրտերէն: Խնդալու պէս:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Լաւ, եկայ:

Նոյնպէս զուարթ թոնով մը:

ՍԵԴԱ — Հա, ասանկ, քիչ մը աւելի մարդկային, աւելի անկեղծ: Պէտք չունիք ձեր տկարութիւնները ծածկելու, դեր խաղալու: Որո՞ւն հոգը թատրոնը երբ կեանքը կայ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բայց դուն…

ՍԵԴԱ — Այո այո, գիտեմ ինչ պիտի ըսէք: Դժբախտութիւն է, չէ՞:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ի՞նչը:

ՍԵԴԱ — Թէ ես միշտ անհասանելի եղած եմ, ձեր մտքին մէջ միայն գոյութիւն ունեցած եմ մինչեւ հիմա, ուզածնիդ ըրած էք ինծի հետ, բայց ամբողջը…

Ձեռքի արագ շարժումը օդին մէջ:

Օդին մէջ է, փոր չի կշտացներ, շօշափելի ոչինչ կայ;

Հեղինակը կը վարանի ինչ ըսէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Եթէ կ’ուզես՝ այո:

ՍԵԴԱ — Մինչեւ հիմա խաղալիք մը եղած եմ ձեր երեւակայութեան ձեռքը: Եւ կին մը ի՞նչ բանի կրնայ ծառայել, միայն ու լաւագոյն ձեւով… աչքի, երեւակայութեան ու մարմնի վայելքի: Ճի՞շդ եմ:

Սեդա շատ քնքշութեամբ ձեռքը կ’երկարէ Հեղինակին ու կը բռնէ ափը, որ կը հանգչի բազմոցին վրայ:

ՍԵԴԱ — Եկէք ձեր բախտը կարդամ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ատանկ բանե՞ր ալ գիտես:

ՍԵԴԱ — Եւ դեռ ինչե՜ր:

Կը բանայ ափը, կը ծռի վրան, գլուխները կը մօտենան իրարու, գրեթէ կը դպնան: Սեդա կը նայի երկար անոր ափին, կը բարձրացնէ նայուածքը ու Հեղինակին աչքերը կը սեւեռէ, շատ մօտէն:

ՍԵԴԱ — Ըսե՞մ ինչ տեսայ:

Երկվայրկեան մը լուռ է, յետոյ գլուխը կը շարժէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ոչ, չեմ ուզեր գիտնալ: Յետոյ…

Կարճ, խիտ վայրկեան մը լուռ է:

ՍԵԴԱ — Յետո՞յ…:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բայց ատոր համար չէր որ նայեցար ափիս:

ՍԵԴԱ — Հարկաւ չէր:

Լռութիւն, յետոյ մեղմ, ջղային խնդուք մը, երկուքէն:

Կ’ուզէ՞ք ըսեմ ինչն է էն շատ ուզածս:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ի՞նչը:

ՍԵԴԱ — Ձեր մտքին մէջ գտնուող այրմարդը ինչքա՞ն տարբեր է այն իրականէն որ հոս նստեր է, քովս, վաթսուն տարեկան:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Յիսունութ:

ՍԵԴԱ — Յիսունութ տարեկան Սփիւռքահայ արուէն, ծանօթ գրող, դիրքը լաւ, ներկայանալի, ի՞նչ գիտնամ, սա՝ ինչ որ էք… վստահ եմ շատ մը կիներ շուրջերնիդ կը դառնան, արուեստագէտը միշտ անօթի կիները իրեն կը քաշէ, օրինակ ես:

Կը լռէ յանկարծ, ինքն ալ չգիտեր ինչու: Անհանգիստ լռութիւն:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ուրի՞շ:

ՍԵԴԱ — Աշխարհի՜ն բանը… ինչո՞ւ կը գրէք, ի՞նչ է ձեր կնկան էութիւնը, ի՞նչ է սէրը, կը վախնա՞ք մահէն, երջանի՞կ էք, ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալը ձեզի համար, կեանքին իմաստը, մահուան իմաստը… ի՜նչ գիտնամ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ամէն մէկը հատոր մըն է: Եւ պատասխանը մտածումին մէջ չէ այնքան որքան արուեստին: Միայն թատերգութեամբ կրնամ պատասխանել:

Լուռ են, երկար վայրկեան մը:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Շատ ճարպիկ ես, Սեդա: Այս վայրկեանը սիրոյ պահ մըն է, քեզի համար… Նպատակիդ հասար:

Սեղան լուռ է, գլուխը հակ, թեւերով գրկած մարմինը:

ՍԵԴԱ — Գիտնաք Հեղինակ, որքա՜ն սպասեր եմ այս վայրկեանին, ջինջ ու բարի սա մարդկային տաքութեան… աշխարհին հետ չեմ փոխեր… Առաջին վայրկեանէն որ յղացաք զիս, ասկէ մօտ տարի մը առաջ էր կարծեմ, յղացաք իբր յեղափոխական, նոր Սփիւռքահայ կինը՝ վախ մը կար սրտիս մէջ որ դուք, հին սերունդի…

Հեղինակը, զգալով գալիքը, կ’ընդմիջէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Լաւ լաւ, գործի անցնինք, հիմա ատ..

ՍԵԴԱ — Չէ, մտիկ ըրէք… գիտեմ որ իրական չեմ ես, սակայն ի՞նչ է տարբերութիւնը իրական կնկան ու իմ միջեւ՝ ձեզի, գրագէտին համար:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բացարձակին մէջ՝ չկայ… բայց գրագէտն ալ մարդ է, մի մոռնար, կին ունիմ, զաւակ մաւակ…

ՍԵԴԱ — Լմնցնեմ ըսելիքս… դուք կեանքը ապրած էք, բայց չէք գիտակցիր նոր հայ կնկայ իմ խորագոյն էութեանս:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ա՞տ ինչ խօսք է:

ՍԵԴԱ — Շիտակ խօսք է…

Հեղինակը առնուած Սեդայի ըսածէն՝ կը կտրէ անոր խօսքը:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ալ հատաւ համբերութիւնս, կարճ կապէ աս խօսքերը, աս ալ չկար իմ գրութեանս մէջ… գլխուս խաղ խաղցար դուն:

Սեդա կը սառի այս խօսքին վրայ, կը բորբոքի, մէկդի կը քաշուի բազմոցին վրայ, կը քակէ թեւերը, կը փայլատակեն աչքերը ու յստակ, ուժեղ, կիրքով պիրկ բառերով կը խօսի, գրեթէ կը պոռայ:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ, ես ձեր գլխուն խա՞ղ խաղամ… ուրեմն ոչի՞նչ կը հասկնաք խօսքերէս, անձէս… ինչպե՞ս ատանկ ահաւոր բան մը կ’ըսէք, դուք սիրտ չունի՞ք, գրական ճիւա՞ղ մը մ էք ի՞նչ էք… ես ինչո՞ւ խաղ խաղամ ձեր գլխուն՝ երբ այս պահն է ամենէն կարեւորը աս թատերգութեան մէջ, ուրիշ ապրում չունիմ ես… չէ՞ք հասկնար… քիչ ետք պիտի գոցուի վարագոյրը եւ զիս ետ պիտի ծալլէք գրքին մէջ պիտի մոռնաք ու պիտի լմննայ իմ կարճ կեանքս, ես ալ կ’ուզեմ ապրիլ, ես ոչ ահաբեկիչ եմ ոչ ալ դերասան ոչ ալ հերոս… ես անօթի կին մըն եմ, այո, անօթի՝ սիրոյ համար եւ դուք ինծի կ’ըսէք որ խաղի բերի ձեզի… հիմա յայտնի եղաւ թէ բնաւ չէք սիրած ձեր կեանքին մէջ, ոչ ոք այնքան տառապած է ձեզ համար՝ որ զգայիք ինչ է սէրը կնկայ մը սրտին մէջ… այսքա՞ն կը հասկնաք կնոջ սրտէն:

Շնչատ՝ կը լռէ Սեդա, աչքը գամած մարդուն երեսին, դեռ լի ըսուելիք, պոռալիք խօսքերով: Հեղինակը գունաթափ՝ ըսելիք չունի: Սեդա նորէն կը խօսի, ձայնը աւելի հանդարտած հիմա:

ՍԵԴԱ — Ահաբեկիչ եմ, այո, բայց ձեր գիտցած իմաստէն շատ աւելի բիրտ եւ անյոյս, բացարձակ չափով մը… սակայն դուք ատիկա չէք կրնար հասկնալ:

Հեղինակը ձայնը գտած է այլեւս, գրիչը կը հանէ գրպանէն, կը դարձնէ մատներուն մէջ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Կը տեսնեմ որ իմ ստեղծածս ինձմէ աւելի ուժեղ մէկը դուրս եկաւ:

ՍԵԴԱ — (հեգնական): Շնորհաւորութիւններս:

Լուռ են, ըսելիք ունին բայց չ’ըսուիր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ո՞ւր էինք:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ ըսել է ուր էինք:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Այսինքն մեր աշխատանքին դառնանք, ինչու հոս եկայ: Ի վերջոյ լրջանանք, հէ՞:

Սեդա ոտքի կ’ելլէ այս անգամ, նորէն բորբոքած:

ՍԵԴԱ — Ուրեմն լուրջ չէինք մինչեւ հիմա, խաղ էր աս ամբողջը, չէ՞, ժամանց էր ձեզի համար… եւ իմ բարկութիւնս ատանկ օդին մէջը խօսքեր էին, չէ՞… ես իմ էութեանս էն խորունկ ճշմարտութիւնը կը փորձեմ ձեզի հասկցնել եւ դուք կատակի՞ կու տաք…

Սեդա ելած է տեղէն, կը քալէ սենեակին մէջ, բարկութիւնը աւրած է դեմքին դաշնութիւնը:

Հեղինակին ձայնը բարձր է ու անհամբեր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Հիմա, ալ կը բաւէ աս կատակերգութիւնը, դուն երեւակայական անձ մըն ես. օդէն եկած… քու արիւնդ բառերէ շինուած է, դուն ամբողջութեամբ իմ տաղանդիս, իմ մտքիս զաւակն ես, մի մոռնար: Գիտցիր նաեւ որ քու իրական կոչած մարդիկդ՝ ատոնք ալ բառէ շինուած են… ամէն ինչ բառ բառ բառ է տիեզերքին մէջ, ես ուրիշ կերպ չեմ կրցած կեանքը զգալ… եւ իմ մտքիս զաւակն ալ ինծի պէս պէտք էր ըլլար՝ բայց չեղաւ…

Սեդա արագ մը կը դառնայ Հեղինակին կողմը:

Այդ պարագային գոնէ շնորհքով զաւակ մը շինէիր, կին մը ըլլայի որ չ’այրէր ներսէն՝ իր չճանչցած զգացումներուն կրակին վրայ, ես դերասան չեմ ուզեր մնալ, կ’ուզեմ ապրող մէկը ըլլալ… ես:

Յանկարծ ձեռքը վզին կ’երթայ, պիտի փղձկի՝ բայց կը զսպէ ինքզնիքը:

ՍԵԴԱ — Ես անփորձ, խոցելի էակ մըն էի եւ դուն զիս շահագործեցիր… եւ ի՞նչ իրաւունքով ինծմէ կիսատ, վայրիվերոյ, շինծու տիպար մը յարմարցուցիր ու բեմ նետեցիր, հա՞…

ՀԵՂԻՆԱԿ — Պիտի խենթանամ… ես ինչ որ գիտէի ան ըրի, ինչ որ կեանքը, գիրքերը ու միտքս ըսին՝ ատ ըրի, ես Աստուած չեմ…

ՍԵԴԱ — Այն ատեն թող ճամբայ չելլէիր, տեղդ նստէիր մնայիր, կնկիդ առնէիր ու չինական ճաշարան մը երթայիր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ինծի նայէ, Սեդա, պէտք է որ գիտնաս թէ ինչէ շինուած են գրողները… խեղճ ու կրակ բաներ ենք մենք, քիչ մը փորձառութիւն, քիչ մը երեւակայութիւն, քիչ մը շինծու սուտ ու փուտ իմաստութիւն եւ ահագին, անսահման յաւակնութիւն իրար կը խառնենք՝ ու կ’ունենաս գրող մը: Ի՞նչ կ’ուզես ինծմէ:

ՍԵԴԱ — Ի՞նչ կ’ուզեմ, ի՞նչ կ’ուզեմ քեզմէ… հիմա՞ կը հարցնես… մէկ բան կ’ուզեմ իբր կին, իբր հայ եւ իբր մարդկային էակ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ի՞նչ է ատիկա:

ՍԵԴԱ — Ճշմարտութիւնը իմ մասիս:

Հեղինակը ձեռքերը օդէ կը հանէ, գլուխը կը ցնցէ, խնդալու պէս՝ բայց անկարող՝ կը դառնայ Սեդային:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Անկարելի բան կ’ուզես ինծմէ, Սեդա, չըլլար, չըլլար, մարդ ճշմարտութիւնը չի կրնար հասկնալ, բացատրել, ըսել… Աստուած իմ, ի՞նչ ըսեմ որ հասկնաս:

ՍԵԴԱ — Այն ատեն պէտք չէր որ ստեղծէիր զիս, հանգիստ ձգէիր անիրականութեան մէջ: Ոճիռ է ըրածդ: Զիս պոռնիկի վերածեցիր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ինչպե՞ս կ’ըլլայ ատիկա:

ՍԵԴԱ — Զիս կին կը կոչես, զիս ահաբեկիչի կ’ուզես վերածել, զիս իտէալ էակի մը կը նմանեցնես՝ բայց կը մոռնաս կեանք տալ ինծի, ապրողի պահանջներս գոհացնել: Ի՞նչ է որ պոռնկագրութիւնը… ատ է: Մարդիկ գրգռել, ախորժակը բանալ՝ բայց չգոհացնել:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Դուն արդիական Սփիւռքահայ կին մըն ես եւ նաեւ՝ ահաբեկիչ: Իմ սկզբնական նպատակը՝ քեզմով Սփիւռքի տռամին մէկ երեսը նուաճել էր, այն՝ որ սեռերու կռիւէն կը տարածուի մինչեւ ցեղին գոյութեան խնդիրը: Ձախողեցայ, կ’ընդունիմ:

ՍԵԴԱ — Դուն անտաղանդ, անպարկեշտ եւ անկարող գրագետ մըն ես, պարզապէս, բոլորովին անատակ կին էակ մը ստեղծելու: Զիս շահագործեցիը ու հիմա ասանկ մեջտեղերը կը թողաս…

Դառնացած է Սեդա ու կիրքը կը բռնկի, կը պոռթկայ էութենէն դուրս:

ՍԵԴԱ — Կեանք կ’ուզեմ, կեանք ու վայելք, ցաւ ու հաճոյք տուր ինծի… ապրող, սիրող ու տառապող կին կ’ուզեմ ըլլալ, սեռականութեամբ, իմացականութեամբ, զգացումներով, երեւակայութեամբ ու յիշատակներով, մայրութեամբ ու երազանքներով… ամբողջ էութեամբս կ’ուզեմ ապրիլ, ապրիլ… Կեանք տուր ինծի, գտիր բառերը, շեշտերը, գտիր նախադասութիւնները, լռութիւնները եւ պոռթկումները ուր հում կեանքը, կեանքի գաղտնիքը կը կոտտայ մատներէս, աչքերէս, շրթունքներէս մինչեւ տիեզերքի ծայրը լեցուած սիրոյ, հրճուանքի, լիութեան ապրումով… ես…

Սեդա ինքզինքէն ելած է, բռնած է Հեղինակին ուսերէն ու կը ցնցէ գայն ուժգին: Յետոյ կը դադրի յանկարծ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բայց…

ՍԵԴԱ — Բայց մայց չկայ, սէր զգացող, ազատագրուած, գրաւիչ, իր սեռականութեան տէր ու զայն լիովին ապրող հայ նոր կինը ըրէ զիս… հնարէ, գողցիր բայց տուր բառերը ինծի որ իրապէս ահաբեկիչ ըլլամ, քանդեմ բոլոր արգելքները… ես կ’ուզեմ զգալ այն բոլոր գեղեցիկ եւ ազնիւ ապրումները, վայելքները եւ փորձառութիւնը որ հայ կիներուն զլացան աշխարհը, պատմութիւնը, մարդիկ, իրենց ամուսինները… ես ինծի համար չէ որ կ’ուզեմ այլ այստեղ նստած հայ կիներուն համար, այո, ձեր բոլորին համար, կը լսե՞ք զիս, ձեզի համար է… քեզի Անժէլ, Պայծառ ուր որ ես…

Հեղինակը անզօր մտիկ ըրած է մինչեւ հիմա: Ու ճարահատ շուրջը կը նայի:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Տրամաբանական եղիր, Սեդա, ես…

Սեդայի բարկութիւնը կը պայթի ձայնին մէջէն:

ՍԵԴԱ — Ոչ ոչ, քեզի ըլլայ տրամաբանութիւնն ալ խրատն ալ… ալ կը բաւէ, իմ կեանքէս է որ կ’երթայ կոր:

Կը դառնայ Հեղինակին, կը բռնէ ուսերէն:

ՍԵԴԱ — Քեզմէ մէկ բան էր ուզածս, ոչ ահաբեկիչ, ոչ ալ հրապուրիչ կամ արդիական կամ նոյնիսկ հայ կին… ան ալ չ’ըրիր: Միա՛յն մե՛կ բա՛ն:

Լուռ է, կախուած իր ձայնին գագաթէն: Հեղինակը՝ անձկալի:

ՍԵԴԱ — Պարզապէս, լիապէս Կի՛ն:

Հեղինակին ձայնը շատ մեղմ կը հնչէ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Մարդկայնօրէն կարելի չէր քու ուզածդ ընել:

Լուռ՝ իրար կը դիտեն. Սեդա մեղմ ու յստակ կը խօսի:

ՍԵԴԱ — Այդ պարագային…

ՀԵՂԻՆԱԿ — Չընեի՞:

ՍԵԴԱ — Այո, չընէիր: Ճամբա չելլէիր:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Հոյակապ:

Խոր, պաղ լռութիւն, Հեղինակը անհանդարտ, աննպատակ կը շարժի բհմին մէջտեղը:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Քանդեցիր գործս, մէկ տարուայ աշխատանքս փճացուցիր:

ՍԵԴԱ — Ոչ, ես կրնամ փրկել տակաւին ձեր գործը… հաւանաբար ձեր կեանքն ալ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Ամեն պարագայի, եթէ բան մը պիտի ընես, աճապարէ:

ՍԵԴԱ — Ինչո՞ւ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Եօթը վայրկեան կեանքդ մնաց, կը վերջանայ թատերախաղը, վարագոյր, ծափահարութիւն: Լմնցաւ: Լոյսերը կը մարեն, դռները կը գոցեն… ղուն ալ՝ ետ գրքին մէջ:

Սեդա յանկարծ կը գիտակցի ճշմարտութեան ու զարհուրագին՝ Հեղինակին կը նայի: Հեղինակը սակայն տէրն է ինքզինքին ու կորսնցուցած է հետաքրքրութիւնը Սեդային նկատմամբ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — Բերանս չորցաւ: Ջուր մը կը բերե՞ս:

ՍԵԴԱ — Գացէք առէք խոհանոցէն, հոն է, քայլ մը անդին:

Հեղինակը պահ մը կը վարանի, յետոյ կամաց մը կը քալէ դէպի դուռ: Սեդա առանձին է սենեակին մեջտեղը: Կ’անցնի պզտիկ հայելիին առջեւ, կը նայի ինքզինքին, ետ կը դառնայ, աչքերը կը սահին բազմութեան վրայէն, յետոյ կ’ուղղուի բազմոցին քովի պզտիկ, ցած սեղանը, կը բանայ գզրոցը, պզտիկ ատրճանակ մը կը հանէ մէջէն, կը կայնի անորոշ: Զուսպ բայց լսելի ձայնով կ’ըսէ:

ՍԵԴԱ — Գոնէ Ահաբեկիչ մը կ’ըլլամ:

ՀԵՂԻՆԱԿ — (ներսէն կու գայ ձայնը) Ի՞նչ, բա՞ն մը ըսիր ինծի:

ՍԵԴԱ — Այո:

Հանդարտ քայլերով դէպի դուռը կ’երթայ, կը բանայ, ներս կը մտնէ, կը գոցէ: Յետոյ կը լսուի ատրճանակին պայթիւնը: Սեդա կը բանայ դուռը, մարմինը հազիւ կրնայ քաշկռտել մինչեւ բազմոց, ձեռքերը կոկորդին կ’երթան, շունչը կը բռնուի, կը պրկուի մարմինը վերջին անգամ ու կէս մը փլած բազմոցին վրայ, դեմքը ժողովուրդին՝ կը մեռնի:

Վարագոյրը կը գոցուի:

1 օգոստոս, 1993 թ. Սիտնի

 

You may also like...

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։