Համաստեղ / ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
Տեսարանն է Լինքըն աղքատիկ հրապարակը: Առաւօտ շատ կանուխ: Տեղ-տեղ կը բացուին պատուհաններու լոյսերը, կը լսուին զարթուցիչ ժամացոյցներու ձայներ: Մութ անկիւնէ մը կ’անցնի մարդու ուրուային կերպարանք մը` օթոմօպիլի անիւ մը ուսին առած: Դուրս կ’ելլեն աշխատանքի գնացողներ` Good morning, nice morning ձայներ տալով իրարու: Հրապարակին մէկ անկիւնը պառկած են երկու վակապոններ. կ’երեւին անոնց խոշոր կօշիկները դուրս ինկած մատներով: Փողոց կը մտնեն ու կը քալեն երկու գործաւորներ իրենց ճաշի տուփերով եւ կը խօսակցին ծխամորճերը բերաններուն:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ճիշդ էդպէս, անիծուած գործաւորներուն մէջ ինկաւ իրարանցում:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Նոր Քրիստոսին պատճառով, կ’ենթադրեմ:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ճիշդ էդպէս: Ճաշամիջոցին էր. բոլորս ալ գործարանին հրապարակը, ճաշերս կերած, սկսած էինք ծխելու, երբ երեւցաւ նիկրօ քարոզիչը ու սկսաւ խօսիլ նոր Քրիստոսի մասին: Գործաւորներս հաւաքւեցանք էնոր շուրջ: Ոմանք կը ծաղրէին եւ կ’ուզէին խանգարել, իսկ ոմանք ալ կ’ուզէին պաշտպանել եւ մտիկ ընել նիկրօն: Կը հաւատային, որ ճիշդ են նիկրօյի խօսածները, եւ, իրաւ, նորէն այս անիծեալ աշխարհը եկած է իսկական Քրիստոսը` փրկելու այս անիծեալ մարդկութիւնը: (Ա. Գործաւորը խօսած պահուն կը կենայ իր ծխամորճը վառելու` միեւնոյն ատեն շարունակելով իր խօսակցութիւնը:) Յետոյ չհասկցայ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ այս անիծուած խանգարողներն ու պաշտպանողները իրար ինկան: Կրնար կռիւը մեծնալ, եթէ ոստիկանները վրայ չհասնէին: Այդ ատենն էր, որ չգիտցայ, թէ ինչպե՜ս եղաւ, կոտրեցաւ իմ ծխամորճը: Ուղիղ տասնհինգ տարի էր` կը գործածէի:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Քեզ բան մը ըսե՛մ, բարեկամ, եթէ եկած չէ այդ Քրիստոսը, կարծեմ ճիշդ ատենն է, որ գայ: Եթէ հիմա չգայ, ալ ո՞ր անիծուած օրին պիտի գայ: Ինձ կը թուի, որ այս անիծուած աշխարհը խախտած է իր տեղէն:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ճիշդ էդպէս, ճիշդ էդպէս. ալ ո՞ր անիծուած օրին կը սպասէ: (Նորէն ծխամորճը կը վառէ:)
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ալ ո՞ր անիծուած օրին: Տեսնես անիծուած փերեզակ մը յանկարծ զինուորական կը դառնայ, եւ կամ ճարպիկ վաճառորդ մը` նախարար: Տեսնես, անիծուած թուղթ ծեփող մը կը դառնայ ամբողջ երկրի մը տէրը: Որո՞ւ հոգ, բարեկամ, եթէ այդ անիծուած թուղթ ծեփողը մնայ իր երկրին մէջ, բայց եկուր տես, որ կ’ուզէ տէր դառնալ ամբողջ աշխարհին:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ճիշդ էդպէս, ճիշդ էդպէս: Ամէն մէկը կ’ուզէ տէր դառնալ էս անիծուած աշխարհին: Եթէ ձեռքերուն գայ, տէր պիտի դառնան նաեւ լուսնկային:
Երկու գործաւորները կը սկսին քալել:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Այ բարեկամ, շատ է ատէր էս աշխարհը: Էս անիծւած աշխարհի գլխին դեռ կրնան շատ բաներ գալ, եթէ Ամենակալ Աստուածը չզրկէ իր զաւակը եւ տէր չդառնայ իր ստեղծած աշխարհին:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ճիշդ էդպէս, ճիշդ էդպէս, էս անիծուած աշխարհը առտուն կանուխ ելլողինն է:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Չըլլայ` կարգը օր մըն ալ մեզի գայ, մանաւանդ բոլորէն կանուխ դուրս կուգանք էդ անիծուած ձուլարանը երթալու համար: (Երկուքը միասին կը խնդան:) Է՜խ, է՜խ, է՜խ…
Ճամբուն վրայ կը հանդիպին ոստիկանի մը, որ նեղ փողոցէ մը հրապարակ կուգայ:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — (ոստիկանին): Բարի լոյս, Մէք: Այս գիշեր Քօլօրատօ գնացող անիծուած ուխտաւորները նորէն կայան դրած են ճամբուն վրայ: Գիշերը աքորտիընի ձէն կուգար:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ոեւէ մէկը տեսա՞ք փողոցներուն մէջ: Վերջերս բաւական գողութիւններ կը պատահին:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ոեւէ մէկին չհանդիպեցանք տակաւին: Երէկ գիշեր մեր բակէն լուացքի կապը գողցեր էին:
Ոստիկանը կը մտնէ փոքրիկ հրապարակը:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — (շարունակելով խօսակցութիւնը): Ճիշդ էդպէս, բարեկամ, ճիշդ էդպէս…
Երկու գործաւորները կը հեռանան: Ոստիկանը, երբ հրապարակ կուգայ, կը տեսնէ երկու քնացողներու չորս ոտքերը: Կը մոտենայ ու ոտքով ուժգին հարուած կուտայ:
Վակապոնները իրենց ոտքերը կը հաւաքեն, ոտքի կ’ելլեն, անակնկալի եկած, եւ կ’ուզեն հեռանալ ոեւէ ուղղութեամբ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Կորսուեցէք եւ դժոխք գացէք այս տեղէն:
Վակապոններէն մէկը ծեր, իսկ միւսը երիտասարդ է:
Ծրարները ուսերուն նետած` կը քալեն, երբ ոստիկանը կը կեցնէ յանկարծ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Հէյ, կեցէք, բա՞ն մը ըսիք:
ԾԵՐ ՎԱԿԱՊՈՆԸ — Պարոն ոստիկան, վակապոնը ոչինչ ունի ըսելիք: Բան մը կ’ունենան ըսելիք անոնք, որոնք իրաւունք ունին: Վակապոնը ոչ մէկ իրաւունք ունի աշխարհի վրայ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Հա, կը տեսնեմ, որ բաւական ըսելիք ունիք: (Կը մօտենայ, կը հրէ ծեր վակապոնը վար ձգելու աստիճան:) Անմիջապես կորսուեցէք այս տեղէն: (Վակապոնները նորէն քանի մը քայլ կ’առնեն: Ոստիկանը կեցած կը դիտէ ու յանկարծ նորէն կը կանգնեցնէ:) Հէ՜յ, կանգնեցէք, բա՞ն մը ըսիք:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԱԿԱՊՈՆԸ — Մենք ոչինչ ըսինք, պարոն ոստիկան:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Էդ պատասխանը լաւ էր, դէհ լաւ, հեռացեք:
Ոստիկանը կը մըտնէ մօտի փողոցը: Երկու վակապոնները, երբ կը տեսնեն ոստիկանին հեռանալը, նորէն կը վերադառնան ու կը պառկին միեւնոյն տեղը, միեւնոյն դիրքով: Մէջտեղ կուգայ պատանի մը` կօշկաներկի տուփով, ու կը նստի ճամբուն եզերքը: Քունը գլուխն է, կռնակն ու կողերը կքերէ ու պարաքին մէջ քանի մը անգամ «Shine», «Shine» կը ձայնէ: Կը նկատէ վակապոններու խոշոր ու հինցած կօշիկները` դուրս ինկած մատներով: Տուփը ուսին կը մօտենայ ու կը ձայնէ «Shine, shine, shine mister»: Ձայն չկայ: Պատանին կը վերադառնայ` ինքնիրեն համար կրկնելով միևնոյն բառերը, ու նստելով ճամբուն եզերքը` կը քնանայ տուփին վրայ ծռած: Նպարավաճառին տան դուռը կը բացուի, վար կ’իջնէ Թօնին` տոմար մը անութին տակ. Թօնին գիրուկ է` միջին տարիքը անցած: Տան դուրսի աստիճաններէն վար իջած պահուն քթին տակէն դժգոհ բան մը կը մրթմրթայ: Երբ կը հասնի խանութի դռան` ձայնը կը բարձրացնէ յանկարծ: Երկու խոշոր փոշիներու տակառներ իր խանութին առջեւ շարած են: Թօնիին խանութը ճիշդ տանը տակն է:
ԹՕՆԻ — (աղմկոտ ձայնով): Նորէ՛ն, նորէ՛ն: Այս անիծուածներուն հազար անգամ ըսած եմ, որ բաց ձգեցէք խանութիս առջեւ: Տարէք, տարէք Տէնին խանութին առջեւ շարեցէք այս անիծուած տակառները: (Թօնին դժվարութիւնով տակառները մէկ կողմ կը հրէ` միեւնոյն ատեն խօսելով:) Չպիտի զարմանամ, եթէ էդ անիծուած Տէնը գայ եւ այդ տակառները խանութիս առջեւ շարէ:
Թօնին փողոցէն երեք սանդխամատ վար կ’իջնէ ու կը բանայ խանութը. նախ` կը վառէ լոյսը: Խանութի պատուհանին վերի մասէն կախուած կ’երեւի շարքը ֆրէնքֆըրդներուն եւ պլօնիներուն: Թօնին կը կախէ փետտուած երկու հաւեր. խոզի գլուխ մը: Խանութի ցուցատախտակը աւելի որոշ կ’երեւի «Միթ Մարքէթ Թօնիին»: Խանութէն կը լսուի միս կտրելու ձայն: Հեռուէն կուգայ եւ հետզհետէ կը մօտենայ կաթնավաճառի կառքին աղմուկը: Կառքը չերեւիր: «Հօ՜օ՜օ՜» ձայն կուտայ կաթնավաճառը ձիուն եւ խոշոր կաթի տուփը ուսին` կը մտնէ փողոց ու կ’իջնէ Թօնիին խանութը:
ԿԱԹՆԱՎԱՃԱՌ — (ձայնը խանութէն կը լսուի): Բարի լոյս, Թօնի:
ԹՕՆԻ — Բարի լոյս, բարի լոյս:
ԿԱԹՆԱՎԱՃԱՌ — Այս մէկը նոր է, Թօնի, Քրիստոսի մասին է:
ԹՕՆԻ — (բարկացոտ ձայնով): Էդ Քրիստոսի մասին չեմ ուզեր լսել:
ԿԱԹՆԱՎԱՃԱՌ — Անգամ մը էս նոր Քրիստոսը, Քօլօրատօյի փողոցներէն մէկին մէջ գինով մը կը բռնէ ու կը խօսի. «Մի՛ խմեր, ո՜վ գինով, խմիչքը քու մեծագոյն թշնամին է»: «Այդ գիտեմ, Տէր,- կ’ըսէ գինովը,- բայց դուք ըսիք, որ սիրեցէք ձեր թշնամին ձեր անձին պէս»:
Թօնին եւ կաթնավաճառը կը խնդան: Կաթնավաճառը կը շտապէ դուրս ելլել: Փողոց հազիւ ելած` երկու աստիճան վար կ’երեւի Թօնիի ճաղատ գլուխը, ու ան կը խօսի բարկացած:
ԹՕՆԻ — Այո, այո, պէտք է ծով թափել Քօլօրատօ գնացող այդ բոլոր ուխտաւորները: Ասկէ վերջ դրան մօտ մի՛ ձգեր կաթը: Երեք օր առաջ այդ անիծուածները կաթը ամբողջ տուփով գողցան:
ԿԱԹՆԱՎԱՃԱՌ — Այս կողմերը հիմա ուշ կը ցրուեմ կաթերը: Բոլորը կը գանգատին, որ առտուան կաթ չեն գտներ իրենց դրան առջեւ:
Կաթնավաճառը կը հեռանայ: Թօնին քթին տակէն հայհոյելով ներս կը մտնէ, եւ կը լսուի կառքին հեռանալուն ձայնը: Այս անգամ երկու կիներ կը խօսակցին իրարու հետ մօտիկ պատուհաններէն: Մէկը Թօնիի կինն է, տիկին Սուզան, որ զբաղած է լուացքի քանի մը լաթերը ներս առնելով, իսկ միւսը տիկին Էմման է, ամբողջ գիշեր դուրս դրուած կաթի շիշը ձեռքին:
ԷՄՄԱ — Էս իմ երազը ուրիշ էր, Սուզան: Երազիս մէջ տեսայ էս նոր Քրիստոսը, վրան գլուխը կարծես նոփ-նոր ներկուած նկար ըլլար: Մազերը ոսկիի գոյն էին, իսկ աչքերը շատ բաց, ապակիի նման մաքուր կապտութիւն մ’ունէին:
ՍՈՒԶԱՆ — Էմմա, իրա՞ւ կը հաւատաս, որ Յիսուսն է եկողը: Թօնին կ’ ըսէ, որ Թէքսասցի խռովարար մըն է, քիչ մըն ալ խելքէ պակաս, որ ինքզինք Աստուծոյ որդի կ’անուանէ: Կ’ըսեն, որ այս մարդուն երեւան գալէն ի վեր հանքագործներուն մէջ խռովութիւնը անպակաս է:
ԷՄՄԱ — Իմ ամուսինս չի հաւատար եւ, սակայն, իմացեր է, թէ նոր Քրիստոսն ինչպե՜ս Աւետարանի Յիսուսի նման ջուրը գինիի կը փոխէ եւ քանի մը զամբիւղ ուտելիքով կերակրած է 500 բանուորներ:
ՍՈՒԶԱՆ — Ամուսինդ, կ’երեւի, այն նիկրօ քարոզիչը լսած է: Գիտե՞ս, Էմմա, ո՞վ էր նոր Յիսուսի աշակերտներէն մէկը: Պիտի զարմանաս, երբ ըսեմ:
ԷՄՄԱ — Ո՞վ է, կը ճամչնա՞մ:
ՍՈՒԶԱՆ — Անշուշտ կը ճանչնաս, Գասպար Սմիթհ:
ԷՄՄԱ — Ի՞նչ կ’ըսես, Սուզան:
ՍՈՒԶԱՆ — Ան է, ան. ամիս մը առաջ իր մօրը նամակ գրած էր եւ ըսած, որ Քրիստոսը` Աստուծոյ որդին, իր աչքերով տեսած է եւ, անոր մէկ քարոզը լսելէ յետոյ, դարձած է անոր աշակերտը:
ԷՄՄԱ — Եթէ ոստիկանները իմանան տեղը…
ՍՈՒԶԱՆ — Մայրը արդէն բոլորին ցոյց կուտայ նամակը եւ այնպէս կը խօսի, որ կարծես ինքն է Մարիամ Աստուածածինը: Գլխէն կը պակսի լոյսէ շրջանակ մը միայն:
Պատշգամէն կը լսուին երկու կատուներու ձայներ:
ԷՄՄԱ — Վերջին անգամ կարծեմ մեծ գողութեան մը յանցանքով կը փնտռուէր:
ՍՈՒԶԱՆ — Արդէն երեք ամիս հազիւ կար, որ բանտէն ելած էր: Անգամ մըն ալ Թօնին երաշխաւոր եղաւ բանտէն հանելու համար: Մայրը խնդրեց, լացաւ. Թօնիին ալ սիրտը չդիմացաւ… Ուտելիքներու հաշուէն բաւական ալ դրամ տալիք է մեզի: Առ քեզի Քրիստոս, առ քեզի աշակերտ: Այդ է պատճառը, որ Քօլօրատօ գնացող ուխտաւորներուն մէջ շատցած է գողութիւնը:
ԷՄՄԱ — Իմացա՞ր, Սուզան, տիկին Մարթինն ալ ճամբայ պիտի ելլէ ձեռակառքով` ուխտաւորներուն միանալու համար: Կը հաւատայ, որ էս նոր Քրիստոսը պիտի բժշկէ իր զաւակը: Այս գիշեր ալ ուշ ատեն երաժշտութեան ձայն կուգար ճամբայէն:
ՍՈՒԶԱՆ — Չըսե՞ս, այս գիշեր ալ բաւական գողութիւններ ըլլալու են:
ԷՄՄԱ — Երեք օր առաջ սաւան մը փռած էի դուրսը: Առտուն ելայ` չկար:
Կատուներու ձայները աւելի բարձր կը լսուին: Ճամբուն վրայ քնացող պատանին, երբ կ’իմանայ կատուներու ձայները, ոտքերուն քով կղմինտրի կտոր մը կը գտնէ ու կատուներուն կը նետէ: Կը կոտրի պատուհանի մը ապակին: Պատանին կը պահուի անկիւն մը փախչելու համար:
ԿՆՈՋ ՄԸ ՍՈՒՐ ՁԱՅՆԸ — Հէյ, ո՞վ էր, Աստուած իմ, քարը երախային ճիշդ օրօրոցին քով ինկաւ: (Իր ամուսինին:) Հէյ, մարդ, ե՛լ, հէյ…
Երախայի լալու ձայնը ատեն ատեն կը լսուի մինչեւ առաջին արարուածի վարագոյրին իջնալը:
ՍՈՒԶԱՆ — Ո՞վ պիտի ըլլայ, տիկին Մարթա, թերեւս ուխտաւորներու փոքրիկներն են:
ԿՆՈՋ ՄԸ ՍՈՒՐ ՁԱՅՆԸ — (չ’երեւիր, միայն ձայնը կը լսուի): Դժոխք թող երթան ուխտաւորները, դժոխք թող երթայ նոր Քրիստոսն ալ. քիչ մնաց երախայիս գլուխը կոտրէր:
ՈՒՐԻՇ ԿԻՆ ՄԸ — (նոյնպես չ»երեւիր): Մի՛ հայհոյեր, տիկին Մարթա, մենք վստահ չենք, որ այդ նոր Քրիստոսը չէ: Չէ՞ որ Քրիստոս խոստացաւ երկրորդ անգամ գալ այս աշխարհը: Կ’ըսեն, որ նոյնիսկ հրաշքներ կը գործէ:
ՄԱՐԹԱ — Դուն ալ դժոխք գնա Քրիստոսին հետ: Այո, այո, կ’ըսեն նաեւ, որ հօրը ո՞վ ըլլալն իսկ յայտնի չէ: Քեզ նման կիներ կրնան հաւատալ միայն:
Այդ պահուն իր խանութը կը բանայ կարճահասակ կօշկակարը, որ միայն կ’աշխատի արագ ամբողջ առաջին արարուածի ընթացքին: Կը տեսնըւի խանութի ցուցատախտակը, որուն վրայ գրուած է` «Կօշիկներու հիւանդանոց»:
ՈՒՐԻՇ ԿԻՆ ՄԸ — Ի՞նչ ըսել կ’ուզես, Մարթա: Ես ամուսին ունիմ, եւ զաւակներուս հայրն ալ յայտնի է: Քու ամուսինիդ տուն գալն անգամ որոշ չէ, եւ գիշերները գինետուները կը լուսցնէ:
Տիկին Մարթա ժիր կը գոցէ իր պատուհանը եւ լացող երախային ձայնին կ’երթայ:
ՍՈՒԶԱՆ — Նորե՞ն ինչ ունիք իրարու հետ, Հելէն:
ՀԵԼԷՆ — (ուրիշ կինը): Ոչինչ, ոչինչ: Դուք իմացաք, որ ես բան մը չըսի: Հետը խօսիլ չ’ըլլար. կատղած շունի կը նմանի:
ԷՄՄԱ — Կ’երեւի, ամուսինը նորէն գինով տուն եկած է:
ՀԵԼԷՆ — Եթէ ինծի կը հարցնես, պէտք ալ չունի ամուսինին: Տունը ելլող մտնողը ուրիշ մեկն է:
ԷՄՄԱ — (ձայնը ցածցնելով): Հիմա նորէն շա՞տ կ’երթայ կուգայ այդ մարդը, Հելէն:
Ներսէն տղամարդու ձայն մը կուգայ: Էմմայի ամուսինն է:
ԱՄՈՒՍԻՆԸ — (ներսէն): Ես գործի պիտի երթա՞մ, թէ ոչ: Վառարանին վրայ ինչ որ դրիր, այրեցաւ արդէն:
ԷՄՄԱ — Բա, կերակուրս…
Արագ կը քաշուի պատուհանէն, իսկ Սուզան ցած ձայնով քանի մը անգամ «Հելէն» կը կանչէ` բաներ մը հասկնալու համար: Երբ ձայն չ’առներ, ներս կը քաշուի` իրեն հետ առնելով դուրսը փռուած լաթերը: Վարը ուրիշ պատանի մը` Փօլ, փախչող պատանիի ետեւէն կը ձայնէ:
ՓՕԼ — Հէյ, Սմիթհ: (Սմիթհ կը կենայ: Երկու պատանիները իրարու մօտ կուգան եւ խօսակցելով կը քալեն միասին:) Ես հարաւային կայարանը կ’երթամ, դուն ալ կուգա՞ս: Երէկ ամբողջ օրը 50 սէնթ շահեցայ: Երեւակայէ, Սմիթհ, 50 սէնթ:
ՍՄԻԹՀ — Ինչպե՞ս, Փօլ:
ՓՕԼ — Կը կանգնիմ կայարանին դրան մօտ. երբ կիներ եւ աղջիկներ դուրս կ’ելլեն, կ’օգնեմ անոնց պայուսակը տանելով: Անոնք ինծի կուտան իրենց պայուսակները, եւ ես կը հետեւիմ անոնց: Երէկ շատ գեղեցիկ, շա՛տ շա՛տ հարուստ կնոջ մը պայուսակը կայարան տարի: Տեսնելու էիր, Փօլ, մատներուն, վզին ամբողջ խոշոր ադամանդներ էին: Որ սուտ եմ, անիծուած ըլլամ: Եթէ այդ ադամանդներէն մէկը իմս ըլլար, միչեւ Չինաստան կը ճամբորդէի: Կասկած չկայ, որ միլիոնատէրի մը կին էր: Ինծի 25 սէնթ տուաւ:
ՍՄԻԹՀ — Երթա՛նք, Փօլ, ես միլիոնատէրի կին բնաւ տեսած չեմ: Կինը խօսեցա՞ւ քեզի հետ:
ՓՕԼ — Իհարկէ. ան ոչ միայն խօսեցաւ, նոյնիսկ իմ անունը հարցուց:
ՍՄԻԹՀ — Դուն ալ հարցուցի՞ր, թէ ո՛ւր կ’երթաս:
ՓՕԼ — Այդ ալ հարցնելի՞ք բան է: Բոլորն ալ նոր Քրիստոսին, Քօլօրատօ կ’երթան:
Փօլ կը քալէ, կռնակը շտկած, 50 սէնթ վաստկողի հպարտ ձեւով մը. կը տեսնէ, որ գիրուկ տիկին Էմման` Թօնիի խանութին կը մօտենայ. ինքնիրեն հով մը տուած` վար կ’առնէ քէփը ու կը բարեւէ:
ՓՕԼ — Բարի լոյս, տիկին Էմմա:
ԷՄՄԱ — Բարի լոյս, Փօլ: (Էմմա Թօնիի խանութէն վար կ’իջնէ:)
ՓՕԼ — (Սմիթհին, ցած ձայնով): Հաւատա՛, Սմիթհ, այն միլիոնատէրի կինը տիկին Էմմայէն ալ գեղեցիկ էր:
Կը հեռանան պատուհանէն: Ուրիշ կին մը, տիկին Մէյրի, անկողին եւ բարձեր դուրսը պատշգամը կը տեղաւորէ` միեւնոյն ատեն շարունակելով վէճը ամուսինին հետ:
ՄԷՅՐԻ — Այո՛, այո՛, եթէ գործ չկայ, գնա աւազակութիւն ըրէ: Ես այն ատեն կ’երթամ` կ’աշխատիմ, ինքզինքս կը ծախեմ ու քեզ կը հանեմ բանտէն:
ԿԻՆ ՄԸ — (ուրիշ պատուհանէ մը): Նորէն ի՞նչ կայ, Մէյրի:
ՄԷՅՐԻ — Ի՞նչ պիտի ըլլայ, անպէտ ամուսինս իմացեր է, որ Քրիստոսը եկած է, երկու շաբաթ է` տունէն դուրս չ’ելլեր եւ օրերը քնանալով կ’անցնէ. կը սպասէ, որ Քրիստոս իր ոտքը գայ ու զինքը կերակրէ:
ԱՄՈՒՍԻՆԸ — (ներսէն): Ո՛չ, սուտ է, անիծուած ստախոս մըն է: Ես չեմ սպասեր, որ Քրիստոս իմ ոտքը գայ: Այ, անիծուած կին, տան խօսք է որ կ’ընենք, ի՞նչ է, լեզուով փողոցին պատերը կը փարտես: Որպէս տան մեծը, ես իմ կարծիքը յայտնեցի: Ես ըսի, որ ծախենք մեր կարասիները, էդ դրամով օթոմօպիլ մը առնենք ու ճամբայ իյնանք դէպի Քօլօրատօ: Թերթերը ամէն օր կը գրեն, որ ճամբաները ուխտաւորներով լեցուած են, եւ ամէն օր ալ մեր մօտի ճամբայէն կ’անցնին: Այսքա՜ն ժողովուրդ որ կ’երթայ, անշուշտ, բան մը գիտէ: Անոնք ի՛նչ եղան, մենք ալ այդ:
Այդ պահուն տիկին Մարթին գլաններու վրայ փողոց կը հանէ իր հաշմադամ զաւակը` Չալին: Չալին փոքր մարմին ունի և խորշոմած դէմք, 16 տարեկան: Տիկին Մարթին, իր զաւակը փողոց հանելէ յետոյ, նորէն տուն կը վերադառնայ: Նոյն ատեն դռնէ մը դուրս կ’ելլէ մաքուր հագուած սիրուն գծերով աղջնակ մը` շրթերն ու եղունգները ներկած շատ կարմիր: Այնպէս հագուած է, որ կ’երեւին մարմնին գծերը. ձեռքին բռնած է ճամբորդական փոքրիկ արկղ մը: Անոր ետեւէն դուրս կ’ելլէ պառաւ մը, դէմքին շատ ներկ, ոտքերը ցաւ ունի, սանդխամատէ մը դժուարութեամբ վար կ’իջնէ:
ՊԱՌԱՒԸ — Դեռ շատ կանուխ է, Լօրա, աճապարելու պէտք չունիս: Բաւական ժամանակ կ’առնէ, մինչեւ որ ուխտաւորներու կարաւանը ինքզինքը հաւաքէ: Վա՜յ ծնկներս…
Կօշկակարը` առաջին անգամ ըլլալով, դուրս կը նայի ուշադիր` տեսնելու Լօրան եւ պառաւը:
ԼՕՐԱ — Կ’ուզեմ շուտ հեռանալ: Տեսնես այդ անիծուածը յանկարծ դուրս կ’ելլէ խանութէն: (Թօնիի ակնարկելով:)
ՊԱՌԱՒԸ — Ան ոչինչ պիտի հասկնայ, եթէ նոյնիսկ տեսնելու ըլլայ: Նայէ՛, աղջիկս, զիս մի՛ մոռնար, երբեմն գրէ: Եթէ նամակդ առնեմ, կրնայ ըլլալ, որ ես ալ ճամբայ իյնամ իմ այս ծնկներուս համար: Ալ չեմ կրնար դիմանալ, գիշերները սաստիկ ցաւեր կ’ունենամ: Կը հաւատամ, Լօրա, որ Քրիստոս պիտի բժշկէ իմ ցաւերս: (Երեսը կը խաչակնքէ:) Նայէ, աղջիկս, նայէ, որ վաստկած դրամիդ յարգը գիտնաս: Ամէն անգամ էսպէս գեղեցկութիւն եւ երիտասարդութիւն չի մնար: Երբ օր մը իմ տարիքը հասնիս, երեսդ նայող չի ըլլար, կը մնաս մինակ, միս-մինակ: (Արցունքը կը սրբէ:) Ատենօք ես շատ դրամ շինեցի, երբ ոսկի փնտռող կարաւանի մը հետ ճամբորդեցի: Միայն թէ` չգիտցայ յարգը իմ շինած դրամիս: Էհ, արցունքներուս ուշադրութիւն մի՛ տար, աղջիկս: Դժուար է այս տարիքիս մէջ մինակ մնալ. դուրս չեմ կրնար ելլել, որ ուրիշ մէկը գտնեմ:
ԼՕՐԱ — Ինչո՞ւ Ալիսը չես կանչեր քովդ:
ՊԱՌԱՒԸ — Էդ լաւ ըսիր, Լօրա. Ալիսը գեղեցիկ աղջիկ է: (Ինքզինքը շտկելով:) Միայն թէ շատ է յիմար: Եթէ ես անոր տարիքն ու գեղեցկութիւնն ունենայի, մատներս ադամանդով կրնայի զարդարել: Եթէ իմ մօտ մնայ ատեն մը, ես կը սորվեցնեմ շատ դրամ շինելու գաղտնիքը: Կրնա՞ս երեւակայել, որ այդ աղջիկը դրամի հաշիւն անգամ չի կրնար հանել: Շատ կը խաբեն:
ԼՕՐԱ — Ես հեռանամ, քանի դուրս չէ ելած այդ անպիտանը:
ՊԱՌԱՒԸ — (Լօրայի ձեռքը բռնելով): Գինովներէն զգուշացի՛ր, աղջիկս, թէեւ անոնք են որ դրամ կը մսխեն: Հա, եթէ Մայքը այսօր ալ գալու ըլլայ, ըսեմ, որ կը վերադառնաս շուտով: Ոչինչ, ոչինչ, Ալիսը որ բերելու ըլլամ, լաւ պիտի ըլլայ: Էդ երիտասարդ պտղավաճառը իսկապէս սիրահարուած է քեզի: Ատենօք իմ մօտ ալ մէկը կուգար, որ ամուսնացած էր եւ շատ քչախօս: (Խօսակցութիւնը կը դադրեցնեն, երբ կը լսեն Թօնիի ձայնը:)
ԹՕՆԻ — (խանութին մէջէն): Այո՛, այո՛, որ էսպէս երթայ, շուտով պիտի գոցեմ խանութս: Երբ քիչ մը պարտքերը շատցնեն, կը սկսին Տէնէն առուտուր ընել: Հիմա ալ տուն տեղ կը ձգեն` Քօլօրատօ կ’երթան: Անշուշտ, անշուշտ, հիմա կարգը տիկին Մարթինին է:
Պառաւն ու Լօրան կը համբուրւին բաժնուելու համար: Էմմա դուրս կուգայ խանութէն եւ գնումներու ծրարները բռնած` կ’անցնի հաշմանդամ Չալիի մօտէն:
ԷՄՄԱ — Հէլօ, Չալի:
Չալին կ’ուզէ խօսիլ եւ, սակայն, դժուարութեամբ բառ մը կը շինէ «հէլօ» ըսելու համար: Չալիի ձայնը հաստ է: Խանութի սանդուխներէն արագ վեր կ’ելլէ Թօնին ու կը կանչէ. «Տիկին Էմմա, տիկին Էմմա»…
ԹՕՆԻ — Տիկին Էմմա, վաղը լաւ հաւեր պիտի ունենամ: Եթէ կ’ուզես, մէկ հատ կը պահեմ քեզ համար:
ԷՄՄԱ — Շատ լաւ, Թօնի, նայէ որ շատ իւղոտ չըլլայ:
ԹՕՆԻ — Այս ինծի ձգէ եւ անհոգ եղիր: (Սանդուխէն վար իջած պահուն յանկարծ կը տեսնէ Լօրան, որ կը քալէ, փոքրիկ արկղ մը ձեռքին. կը կանչէ ետեւէն. «Մեմ, մեմ»… Լօրան կը շարունակէ իր ճամբան, որպէս թէ չի լսեր:) Մեմ, մեմ, օրիորդ Լօրա, օրիորդ Լօրա…
Պառաւը կը դիտէ անհամբեր:
ԼՕՐԱ — (ետեւ դառնալով): Ի՞նչ կ’ուզես:
ԹՕՆԻ — Երկար ատեն է, որ այլեւս խանութս չես մտներ:
ԼՕՐԱ — Կ’երեւի, շատ կարօտն ունիս զիս տեսնելու: (Թօնին կը մօտենայ:) Այլեւս ծերացեր ես, Թօնի:
ԹՕՆԻ — Ե՞ս, ծե՞ր: Ի հարկէ, ի հարկէ: Միայն թէ` տալիք ունիս: Հաւատա, մեմ, եթէ այսպէս երթայ, պիտի գոցեմ խանութս:
ԼՕՐԱ — Եթէ գոցես, կարծեմ ես ալ կ’ազատիմ: Ի՜նչ ետեւէս ինկած, շունչդ հատցուցած կը պոռաս: Կարծեմ, քեզմէ ապրանք գողցած չեմ եւ ոչ ալ միտք ունիմ քաղաքէն հեռանալու:
ՊԱՌԱՒԸ — Այդ ճիշդ է, ճիշդ, քաղաքէն չէ, որ կը հեռանայ:
ԹՕՆԻ — Ես ոչինչ ըսի, օրիորդ Լօրա, միայն թէ` առնելիքս յիշեցուցի:
ԼՕՐԱ — Այնպէս յիշեցուցիր, որ քիչ մնաց դրացիները բոլորն ալ փողոց թափուէին: Ես ինքս ալ առնելիք ունիմ, Թօնի. միայն թէ` դրամ ստանալու համար, փողոցը մարդոց ետեւէն չեմ վազեր քեզի պէս:
ԹՕՆԻ — Դէ, լաւ, դէ, լաւ, մոռցիր, օրիորդ Լօրա: Միայն թէ` եթէ դուն ալ առնելիքներուդ ետեւէն չըլլաս, չես կրնար գանձել, մանաւանդ որ հիմա շատեր սկսած են Քօլօրատօ երթալ:
Լօրա կը շարունակէ ճամբան, պառաւը ներս կը մտնէ ու դուռը կը գոցէ: Թօնին քթին տակէն հայհոյելով դէպի խանութ կը շտկուի. կը տեսնէ հաշմանդամ Չալին:
ԹՕՆԻ — Հէյ, Չալի, մայրդ ո՞ւր է: (Չալին կ’ուզէ խօսիլ եւ, սակայն, չի կրնար կազմել բառերը:) Հա իմացայ, որ մայրդ ալ այսօր ճամբայ կ’ելլէ Քօլօրատօ երթալու համար: (Կը պոռայ:) Հէյ, տիկին Մարթին: (Տիկին Մարթին դռնէն դուրս կ’ելլէ ու իր զաւկին կուտայ սէնտուիչ մը:) Բարի լոյս, տիկին Մարթին, իմացայ, որ այսօր ճամբայ կ’ելլես: Իրաւ, դժուար ճամբորդութիւն է Չալին մինչեւ Քօլօրատօ տանիլ…
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Ի՞նչ կրնամ ընել, Թօնի: Եթէ դրամ ունենայի, աւելի հանգիստ կ’երթայի:
ԹՕՆԻ — (ձայնին լրջութիւն տալով): Տիկին Մարթին, չե՞ս ըսեր, որ տալիք ունիս, երկու ամիս է` սէնթ վճարած չես:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Ես պարտքիս տէրն եմ, Թօնի, կը վճարեմ, երբ վերադառնամ: Կը հաւատամ, որ Չալին պիտի բժշկուի: Ամէն օր կ’իմանանք, որ կը բժշկուին կաղեր, կոյրեր ու հաշմանդամներ: Հաւատա՛, Թօնի, երբ բժշկուի Չալին, այն ատեն գործի կ’ըլլայ, ու կը վճարենք մեր պարտքը: Հիմա չունիմ, Թօնի. զաւակս այս գլաններով պիտի տանիմ մինչեւ Քօլօրատօ: Ճամբաները մուրալով պիտի տանիմ, միայն թէ Չալին ազատի այս գլաններէն:
ԹՕՆԻ — Տիկին Մարթին, եթէ գիտնամ, որ կը բժշկուի զաւակդ, հաւատա՛, մէկ սէնթ չեմ առներ. միայն թէ` սուտ են, տիկին Մարթին: Անցեալ կիրակի եկեղեցի եկած չէիր: Քահանան իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ այս օրերուն շատցեր է հեթանոսութիւնն, ու ժողովուրդը սկսած է սուտ Քրիստոսի հաւատալ: Քահանան ըսաւ, թէ այդ Թէքսասցի խռովարարը, որ ինքզինք Աստուծոյ որդի կ’անուանէ, կատարեալ առեւանգիչ մըն է:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Չգիտեմ, Թօնի, չգիտեմ: Իմ միակ զաւկիս համար շատ աղօթեցի, շատ մոմեր վառեցի, սակայն, օգուտ չըրաւ: Ով բժշկէ զաւակս, ան է իմ Քրիստոսը: Պարտատէր չեմ մեռնիր, Թօնի: Բաւական գործ ունիմ դեռ, վախնամ ուշ պիտի մնամ ուխտաւորներուն միանալու համար:
ԹՕՆԻ — Էհ, Չալի, քեզի մնաց վճարել մօրդ պարտքը: (Չալին կը փորձէ խօսիլ, չի կրնար:) Ի հարկէ, երբ բժշկուիս, երբ վերադառնաս, երբ գործ ունենաս, երբ աշխատիս… (Ձայնը հետզհետէ բարձրացնելով եւ արդէն բարկացած կը մօտենայ կօշկակարին:) Դէ, եկուր ասկէ վերջ մարդոց բարիք ըրէ: Մարդն ի՞նչ է, որ մարդոց բարիք ընէ: Չարժէ մարդոց բարիք ընել: Այդպես են, կ’առնեն, կ’ուտեն, յետոյ իրենց հաշմանդամ զաւկին կը ձգեն, որ վճարէ դրամը: Ապրանք տուած ատենս «սիրելի Թօնի, անուշիկ Թօնի» շաքարի պէս անուշ խօսքեր կ’ընեն: Եթէ դրամ ուզես, էն ատեն գէշ մարդ կ’ըլլաս: (Կօշկակարը կը շարունակէ աշխատիլ, առանց խօսելու:) Դէ, եկուր ասկէ վերջ մարդոց բարիք ըրէ: Երեւակայէ, հիմա ժողովուրդին վստահիլ չ’ըլլար: Տեսնես, յանկարծ կը ձգէ տունն ու տեղը եւ ուխտաւորներու կարաւանին կը միանայ: Ո՞վ է սա Քրիստոսը, կատարեալ աւազակապետ մը, որ կը վախնայ շէնք շնորհք քաղաքներու մէջ մտնել եւ իր քարոզները կը խօսի բլուրներու վրայ ու ճամբաներուն մէջ: Սուտ են, այ մարդ, սուտ. բոլորն ալ իրենց ապրանքին գինը կը պոռան: Կ’ըսեն, որ ուխտաւորները իրենց բոլոր դրամները անոր կը նետեն: Հիմա արդէն խոշոր հարստութեան տէր է դարձեր: Վերջապէս, ո՞վ է այս մարդը, որուն ո՛վ ըլլալը յայտնի չէ: Այս մարդը ինքզինքը Աստուծոյ որդի կ’անուանէ, եւ առաջին անգամ հաւատացողները նիկրօները կ’ըլլան: Այդ ի՜նչ տեսակ Քրիստոս է, որ իր շուրջը գողեր, աւազակներ կը հաւաքէ: Այո՛, այո՛, կատարեալ աւազակապետ մը: Երեւակայէ, Գասպար Սմիթհն ալ անոր աշակերտն է: Մայրը ինձ կարդաց նամակը: Էն Գասպար Սմիթհը, որ տետրակներուս մէջ հին հաշիւ ունի, եւ երեւակայէ, որ երաշխաւոր եղած եմ բանտէն ազատելու համար: Դէ, եկուր մարդոց բարիք ըրէ: Երեւակայէ, ո՛վ որ ինձ պարտք ունի, Քօլօրատօյի ճամբան կը բռնէ: Ես ի՞նչը պիտի առնեմ տիկին Մարթինէն: Եթէ այսպէս երթայ, ես կորսուած եմ, կորսուած: (Եւ գլուխը կը բռնէ, մինչ կօշկակարը կը շարունակէ աշխատիլ արագ:) Ես կորսնցնելուս չեմ ցաւիր, միայն կը ցաւիմ, որ այդ անիծուած Տէնը ուրախ պիտի ըլլայ: Չէ, չէ, ինծի Թօնի կ’ըսեն, 40 ձեւ կը գտնեմ, նորէն թշնամիներս չեմ խնդացներ իմ վրայ: (Թօնի իր այդ բարկացոտ խօսքերուն մէջ յանկարծ կը տեսնէ կին յաճախորդ մը, որ կաթի պարապ շիշը բռնած` խանութին կը մօտենայ: Թօնին դեմքը կը կակուղցնէ եւ լայն ժպիտ մը բռնած` կ’աճապարէ խանութ:) Այո, մեմ, այո՛, մեմ, աղուոր օր է, տիկին Վուտմէն:
Օրը աւելի կը լուսնայ, արեւի կտոր մը կ’իյնայ կտուրներուն վրայ: Փողոց կը մտնէ պտուղ ծախող երիտասարդ փերեզակը` Մայքը` իր պտուղին գները պոռալով: Ուխտաւորներու ճամբուն կողմէն հրապարակ կը մտնեն երեք պատանիներ, մէկը հարմօնիքա կը նուագէ, միւսը կը պարէ, իսկ երրորդը քէփը բռնած պատուհանները կը դիտէ: Քօլօրատօ գացող ուխտաւորներուն փոքրիկներն են: Պատուհաններէն կը տեսնուին գլուխներ:
ԽՕՍՔԵՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐԷՆ.
— Անոնք են…
— Ուխտաւորներուն քիտերն են…
— Բաւական գողութիւններ պատահած ըլլալու են այս գիշեր:
Երաժշտութեան ձայնէն կ’արթննան երկու վակապոնները: Քներէն արթնցած կը յօրանջեն: Մօտակայ փողոցէն ծերունի մը փայտը ձեռքին կը մօտենայ պատի արեւին ու շատ դանդաղ իր ծխամորճը կը լեցնէ: Փերեզակը կը շարունակէ պոռալ` «խնձոր, նարինջ, պանանէս», միեւնոյն ատեն կը դիտէ պատուհանը այն տունին, ուրկէ շէկ աղջիկը` Լօրան, դուրս եկած էր: Պատանիներուն երաժշտութիւնը կը շարունակուի: Կը հաւաքուին փողոցի փոքրիկները ու կը պարեն: Փերեզակը պանանէսի մեծ ողկոյզ մը կը կտրէ ու պառաւի տան սանդուխէն վեր զանկը կը հնչեցնէ: Բաւական սպասելէ յետոյ, դուռը կը բացուի, պառաւը ներս կ’առնէ պանանէսի ողկոյզը:
ՊԱՌԱՒԸ — Որ գալու ըլլայ, պիտի ըսեմ որ Մայքը բերաւ:
ՄԱՅՔ — Որ գալու ըլլայ, ըսէ որ Մայքը բերաւ:
Պառաւը դուռը կը գոցէ շուտով: Փերեզակը լաւ բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնով իր ձեռնասայլը խաղաղ անկիւն մը կը տանի, վակապոններուն մօտ ու թուղթէ տոպրակի մը վրայ կը սկսի գրել նամակ մը Լօրային: Կը սկսի դանդաղ ու քրտնաջան աշխատանքի: Մատիտ մը գտնելու համար, կը նայի բոլոր գրպանները: Երկար փնտռտուքէ յետոյ, վերջապէս, կը գտնէ մատիտի փոքրիկ կտոր մը ճաքէթի աստառին մէջ:
ԾԵՐ ՎԱԿԱՊՈՆԸ — Հըմ, լաւ քնացանք, կարծես, ուշ ենք մնացեր: Ինչպէս կ’երեւի, ուխտաւորները տակաւին ճամբայ ելած չեն, պատանիները դեռ այս կողմերն են: Հըմ, կը յուսամ լաւ գիշեր մը անցուցիր, Մարկոս: Այսօր դժգոհելու պէտք չունիս: Վակապոն մը քիչ անգամ այսքան ուշ կ’արթննայ: Իսկապէս շատ էինք յոգնած եւ պէտք ունէինք երկար քունի. միայն թէ` այս անիծուած ոստիկանը պահ մը կտրեց մեր քունը: Ոչինչ, ոչինչ, ամենափարթամ անկողիններուն մէջ իսկ երբեմն կօշմարները կը խանգարեն քունը: Ես անգամ մը միայն կատուներու ձայնէն արթնցայ, յետոյ կնոջ մը ձայն առի, որ կարծես կռիւ կ’ըներ իր ամուսինին հետ:
ՄԱՐԿՈՍ — Ես ալ հեղ մը արթնցայ, երբ նպարավաճառը երկար քարոզ կը կարդար: Ես քեզի բան մը ըսե՞մ, ընկեր. էստեղ լաւ տեղ կ’երեւի: Դուն գնա՛, ես էստեղ կը մնամ:
ՄԻՉԸԼ — Հա, կը տեսնեմ, որ դուն նորէն յուսահատեցար: Այդպէս եղած է, որ կեանքիդ մէջ կրցած չես յաջողիլ: Յարատեւութիւն եւ յամառ աշխատանք,- ահա յաջողութեան գլխաւոր պայմանները: Դուն շատ ես երիտասարդ, դժուար թէ կարենաս ըմբռնել կեանքի յաջողութեան այդ երկու գաղտնիքները:
ՄԱՐԿՈՍ — Կը տեսնեմ, որ կեանքի այդ երկու կարեւոր գաղտնիքները` յարատեւութիւն եւ յամառ աշխատանք` ի գործ դրած ես վակապոն մը ըլլալու համար:
ՄԻՉԸԼ — Ի հարկէ, իմ սիրելի բարեկամ Մարկոս, իմ այս վիճակը ճիշդ եւ ճիշդ արդիւնք է յարատեւ եւ յամառ աշխատանքի: Կը տեսնեմ, որ դուն իսկական վակապոն չես կրնար ըլլալ:
Փերեզակը իր գրած նամակին քանի մը տողերը կը կարդայ այնքան յափշտակուած, որ բարձրաձայն կ’ելլեն խօսքերը.
«Իմ սիրելիս, իմ հոգիս,
իմ սիրականս,
Գիշեր-ցորեկ քու վրայ կը մտածեմ,
գիշեր-ցորեկ:
Գիշեր-ցորեկ մոռցած եմ
իմ բոլոր հաշիւներ:
Գիշեր-ցորեկ, իմ սիրելիս,
իմ հոգիս, իմ սիրականս»:
(Յետոյ կը շարունակէ գրել:)
ՄԻՉԸԼ — (շարունակելով իր խոսքերը): Կեանքին մէջ երկչոտները միայն վակապոն չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնք կը վախնան անօթի մնալէ: Այդ վախը, իմ սիրելի Մարկոս, մարդս կը դարձնէ նենգ, չար, խարդախ: Իսկական վակապոնը, իմ սիրելի Մարկոս, իր հոգեկան կատարելութիւնով կը սնանի: Մարդկային իսկական արժէքը այդ կատարելութիւնն է: Անկատար են մարդիկ, անկատար են ազգեր: Մենք կը տեսնենք, որ այսօր անհատներ ու ազգեր ամենամեծ յիմարութիւնով ի զուր կ’ուզեն դառնալ կատարեալ: Այդ մեծ յիմարութիւնը պատերազմիլն է: Պատերազմով անոնք կը դառնան աւելի անկատար, եւ հոգեկան արժեքները կը սկսին նորէն շատ նախնական աստիճանէն: Ես դրամ ունէի, երբ որոշեցի վակապոն ըլլալ: Բոլոր դրամներս այն հին օրերուն յանձնեցի ծնողքիս ու ինկայ ճամբարները: Կեղծ է ան, որ դրամ ունի եւ կ’ուզէ վակապոն ըլլալ: Ես յամառ յարատեւութիւնով ինքզինքիս վարժեցուցի պատռտած վերարկու հագնիլ: Այդ պահուն միայն զգացի, որ իմ մէջ հոգեկան արժէք մը կը հասուննար: Չեմ ամչնար այս կoշիկներով պտտիլ, բարեկամս, եւ սակայն կ’ամչնամ, երբ ընկերիս չար կը կամենամ: Պէտք է աշխատին մարդիկ եւ յամառ աշխատին բարի ըլլալու համար, որովհետեւ մարդուն մէջ դեւը, աշխարհայինը միշտ ուժեղն է: Հիմա, իմ սիրելի Մարկոս, ինծի այնպէս կը թուի, որ մաքուր հագուած, ոսկիէ կամ ադամանդէ գնդասեղ կամ մատնի կրող մարդիկ ցուցափեղկերուն մէջ դրուած մեղրամոմէ մարդու ձեւերուն կը նմանին: Յարատեւ եւ յամառ աշխատեցայ հին աւետարանական ճգնաւորներուն պէս իմ հոգին գտնելու:
ՄԱՐԿՈՍ — Էդ բոլորը լաւ, բայց չէ՞ որ անօթութիւնը մեր մէջ յաճախ կը պոռայ դեւի մը պէս, եւ մենք ճամբայ ինկած ենք Քօլօրատօ երթալու, որովհետեւ Քրիստոս կը պաշտպանէ զրկուածները, կը կերակրէ ժողովուրդը: Ան ոչ միայն կերակուր կուտայ ժողովուրդին, այլ եւ ջուրը գինիի կը փոխէ:
ՄԻՉԸԼ — Կը սխալիս, իմ սիրելի բարեկամ, Քրիստոս 2000 տարի յետոյ նորէն եկած չէ աշխարհ` ջուրը գինիի փոխելու կամ քանի մը կողով ուտելիքով 500 մարդ կերակրելու: Ան նորեն եկած է մարդոց հոգիին մէջ երկինք մը ստեղծելու: Եկած է, որովհետեւ պատերազմը միլիոններ կը սպաննէ վասն յիմարութեան, և վասն յիմարութեան միլիոնաւոր ճահիլ կեանքեր, դեռ կեանքին հետ չջերմացած, կ’այրին գաճի մէջ: Եկած է, որովհետեւ մարդոց հոգիները դարձած են տեսակ մը ածխահանքեր: Եւ այսօր մեր կարդինալները, դպիրներն ու վարդապետները իրար կ’անցնին եւ չեն ուզեր ճանչնալ այն Քրիստոսը, որուն կ’երկրպագեն, որուն համար հսկայական եկեղեցիներ շինեցին ամբողջ երկու հազար տարի: Չէ՛, սիրելի բարեկամ, ես չեմ երթար այնտեղ սեղանի նստելու եւ գինի խմելու: Ես կ’երթամ մանանեխի հատի չափ ըմբռնելու Աստծոյ իմաստութիւնը: Ես կ’երթամ միանալու անոր աշակերտներուն` տարածելու համար երկրի վրայ իմաստութիւնը երկնքին, ինչպէս ըրին առաքեալները:
ՄԱՐԿՈՍ — Այդ բոլորը լաւ, իմ սիրելի բարեկամ, միայն թէ` անօթի եմ, կը զգամ, որ իմ մէջ կենդանի մը պոռայ: Այստեղ բաւական լաւ տեղ կ’երեւի: Երբ արթնցայ, իմացայ որ նպարավաճառը իր գանգատները կը յայտնէր կօշկակարին, թէ շատեր ապրանք առած են եւ դրամը վճարած չեն: Ոչինչ, ոչինչ, ես պարտքս շատ չեմ բարդեր, երբ բաւական եղաւ, ես ալ ուրիշներու նման Քօլօրատօյի ճամբան կը բռնեմ ու քեզ կը գտնեմ այնտեղ:
ՄԻՉԸԼ — Էհ, յաջողութիւն, բարեկամ:
Միչըլ կ’ելլէ իր տեղէն ու դէպի փերեզակը կը քալէ. քալուածքը ծանր: Ուխտաւորներու երեք պատանիները, երբ հեռուէն կը տեսնեն ոստիկանի մը մօտենալը, կը կորսուին իրենց մտած ուղղութիւնով: Ցորեկի ոստիկանն է. տակաւին հրապարակ չմտած` մէկը կը մօտենայ անոր:
ՄԷԿԸ — Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ուխտաւորներուն ըրածները: Այս գիշեր օթոմօպիլիս անիւները տարած են եւ կէզը ամբողջ պարպած:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Նորէ՞ն: Այ մարդ, ձեզի ըսուած է, որ այս օրերուն զգոյշ ըլլաք: Այս գլխաւոր ճամբայէն ամէն օր եւ ամէն գիշեր ուխտաւորներ կ’անցնին: Այս գիշեր ալ մօտ 200 հոգի կայան դրած են: Եկուր, տեսնեմ, թէ ինչպէ՜ս ըրած են: (Ոստիկանը կը հետեւի մէկին, եւ կը հեռանան:)
ՄԻՉԸԼ — (փերեզակին): Հա, կը տեսնեմ, որ սիրահարուած ես: Լաւ բան է սիրահարուիլը: Սէրը լաւագոյն ճշմարտութիւններէն մէկն է: Հըմ, կը յուսամ, գեղեցիկ աղջիկ է:
ՄԱՅՔ — (երկու ձեռքերը կուրծքին տանելով): Էնպե՜ս սիրուն, էնպէ՜ս գեղեց իկ…
ՄԻՉԸԼ — Դէ, լաւ, լաւ, կը տեսնեմ, որ նամակդ տակաւին չես լրացուցած: Հեղ մը կարդա՛, տեսնեմ:
ՄԱՅՔ — (կը կարդայ ներշնչումով).
Իմ սիրելիս, իմ հոգիս,
իմ սիրականս,
Գիշեր-ցորեկ քու վրայ կը մտածեմ,
գիշեր-ցորեկ:
Գիշեր-ցորեկ մոռցած եմ
իմ հաշիւները, գիշեր-ցորեկ,
Իմ սիրելիս, իմ հոգիս,
իմ սիրականս, գիշեր-ցորեկ…
ՄԻՉԸԼ — Կը տեսնեմ, որ «գիշեր-ցորեկ» էն զատ տակաւին բան մըն ալ աւելցուցած չես: Էդ նամակով ոեւէ աղջիկ չի սիրահարուիր: Աղջիկ ըսածդ թանկագին քարերու նման գեղեցիկ բառեր կը սիրէ: Ան կ’ուզէ, որ էն առաջ գովես իր գեղեցկութիւնը: Օրինակ, եթէ աղջկան հասակը կարճ է, ըսես, որ շատ սիրուն հասակ ունի: Չէ, այդ սուտ չէ, այդ թեթեւ սխալը առաքինութիւն է, երբ կիներուն համար է:
ՄԱՅՔ — (աչքերը բանալով): Հասակը կա՞րճ, անշուշտ ոչ, անշուշտ ոչ:
ՄԻՉԸԼ — (մատիտն ու թուղթը առնելով): Չէ, էս չեղաւ, գրածներդ սխալներով լեցուն են: Ես քեզի համար գրեմ էն տեսակ նամակ մը, որ երբ կարդայ, փողոցներն ելլէ քեզ փնտռելու:
ՄԱՅՔ — Զի՞ս փնտռէ: Օհ, այն ատեն աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը կ’ըլլամ:
ՄԻՉԸԼ — Դէ, հիմա ըսէ` ի՞նչ է անունը:
ՄԱՅՔ — Տանտիրուհին ըսաւ, որ անունը Լօրա է:
ՄԻՉԸԼ — Հա, լաւ անուն է: Ուրեմն, տանտիրուհին ըսաւ: Կը յուսամ, տեսած ես աղջիկը:
ՄԱՅՔ — Անշուշտ, անշուշտ, ինչպե՞ս չէ, գլխաւոր Մարքէթէն հետեւած եմ անոր քանի մը անգամ եւ այս ձեռնասայլով: Ան նոյնիսկ ժպտաց ինծի: Բայց սիրտս արագ արագ կը զարնէր, չկրցի խօսիլ հետը: Երկու շաբաթ է` այս փողոցէն դուրս չեմ գար: Երբեմն ուրախ եմ, որ տանտիրուհին կը բանայ դուռը: Եթէ Լօրան բանայ, հաւատա՛, բարեկամս, պիտի կորսնցնեմ ըսելիքներս: Օհ, գեղեցիկ է, շատ է գեղեցիկ Լօրան:
ՄԻՉԸԼ — Ուրեմն, էն առաջ աչքերէն սկսինք: Հիմա ըսէ, ի՞նչ գոյն ունին աչքերը:
ՄԱՅՔ — (ոգեւորուած): Աչքերը կապոյտ են:
ՄԻՉԸԼ — Ուրեմն, վարսերն ալ շէկ: Հիմա, էսպէս. «Իմ սիրելի, շատ սիրելի Լօրա»… (Գրելով կամաց). «Արշալոյսը գեղեցիկ է, եւ, սակայն, արշալոյսէն աւելի գեղեցիկ են քու վարսերը: Կ’ուզէի թեթեւ հովն ըլլալ եւ վարսերուդ հետ խաղալ»:
ՄԱՅՔ — Օհ, այդ հրաշալի է: (Քիչ մը մտածելով:) Բայց ես ինչպե՞ս հով կրնամ ըլլալ:
ՄԻՉԸԼ — Բան մըն ալ չես ըլլար: Այս տեսակ մը խաղ է, որուն բանաստեղծութիւն կ’ըսեն: Ամենէն շատ աղջիկները կը հասկնան այս խաղէն: Հիմա… (Կը գրէ:) «Աչքերդ ծով են կապուտակ, ո՜վ իմ գեղեցիկս, եւ ես ինկած եմ այդ ծովուն մէջ, վախնամ, թէ խեղդուիմ մի օր»…
ՄԱՅՔ — Ինչպե՞ս թէ խեղդուիմ, ես էնպէ՜ս գիտեմ լողալ:
ՄԻՉԸԼ — Սպասէ, սպասէ, դուն չես խեղդուիր եւ ոչ ալ կը լողաս: Ասոր ալ բանաստեղծութիւն կ’ըսեն: Կան մարդիկ, որ միմիայն այս տեսակ խաղեր կը կազմեն եւ կը դառան համբաւաւոր: Շէյքսփիրը մէկն է անոնցմէ: Հիմա քանի որ չես ուզեր խեղդուիլ, աւելցնենք. (Կը գրէ:) «Բայց ես գիտեմ լողալ եւ կուրծք տալ քու ծով աչքերու էն կապուտակ ալիքներուն»…
ՄԱՅՔ — Լաւ է: (Խանդավառուած:) Էդ շատ լաւ է, շատ լաւ:
ՄԻՉԸԼ — Հիմա… (Կը գրէ:) «Երբ կը քալես, կը հետեւիմ քեզի եւ ինծի այնպէս կը թուի, որ ամէն մէկ քայլիդ անտեսանելի թեւ մը պիտի բանաս ու պիտի թռչիս երկնքի հրեշտակներուն միանալու համար: Ես կը սիրեմ քեզ, ո՜վ իմ հրեշտակս»…
ՄԱՅՔ — (խանդավառ կը կրկնէ քանի մը անգամ).
«Ես կը սիրեմ քեզ, ո՜վ իմ հրեշտակս,
Ես կը սիրեմ քեզ, ո՜վ իմ հրեշտակս»…
ՄԻՉԸԼ — (երկարելով թուղթը): Հա, տես, այս նամակը կը գրես մաքուր թուղթի վրայ: Նամակը կը յանձնես փոստին կամ պառաւին: Պառաւը կը յանձնէ Լօրային, իսկ Լօրան իր սիրտը կը յանձնէ քեզի:
ՄԱՅՔ — Ուրեմն, Լօրա պիտի սիրէ՞ զիս:
ՄԻՉԸԼ — Անշուշտ, անշուշտ, երբ սիրտը յանձնէ քեզի, մնացած մասը այլեւս դիւրին է: Սիրտ ըսածդ երկաթէ ծանր դուռ է, հեղ մը որ բացուի` մտնելը դիւրին է:
ՄԱՅՔ — Ըսէ, այ բարեկամ, ինչո՞վ փոխարինեմ քու այդ աշխատանքը: Դրամ չունիմ: Օրը դեռ շատ կանուխ է: Առաւօտ ձեռնասայլս այստեղ քշած եմ: Ես կրնամ պանանէսի ողկոյզին կէսը տալ քեզի:
ՄԻՉԸԼ — Պանանէսներդ լաւ կ’երեւին: Ինձ կը բաւէ երկու հատ: Այնտեղ իմ բարեկամը շատ է անօթի. անոր մէջ պոռացող կենդանի մը կայ: (Մայք ողկոյզին կէսը կը տանի երիտասարդ վակապոնին, որ տակաւին նստած է էնտեղ: Մարկոս անյագօրէն կը սկսի ուտել:) Էհ, յաջողութիւն, իմ բարեկամ Մարկոս… եթէ զիս փնտռելու ըլլաս, Քրիստոսին եկուր: Ես անոր կ’երթամ, էնտեղ, Քօլօրատօ:
Միչըլ ողկոյզէն պանանէս մը կ’առնէ եւ կեղուելով կը հեռանայ դանդաղ քայլերով: Կօշկակարը առաջին անգամ ըլլալով կ’ելլէ իր տեղէն, կը մօտենայ փերեզակին, պանանէս մը կը վերցնէ ու կը սկսի ուտել, առանց ձայն հանելու:
ՄԱՅՔ — (կօշկակարին): Ինչքա՞ն կ’ուզես, մէ՞կ տըղըն:
ԿՕՇԿԱԿԱՐ — (ձեռքը երկրորդ պանանէսի մըն ալ երկարելով առանց փերազակին երեսը նայելու): Ան գնաց, ան գնաց:
ՄԱՅՔ — Ո՞վ գնաց:
ԿՕՇԿԱԿԱՐ — Էս առաւօտ կանուխ գնաց: (Պանանէսներէն քանի մը հատ ալ վերցնելով:)
ՄԱՅՔ — Այ մարդ, ո՞վ գնաց:
ԿՕՇԿԱԿԱՐ — Լօրան գնաց:
ՄԱՅՔ — Լօրան ո՞ւր գնաց:
ԿՕՇԿԱԿԱՐ — Այս առաւօտ ճամբայ ինկաւ, որ ուխտաւորներուն միանայ:
ՄԱՅՔ — (այս որ կը լսէ, անմիջապէս կը քշէ սայլը ու կը պոռայ Միչըլին ետեւէն): Հէյ, հէյ, կեցիր, կեցի՛ր, միասին երթանք:
Մայք հեռանայ նոյն ճամբով: Կօշկակարը, առանց իր դէմքին գծերը փոխելու, կը մտնէ խանութ եւ նորէն կը սկսի աշխատանքը: Երիտասարդ վակապոնը մնացած պանանէսները տոպրակին մէջ կը տեղաւորէ, ծրարը փայտի ծայրին կը կապէ եւ ուսին նետած` կ’երթայ Թօնիին դրան առջեւ, կը կենայ: Նորէն կը լսուի Թօնիին բարձր ձայնը:
ԹՕՆԻ — Ո՞վ է այս Քրիստոսը: Թէքսասցի խռովարար մը: Ան նոյնիսկ նախատած է մեր կարդինալը:
Այդ պահուն հրապարակը կը մտնէ ցորեկի ոստիկանը` խօսելով այն մէկին հետ, որուն օթոմօպիլի գլանները գողցած էին:
ՄԷԿԸ — Կը գողնան լուացքի կապեր, կաթի շիշեր, կը տանին` ինչ որ գտնեն տան բակին մէջ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Մեզի հրահանգ տրուած է խիստ ըլլալ ուխտաւորներուն հետ, մանաւանդ գլխաւոր ճամբաներուն վրայ գտնուող քաղաքներուն մէջ շատցած են գողութիւնները: (Յանկարծ տեսնելով երիտասարդ վակապոնը, որ կեցած է Թօնիի խանութին առջեւ:) Ահա անոնցմէ մէկը: (Իր քովի մարդուն:) Դուն տեսար, երբ քու օթոմօպիլի անիւները տարին, այնպես չէ՞:
ՄԷԿԸ — Այո՛, այո՛, տեսայ մէկը, որ անիւները ուսին կորսուեցաւ մութին մէջ: Բայց չգիտցայ, որ իմ օթոմօպիլի անիւներն էին անոնք:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Այս մարդուն կը նմանէ՞ր: (Մակոսին.) Հէյ, քեզի կ’ըսեմ:
ՄԱՐԿՈՍ — (մօտենալով երկչոտ): Այո՛, տէր իմ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Մէկդի ձգէ այդ անմեղ ձեւերդ, ըսէ՛, տեսնեմ, ի՞նչ ըրիր օթոմօպիլի անիւները:
ՄԱՐԿՈՍ — Ես ոչինչ գիտեմ, պարոն ոստիկան:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ո՞ւր անցուցիր գիշերը:
ՄԱՐԿՈՍ — Այս տեղ, էն պատի տակ քնացեր էինք ընկերոջս հետ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ո՞ւր է ընկերդ:
ՄԱՐԿՈՍ — Ան ճամբայ ինկաւ Քօլօրատօ երթալու համար:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ըսել կ’ուզես, թէ անիւները տարաւ, որ ուխտաւորներուն ծախէ՞:
ՄԱՐԿՈՍ — Ընկերս անիւներ չունէր իր հետ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — (դառնալով այն մէկին, որուն օթոմօպիլի անիւները գողցուած էին): Այս մարդուն կը նմանէ՞ր քու տեսածդ:
ՄԷԿ — Շատ մութ էր, հաստատ ոչինչ կրնամ ըսել:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ի հարկէ, մութին մէջ անոր քթին ձեւը չէիր կրնար տեսնալ: (Գրպանէն մատիտ ու տետրակ հանելով:) Ի՞նչ է անունդ:
ՄԱՐԿՈՍ — Մարկոս Թրէյսի:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ի՞նչ գործով կը զբաղիս:
ՄԱՐԿՈՍ — Գործ չունիմ:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Հըմ, ինչո՞ւ գործ ունենաս, քանի որ գողութիւն կայ: Ո՞ր տեղէն կուգաս:
ՄԱՐԿՈՍ — Նիւ Եորքէն:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ո՞ւր կերթաս:
ՄԱՐԿՈՍ — Քօլօրատօ կ’երթայի եւ, սակայն, ուզեցի այստեղ մնալ. շատ էի յոգնած:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Անշուշտ, անշուշտ, տեսար, որ գողութիւնը այստեղ աւելի յաջող կ’երթայ:
ՄԱՐԿՈՍ — Բայց, տէր…
ՈՍՏԻԿԱՆ — (հանդարտ): Կրնաս լռել, եթէ չես ուզեր խնդիրը աւելի ծանրացնել: Ըսէ, տեսնեմ, ի՞նչ գործով զբաղած ես:
ՄԱՐԿՈՍ — Չեմ յիշեր:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Բաւական է, դու ձերբակալուած ես: (Թեւէն կը բռնէ ժիր:)
ՄԱՐԿՈՍ — Բայց ես գող չեմ:
ՁԱՅՆԵՐ — (պատուհաններէն).
— Գողը բռնուած է:
— Այո, այո՛, օթոմօպիլի անիւները գողցողն է…
— Տիկին Մարթինին լուացքի կապերը գողցողն ալ թերեւս նոյն մարդն է:
Կը հավաքուին կիներ, փոքր տղաքներ: Թօնին դուրս կ’ելլէ աղմուկով:
ԹՕՆԻ — Հա, բռնեցի՞ք, վերջապէս: Ես ալ հաշիւ ունիմ հետը, պարոն ոստիկան: (Թօնին երբ կը տեսնէ երիտասարդ վակապոնը, դէմքի խիստ արտայայտութիւնը կը փոխէ յանկարծ:) Վախնամ, սխալ մէկը բռնած էք, պարոն ոստիկան: Ժամը հինգին ես տեսայ, որ այս մարդը իր ընկերոջ հետ կը քնանար այդ անկիւնը:
ՈՍՏԻԿԱՆ — (խիստ): Ո՞վ է այդպէս կը խօսի եւ կ’ուզէ սմարթ ըլլալ:
Թօնին կը լռէ: Ոստիկանը մարդուն թեւէն բռնած կը տանի: Հաւաքուողներէն մաս մը կը հետեւի: Երբ գնացողները բաւական կը հեռանան, Թօնին կը խօսի պատին քով կեցող ծերուկին:
ԹՕՆԻ — Գողը այդ չէ, Աստուած վկայ: Խանութս շատ կանուխ կը բանամ: Ես տեսայ այս երիտասարդը, որ իր ընկերոջ հետ կը քնանար այստեղ, էդ պատի տակ: Անիւներու գողութիւնը պատահած է գիշերուայ ժամը 5-ին, իսկ ժամը 5-ին ես տեսայ այս երկու քնացողները: Այդ մարդը երազին մէջ չէր կրնար անիւներու գողութիւն ընել:
ԾԵՐՈՒՆԻ — Այ մարդ, գործիդ անցիր ու մի՛ պոռար. տեսնես, քեզ ալ կը ձերբակալեն որպէս գող:
ԹՕՆԻ — (պոռալով): Ի՞նչպէս թէ…
ԾԵՐՈՒՆԻ — (հանդարտ): Չէ՞ որ դուն ալ այդ ժամին փողոց ելած ես: Այս մէկը մտիկ ըրէ: (Ծխափողը պարպելով ու նորէն լեցնելով:) Ատենօք նապաստակ մը կը բռնեն ու կ’ըսեն, թէ` «դուն էշ ես, ականջներդ շատ կը նմանին, քեզ պետք է պայտենք»: Նապաստակը աղաչելով ի զուր կ’ըսէ, թէ` ինք էշ չէ, նապաստակ է: «Դե, լաւ, մենք պայտերը կը զարնենք, անկէ յետոյ դուն փաստէ, որ էշ չես»: Հիմա, սիրելի Թօնի, ոստիկաններուն եւ դատաւորներուն առջեւ շիտակ ըսելն ու իրաւունք պաշտպանելը յանցանք է: Այո՛, այո՛, եթէ շիտակ խօսիս, տուգանքը աւելի շատ է: Հիմա էդ երիտասարդը եթէ դատարանին մէջ ընդունի յանցանքը, ըսենք մէկ տարի բանտարկութիւն կայ. իսկ եթէ չընդունի եւ «անմեղ եմ» ըսէ, տեսնես երկու տարի կը բեռցնեն: Այդպէս է Թօնի, որ հիմա մարդիկ սկսած են նոր Քրիստոս մը փնտռել ու ճամբաները ուխտաւորներով կը լեցուին:
ԹՕՆԻ — My God, ճիշդ ես, ծերուկ, գործի տէր մարդ եմ, ոստիկաններուն դէմ երթալ չ’ըլլար: Բայց նորէն կ’ըսեմ` զուր տեղը տարին այդ երիտասարդը:
Թօնին խանութ կը շտկուի, մինչ ծերունին կը խօսի ինքնիրեն` ծխախոտը ափին մէջ փշրելով:
ԾԵՐՈՒՆԻ — Այո, այո՛, ժամանակն է, որ գայ Քրիստոսը. միայն թէ ալ ծերացայ, շատ ծերացայ, հաշիւներս փակեցի աշխարհէն: Աշխատեցայ ու միշտ զրկուած մնացի, զրկուեցայ Աստուծոյ ստեղծած արեւէն, եւ ահա օր մըն ալ ոսկորներուս մէջ ցաւ ինկաւ ու աւելի տառապեցայ:
Թօնին աճապարանքով նորէն սանդուխներէն վեր կ’ելլէ:
ԹՕՆԻ — My God, ճիշդ ես, ծերուկ, այդպէս է, որ մարդիկ նոր Քրիստոսը կը փնտռեն, քարուաններով ճամբայ կ’իյնան Քօլօրատօ երթալու համար:
ԾԵՐՈՒՆԻ — Այդպէս է, Թօնի, շատուոր են կեանքին մէջ զրկուածները եւ կը հաւատան, որ Քրիստոս երկրորդ անգամ եկած է աշխարհէն վերցնելու անարդարութիւնը: Երկու օր առաջ ճամբուն եզերքը կեցած` դիտեցի անցնողները: Եթէ ծեր չըլլայի, կը միանայի անոնց: Անոնք ուրախ էին, կ’երթային «Ովսաննա» ու «Ալէլուեա» երգելով: Ռումբերու այս սարսափելի աշխարհին մէջ կը փնտռեն Քրիստոսը, որ իրենց խաղաղութեան եւ ճշմարտութեան խօսքեր ըսէ:
ԹՕՆԻ — (կը խօսի հանդարտ): Ըսէ, ծերուկ, դուն կը հաւատա՞ս, որ ան իսկական Քրիստոսն է:
ԾԵՐՈՒՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ կը հաւատամ, որ պէտք է գայ Քրիստոսը եւ պէտք է հիմա գայ: Եթէ կը հաւատաս եկեղեցիիդ, Ս. Գրքին, պէտք է հաւատաս Անոր երկրորդ գալստեան: Ըսե, Թօնի, եթէ այս շրջանին չգայ, ալ ե՞րբ պիտի գայ: Եվ որովհետեւ, Թօնի, խոզ ու հաւ ծախել գիտես, գործդ լաւ է, փորդ կուշտ է, չես հաւատար Անոր: Այո, այո՛, քիչ առաջ ականջներովս լսեցի, որ կը հայհոյէիր Քրիստոսին: Երէկ ալ կը հայհոյէիր Պիլ Քօրնէլին, որ ճամբայ ինկած է Քօլօրատօ երթալու համար, առանց քու դրամդ վճարելու: Պիլը ես լաւ կը ճանչնամ, Թօնի. եթէ հաց մ’ունենայ, իր ընկերոջ հետ կը բաժնէ: Զաւակներու տէր է, երկար ատեն հիւանդանոց մնաց, հատցուց` ինչ որ ունէր: Վերջին օրը ինծի ըսաւ, որ քեզի դրամ տալիք է: Թօնի, ինչքան որ գիտեմ, Պիլը կը վճարէ այդ դրամը:
ԹՕՆԻ — (զղջում իր ձայնին մէջ): Անշուշտ, անշուշտ, Պիլին վրայ թող դրամս ըլլայ, տարիներով ինծի հետ առեւտուր ըրած է: Էհ, մարդ ես, նեղ օրեր կը պատահին: Եթէ վերջին օրը Պիլը տեսնէի, պիտի ըսէի. «Պիլ, հոգ մի՛ ըներ, այնպէս հաշուէ, որ տալիք չունիս»:
Այդ պահուն փողոցէն հրապարակ կը մտնէ խոշոր գլուխով, լայն ուսերով, բարձրահասակ նիկրօ մը:
ԾԵՐՈՒՆԻ — Ան է, Թօնի, Քօլօրատօյէն կուգայ, Քրիստոսը իր աչքերով տեսած է: Երկու շաբաթէ աւելի է, որ այդ քաղաքին մէջն է ու կը քարոզէ: Առաջին անգամն է, որ այս փողոցը կուգայ:
ԹՕՆԻ — Ես ալ առաջին անգամն է կը տեսնեմ մէկը, որ իր աչքերով տեսած է Քրիստոսը:
ՆԻԿՐՕ ՔԱՐՈԶԻՉ — Բարի լոյս, եղբայրներ:
ԹՕՆԻ եւ ԾԵՐՈՒՆԻ — Բարի լոյս, բարի լոյս:
ՆԻԿՐՕ ՔԱՐՈԶԻՉ — (լայն եզրերով գլխարկը կը դնէ գետնին վրայ, կը կենայ հրապարակին մէջտեղ, Ս. Գիրքը կը բանայ ու կը սկսի կարդալ բարձրաձայն Մատթէոսի 24 Գլ. 42 Համարէն): «Ուրեմն, արթուն կացէք, զի չգիտէք, թէ ո՞ր ժամուն ձեր Տէրը կուգայ: Պատրաստ կացէք, վասնզի որդի մարդոյ կուգայ այն տեսակ ժամուն, որ դուք չէք սպասեր: Եթէ չար ծառան իր սրտի խորքին մէջ ըսէ, որ Տէրը ուշ պիտի գայ եւ սկսի գինովներու հետ հարբել, այն ատեն կրնայ Տէրը յանկարծ ներս մտնել, այն տեսակ օր մը, երբ ինք բնաւ չէր ակնկալեր»:
Մօտի բնակիչները, իրարու ձայն տալով` կը հաւաքուին նիկրօ քարոզիչին շուրջ:
ՁԱՅՆԵՐ — Քօլօրատօյէն եկած է…
ՁԱՅՆԵՐ — Քրիստոսը իր աչքերով տեսած է…
ՆԻԿՐՕ ՔԱՐՈԶԻՉ — (իր ընթերցումը լրացնելէ յետոյ, կը սկսի քարոզել ծանր ու բամբ ձայնով): Երկրորդ անգամն է, որ Աստուած կը ղրկէ իր սիրելի զաւակը մարդու կերպարանքով: Ան այստեղ, աշխարհի մէջն է, որովհետեւ շատցեր են մարդկային չարութիւնները: Ան եկաւ, երբ ազգեր ազգերու վրայ ելած են, երբ չի մնար քարը քարի վրայ: Ան եկաւ իր բոլոր նշաններով: Դուն, անիծւած մաքսաւոր եւ այս օրերու անիծուած փարիսեցի, (մատը իր մօտ կեցող Թօնիին ուղղելով) ի՞նչ կ’ընես անոր համար: Քրիստոս այստեղ է, նորէն եկած է մեզի համար, եւ մենք չենք ճանչնար զայն ու կը հայհոյենք անոր: Չենք ճանչնար մեր Աստուածը, զոր պաշտեցինք եւ որուն համար տաճարներ կառուցինք: Դուն, այս օրերու անիծուած փարիսեցի, (նորէն մատը շեշտելով Թօնիին, որ զգածուած` նպարավաճառի լայն գոգնոցին ծայրը կամաց մը աչքերուն կը տանի) ի՞նչ ըրիր անոր համար:
Հաւաքուած ժողովուրդին մէջ գիրուկ կնոջ մը մօտ նիհար հասակով մէկը զբաղած է կնոջ դրամապանակը բանալու կամաց ու զգոյշ. վերջ ի վերջոյ կը յաջողի գողնալ դրամը ու փոխել իր տեղը: Տիկին Մարթին դուրս կ’ելլե իր տունէն` ծրար մը կապած կռնակին. արդէն պատրաստ է ճամբայ ելլելու: Քարոզի ընթացքին մարդ մը, որ կարճատես է, մօտ 50 տարեկան, տուներուն թիւերը կը ճշդէ` իր ուզած թիւերը գտնելու համար: Կօշկակարը այս որ կը տեսնէ` կը հասկնայ եւ, առանց բառ մը խօսելու հետը, ցոյց կուտայ այն դուռը, ուրկէ դուրս ելած էր Լօրան: Թիւ փնտռողը վեր կ’ելլէ: Պառաւը ներս կ’առնէ կարճատես մարդը եւ զգուշութեամբ կը գոցէ դուռը: Թօնին, զգածուած նիկրօյի քարոզէն, յանկարծ կը նշմարէ տիկին Մարթինը, որ ճամբայ ինկած է հաշմանդամ Չալիին կառքը քշելով:
ԹՕՆԻ — (պոռալով): Տիկին Մարթին, տիկին Մարթին… (Կը մօտենայ:)
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Երբ վերադառնամ, Թօնի, երբ դրամ ունենամ, երբ լաւանայ Չալին:
ԹՕՆԻ — Սպասէ, տիկին Մարթին…
Թօնի արտորանքով խանութ կը մտնէ եւ խոշոր հէմ մը առած` վեր կ’ելլէ` գոհ ժպիտ մը բռնած դէմքին:
ԹՕՆԻ — Տիկին Մարթին, այս հէմը հետդ առ, ճամբան պէտք կ’ըլլայ: (Թօնին հէմը կը տեղաւորէ Չալիի կառքին մէջ:)
ՆԻԿՐՕ ՔԱՐՈԶԻՉ — (այս գործողութիւններու ընթացքին կը քարոզէ ան): Դո՛ւն, այս օրերու անիծուած փարիսեցի, (ուրիշ մը ցոյց տալով) որ պաշտեցիր, դուն որ սպասեցիր երկրորդ գալստեան…
Տիկին Մարթին, զգածուած, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թօնիին:
ԹՕՆԻ — (գոհ եւ ժպտուն): Good by, Չալի… (Չալին երկար ձայն մը կը ձգէ:)
Տիկին Մարթին սայլը քշելով կը հեռանայ: Թօնին նիկրօյին քարոզին կը դառնայ: Գիրուկ կինը, նոյնպէս զգածուած նիկրօյի քարոզէն, իր թաշկինակն առնելու համար դրամապանակին մէջ կը նայի ու յանկարծ կը տեսնէ դրամապանակը բաց ու դրամը գողցուած:
ԿԻՆ — (ճչալով): Դրամս, դրամս, դրամս գողցան…
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ
Վարագոյրը դեռ չբացուած` կը լսուի կարդինալին քարոզը եկեղեցիին մէջ: Ծանր ձայնին մէջ կայ կամարներու արձագանքը:
ՔԱՐՈԶԸ — Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ. «Յայնժամ երբ մէկը ձեզի ըսէ, թէ հոս է Քրիստոսը կամ հոն, մի՛ հաւատաք, վասնզի սուտ մարգարէներ եւ քրիստոսներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ ցոյց պիտի տան եւ ընտրեալները պիտի մոլորեցնեն»: Բարեկամներս, ան ոչ միայն սուտ մարգարէ եւ սուտ Քրիստոս է իր ամէն նշաններով եւ հրաշքներով, այլեւ աւազակապետ մը, որուն կողքին պոռնիկներ կը քալեն:
Ժողովուրդին մէջ աղմուկ, որ հետզհետէ կը հատնի ու կը լսուի մեքենաներու ժխոր գործարանի մեջէն: Գործաւորները կը խօսակցին մեքենաներու աղմուկին մէջ:
Ա. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ան կուգայ, այսօր քաղաք կը մտնէ:
Բ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Կուգայ, կուգայ: Պիտի երթա՜ս տեսնելու:
Գ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Մեզի չպիտի ձգեն, որ դիմաւորելու երթանք:
Դ. ԳՈՐԾԱՒՈՐ — Ան կուգայ ինծի համար, քեզի համար, աշխարհին համար:
Հետզհետէ կը դադրի մեքենաներուն աղմուկը: Այս անգամ կը լսուի կիներու, տղամարդերու եւ փոքրիկներու աններդաշնակ ձայներու խմբերգը թմբուկի հետ:
Կլօրի, Կլօրի, Ալէլուեա…
…………….
Կարճ լռութենէ մը յետոյ կը բացուի վարագոյրը:
Տեսարանն է քաղաքի ոստիկանատունը: Պաշտօնեան` Ճէք, իր աշխատանքով զբաղած է եւ միեւնոյն ատեն մտիկ կ’ընէ Քէփթընին, որ կը խօսի ձայնին մէջ կիրք դնելով: Անկիւն մը նստած է մէկ աչքը կապուտցած, նիհար, խեղճուկ արտայայտութիւնով քաղաքացի մը: Գիրուկ ոստիկան մը, գլխարկը սեղանին վրայ, տեղեկագրութիւն մը գրելու քրտնաջան աշխատանքին մէջ: Դռան մօտ տարիքաւոր ոստիկան մը իր նոր գնած կօշիկները հագնելու դանդաղ շարժումին մէջ է, առանց ուշադրութիւն դարձնելու շուրջը: Դուրսը կայ եղջերափողերու աղմուկ եւ բազմութեան ժխոր: Ժողովուրդը քաղաք լեցուած է դիմաւորելու համար «Քրիստոսը»:
ՔԷՓԹԸՆ — (ոտքի վրայ): Եթէ Չիֆին մնայ, այս քաղաքի ոստիկանատունը Փրկութեան Բանակի պաշտօնատուն կը դառնայ: Գասպար Սմիթհ չորս ամիսէն աւելի է, որ այս քաղաքին մէջ է եւ տակաւին ձերբակալուած չէ: Կարծես բաւական չէին գործած ոճիրները, վերջին անգամ ոստիկան Ղուկասի ականջը կտրեց: Քանի մը անգամ դիտել տուի Չիֆին, որ այդ Քրիստոս ըսուած աւազակապետը պէտք չէ պահել մեր նահանգի սահմաններուն մէջ: Էքսպորոյի պատուելին աւելի շուտ հասկցաւ վտանգը, երբ ուզեց իր ժողովուրդով «Քրիստոս»ի քէմփին յարձակիլ: Երեք շաբաթ առաջ եթէ այդ Քրիստոս ըսուածը քշուէր մեր նահանգի սահմաններէն, այսօր այս փառաւոր մուտքը չէր ունենար այս քաղաքին մէջ: Երեւակայել որ ամբողջ Ամերիկայի մէջ միակ քաղաքն է, որ այսքան մեծ ընդունելութիւն կ’ընէ պարզ աւազակապետի մը:
Հեռախօսի զանգ:
ՃԷՔ — (կը պատասխանէ հեռախօսին): Այո, այո, այստեղ է: (Քէփթընին երկարելով թէլէֆոնը:) Չիֆն է, Քէփթըն:
ՔԷՓԹԸՆ — (մեղմ ձայնով): Հէլօ, Չիֆ, ի հարկէ, ամէն բան կարգին է: Կարծեմ, ժամը 4-ին պիտի մտնէ քաղաք: Այժմ 20 ձիաւոր ոստիկաններ կան դուրսը: Կարծեմ բաւական է կարգը պահելու համար: Ինչպէ՞ս, անշուշտ, անշուշտ: Ուրեմն, տակաւին ժողովի մէջ էք: Անմիջապէս, Չիֆ: (Կը գոցէ հեռախօսը:)
ՃԷՔ — Ինչպէս կ’երեւի, երկար ժողով կ’ունենան:
ՔԷՓԹԸՆ — (հպարտանքով): Կ’երեւի, բարեկամս` Սենաթօր Ճանսըն, ուզած է, որ ես ալ ներկայ ըլլամ ժողովին: Այո՛, այո՛, տակաւին ուշ չէ գործի անցնելու: (Կը մեկնի:)
ՊԻԼ-ԾԵՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — (Քէփթընին): Նայէ, Քէփթըն, որ Ղուկասին նման չ’կտրեն ականջներդ:
Քէփթընին դուրս ելած պահուն ներս կը մտնէ լաւ հագուած, 60-ի մօտ, մազերու հաճելի ճերմկութիւնով քաղաքացի մը:
ՔԷՓԹԸՆ — (մուտքին մօտ): Ի՞նչ կ’ուզէք, պարոն:
ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — Կ’ուզեմ ոստիկանապետը տեսնել:
ՃԷՔ — Նստեցէք, խնդրեմ: (Քէփթընը դուրս կ’ելլէ:) Չիֆը կուգայ շուտով:
Քաղաքացին կը նստի: Անհամբեր է, յաճախ ժամացոյցին կը նայի: Ամէն անգամ որ ժամացոյցին կը նայի, խեղճուկ Քաղաքացին կը ծռի ժամը հասկնալու համար:
ՃԷՔ — Հէյ, Պիլ… Հիմա ինչպէ՞ս է Ղուկասը:
ՊԻԼ — (միշտ կօշիկով զբաղած): Ինչպէ՜ս պիտի ըլլայ, կտրուած ականջ մը այլեւս տեղը չի դրուիր: Քեզի բան մը ըսեմ, Ճեք, մէկ գլուխին մէկ ականջ ալ կը բաւէ, մանաւանդ Ղուկասի գլխին: Ան արդէն շատ մտիկ ընել չէր սիրեր: Երէկ հիւանդանոց գացի: Երեւակայէ, մէկ փոքր ականջի համար ամբողջ գլուխը փաթթած էին:
ՃԷՔ — Ինչպէ՞ս եղած է, Պիլ, ականջը ամբողջութեա՞մբ կտրուած է:
ՊԻԼ — Էնպէս շիտակ կտրուած է, որ մնացած է մեղուի չափ փոքրիկ ծակ մը: Ղուկասը շատ բախտաւոր ելաւ: Ուրիշներ կեանքերնին տալով հերոս կ’ըլլան, իսկ ան իր մէկ փոքրիկ ականջը վրայ տալով հերոսացաւ:
ՃԷՔ — Ինչ ալ ըսեն, Պիլ, քաջութիւն է «Քրիստոս»ի քէմփը մտնել, ձերբակալելու համար Գասպար Սմիթհը:
ՊԻԼ — Իրեն ըսուեցաւ, որ մինակը չերթայ, վտանգաւոր է: Ղուկասը մտիկ ընողներէն չէ, ահա թէ ինչու մէկ ականջն ալ կը բաւէ:
Ներս կը մտնէ ուրիշ պաշտօնեայ մը, Ֆրէնք, լուսարգելը ճակատին, թեթեւ ճաղատով, առանց ճաքէթի:
ՖՐԷՆՔ — Հէլօ, Պիլ, նորէ՞ն կօշիկ:
ՊԻԼ — Այս անգամ լաւ կօշիկ մը գնեցի, Ֆրէնք: (Կօշիկին մէկը երկարելով Ֆրէնքին:) Նայէ, նայէ, ամէն մէկ կութը ձեռքով կարուած է:
ՖՐԷՆՔ — Հըմ, լաւ կօշիկ կ’երեւի, թէեւ կօշիկէ լաւ չեմ հասկնար: Այ մարդ, դուն ալ աշխարհ եկար կօշիկներու մէջ տանջուելու համար:
ՊԻԼ — Ճիշդ ըսիր, Ֆրէնք, My God, ճիշդ ըսիր. ես արդէն ծերացայ եւ միշտ ալ լաւ կօշիկ մը փնտռեցի: Ինչ հոգ, որ աշխարհը լայն է, երբ կը նեղեն կօշիկներս:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — (խօսելով քթին տակէն): Բայց Լօրան ճանչընալու համար բնաւ ծեր չես:
ՖՐԷՆՔ — Ի՞նչ, չըլլա՞յ որ դուն ալ կը ճանչնաս Լօրան, Պիլ:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Էնպէս կը ճանչնայ, կարծես կնքահայրը եղած է:
ՊԻԼ — Կը հաճի՞ս գոցել այդ անիծուած բերանդ: Ականջ մի՛ տար, Ֆրէնք, այդ յիմարին: (Ինքնիրեն:) Իսկապէս որ, լաւ կօշիկ մը ունեցայ:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Հէյ, Ֆրէնք, ինչպէ՞ս կը հեգեն Մքնամերա:
ՊԻԼ — Չըսի՞, որ անիծուած յիմար մըն է. ան իր հօր անունն անգամ պիտի չկրնայ հեգել:
ՖՐԷՆՔ — Իսկապէս, կամուրջ մը շինելէ աւելի դժուար է հեգել այդ անունը: Ատենօք ուզած եմ ճարտարապետ ըլլալ: Փորձեմ: (Ֆրէնք կը հեգէ անունը ու կը մօտենայ իր աշխատանքի սեղանին` խօսքը Ճէքին ուղղելով:) Ինչպէս կ’երեւի, Չիֆը եկած չէ տակաւին: Հարցը բաւական ծանր ըլլալու է, ըսել կ’ուզեմ սենաթօրին չափ ծանր: Կարծեմ, 250 փաունտ կը կշռէ մեր սիրելի սենաթօրը: Հա, քիչ առաջ Քէփթընին ձայնը առի, բաւական ըսելիքներ ունէր:
ՃԷՔ — Է, գիտես, ան առիթը չի փախցներ ձայնը բարձր ձգելու, երբ Չիֆին դէմ բան մը ունի ըսելիք: Անոր ներկայութեան, ըսելիք շատ բան չ’ունենար:
ՖՐԷՆՔ — Այդ նոր բան չէ, Ճէք, բոլորն ալ ըսելիքներ կ’ունենան, երբ ընտրութիւնները մօտենան: Լինքընի եւ Ճէֆըրսընի ճառերը կը սերտեն յանուն դեմոկրասիի եւ յանուն դեմոկրասիի իրարու կը հայհոյեն: Անցեալ ընտրութեան միայն իմացայ, որ բարեկամդ` նախկին քաղաքապետը, իր կինը կը ծեծէ եղեր: Քէփթընին միտքը ուրիշ է, Ճէք, ան շատ լաւ գիտէ, թէ հովը ո՞րտեղէն կուգայ: Ան շատ սիրալիր կ’ուզէ ըլլալ կառավարիչին, մանաւանդ սիրելի սենաթօրին հետ, այլ խօսքով` ինքզինքը բարձրագոյն քաղաքականութեան կ’ուզէ յարմարցնել, մանաւանդ որ հիմա տեսակ մը օրէնք դարձուձած են սա «Քրիստոս»ի դէմ եղած հալածանքը: Ինչո՞ւ չէ, քաղաքական եւ տնտեսական օրէնք: Նկատած եմ, որ ամէն Զատիկին մեր Քէփթընն ալ իր կարգին կառավարիչին պէս իր զաւակները կը շարէ իրարու ետեւէ հաւձագերու նման եւ եկեղեցի կը մտնէ, միայն այն տարբերութեամբ, որ կառավարիչին տողանցքը կը հրատարակուի Սընին մէջ, իսկ Քէփթընինը` ոչ: Մենք գիտենք նաեւ, որ կառավարիչը դդումէ փայ շատ կը սիրէ, եւ կինը աշխարհի առաջնակարգ դդումէ փայ պատրաստողն է:
ՃԷՔ — Դուն չգիտես, որ քիչ առաջ Քէփթընն ալ կանչուեցաւ ժողովին:
ՖՐԷՆՔ — Well, well, ուրեմն, մինչեւ Քէփթընին հասած է խնդիրը:
Աճապարանքով ճակատի քրտինքը սրբելով` ներս կը մտնէ նպարավաճառ Թօնին, լաւ հագուած նոր հարստացողի պէս:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — (Թօնիին): Հէ՜յ, ո՞ւր կ’երթաս այդպէս:
ԹՕՆԻ — Կ’ուզեմ Չիֆը տեսնել:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Սպասէ, սպասէ: (Դառնալով Ֆրէնքին եւ Ճէքին:) Այս այն մարդն է, որ գաղտնի տեսակցութիւն ունեցեր է Գասպար Սմիթհի հետ:
ԹՕՆԻ — Գասպար Սմիթհ իմ լաւ բարեկամն է: Իմ բարեկամն է նաեւ «Քրիստոսը»:
Մաքուր հագուած քաղաքացին զարմանքով Թօնիին կը նայի:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Ըսի որ վտանգաւոր մէկն է:
ԹՕՆԻ — Դուք կը սխալիք, պարոն ոստիկան, թերևս ուրիշի հետ կը շփոթէք զիս: Ես Լինքըն հրապարակի նպարավաճառն եմ: Զիս շատերը կը ճանչնան:
ՃԷՔ — Թերեւս կարեւոր յայտնութիւն մը ունի ընելիք:
ԹՕՆԻ — Ես ոչինչ ունիմ յայտնելու: Եկած եմ ոստիկանապետը տեսնելու:
ՃԷՔ — Չիֆը այստեղ չէ այժմ:
ՄԱՔՈՒՐ ՀԱԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — (շատ անհամբեր): Պարոններ, կրնայի՞ք ըսել, թէ ե՞րբ պիտի գայ Չիֆը:
ՃԷՔ — (գրպանի ժամացոյցը նայելով): Մինչեւ հիմա պէտք է եկած ըլլար:
ԹՕՆԻ — Բայց ինձ ըսուած էր, որ այս ժամուն զինքը տեսնեմ: (Թուղթը կը փնտռէ գրպանին մէջ:)
ՖՐԷՆՔ — (Թօնիին): Ուրեմն, ոստիկանապետն է, որ կ’ուզէ տեսնել քեզ;
ԹՕՆԻ — Չգիտեմ, չգիտեմ: (Վերջապէս, գտնելով թուղթը կ’երկարէ Ֆրէնքին:)
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Կը տեսնէ՞ք, թէ ի՜նչքան կասկածելի խօսքեր կ’ընէ:
ՖՐԷՆՔ — (թուղթը կարդալէ ետքը): Այստեղ կասկածելի ոչինչ կայ: Ընդհակառակը, Չիֆին ղրկած մէկ նամակն է, կ’ուզէ տեսնել Անթօնի Սըլէրին:
ԹՕՆԻ — (հպարտանքով): Այդ ես եմ, Անթօնի Սըլէրի, Լինքըն հրապարակի նպարավաճառը:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Օհ, այդպէս, ներողութիւն: (Ոստիկանը կը շարունակէ իր աշխատանքը:)
ՖՐԷՆՔ — Ուրեմն, դուք այն նպարավաճառն էք, որ Main փողոցին վրայ նոր խանութ մը շինել կուտաք:
ՃԷՔ — (հեռախօսին կպատասխանէ): Հէլօ, թիւ 8-ը, անմիջապէս: (Կը սեղմէ զանգին կոճակը. կ’երեւան երկու ոստիկաններ դրան վրայ:) Վակոն, թիւ 8-ը, ձերբակալութիւն կայ:
Ոստիկանները կը մեկնին:
ԹՕՆԻ — (պատասխանելով Ֆրէնքին լայն ժպիտով): Անշուշտ, անշուշտ քաղաքի էն լաւ նպարավաճառին խանութը պիտի ըլլայ:
ՖՐԷՆՔ — Ձեր խանութը հիմա Լինքըն հրապարակի վրա՞յ է, ուր կ’աշխատի տիկին Մարթինին տղան: Ի՞նչ է անունը:
ԹՕՆԻ — Չալի, Չալի:
ՃԷՔ — (Ֆրէնքին): Այդ ա՞յն տղան է, որ «Քրիստոս» բժշկեց հրաշքով:
ԹՕՆԻ — Ճիշդ ան է, ճիշդ ան:
Ոստիկանատան վակոնին զանգը հետզհետէ կը հեռանայ:
ՖՐԷՆՔ — Եւ երեւակայել, որ հաշմանդամ ծնած ու գլաններու վրայ մեծցած է: Անցեալ օր կինս եկեղեցիին մէջ տեսած էր այդ տղան իր մօրը հետ միասին:
ԼԱՒ ՀԱԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — (ծանր շեշտով): Ինչ ալ ըլլայ, պարոններ, պէտք է առաջքն առնել այդ անպիտան շարժումին: Այո, այո, խումբ մը աւազակներ եւ պոռնիկներ իրարու մօտ եկած` այս երկիրը քանդելու ելած են:
ԹՕՆԻ — (բարկացած. յանկարծ մօտենալով լաւ հագուած քաղաքացիին): Դուն, դուն չհամարձակիս վարկաբեկել Քրիստոսը, որ Աստուծոյ որդին է: Եթէ համարձակիս վարկաբեկել Քրիստոսը, որ Աստուծոյ որդին է, դուն անիծուած յիմար մըն ես:
ԼԱՒ ՀԱԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — (յանկարծ ոտքի ելլելով): Դուն չհամարձակիս ինծի անիծուած յիմար ըսել:
ՃԷՔ — Մի՛ մոռնաք, պարոններ, որ ոստիկանատան մէջ էք:
ԼԱՒ ՀԱԳՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — Բայց դուք թոյլ կուտաք, որ ոստիկանատան մէջ այդ աղտոտ օտարականը ինծի անիծուած յիմար կոչէ: Իմ անունը Ճան Ուայթ է, Ճօրտըն վաճառատան տնօրէն:
ԹՕՆԻ — (նախկին բարկութիւնով): Դուն ինձ աղտոտ օտարակա՞ն ըսես…
Գիրուկ ոստիկանը, երբ կ’իմանայ Ուայթի անունը, ոտքի կ’ելլէ եւ Թօնիին վզէն ժիր բռնելով կը նստեցնէ: Թօնին կը նստի հլու, թէեւ բարկացած. քթին տակէն բաներ մը ըսելով, եւ կը նկատէ, որ փրթած է շապիկին կոճակը:
ՃԷՔ — (մօտենալով Ուայթին): Ներողութիւն, պարոն Ուայթ, որ այս անհաճոյ խօսքերը եղան: Ներեցէք, որ նախապէս չճանչցայ Ձեզ: (Ֆրէնք ակնոցին վրայէն կը նայի կամաց:) Նկատեցի, որ կ’աճապարէք: Ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլլայ:
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Այլեւս չեմ կրնար սպասել, եկած եմ ըսելու… (Ոստիկան մը դռնէն օթոմօպիլի մը թիւը կը կանչէ տէրը գտնելու համար:) Եկած եմ ըսելու, որ կինս յիմարացեր է…
ԹՕՆԻ — (քիչ մը ուշ մտաբերելով): Այդ իմ օթոմօպիլին թիւն է: (Տեղէն կ’ելլէ աճապարանքով եւ դուրս կը քալէ:)
ՈՍՏԻԿԱՆ — (դռնէն): Ոստիկանատան վակոնին շատ մօտ կեցուցած էք Ձեր օթոմօպիլը:
ԹՕՆԻ — Իրաւ, տեղ չկար. փողոցն ամբողջ օթոմօպիլներով լեցուած էր: (Կը մեկնի:)
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Այո, այո, ուրիշ բառ չեմ կրնար գործածել, իսկ եւ իսկ յիմարացեր է:
ՖՐԷՆՔ — Վախնամ սխալ տեղ եկած էք պարոն Ուայթ. բժիշկները թերեւս աւելի օգտակար ըլլան նման պարագայի մը:
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Ոչ պարոն, մտածեցի որ ոստիկանութիւնը աւելի օգտակար կ’ըլլայ: Կինս այն յիմարներէն է, որ կը հաւատայ, թէ եկած է Քրիստոսը եւ այսօր քաղաք պիտի մտնէ: Երբ պաշտօնատունէն վերադարձայ, տեսայ, որ տունս լեցուած էր մուրացկաններով ու աղտոտ մարդերով: Կինս այդ բոլորին համար խնճոյք սարքած էր: Միակ այդ չէ բոլորը: Ան իր ադամանդները եւ զարդեղէնները ծախեր է եւ դրամը բաշխեր աղքատներուն: Քաղաքը լեցուն է վաշխառուներով: Նախ, կ’ուզեմ, որ ոստիկանութիւնը հետապնդէ ու գտնէ ադամանդները, որ շատ աժան գնով ծախուած են:
ՃԷՔ — Դուք առաջինը չէք, պարոն Ուայթ, եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլաք: Ոստիկանութիւնը ետեւէլ է արդէն եւ վերջին երեք օրուան ընթացքին այդ վաշխառուներէն ձերբակալած է չորս հոգի:
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Ոճիր է մարդկային տկարութենէն օգտուիլ եւ այնքան աժան գնել ադամանդները, որոնց մեծ գին վճարուած է: Եւ այդ գնողներն ու այդ տկարութիւնը քաջալերողները հրէաներն են: Անոնք են, որ չեն հաւատար եւ աւելի շատ կը տարածեն այս Քրիստոս ըսուածին քարոզները:
ՃԷՔ — Արդէն երկու օր է` քաղաք թափուած են գրպանահատներ, կաղեր, կոյրեր, մուրացիկներ, նիկրօներ, որոնք Քրիստոսի ճամբուն վրայ կը փռուին եւ իրենց երեսները կ’արիւնեն: Քիչ առաջ ձերբակալուեցաւ մէկը, որ Քրիստոսի լուսանկարը ծախու հանած էր, որպէս թէ Քրիստոսի կողմէն ստորագրուած: Մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ մինչեւ հիմա ոչ մէկ օրաթերթ կրցած է լուսանկարել զայն: Լուսանկարին մէջ կան աշակերտները, ժողովուրդը, ծառեր, բլուր, բայց ոչ Քրիստոսը: Շատեր այդ ձեւով կ’ուզեն բացատրել, թէ այդ մարդը իրականին մէջ հոգի է:
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Իրականին մէջ, պարոն ոստիկան, ան շատ հմուտ կախարդ մըն է: Նոյնիսկ քանի մը կախարդներ երեւան եկան` մերկացնելու անոր հրաշքները: Շիքակօյի մէջ կախարդներ եղան ջուրը գինիի փոխող: Ես կարդացի բժիշկի մը յոդուածը բժշկուած հաշմանդամ տղուն մասին: Ան կը փաստէ, թէ այդ հաշմանդամ տղան ճամբորդութիւնով բժշկուած է: Ինչ ալ ըլլայ, ըլլայ նոյնիսկ անիծուած ոգի, պէտք է այս շարժումին առաջքն առնել: Երկար ատեն է, որ մեր վաճառատան գործերը դադրած են: Շիքակօյի սպանդանոցներու նման այս երկիրը հետզհետէ սնանկութեան կ’երթայ: Ժողովուրդը կը դադրի միս ուտելէ:
ԽԵՂՃՈՒԿ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — (կ’ուզէ խօսիլ, սակայն, երկչոտութիւն մը կայ մէջը): Ներողութիւն, պարոններ… (Բառերը կը կորսուին Ուայթի խօսքերուն մէջ:)
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Կարելի՞ է երեւակայել մէկը, որ հակառակ ըլլայ քաղաքակրթութեան եւ ազգային ձգտումներուն…
ԽԵՂՃՈՒԿ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — Ներողութիւն, պարոններ, ես ալ ճիշդ ատոր համար եկած եմ ոստիկանատուն: Այսինքն, այսինքն, մսի խնդրի համար: Երկու շաբաթ է` մեր տան մէջ կռիւ կայ: Կինս այլեւս կը մերժէ միսով կերակուր պատրաստել` ըսելով թէ մեր կեանքին մէջ ոճիր գործած ենք կենդանիները մորթելով եւ անոնց միսը ուտելով: Ես չգիտեմ, պարոններ, ո՞րտեղէն ձեռք ձգած են Քրիստոսի այն քարոզը, որ կը խօսի կենդանիներու մասին: Ես մսի պէտք ունիմ, պարոններ, բժիշկը ինձ յանձնարարած է միս ուտել: Բժիշկը կ’ըսէ, որ քալօրիի պակաս ունիմ: Վերջին շաբաթը կնոջս միացաւ նաեւ զոքանչս:
ՖՐԷՆՔ — Հա, հիմա հասկցայ: Կ’երեւի թէ այդ սեւցած աչքդ զոքանչիդ գործն է: Իսկապէս բաւական լաւ գործ ըրած է:
ԽԵՂՃՈՒԿ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ — Շատ ճիշդ ըսիք, պարոն, Աստուած ձեզի օգնէ, եթէ դուք ալ զոքանչ ունիք: Այսօր ըսի, որ եթէ կինս իմ ուզած կերակուրները չպատրաստէ, այդ հիման վրայ կրնամ ապահարզան ստանալ: Այս ըսելս գիտցայ. էհ, բան մըն էր ըսի, տեսնեմ այս զոքանչս յարձակեցաւ իմ վրայ եւ սեւցուց աչքս: Եթէ քաջութիւնը չունենայի ինքզինքս դուրս ձգելու, Աստուած վկայ, գլուխս ալ վրայ տուած էի: Միայն կ’ուզեմ, որ ոստիկան մը ընկերանայ ինծի, մինչեւ տան սանդուխէն վեր ելլեմ: Տունէն իմ գործիս վերաբերեալ կարեւոր թուղթեր ունիմ առնելիք:
ՃԷՔ — Ներողութիւն, պարոն Ուայթ, այս խեղճ մարդուն հարցը իրաւ ծանրակշիռ է: (Ծերուկ ոստիկանին, որ կը շարունակէ նոր առած կօշիկով զբաղիլ:) Հեյ, Պիլ…
ՊԻԼ — Ի՞նչ, զոքանչի՞ դէմ: Եւ երեւակայել, որ կեանքիս մէջ առաջին անգամն է, որ լաւ կօշիկ մը գնեցի: (Ոտքի կ’ելլէ ու քանի մը անգամ կը քալէ կօշիկները փորձելու համար:) Երթանք, երթանք: (Միասին կը քալեն. աչքերը միշտ կօշիկներուն, կը խօսի, երբ դրան ելքին կը մօտենան:) Հէյ, Ճէք, եթէ ուշանամ, հիւանդանոցին կառքը շուտ ղրկէ, չմոռնաս: (Դուրս ելլելու պահուն:) Քանի՞ տարեկան է զոքանչդ:
ԳԻՐՈՒԿ ՈՍՏԻԿԱՆ — Լսեցի՞ք, թէ այդ անպիտան ծերուկը ի՞նչ հարցուց: Զարմանալի պիտի ըլլար, որ չճանչնար Լօրան: (Ոտքի կ’ելլէ տեղեկագիրը ծալելով ու ոստիկանապետի սեղանին վրայ կը դնէ, յետոյ թուղթի կտոր մըն ալ գլխարկին մէջ կը տեղաւորէ եւ գլխարկը դնելով դուրս կ’ելլէ:)
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — Եւ ինչո՞ւ զարմանալ, որ սնանկացեր են Շիքակօյի միս արտադրող ընկերութիւնները: Միշտ ալ ըսած եմ, որ եթէ այս շարժման առաջքը չառնուի, վտանգի տակ են նաեւ դրամատուները: Չքաւորութիւնն ու նիկրօն փողոց իջած են: Կրնաք երեւակայել, թէ իմ կինը այնքան յիմարացեր է, որ աղտոտ մուրացիկներու համար վարձեր է նիկրօններու երաժշտախումբ մը: Երբ ներս մտայ յանկարծ, տեսայ երգ ու պար, իրար անցած են եւ կոչնականները գինի կը խմեն: Տեսայ, որ կինս մետաքս հագած` կը պարէր աղտոտ մուրացիկի մը հետ: Երբ բարկացած տունէն դուրս ելայ, սանդուխին վերեւ տեսայ կաղ մը, որ ճիտրպըկ կը պարէր: Երբ բարկացած դռնէն դուրս կ’ելլէի, հաշմանդամ մըն ալ քթին թիզ չափեց ինծի:
ՖՐԷՆՔ — Ինչպէս կ’երէեւի, պարոն Ուայթ, ձեր հարցը շատ ալ պարզ չէ, եւ ոստիկանապետի ուժերէն շատ է վեր: Կարելի չէ իշխել իրար խառնուած այդ տարրերուն վրայ: Կարելի՞ է իշխել կայծոռիկի լոյսին վրայ, թէեւ ճանճ մըն է փոքրիկ: Միայն թէ, պարոն Ուայթ, ի՞նչ պիտի կրնաք ընել, եթէ ձեր կինը միանայ այդ նոր Քրիստոսի խումբին:
ՃԱՆ ՈՒԱՅԹ — (ձայնը բարձրացնելով): Ի՞նչ, այն խումբի՞ն, ուր լեցուն են պոռնիկներ ու աւազակներ: Այդ պարագային ես կրնամ սպաննել իմ կինը: Չէ, չէ, ես միշտ ալ աշխատած եմ Ուայթի տան պատիւը բարձր պահել: Ինչպէս կը տեսնեմ, ոստիկանապետը շատ ուշացաւ: (Ժամացոյցին նայելով:) Ես այլեւս չեմ կրնար սպասել: (Ոտքի կ’ելլէ:)
ՃԷՔ — Հանդարտեցէ՛ք, պարոն Ուայթ, կը կարծէ՞ք, թէ ձեր կինը պիտի ուզէ պատասխանել կարգ մը հարցումներու, եթէ գաղտնի ոստիկան մը ղրկուի: Այն ատեն ադամանդները գտնել թերեւս դժուար չըլլայ:
ՈՒԱՅԹ — Չգիտեմ, չգիտեմ. միայն այն գիտեմ, որ կինս յիմարացեր է: (Դառնալով Ֆրէնքին:) Ճիշդ, կրնայ ըլլալ, պարոն. իմ մտքէս անցած չէր, որ կինս օր մը կրնայ միանալ այդ աւազակախումբին: Բայց ես հիմա պէտք է փաստաբանիս մօտ երթամ: Ցտեսութիւն, պարոններ, պիտի ջանամ անձամբ տեսնել ոստիկանապետը: (Կը մեկնի:)
ՖՐԷՆՔ — (կամաց մը մօտենալով Ճէքին): Ճէք, քեզի բան մը ըսե՞մ. ես լաւ հոտ չեմ առներ. Քրիստոսի գլխին բան մը կը կատարուի: Ես Չիֆը լաւ կը ճանչնամ. ինչ որ ինք չ’ուզեր ընել, կը յանձնէ Քէփթընին: Այլապէս Քեփթընը ինչո՞ւ պիտի կանչուէր ժողովին. անոր խելքին բնաւ պէտք չունէին: Չգիտեմ, չգիտեմ, ենթադրութիւն է ըրածս: Եւ երեւակայել, որ այս քաղաքին մէջ միայն 4000 նիկրօներ լեցուած են:
ՃԷՔ — Ես ինքս ալ շատ բան չգիտեմ, սակայն, կը զգամ, որ բաներ մը կը դառնան: Բացառիկ երեւույթ է, որ սենաթօր եւ կարտինալ ժողովի նստին կառավարիչին եւ ոստիկանապետին հետ: Էքսպորոյի պատուելիին շարժումը յարձակիլ Քրիստոսի քէմփին վրայ` մտածուած բան էր, եթէ Չիֆը անմիջապէս առաջքը չառնէր: Միայն Քէփթընը չէ. նկատեր եմ, որ առհասարակ լուռ դժգոհութիւն կայ Չիֆին դէմ: Քրիստոսի շարժման դէմ կը շատնան հրապարակային ժողովները: Անցեալ կիրակնօրեայ ժողովին մէջ, ուր խօսեցան կառավարիչն ու Դստերք Ամերիկեան Յեղափոխութեան, 40 հոգի ձերբակալուցան:
ՖՐԷՆՔ — Այդ կը հասկնամ, Ճէք, եւ աւելին կը հասկնամ, երբ մանաւանդ սա Դստերք Ամերիկեան Յեղափոխութեան մէջտեղ կ’իյնան իրենց բադային ձեւերով: Երբ այս կիները մէջտեղ կ’իյնան, վստահ եղիր, որ համաճարակ կայ եւ կամ վտանգաւոր բան մը պիտի կատարուի: Ճէք, մեզ համար բախտաւոր մասը այն է, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն զգուշացուցած է սուր վերցնել: Այլապէս Ղուկասի կտրուած ականջը կրնար պատճառ ըլլալ խոշոր իրարանցումի: Պիտի չզարմանամ, Ճէք, որ փոքրիկ ականջ մը յանկարծ աշխարհը քաոսի վերածէ եւ այդ ականջէն կախուին մարդկային բոլոր օրէնքներն ու փիլիսոփայութիւնները: Աշխարհը տակնուվրայ ըլլալէ յետոյ, պատմութեան համար ամենամեծ ողբերգութիւնը պիտի մնայ մեր Ղուկասի փոքրիկ ականջը: Էհ, այդպէս ալ գրուած է պատմութիւնը:
Ներս կը մտնէ Թօնին` նորէն քրտինքը սրբելով:
ՖՐԷՆՔ — Նստէ, Թօնի, միայն թէ ոստիկանապետը տակաւին եկած չէ: Էհ, ինչպէս կը տեսնեմ, Թօնի, գործդ շատ լաւ է: Կը տեսնե՞ս, Ճէք, Քրիստոսի աշխարհ գալէն միայն Թօնին փրկուեցաւ:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ ոչ, անշուշտ ոչ. ան եկած է աշխարհը փրկելու:
ՖՐԷՆՔ — Ըսել կ’ուզեմ, Թօնի, քու գործդ հիմա լաւ է, խանութիդ փոքրիկ հրապարակը հիմա բազմութիւնով լեցուած է, առեւտուրդ լաւ, բոլորն ալ կ’երթան Քրիստոսի հրաշքով բժշկուած Չալին տեսնելու:
ԹՕՆԻ — (լայն ժպիտով): Գործս լաւ է, փառք Աստծոյ. միայն թէ միս չեմ ծախեր` Յիսուսի պատուէրները պահելու համար: Եթէ միս ալ պահելու ըլլամ, այն ատեն Տէնին խանութը կրնամ սարդի առէջներով լեցնել. ան հիմա միայն միս կը ծախէ հեթանոսներուն: Եւ երեւակայել, որ այդ անիծեալ առնէտը շատ աշխատեցաւ Չալին իմ քովէն հանելու:
Թեթեւ աղմուկ անցքին մէջ: Ներս կը մտնէ ոստիկանապետը շատ լուրջ ու մտահոգ: Կը տեղաւորուի սեղանին մօտ: Պահ մը լուռ սեղանի թուղթերուն կը նայի: Ճէք եւ Ֆրէնք իրարու կը նային, թէ իրենցմէ ո՞րը պիտի խզէ լռութիւնը:
ՖՐԷՆՔ — Ինչպէս կը տեսնեմ, Չիֆ, ժողովը շատ յաջող ելք ունեցած է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Անշուշտ շատ յաջող եւ սիրաբանութիւնը կատարեալ: (Յանկարծ տեսնելով Թօնին:) Ո՞վ է այս մարդը եւ ի՞նչ կ’ուզէ:
ՃԷՔ — Այս մարդը Ձեզի կը սպասէ, Չիֆ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (թեթեւ խստութեամբ): Ի՞նչ ունիս:
ԹՕՆԻ — (ոտքի ելլելով): Ոչինչ, ոչինչ, Չիֆ: (Գրպանին մէջ նամակի մը երկար փնտռտուքէ յետոյ, կը գտնէ ու կը յանձնէ Չիֆին: Թօնիին վրայ թեթեւ շփոթ մը կայ:)
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Հա, հասկցայ, դո՞ւք էք Անթոնի Սըլէրի:
ԹՕՆԻ — (բռնի ժպիտով): Այո՛, Չիֆ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Վտանգաւոր ոչինչ կայ, Թօնի. ուզեցի անձամբ քանի մը բաներ ստուգել: Նախ` ճի՞շդ է, որ մէկ շաբաթ առաջ եղած կարգադրութեան համաձայն, Քրիստոս այս երեկոյ իր քարոզէն վերջ Ձեզի հիւր պիտի ըլլայ:
ԹՕՆԻ — Ճիշդ է, Չիֆ: Ան, նախ որբեւայրի տիկին Մարթինին պիտի այցելէ: Այդ այն կինն է, Չիֆ, որուն հաշմանդամ զաւակը բժշկեց Քրիստոս: Յետոյ մեր տունը պիտի գայ ու ճաշէ քանի մը աշակերտներով:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այդ աշակերտներուն հետ պիտի ըլլա՞յ Գասպար Սմիթհ:
ԹՕՆԻ — Չգիտեմ, Չիֆ. շաբաթէ մը աւելի է, որ տեսած չեմ զայն:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ըսել կ’ուզես, Ղուկասին ականջը կտրուելէն ի վե՞ր:
ԹՕՆԻ — Չգիտեմ, Չիֆ, ես ալ միայն թերթերէն իմացայ, որ ոստիկան Ղուկասի ականջը կտրած են Քրիստոսի քէմփին մէջ: Այդքան, այդքան: Իրաւ որ, մեղք եղած է: Բայց կ’ըսեն, թէ յանցանքը ոստիկան Ղուկասինն է… Կ’ըսեն…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Կ’ենթադրեմ, թէ Քրիստոսի ձեր տունը գալուն խնդիրը կարգադրած է ձեր բարեկամ Գասպար Սմիթհը:
ԹՕՆԻ — Այո՛, Չիֆ, ան կարգադրած է: Ինքը` Գասպար ծանօթացուց զիս Քրիստոսին, երբ ան խօսեցաւ ինծի հետ, ըսաւ, թէ 1942 տարի առաջ իր տեսած Բեթանիացի Սիմոնին կը նմանիմ: Ըսաւ, թէ Բեթանիոյ մէջ Սիմոնը լաւագոյն սանդալներ կը շինէր եւ քնաշրջիկ էր: Ըսաւ թէ…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (կտրելով Թօնիին շարունակելի խօսքերը): Ուրիշ որո՞նք կը ճանչնաս Քրիստոսի աշակերտներէն:
ԹՕՆԻ — Բայց, Չիֆ, արդեօ՞ք բան մը կայ ինձի դէմ: Ես իմ առեւտուրով զբաղած նպարավաճառ մըն եմ միայն: (Յուզուած:) Ես, ես…
Անցքին մէջ կը լսուի գինովի մը երգին ձայնը` «Ովսաննա, Ովսաննա»… Դրան մօտէն անցած ատեն գինովը ներս կը մտնէ, հակառակ ոստիկանի հսկողութեան:
ԳԻՆՈՎԸ — Հէլօ, Չիֆ: Ան կուգայ, Ան կուգայ, հաւատա՛, Չիֆ: Ես ոչ ոքի վնաս ըրի, ես գինով էի ու կ’երգէի: Մեղք չէ երգելը, մենք բոլորս ալ պէտք է երգենք, քանի որ Ան կուգայ: Անիրաւութիւն է զիս բանտարկել այս գիշեր: Կ’ուզէի տեսնել զայն: Ես այսօր չաշխատեցայ Քրիստոսը տեսնելու համար: Ես գինով էի ու կ’երգէի: (Ոստիկանը կը բռնէ ուժեղ կերպով եւ դուրս կը հանէ գինովը:) Բոլորս ալ պէտք է երգենք: (Կը սկսի նորէն երգել «Ովսաննա, Ովսաննա…»:)
ԹՕՆԻ — Բայց ես անմեղ եմ, բոլորովին անմեղ… ես, ես…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Բան չկայ, Թօնի, միայն թէ` այս քաղաքի ոստիկանութիւնը կ’ուզէր կարգ մը բաներ ստուգել, եւ քու անունը տուին ինձ:
ԹՕՆԻ — Քրիստոսի աշակերտներէն կը ճանչնամ Լօրան:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Պտղավաճառ Մայքն ալ կը ճանչնա՞ս:
ԹՕՆԻ — Կը ճանչնամ, Չիֆ. մէկ շաբաթ առաջ Յիսուսի քէմփին մէջ տեսայ: Նորէն ձեռնասայլով պտուղ կը ծախէր: Գասպարն ըսաւ, որ ան աւելի շատ Լօրային կը հետեւի, քան Քրիստոսին:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ըսել կ’ուզես, թէ ան սիրահարա՞ծ է Լօրային:
ԹՕՆԻ — Ճիշդ այդպէս, Չիֆ: Կը տեսնեմ, որ գիտէք այդ բոլորը: Լինքըն հրապարակին վրայ ապրողներս գիտէինք այդ, երբ Լօրան ճամբայ ինկած չէր Քօլօրատօ երթալու համար: Մայքի պտուղներէն աւելի պառաւ Թէրէզը օգտուեցաւ: (Ժպտալով:) Մեր փողոցի կօշկակար Սէմը աւելի լաւ գիտէ այդ պատմութիւնը:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Լօրան ալ տեսա՞ր վերջերս:
ԹՕՆԻ — Վերջին անգամ, երբ քէմփ գացի, ինձ ըսին, որ ան զբաղած է: Բոլորին կը հասնի, ըլլայ աղքատին, ըլլայ հիւանդին: Այնտեղ բոլորն ալ կը սիրեն Լօրան:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Թօնի, այս քաղաքին մէջ յաճախ կը տեսնե՞ս Գասպար Սմիթհը:
ԹՕՆԻ — Տեսայ քանի մը անգամ, Չիֆ: Իմ խանութը եկաւ ու խօսեցաւ Քրիստոսի մասին: Ան հիմա շատ լաւ մէկն է: Չիֆ: Ան…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ առաջ, ըսել կ’ուզեմ անցեալ հինգշաբթի, ժամը 3-ի ատենները, տեսնուա՞ծ ես Գասպար Սմիթհի հետ:
ԹՕՆԻ — Այո. այո. ան եկած էր իր հին պարտքը վճարելու:
ՃԷՔ — (պատասխանելով հեռախօսին): Հէլօ: Թիւ տասնվե՞ց, անմիջապէս: (Զանգին կոճակը կը սեղմէ: Դրան վրայ կ’երեւան երկու ոստիկաններ:) Թիւ 16-ը ձերբակալութիւն կայ:
Ոստիկանները կը մեկնին: Կը լսուի վակոնին զանգին ձայնը, որ հետզհետէ կը հեռանայ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Թօնի դուն գիտեի՞ր, որ Գասպար Սմիթհը ամբողջ երեք ամիս այս քաղաքին մէջ է եւ ծպտուած է որպէս նիկրօ քարոզիչ:
ԹՕՆԻ — (զարմանքով): Ի՞նչ կ’ըսես, Չիֆ: Մի՞թէ այն նիկըր քարոզիչը Գասպար Սմիթհն է: Ան երկու անգամ խօսած է մեր փոքրիկ հրապարակը: Բայց Գասպար Սմիթհի ըլլալը սատանան անգամ չէր գիտեր: Այդ մասին ան ինծի ոչինչ խօսեցաւ: Բա, սատանան անգամ…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ուրեմն, ան ծպտուած չէր, երբ Դուք տեսաք:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ ոչ, անշուշտ ոչ, հին Գասպար Սմիթհը: Գլխէս անգամ չէր կրնար անցնիլ, որ նիկրօ քարոզիչը Գասպար Սմիթհն է: Սատանան անգամ…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Էդքան միայն, Թօնի, շնորհակալութիւն: (Թօնին գլխարկին կը հասնի մեկնելու համար:) Հա, Թօնի, Քրիստոս այս գիշեր Ձե՞ր տան մէջ պիտի քնանայ, թէ՞ Թովմասի ագարակը պիտի մեկնի:
ԹՕՆԻ — Չգիտեմ, չգիտեմ. կ’ենթադրեմ, թէ ուշ ատեն պիտի մեկնի քաղաքէն: Կ’ըսեն, որ ան քաղաքներուն մէջ չի գիշերեր:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Էդքան միայն, Թօնի, շնորհակալութիւն: (Թօնին կը մեկնի աճապարանքով:) Ճէք, հեղ մը նայէ՛ ցանկին մէջ, նայէ, ի՞նչ կրնաս գտնել Լօրա Հէյտընի մասին: Խօսք եղաւ, որ ան քանի մը անգամ ձերբակալուած է այս քաղաքին մէջ:
Ճէք ցանկերուն կը նայի:
ՖՐԷՆՔ — Ինչպէս կ’երեւի, Չիֆ, քաղաքի ոստիկանները շատ լաւ կը ճանչնան այդ կինը: Քիչ առաջ նոյնիսկ կատակ կ’ընէին Պիլ Քէլիին հետ, որ ան իսկ կը ճանչնայ Լօրան:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Զարմանալին այն է, Ֆրէնք, որ այդ վտանգաւոր պոռնիկը հիմա դարձած է Քրիստոսի շարժման է՛ն կարեւոր ուժը: Անտարակոյս, բան մը կայ այս շարժման մէջ եւ դժուարութեամբ պիտի հասկցուի:
ՃԷՔ — (քարտ մը հանելով ցանկէն` կը կարդայ): Լօրա Հէյտըն, տարիք 26. ծնած Սփրինկֆիլտ, գոյնը` շէկ, կշիռը 130. ձերբակալուած 1938-ին, յունուար եւ օգոստոս, անբարոյական արարքի համար: Ձերբակալուած 1939 մայիսին, անբարոյական արարքի համար: Ձերբակալուած…
ՖՐԷՆՔ — Լեգէոնականներու Պատգմ. Ժողովի ամիսն է այդ:
ՃԷՔ — (շարունակելով ընթերցումը): Ձերբակալուած 1939 փետրուարին, ադամանդեայ մատանի մը գողցած ըլլալուն համար կաշիի վաճառական Աբրահամովիչէն:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այդ այն պոռնիկն է, որ կարտինալը կը սիրէ յիշել Քրիստոսի դէմ խօսած քարոզներուն մէջ:
ՖՐԷՆՔ — Ինչպէս կ’երեւի, կարտինալին համար հաճելի է յիշել այդ անունը, տեսակ մը սիրաբանութիւն: Հա, մոռցայ ըսելու, Չիֆ, որ քիչ առաջ Ճորտըն տան վաճառատան տնօրեն Ճան Ուայթը այստեղ էր եւ կ’ուզէր Ձեզ տեսնել:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ի՞նչ ունէր ըսելիք:
ՖՐԷՆՔ — Շատ բան: Կը հաւատայ, որ կինը յիմարացեր է, որովհետեւ խնճոյք սարքած է մուրացիկներուն հետ:
ՃԷՔ — Ի հարկէ, ատոր համար եկած չէր: Եկած էր ըսելու, որ ոստիկանութիւնը հետապնդէ էժան ծախուած ադամանդները…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (յուզուած): Չէ, այս բոլորին մէջ բնաւ ֆըն չկայ: Բան մը խախտուած է ամէն տեղ: Զուր տեղը սենաթօր եւ կարտինալ իրար են անցեր: Ժողովէն դուրս ելլելէս յետոյ, կեանքիս մէջ առաջին անգամն է, որ կը փորձուիմ հասկնալ, թէ ո՞րն է ճշմարտութիւնը: Եւ ես տակաւին կը կասկածիմ, որ հասկցած եմ այն ճշմարտութիւն ըսուած անծանօթ թռչունը:
ՖՐԷՆՔ — Բայց, Չիֆ, ի՞նչ պատահեցաւ Ձեզի, որ այդպէս կը խօսիք. կարծես թէ շատ սիրելի բարեկամի մը թաղումէն վերադարձեր էք:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Շատ ճիշդ ըսիր, Ֆրէնք: Պէտք չէ ներկայ ըլլայի այդ տեսակ ժողովի մը: Ժողովէն դարձիս տեսայ հսկայ բազմութիւն մը, լեցուած քաղաքին մէջ, որ կը սպասէր Քրիստոսի մուտքին: Ինչպէս կը տեսնեմ, ժողովուրդը կը հաւատայ, որ այդ է ճշմարտութիւնը: Ես տեսայ, թէ ինչպէ՜ս ճամբաներուն վրայ լեցուած էին կաղեր, կոյրեր, հաշմանդամներ` ամէն գոյնէ եւ ցեղէ, եւ կը սպասէին Քրիստոսի անցքին: Ինձ այնպէս թուեցաւ, որ համր մը ինծի կը հայհոյէր, այո՛, համր մը: Եւ ի՜նչ մեղքս պահեմ, պահ մը վախցայ այդ համրէն:
ՃԷՔ — Բայց Դուք յոգնած կ’երեւիք, Չիֆ. լաւ է որ հանգիստ ընէք այսօր:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այսօ՞ր, երբ արդէն որոշուած է Քրիստոսի ձերբակալութիւնը այս քաղաքին մէջ եւ այս գիշեր…
ՃԷՔ եւ ՖՐԷՆՔ — (անակնկալի եկած): Ձերբակալե՞լ:
ՖՐԷՆՔ — Բայց ո՞ր յանցանքին համար:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Շատ մը յանցանքներուն համար: Առաջին, որ յայտնի չէ, թէ ան ո՞վ է եւ ո՞ր տեղէն եկած է: Երկրորդ, որ քարոզչութիւն կ’ընէ առանց արտօնագրի, բժշկութիւն կ’ընէ նոյնպէս առանց արտօնագրի: Երրորդ, որ ժողովուրդին մէջ խռովութիւն կը ձգէ եւ կը խանգարէ խաղաղութիւնը: Կը քայքայէ երկրի տնտեսութիւնը, պատերազմներու դէմ կը խօսի վտանգաւոր ճառեր: Եւ, վերջապէս, ուժեղ կասկած կայ, որ թշնամի երկիրներէ ղրկուած շատ վտանգաւոր գործակալ մըն է եւ կը սպառնայ այս երկրի գոյութեան:
ՖՐԷՆՔ — Հիմա, Չիֆ, ես ինքս ալ համոզուեցայ, որ այս երկիրն ալ կը պատրաստուի պատերազմի մէջ մտնելու:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Չգիտեմ, չգիտեմ, միայն թէ` եթէ ան չձերբակալուի, եւ այս շարժման առաջքը չառնուի, երկիրը ոչ միայն պիտի քայքայուի, այլեւ պիտի քանդուի բարոյականը Ուաշինկթընի, Լինքընի եւ Անտրիւ Ճէքսընի:
ՖՐԷՆՔ — Անտարակոյս, սենաթօրի ճառին վերջին մասն է, որ Ձեր միտքը կը նեղէ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Նեղե՞լ: Անշուշտ ոչ. մենք, որպէս ամերիկեան պատուաւոր քաղաքացիներ, մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք, մանաւանդ որ, որպէս ոստիկան, մենք կանչուած ենք այս երկրի շահերը պաշտպանելու եւ խաղաղութեան հսկելու:
ՖՐԷՆՔ — Ըսել կ’ուզէք, այս քաղաքի ոստիկանութեան ձգուեցաւ կատարել այդ սրբազան պարտականութիւնը, երբ զայն կարելի էր Իլընոյզ նահանգին մէջ ձերբակալել միեւնոյն յանցանքով: Որքան որ կը յիշեմ, այդ նահանգին մէջ էր, որ ան խօսեցաւ իր նշանաւոր ճառը, ուր արիւն ու ատելութիւն կը տեսնէր դրօշակներուն վրայ: Այստեղ, եթէ յանցանք մը գործուեցաւ, Ղուկասի ականջը կտրուիլն է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Անշուշտ, կրնային ձերբակալել նոյն նահանգին մէջ եւ նոյն օրը, եթէ երկրին մէջ խռովութիւն յարուցանելու մտավախութիւնը չըլլար:
ՖՐԷՆՔ — Բայց չէ՞ որ բան մը փոխուած չէ, եւ այսօր ալ կայ նոյն մտավախութիւնը:
ՃԷՔ — Եւ մտածել, որ հազարներով հաւատացողներ լեցուած են այս քաղաքին մէջ` տեսնելու Քրիստոսը, լսելու անոր քարոզը:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ճիշդ էք, այսօր այդ վտանգը աւելի մեծ է եւ, սակայն մտածուած է նաեւ այդ մասին:
ՖՐԷՆՔ — Այսի՞նքն:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այսինքն, երբ Քէփթընը ներս մտնէ անծանօթ երիտասարդի մը հետ, մեզ պահ մը առանձին ձգեցէք: Երկար ատեն է, որ իմ մօտիկ գործակիցները եղած էք: Գաղտնիք մը յայտնած չեմ ըլլար, երբ ըսեմ, որ Քրիստոսի ձերբակալութիւնը հետզհետէ անհրաժեշտութիւն դարձած է եւ այլեւս առիթ պիտի չտրուի, որ այս յաղթանակով ան մտնէ նաեւ ուրիշ քաղաքներ: Քրիստոսի ձերբակալութենէն յետոյ միայն սենաթօրը կրնայ մեկնիլ այս քաղաքէն: Ճիշդ գուշակեցիք, Ֆրէնք, ներքին աշխատանք կը տարուի այս երկիրն ալ պատերազմի մէջ հրելու: Նախ` կ’ուզեն այդ ճամբայեն վերցնել Քրիստոսը` վտանգաւոր գործակալի ծանր յանցանքով: (Նրբանցքէն կը լսուի թղթակից Ճոյի ձայնը:) Խնդրեմ, ոչ մէկ խօսք Ճոյին առջեւ: Այս օրերուն թղթակիցներն ալ իրենց թակարդը կրծող աղուէսներ դարձած են:
Ներս կը մտնէ Ճօն:
ՃՕ — Հէլօ, Չիֆ, հէլօ բոլորիդ: Օ՜հ, ի՜նչ բազմութիւն… Հա, Չիֆ, իմացայ, որ որոշուած է ձերբակալել Քրիստոսը:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (անակնկալի եկած): Ձեզ` թղթակիցներդ, պէտք է ականջներէն կախել:
ՃՕ — Ինչո՞ւ չէ, Ղուկասի ականջը կտրուելէն ի վեր, կարծես մարդոց ականջները աւելի անպէտ ցցուածքներ դարձեր են: Եւ ինծի այնպէս կը թուի, որ ականջները մարդոց վրայ է՛ն տգեղ մասն են: Ոչինչ, Չիֆ, մի՛ նեղանար. այդ լուրը ինծի համար ոչ մէկ օգուտ ունի, որովհետեւ, ինչպէս Ամերիկայի բոլոր թերթերը, նոյնպէս Սընը վաղուց դադրած է հետաքրքրուելէ Քրիստոսով:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Բայց ո՞ր տեղէն այդ լուրը:
ՃՕ — Գիտե՞ք, թէ այն սրահին մէջ, ուր ժողով կար, պատին փակած ճանճ մը կար. էդ ճանճն ըսաւ հովին, հովը ըսաւ մժեղին, մժեղն եկաւ իմ ականջին ճըզ-ճըզ… Մենք` թղթակիցներս, կը հասկնանք մժեղին ձայնը եւ այդ ձեւով կը գիտնանք գաղտնի լուրերը: Ոչի՜նչ, ոչինչ, ես եկած չեմ ձեր շատ կարեւոր ժողովի մասին տեղեկութիւններ ստանալու: Եկած եմ ձեր գործը դիւրացնելու: Եկած եմ Հէմթըն ծովափի ոճիրին մասին տեղեկութիւններ ստանալու:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Դուք` թղթակիցներդ, յաճախ դժուարացուցած էք ոստիկանութեան գործը:
ՃՕ — Մի՛ մոռնաք, Չիֆ, ու ձեր գաղտնի ոստականութեան գործը ես ինքս դիւրացուցած եմ քանի մը ոճիրներու մէջ: (Յուզուած:) Չգիտեմ, ի՞նչ կ’ուզէք, որ ընենք: Եթէ այսպէս երթայ, տեղական թղթակիցներս եկեղեցիի մուկ պիտի դառնանք: Թերթերը դարձած են վաճառատուներու յայտարարութիւններ: Եթէ փոքրիկ մաս մը կայ ընթերցանութեան համար, այն ալ պատերազմն է բռներ: Այսօր Քրիստոս քաղաք կը մտնէ: Փողոցներուն մէջ լեցուն է հսկայ բազմութիւն մը, որ այս քաղաքը երբեք տեսած է: Եւ Սընը ի՞նչքան տեղ տայ, որ հաւնիք: Կահկարասիներու յայտարարութեան տակ կար չորստողնոց լուրը միայն, այսինքն` «Ան մարդը, որ ինքզինք Աստուծոյ որդի կ’անուանէ եւ վտանգաւոր քարոզներ կը խօսի, այսօր քաղաք կը մտնէ. զինքը դիմաւորելու եկած է նիկրօներու բազմութիւն մը»: Երեւակայեցէք, Չիֆ, մօտ երկու ամիս առաջ, երբ երկրի բոլոր թերթերը լեցուած էին Քրիստոսով, ես սկսայ ահագին աշխատանքներ կատարել: Գրեթէ երեք ամբողջական քարոզներ ունիմ, մանաւանդ ագարակի ճամբու քարոզը, որ մինչեւ հիմա ոեւէ տեղ հրատարակուած չէ: Եւ ահա յանկարծ դադրեցան թերթերը Քրիստոսով զբաղելէ, երբ շարժումը հետզհետէ կը ծավալէր եւ ազդած էր Ուոլ Սթրիթի սակարանին վրայ:
ՖՐԷՆՔ — Ճօ, կը տեսնեմ, որ բաւական ջահիլ ես հասկնալու համար: Պատերազմէն եւ Քրիստոսէն աւելի այս առաւօտ շատ աւելի կարեւոր եւ մեծ տառերով խորագիր մը ունէր Սընը:
ՃՕ — Այո՛, այո՛, «Քաղաքապետի աղջկան շնիկը կորսուած»:
ՖՐԷՆՔ — Դեռ այդ ոչինչ: Թերթի չորրորդ տպագրութեան մէջ դրուած էր ուրիշ խորագիր մը նոյնքան խոշոր տառերով. «Քաղաքապետի աղջկան շնիկը գտնուած»: Այս առիթով թերթը դրած էր քաղաքապետի ընտանիքին նկարը գտնուած շնիկին հետ: Շնիկն ալ, մուկի պէս բան մը, լեզուն դուրս ձգած: Այդ փոքրիկ շնիկը թերթին մէջ գրեթէ երկու սիւնակ կենսագրական գրաւած էր: Չգիտեմ, ո՞վ գրած էր այդ կենսագրականը, բայց վստահ եմ, որ Շէյքսփիրն անգամ պիտի նախանձէր: Հաւատա՛, Ճօ, Էմփայր Սթէյթ շէնքի ճարտարապետը արժանացած չէր նման պատիւի մը: Ի՜նչ մեղքս պահել, ես անունն անգամ չգիտեմ Ուաշինկթըն կամուրջը շինող ճարտարապետին, բայց լաւ գիտեմ քաղաքապետի աղջկան շնիկին անունը` Պըտի: Եւ աւելին. ես գիտեմ նաեւ, թէ ի՞նչ գոյն եւ ձեւ ունի քաղաքապետի աղջկան լոգանքի հագուստը:
ՃՕ — Էհ, կը հասկնամ, պառաւ աղջիկ է, առիթ է ժողովրդականութիւն շահելու եւ քիչ մըն ալ խոշոր քիթը պզտիկցնելու:
ՖՐԷՆՔ — Ըսել կ’ուզեմ, Ճօ, եկեղեցիի մուկ չդառնալու համար, քաղաքապետի աղջկան շնիկով զբաղէ:
ՃՕ — Ճիշդ ես, Ֆրէնք, ճիշդ. այդ շատ դիւրին է: Ես կրնամ գողնալ շնիկը եւ յետոյ վերադարձնել. մէջտեղ կուգայ արդէն դիւցազներգութիւն մը:
ՖՐԷՆՔ — Ամերիկեան դիւցազներգութիւն:
ՃՕ — Ինչպէս կը տեսնեմ, ուրիշ ձեւ չ’կայ: Իրաւ, Չիֆ, եթէ ստոյգ է Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, այն ատեն թերեւս կարենամ ծախել պատմութիւնը էն նշանաւոր պոռնիկին, որ այժմ Քրիստոսի աշակերտն է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ըսել կ’ուզես Լօրայի պատմութիւնը:
ՖՐԷՆՔ — Պիլ Քելլին կրնայ օգտակար ըլլալ քեզի:
ՃՕ — Գիտեմ, որ ան քանի մը անգամ ձերբակալուած է, կրնայ շատ ծանօթ ըլլալ ոստիկանութեան: Ես նախ գացի այն գինետունը, ուր Լօրան իր վերջին երեք տարիները անցուցեր էր: Յետոյ գտայ Լինքըն հրապարակի պառաւ Թէրէզը, որուն հետ բնակած է ան: Էն կարեւորը Լօրայի անցուցած կեանքն է Քօլօրատօյի մէջ, եւ թէ ինչպէ՜ս այս տեղէն երիտասարդ փերեզակ մը կը հետեւի անոր:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (հետաքրքրուած, աշխատանքէ մը վեր վերցնելով իր գլուխը): Սպասէ, Ճօ, փերեզակը ըսիր: Մա՞յքը, որ սիրահարուած է Լօրային:
ՃՕ — Այո, այո, Չիֆ: Կը տեսնեմ, որ գիտէք այդ բոլորը: Կը տեսնեմ, որ այս իմ պատմութիւնով օգտակար պիտի ըլլամ ոստիկանության: Չըլլա՞յ թէ ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ նաեւ Լօրան Գասպար Սմիթհին պէս: Իսկապէս Քրիստոսի երկու կարեւոր ուժերն են Գասպարն ու Լօրան: Հա, Մայքը իր ձեռնասայլով կը միանայ Քօլօրատօ գնացող ուխտաւորներուն, յետոյ Լօրային եւ Քրիստոսին: Այսպէս է, Չիֆ: Քանի որ կը հետքրքրուիս, ըսեմ, որ Լօրան կը հասնի Քօլօրատօ, ուր, որպէս գեղեցիկ պոռնիկ, ուխտաւորներու քէմփին մէջ կը գտնէ շատ մեծ ընդունելութիւն: Կը վարձուի քէմփին գլխաւոր գինետան մէջ, որպէս երգիչ եւ պարուհի, եւ շատ կարճ ժամանակի մէջ այդ գինետունը կը դառնայ շատ նշանաւոր, որպէս բախտախաղի, գինովութեան եւ կռուի վայր: Տեղւոյն շէրիֆն իսկ կը դառնայ այդ գինետան յաճախորդը եւ կը մասնակցի այդ բոլորին: Կարճ ժամանակի մէջ Լօրան կը հարստանայ, մատներուն ու ականջներուն ադամանդներ ունենալու աստիճան: Գինետան մէջ յաճախ կռիւ կ’ըլլայ Լօրային համար: Օր մըն ալ Քրիստոս, իմանալով, որ գինետունը դարձեր է չարի բոյն, կը մտնէ հոն եւ կը խօսի գինետան իր նշանաւոր քարոզը: Քարոզի ընթացքին գինետան գինովներու մէջ կը սկսի իրարանցում: Շէրիֆը նոյնիսկ կ’ապտակէ Քրիստոսը: Լօրան, Քրիստոսը տեսնելէ եւ անոր քարոզը լսելէ յետոյ, իր դրամները կը նետէ գինետան ամբոխին, եւ մինչ ամբոխը դրամներ հաւաքելով զբաղած կ’ըլլայ, դուրս կ’ելլէ, Քրիստոսի թեւէն մտած: Այն օրէն ի վեր Լօրան Քրիստոսի հետն է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Էդ լաւ, Ճօ, բայց դուք չըսիք, թէ Մայքը ե՞րբ միացաւ Լօրային:
ՃՕ — Հա, կը նկատեմ, որ, Չիֆ, առանձնապէս Մայքով կը հետաքրքրուիք: Չըլլա՞յ թէ Ղուկասի ականջը կտրողն ան ըլլայ: Բայց կ’ըսեն, թէ Գասպար Սմիթհն է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ոչինչ, Ճօ, բաւական իմացայ Լօրայի մասին: Լօրան կրնամ հասկնալ: Այժմ կ’ուզէի Մայքի մասին աւելի տեղեկութիւններ ստանալ: Ոստիկանութեան հետ կապուած չէ այդ հետաքրքրութիւնս:
ՃՕ — Մայքը, մէկ ամիս բանտը մնալէ յետոյ, կ’արձակուի բանտէն եւ կը միանայ Քրիստոսի խումբին, Իլընոյզ նահանգին մէջ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Մայքն, ուրեմն, բա՞նտ ալ մնացեր է:
ՃՕ — Բանտ կը դրուի մէկ ամիսի չափ քէմփի գինետան մէջ կռուի մասնակցած ըլլալուն համար, այլ խօսքով` շէրիֆը կը ձերբակալէ Մայքը` Լօրայի հետ աւելի ազատ ըլլալու համար:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Չեմ զարմանար, Ճօ, որ մինչեւ հիմա տեղ գտած չես հրատարակելու համար այդ հետաքրքիր պատմութիւնդ: Վստահ եմ, որ չպիտի ալ հրատարակուի, որովհետեւ շատ է նպաստաւոր Քրիստոսին համար, որովհետեւ Լօրան` այդ վտանգաւոր պոռնիկը, այժմ դարձած է մեծ մարդասէր մը: (Կը լսուի ոստիկանի վակոնի զանգին ձայնը:)
ՃՕ — (սրտնեղած): Չգիտեմ, չգիտեմ, ի՞նչ կ’ուզեն, որ հրատարակեն թերթերը, մամուլը: (Դրամապանակէն դուրս հանելով ձեռագիրը:) Այսքան աշխատանք, ուրեմն, ոչի՞նչ տեղը ըրած եմ: Գործերը վատ կ’երթան, Չիֆ: Ծովափի ոճիրի մասին, ինչպէս կ’երեւի, ուրիշ մանրամասնութիւններ չկան, միակ լուրը, որ կարելի է հրատարակել խոշոր խորագրի տակ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ինչպէս չէ, Ֆրէնքը կրնայ տալ քեզ այդ ոճիրի վերջին մանրամասնութիւնները:
ՃՕ — (յափշտակուած): Ուրեմն, կան մանրամասնութիւններ: (Մօտենալով Ֆրէնքին:)
ՖՐԷՆՔ — Գաղտնի ոստիկանութեան ղրկուեցաւ այսօր: Աղջկան մէկ սրունքը գտնուած է արդէն: Ագարակապան մը հեռախօսեց, որ ագարակին շունը աղջկան մը սրունքը բերած է` գուլպան եւ կօշիկը վրան: Դրացիները յուզումի մէջ են: Հիմա կը մնայ գտնել հերոսը` թերթերուն մէջ նկարագրելու համար անոր փողկապին գոյնը: (Ոստիկանատան վակոնին ձայնը հետզհետէ աւելի կը մօտենայ:) Այդ բոլորը այսօր կը կատարուի, եւ ես ուշ կ’իմանամ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Մօտ վեց ժամ առաջ: Գաղտնի ոստիկանութիւնը կ’աշխատի արդէն:
ՃՕ — Եթէ հասցէն տալու ըլլաք, շատ շնորհակալ կ’ըլլամ:
Ֆրէնքը կը գտնէ հասցէն եւ կուտայ Ճոյին: Ճօ անմիջապէս գլխարկը կ’առնէ ու կը հեռանայ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ճիշդ ժամանակին ազատեցանք: Հիմա ուր են, ուր չեն` կուգան: Պտղավաճառը այն Մայքն է, որ քիչ վերջը այստեղ պիտի գայ:
Ներս կը մտնէ ոստիկան մը:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Իսկապէս, Չիֆ, շատ տարօրինակ ձերբակալութիւն մը ըրինք: Ձերբակալուածը հայ մըն է, որ վակոնին մէջ ցոյց տուավ իր եւ նախագահ Ուիլսընի նկարը` միասին հանուած:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այդ ինչպե՞ս:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Ինչ ալ ըլլայ, Չիֆ, այն յանցանքի մը համար ձերբակալուեցաւ: Ուսէն գորգ մը ձգած` հրմշտկելով կ’ուզէր բազմութիւնը ճեղքել` իր գորգը Քրիստոսի ոտքերուն առջեւ փռելու համար: Պատմեց, որ Քալիֆորնիայէն մինչեւ հոս եկած էր եւ ուշ էր մնացած` լաւ տեղ մը ապահովելու համար: Տեսանք, որ, աջ ու ձախ ժողովուրդին հետ կռիւ ընելով, ճամբան մտնել կ’ուզէր, առանց մտիկ ընելու նոյնիսկ ոստիկանութեան: Ձերբակալուելէ յետոյ, վակոնին մէջ պատմեց, որ այդ գորգի վրայէն անցած են Լոյտ Ճորճը, Քլեմանսօն, Ուիլսընը, երբ վերջին պատերազմէն յետոյ իրարու մօտ եկած են խաղաղութեան համար: Իսկապէս չգիտէի` ձերբակալե՞լ, թէ ոչ:
ՖՐԷՆՔ — Բայց այդ հայը երկու կարեւոր անձեր մոռցած է` կառավարիչը եւ մեր Քէփթընը:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Հա, իմացա՞ր, թէ ուր է հասած Քրիստոսը:
ՈՍՏԻԿԱՆ — Արդէն Մէյն փողոցին մէջ մտած է իր աշակերտներով: Իսկ քարոզին համար որպէս յարմար վայր ընտրուած է այս մեր մօտի հանրային պարտէզը: Ինձ ըսին նաեւ, որ գիշերը ագարակի մը մէջ է անցուցեր:
Դուրսէն կը լսուի երաժշտութիւն պէնտի, կ’երգէ ժողովուրդը:
Եղջերափողերու ձայները կը շատնան: Մէկը ոչխարի դիմակով, ոստիկանատան ցած պատուհանէն ներս կը փչէ եղջերափողը ու կ’անցնի: Կը լսուին ձայներ` «Ան է, ահա, Քրիստոսը»: Ոստիկանատան անցքին մէջ կը լսուի քաղաքապետին ձայնը` «Էս լաւ եղաւ Քէփթըն»: Ոստիկանապետը փողոցին նայող պատուհանին վարագոյրը վար կ’իջեցնէ:
ՖՐԷՆՔ — (Ճէքին): Ան է Քէփթընին հետ: (Ճէք եւ Ֆրէնք կ’ելլեն իրենց սեղաններէն: Ֆրէնք կը խօսի հոն կեցող ոստիկանին հետ:) Եկուր, խօսինք այդ տարօրինակ հայուն հետ: Իսկապէս այս հայերը տարօրինակ են, կարծես Հրատէն եկած են: Հայ մը կը ճանչնամ, որ մեր փողոցին նպարավաճառն է եւ գիտէ լաւ բանաստեղծութիւններ գրել: Տեսնենք, այս հայը թերեւս թոյլ տայ, որ մենք ալ անցնինք այդ նշանաւոր գորգին վրայէն:
Կ’ելլեն դուրս: Ներս կը մտնեն քաղաքապետը, Քէփթընը եւ Մայքը:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Բարեւ, պարոն քաղաքապետ: Ինչպես կը տեսնեմ, դուք ալ անհրաժեշտ տեսած էք ընկերանալ:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — (նստելով): Սենաթօրը ուզեց, որ ես ալ ընկերանամ Քէփթընին: Այս գիշեր անպայման պէտք է ըլլայ ձերբակալութիւնը: Սենաթօրը պիտի մեկնի վաղն առաւօտ: Յետոյ, այս մեր հայրենասէր երիտասարդը քիչ մը երկչոտ է դարձեր: Արդէն կարգադրուած է, որ իր հայրենասիրական արարքին համար այս երիտասարդին տրուի այնքան դրամ, որ ամուսնանայ իր շատ սիրած աղջկան` Լօրային հետ եւ մանաւանդ ունենայ իր սեփական օթոմօպիլը:
ՄԱՅՔ — (յուզուած): Ես վատ մըն եմ, ես մատնիչ մըն եմ, ես կը հաւատամ, որ Քրիստոս Աստուծոյ որդին է:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ուրեմն, եկած ես Աստուծոյ որդի՞ն մատնելու:
ՄԱՅՔ — Ճիշդ էք, բայց Լօրան աւելի կը սիրեմ: Ան կը սիրէր զիս, ինչքան ատեն որ միացած չէր Քրիստոսի խումբին: Այն օրէն ի վեր ան մոռցաւ զիս: Ես չգիտեմ, թէ ո՞ւր եմ, ինչո՞ւ համար եկած եմ եւ, սակայն, գիտեմ, որ չեմ կրնար ապրիլ առանց Լօրային: Ես կը հաւատամ, որ Լօրան պիտի դառնայ ինծի, երբ հեռանայ Քրիստոսէն: Ես կրնամ մեծագոյն ոճիրը գործել Լօրային համար, միմիայն Լօրային համար: (Երաժշտութիւնը աւելի կը մօտենայ:) Կը վախնամ, որ Քրիստոս ներս մտնէ, այստեղ գայ: Երբ ես աշակերտներէն զատուեցայ գաղտուկ, ինձ կը թուէր, որ անոնց աչքերը կը հալածէին զիս: Ես կը վախնամ Գասպար Սմիթհէն: Այո՛, այո՛, ինձ այնպէս թուեցաւ, որ բազմութեան մէջ անոր աչքերը տեսայ, կարծես ան տեսաւ իմ այստեղ մտնելս:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Դուն տեսա՞ր Գասպար Սմիթհը:
ՔԷՓԹԸՆ — Չիֆ, ես արդէն վստահեցուցի այս երիտասարդը, որ այդ Գասպար Սմիթհը չի կրնար ըլլալ: Ան արդէն հեռացեր է քաղաքէն, Ղուկասի ականջը կտրելէն ի վեր:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Անշուշտ, անշուշտ, ան չի կրնար ըլլալ: Ան կը հետապնդուի արդէն ձերբակալուելու համար:
ՄԱՅՔ — Բայց ան երէկ գիշեր աշակերտներուն հետ էր: Ճաշեցինք միասին: Թիւով 24 հոգի էինք: Ան…
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Մի՛ վախնար, տղաս, քեզի ոչ ոք կրնայ վնասել: Վստահ եղիր, որ ասկից յետոյ Լօրան` այդ գեղեցիկ աղջիկը, քուկդ պիտի ըլլայ, միմիայն քուկդ:
ՄԱՅՔ — Բայց արդէն կը վախնամ Լօրայէն: Եթէ իմանայ, եթէ իմանայ, կը վախնամ, որ պիտի ատէ զիս: Ես կը վախնամ անոր ատելութենէն:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Ոչ ոք պիտի իմանայ, տղաս: Այս տեղէն ելլելէդ յետոյ նորէն կը միանաս աշակերտներուն:
ՔԷՓԹԸՆ — Դուն ան ըսէ, արդեօ՞ք զինուած են Քրիստոսի աշակերտները:
ՄԱՅՔ — Անոնց մօտ զէնք չկայ: Գասպար Սմիթհը միայն սուր մը ունի եւ գիտէ գործածել: Աշակերտներէն շատեր եղած են ձկնորս, շօֆեր, հանքագործ, բայց բոլորն ալ գիտեն լաւ կռուիլ կամ կռփամարտիլ:
ՔԷՓԹԸՆ — Այլեւս չեմ հասկնար, Չիֆ, ինչո՞ւ այս մտավախութիւնը եւ ինչո՞ւ ի զուր տեղը կը նեղէք այս երկչոտ տղան: Ես կրնամ քանի մը ոստիկաններով ձերբակալել Քրիստոսը այս գիշեր, ուր ալ ըլլայ ան:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Շատ վտանգաւոր խաղ է, Քէփթըն, որ կրնայ շատ սուղի նստիլ: Սկսուած կռիւ մը կրնայ ընդհանրանալ եւ վերածուիլ զարհուրելի կիրքի: Քրիստոսի աշակերտներէն աւելի անոր հետեւող բազմութիւնն է վտանգաւորը: Մենք կը գովենք ձեր քաջութիւնը, Քէփթըն: Բայց կան քաջութիւններ, որ վնասակար են եւ սխալ: Մենք` քաղաքագետներս, աւելի լաւ կը հասկնանք այդ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (գլուխը դարձնելով պատուհանէն եւ աննկատելի հեգնանքով մը): Ճիշդ է, պարոն քաղաքապետ: Քաղաքագէտները աւելի լաւ կը հասկնան այդ: Գաղտուկ, զգոյշ, կատուի թաթերով:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Ճիշդ է, շատ զգոյշ, որ ժողովուրդն իսկ չիմանայ: Ժողովուրդ ըսածդ կարելի է հեծնել ջորիի պէս եւ, սակայն, շատ մտրակ զարնելու չի գար: Կը տեսնես` կը կենայ փայտէ խախուտ կամուրջին վրայ եւ կամ կը գիժնայ ու քեզ վար կը նետէ կռնակէն: Ի՞նչ պէտք կայ վտանգաւոր կռուի, երբ այս պատուական երիտասարդը պիտի օգնէ Ձեզի: Չէ, Քէփթըն, բնաւ պէտք չկայ: Ինչպէս ըսաւ այս պատուական երիտասարդը, Քրիստոս շրջապատուած է Գասպար Սմիթհի նման թըֆ աշակերտներով: Ի՞նչ ըսիր, պարոն ոստիկանապետ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (դէմքը դարձնելով պատուհանէն): Այդպէս է, պարոն քաղաքապետ, այնպէս պիտի ըլլայ, որ ձերբակալութեան մասին աշակերտներն իսկ չիմանան:
ՔԷՓԹԸՆ — Բայց չէ՞ որ միշտ աշակերտներով շրջապատուած է:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Այդպէս է, Քէփթըն, Քրիստոսը պէտք է ձերբակալուի բոլորովին առանձինն վայրի մը մէջ: Եւ այս երիտասարդը պիտի առաջնորդէ ձեզի:
ՄԱՅՔ — Այո՛, այո՛: Ան ամէն առաւօտ արեւը ծագելէ առաջ կը հեռանայ բաց դաշտի մը մէջ եւ կամ բլուրի մը վրայ ու կը վերադառնայ արեւածագին: Ես զինքը լսած չեմ, եւ, սակայն, կ’ըսեն, որ նա այդ պահուն հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ երկնքին հետ: Քանի մը աշակերտներ նոյնիսկ լսած են անոր խօսիլը երկնքին հետ: Այնտեղ է, որ պիտի մօտենանք Քրիստոսին:
ՔԷՓԹԸՆ — Ուրեմն, արեւը ծագելէ առաջ: Բայց եթէ այս քաղաքին մէջ քնանա՞յ այս գիշեր, այդ նպարավաճառին տունը:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Պարոն ոստիկան, այդ պարագան կարելի է կարգադրել հիմա:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (քիչ մը ուշ պատասխանելով): Անշուշտ, անշուշտ, արեւը ծագելէ առաջ: Ոստիկանութիւնը լուր ունի արդէն, որ ան այսօրուան քարոզէն վերջ պիտի այցելէ որբեւայրի կնոջ տունը: Յետոյ աշակերտներուն հետ միասին պիտի ճաշէ Անթօնի Սըլէրիի տան մէջ:
ՄԱՅՔ — Եւ ուշ ատեն նորէն պիտի վերադառնայ հոն, ուր գիշերեց երէկ երեկոյ: Ան շատ սիրեց այդ ընտանիքը: Քրիստոս բնաւ քաղաքին մէջ չի մնար:
Դուրսի երաժշտութիւնը կը դադրի: Ոստիկանապետը, կարծես մոռցած իր դերը, կը կենայ այն պատուհանին առջեւ, ուրկէ կը լսուի Քրիստոսի քարոզը մեղմ ու մաքուր ձայնով:
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԱՅՆԸ — Իմ հայրը զիս ղրկեց, որովհետեւ աշխարհի չարութիւնը մինչեւ երկինք բարձրացաւ, որովհետեւ այլանդակուեցաւ կերպարանքը իր ստեղծած մարդուն, որ իր պատկերին նմանութիւնն ունէր: Մարդիկ դարձան դիւահարներ ու չգիտցան չարը բարիէն զանազանել: Մարդը նմանեցաւ այն խոզին, որ ծնանելէ յետոյ ետեւ կը դառնայ ու իր ձագերը կ’ուտէ կամ անոնց վրայ կը պառկի: Ինչպէս մայրութիւնը խոզին մէջ, նոյնն է եղեր ճշմարտութիւնը մարդուն մէջ:
ՔԷՓԹԸՆ — Ուրեմն, պէտք է ձերբակալել ագարակին մէջ, երբ ան հեռանայ իր աշակերտներէն, երբ մինակ ըլլայ, արեւը ծագելէն առաջ: Այդ պարագային կարծեմ թէ մէկ ոստիկան կը բաւէ ինծի հետ: Ի՞նչ կ’ըսես, Չիֆ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (յափշտակուած Քրիստոսի քարոզով): Արեւը ծագելէ առաջ, արեւը ծագելէ առաջ, երբ ան մինակ է:
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԱՅՆԸ — Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, չար մարդուն վրայ կարելի է կարեկցիլ միայն, ինչպէս կը կարեկցիք հաշմանդամին եւ կամ կոյրին: Նախընտրեցէք մարմնով հաշմանդամ ըլլալ քան հոգիով: Հարուստ է եւ երջանիկ այն աղքատը, երբ բարի է: Իսկական երջանկութիւնը բարի զգալուն եւ մտածելուն մէջն է: Բարութիւնը արուեստներու մեծագոյնն է: Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, երախային համար ադամանդին եւ ապակիին արժէքը միեւնոյնն է: Եղէք երախաներու պէս: Մարդիկ բարութիւնով միայն կրնան իմ հօրը նմանիլ եւ վերագտնել անոր կերպարանքը:
ՔԷՓԹԸՆ — Եթէ պատահեցաւ, որ այս գիշեր ուրի՞շ տեղ գիշերեց…
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Այն ատեն այս պատուական երիտասարդը կ’իմանայ եւ լուր կուտայ: Ան իրիկուան 11-ին կը հեռախօսե ինծի, եւ ես իմ կարգին կը հեռախօսեմ ոստիկանատուն: Կարծեմ, այդ աւելի լաւ կ’ըլլայ պարոն ոստիկանապետ: (Քաղաքապետի ձայնին մէջ դժգոհութիւն մը կայ, որովհետեւ ոստիկանապետը պէտք եղած ուշադրութիւնը չի տար:)
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — (գլուխը հեռացնելով պատուհանէն): Այնպէս թող ըլլայ, պարոն քաղաքապետ. Քէփթընը ձեռնհաս է այդ բոլորը կարգադրելու:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — (քիչ մը բարձրացնելով ձայնը): Ըսել կ’ուզեմ, թէ ժամը 11-ին ես կը հեռախօսեմ ձեզի, եւ դուք կը սպասէք իմ հեռախօսին:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Անշուշտ, անշուշտ, Քէփթընը այստեղ պիտի ըլլայ արդէն: 11-ին աւելի որոշ կ’ըլլայ, թէ ո՞ւր պէտք է հանդիպի այս պատուական երիտասարդին:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — Ուրեմն, երթանք, տղաս, որ Քէփթընն ու ոստիկանապետը իրենց գործերուն ըլլան: Անհրաժեշտ է դուրսի ժողովուրդի խաղաղութեան հսկել, իսկ ես քեզ դուրս կը հանեմ ամայի փողոց մը, որ յետոյ միանաս Քրիստոսի խումբին: Մի՛ վախնար, տղաս, ոչ ոք պիտի կասկածի:
Քէփթըն, քաղաքապետ եւ Մայք դուրս ելլելու կը պատրաստուին, երբ դրան վրայ յանկարծ կ’երեւի Գասպար Սմիթհը` ծանր դէմքով, խռիւ մազերով: Մայք յանկարծ կը շփոթի եւ ետ ետ կ’երթայ:
ՄԱՅՔ — Օգնեցեք, օգնեցեք, ան կրնայ սպաննել զիս:
ԳԱՍՊԱՐ — Եկած ես Տէ՞րը մատնելու, դուն գարշելի սողուն:
Ոստիկանապետը զարմացած կը հեռանայ պատուհանէն ու կը մօտենայ:
ՔԷՓԹԸՆԸ — Դուք ո՞վ էք, պարոն, եւ ի՞նչ համարձակութեամբ…
ՄԱՅՔ — (իրար անցած): Գասպար Սմիթհն է, Գասպար Սմիթհը:
ԳԱՍՊԱՐ ՍՄԻԹՀ — Ես եմ, Գասպար Սմիթհ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Գասպար Սմիթհ:
ԳԱՍՊԱՐ — Ոստիկանութիւնը շատոնց էր, որ կը հետապնդէր զիս: Եկած եմ ինքզինքս ոստիկանութեան յանձնելու, որովհետեւ առայժմ լրացաւ իմ աշխատանքը, եւ ես արդէն տեսայ Քրիստոսի յաղթանակը իմ քաղաքին մէջ:
ՔԷՓԹԸՆ — Դուք ձերբակալուած էք, Գասպար Սմիթհ:
Քէփթընը երկաթէ օղակը կը հանէ ու կ’օղակէ Սմիթհի ձեռքը, մինչ ան զարհուրելի աչքերով Մայքին կը նայի, որ կը հեռանայ քաղաքապետին հետ:
ԳԱՍՊԱՐ — Ճիշդ հիմա տեսայ, պարոններ, որ տակաւին գործս լրացուցած չեմ: Ես գործ ունիմ այդ գարշելի սողունին հետ:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ — (հեռանալու պահուն): Մի վախնար, տղաս, ան արդէն ձերբակալուած է:
Քէփթընը ցաւցնելու աստիճան կը դարձնէ երկաթէ օղակը:
ԳԱՍՊԱՐ — Կամաց, Քէփթըն, կը տեսնես, որ ես իմ ոտքով եկած եմ:
Քէփթընը հրելով դուրս կը հանէ զայն, մինչ ոստիկանապետը անհամբեր, պատուհանէն կը հետեւի Քրիստոսի ձայնին:
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԱՅՆԸ — Հաւատացէք, հաւատացէք, մարդիկ իրենց գլուխներուն մէջ կը ստեղծեն դժոխքի ահաւոր պատկերներ դեւերու նման, փշուր մը խաղաղութեան համար: Խաղաղութիւնը ամէն տեղ է եւ այնքան առատ, որքան երկնքի արեւը, եւ մարդիկ չեն տեսներ: Ատենօք ըսած եմ. «Բարի եղէք ձեր դրացին հանդէպ»: Այդ չհասկցուեցաւ ամբողջ 2000 տարի: Հիմա կ’ըսեմ. «Եղէք բարի դուք ձեզի հանդէպ»: Եթէ ըմբռնէք դուք ձեզ, պիտի կրնաք ըմբռնել ձեր դրացին ու ձեր ընկերը: Եթէ կ’ուզէք յարգել ձեզ, յարգեցէք ձեր նմանը: Եթէ սիրէք ձեզ, կը սիրէք ձեր նմանը, որովհետեւ այդ նմանը դուք ինքներդ էք եւ ունիք եղունգի միեւնոյն ցաւը: Նախ` յաղթեցէք դուք ձեզ ըմբռնելու դժուարութիւնը. այն ատեն յաղթած կ’ըլլաք չարին: Հեշտ է ամէն ինչ ձեզմով սկսիլ: Մի՛ մոռնաք եղունգի ցաւը, որ հեշտ է բոլոր ցաւերէն: Նոյնն է նաեւ ընկերոջդ ցաւը: Երբ ճանչնաք դուք ձեզ, ճանչցած կ’ըլլաք նաեւ իմ հայրը եւ կ’ըլլաք կատարեալ, ինչպէս իմ հայրն է: Մարդոց ձգտումը պէտք է ըլլայ նմանիլ Աստծոյ, եւ այդ նմանութիւնը աւելի շատ հոգեկան է, որովհետեւ Աստուած հոգի է: Կատարեալ հոգին կատարեալ կը դարձնէ նաեւ կերպարանքը:
Ներս կմտնեն Ճէք եւ Ֆրէնք ու կը մօտենան նոյն պատուհանին, ուր ոստիկանապետն է:
ՃԷՔ — Ան է, ան, ճիշդ մօտը կեցողը Լօրան է:
ՖՐԷՆՔ — Իսկապէս գեղեցիկ է Լօրան:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Շատ աւելի գեղեցիկ է, երբ Քրիստոսի մօտ կեցած է:
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՁԱՅՆԸ — Ի՞նչպէս կը զգաք, ո՜վ իմ բարեկամներ, երբ խելագար մը իր կռնակը մտրակէ արիւնելու աստիճան: Դուք միայն կը գթաք անոր վրայ եւ կ’ուզէք օգնել: Մարդիկ այժմ իրենց կռնակները խարազանող խելագարներու պէս են: Սուրը միայն սպաննելու համար եղած է, թնդանօթը քանդելու համար: Ո՞ր խելագարն է, որ պիտի ուզէ թնդանօթով եկեղեցի մը եւ կամ կամուրջ մը կառուցանել: Ո՞ր երախան է, որ տնկուած ծառ մը կը կտրէ եւ յետոյ կ’ըսէ հօրը. «Հայր իմ, պարտէզին մէջ նոր ծառ մը տնկեցի»: Դուն աւելի կատարեալ չես, քան քու ընկերդ, ո՜վ անմիտ, կատարեալը միայն իմ հայրն է: Ինչպե՞ս կը զգաս, ո՜վ մարդ, երբ եղունգդ կը ցաւի: Դուն այն ատեն գիշերները չես քնանար: Մինչդեռ դուն պատերազմ կը սարքես, դիակներ իրարու վրայ կը դիզես վառելու համար: Դուն զաւակները իրենց մօր հոգիներուն մէջ կը թաղես: Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ինչպէս որ դուք կենդանիներու վրայ կը նայիք, այնպէս ալ երկնքի բնակիչները ձեզ վրայ կը նային:
Ներս կը մտնէ Պիլ Քելլին` կօշիկներուն վրայ նայելով, կը ծռի, թաշկինակով կը սրբէ կօշիկներու փոշին ու կը խօսի ինքնիրեն:
ՊԻԼ ՔԵԼԼԻՆ — Վերջապէս, կեանքիս մէջ լաւ կօշիկ մը կրցի ունենալ:
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ
Տեսարանն է Թօնիի հիւրանոցը: Կինը` տիկին Սըլէրի փողոցը նայող պատուհանին մօտ նստած, լուբիա կը մաքրե: Տան ետեւի մուտքէն կուգայ տիկին Մարթինին ձայնը, որ «Սուզան» կը կանչէ:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Ներս եկուր, տիկին Մարթին:
Ներս կը մտնէ տիկին Մարթին:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Սուզան, այսօր մեր տունը ո՞վ գայ, որ հաւնիս:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Նորէ՞ն, ի՞նչ ունի, տիկին Մարթին. կ’երեւի, եկած է իր մուշտակէ վերարկուն ցոյց տալու:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Ճիշդ ալ վերարկուով եկաւ, չգիտեմ` այս տաք օրերուն ի՞նչ պէտք ունէր մուշտակէ վերարկու հագնելու: (Լուբիայէն մաս մը ինք կ’առնէ մաքրելու համար:)
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Ի հարկէ, վերարկու ինչո՞ւ չունենայ: Հիմա մեր բոլոր յաճախորդները սկսած են Տէնին երթալ: Չենք հասկնար, թե ի՞նչ կ’ուզէ այս անպիտան մարդը: Երբ մեր գործը լաւ էր. գիշեր ցօրեկ իրար խառնեց, որ Չալին մեր քովէն հանէ: Տիկին Մարթին, եթէ գործերնիս այսպէս երթայ, Թօնին ինքզինքն ալ պիտի կորսնցնէ: Հիմա հետը խօսիլ չ’ըլլար: Միայն քեզի է որ կ’ըսեմ, Թօնին հիմա գէշ կերպով սկսած է պոռալ քունին մէջ: Ամէն անգամ գլուխը բռնելով կ’անցնի, երբ կը տեսնէ Մէյն փողոցի շէնքը կէս ձգուած:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Հա, Սուզան, Տէնին կինը այդ շէնքին խօսքն ալ ըրաւ:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Կը տեսնես, տիկին Մարթին, ամէն բան կորսնցուցինք, նորէն չենք ազատիր ատոնց ձեռքէն:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Ես միայն ըսի, որ Թօնին հիմա Քրիստոսի դատով զբաղած է: Այդ է որ շէնքը կիսատ մնացած է:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Ինչպէ՞ս լրացնենք շէնքը, տիկին Մարթին. ունեցած չունեցածնիս այդ շէնքին մէջ դրինք, պանքան ալ այլեւս աւելի դրամ չի տար: Այդ շէնքը վաղուց լրացեր էր, եթէ չձերբակալուէր Քրիստոսը: Ձերբակալուելէն յետոյ, դուն ալ գիտես, որ մեր խանութին առեւտուրը ինկաւ յանկարծ: Այդ շէնքը կորսուած է, տիկին Մարթին, կորսուած: Որպէս բարեկամի կը խօսիմ քեզի: Անցեալ օր Էմման անգամ քիթը վերցնելով անցաւ քովէս: Արդէն երկար ատեն է, որ մեր խանութը չի գար: Տէնէն առեւտուր կ’ընէ: Յաճախորդներու տեղ մեր խանութը հիմա գաղտնի ոստիկաններ կը մտնեն կ’ելլեն: Անցեալ օրը, երեւակայէ, մէկը եկած էր Թօնիին կշիռը քննելու: Երկու անգամ ազդարարութիւն ստացաւ Թօնին. որպէս թէ լաւ ապրանք չի պահեր եւ խանութը աղտոտ կը ձգէ: Այդ բոլորը այդ անպիտան մարդուն` Տէնին մատնութիւններն են: Երեւակայէ, տիկին Մարթին, փողոցի ոստիկանն անգամ հակառակ կ’երթայ Թօնիի: Այս բոլորը Քրիստոսի ձերբակալութենէն յետոյ կ’ըլլայ: Ինչքան ըսի Թօնիին, օգուտ չըրաւ: Ի՞նքն էր մնացեր Քրիստոսի դատը պաշտպանողը: Երեւակայէ, տիկին Մարթին, Քրիստոսին հետեւող երէկի բազմութիւնը չի կայ հիմա: Ձերբակալութենէն յետոյ, մէջտեղ մնացին Թօնին, աշակերտները եւ մուրացիկները: Ոստիկանութիւնը հիմա սկսած է աշակերտներն ալ հալածել: Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, տիկին Մարթին, եթէ Թօնին ալ ձերբակալեն օր մը: (Ձայնը արցունքին մէջ թուլցնելով:) Այս առտուան Սընին մէջ կար, որ Շիքակոյի մէջ կառավարութիւնը տապալելու դաւադրութիւն մը երեւան հանուած է, եւ Քրիստոսի մատը կայ մէջը:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Այդ դավադրութիւնը ի՞նչ կապ ունի Թօնիին հետ, Սուզան, եւ արդէն այսօր Քրիստոսի դատին վերջին օրն է:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Այո՛, այո՛, դատը լմնար, մենք ալ ազատէինք: Քանի շաբաթ է, Թօնին կանոնաւոր խանութ չի մնար, խանութին գործը ձգած է Չալիին վրայ: Եթէ խօսիմ, կռիւ կ’ըլլայ տան մէջ: Հիմա Թօնին շատ է փոխւեր, տիկին Մարթին: Որ խօսիմ, կը սկսի պոռալ: 40 անգամ ըսի, մարդ, մի՛ս դիր խանութիդ մէջ. հիմա ժողովուրդը միս կը փնտռէ, ու խանութները չեն կրնար հասցնել:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Բայց այս մէկը պէտք է ըսես, Սուզան, որ հեռու կենայ մանաւանդ աշակերտներէն: Տէնին կինը բերանս փնտռեց, ուզեց հասկընալ, թէ աշակերտները նորէն հինին պէս կուգան կ’երթա՞ն ձեզի: Ըսի, որ քաղաքին մէջ աշակերտ չի մնացեր, բոլորն ալ հեռացեր են:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Ինչքան ըսեմ, օգուտ չ’ըներ: Տակաւին երկու օր առաջ աշակերտներէն երեքը մեր տունը գիշերեցին եւ առտուն շատ կանուխ ճամբայ ինկան` ոստիկանութեան աչքէն հեռու մնալու համար: (Խոհանոցէն կը լսուի սառցարանին դրան ձայնը: Թօնին ճաշի եկած է: Սուզան ձայնը ցածցնելով:) Այս թող չիմանայ Թօնին:
ՏԻԿ. ՄԱՐԹԻՆ — Ես ալ երթամ` Չալիին ճաշը պատրաստեմ: (Մաքրուած լուբիաները տեղաւորելով` ոտքի կ’ելլէ ու կը մեկնի առջեւի դռնէն:)
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — (կանչելով): Թօնի՜…
ԹՕՆԻ — (ձայնին մէջ աճապարանք): Ի՞նչ, բան չունի՞ս ուտելիք:
ՏԻԿ. ՍԸԼԷՐԻ — Հիմա լուբիա պիտի պատրաստեմ:
ԹՕՆԻ — Եթէ Աստուած կամենայ, երկու ժամէն կ’ըլլայ ճաշը: (Ներս կը մտնէ սէնտուիչ մը խածնելով ու կը մօտենայ րէտիոյին լուրեր առնելու համար:) Չէ, ես համբերանք չունիմ, Սուզան: Եթէ այսպէս երթայ, դատն ալ կորսուած է, մենք ալ կորսուած ենք տունով տեղով: Դուն լուր չունի՞ս, թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ դուրսը: Մէկ կողմէն թերթ ծախող փոքրիկները Շիքակօյի դաւադրութիւնը կը պոռան, իսկ միւս կողմէն խոշոր բազմութիւն մը, դատարանին շուրջ հաւաքուած, Քրիստոսի դատապարտութիւնը կը պահանջէ: Ի հարկէ, քեզի համար տարբերութիւն չ’ըներ, ինչո՞ւ պիտի ընէ: (Րէտիօն կուտայ ճէզի թեթեւ երաժշտութիւն մը:) Կը տեսնեմ, որ շատ ալ հոգդ չէ, երբ Մէյն փողոցի շէնքը չլրացած` կը կորսնցնենք: Շատ ալ հոգդ չէ, երբ պարտքերս դժուարութեամբ կրնամ վճարել:
ՏԻԿ. ՍՈՒԶԱՆ — Ի՞նչ կ’ուզէիր, որ ընէի, Թօնի: Դուն հոգ կ’ընես, հերիք է: Անշուշտ, անշուշտ, եթէ այսպէս երթայ, ոստիկանութիւնը օր մըն ալ քեզի պիտի ձերբակալէ:
ԹՕՆԻ — (լուրջ): Այ կին, զիս ինչո՞ւ պիտի ձերբակալեն: Իմ ո՞ր յանցանքիս համար:
ՍՈՒԶԱՆ — Այն յանցանքիդ համար, որ Քրիստոսի դատին պաշտպանութեան ելած ես, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը եւ կառավարութիւն մը անոր դատապարտութիւնը կը պահանջեն: Այն յանցանքիդ համար, որ Քրիստոսի աշակերտները քու տանդ մէջ կը պատսպարես:
ԹՕՆԻ — (աչքերը բանալով): Ձէնդ կնիկ, ձէնդ մինչեւ փողոց կը հասնի:
ՍՈՒԶԱՆ — Պիտի ըսեմ, պիտի խօսիմ: Շէնքդ կորսնցուցիր. եթէ այսպէս երթայ, խանութդ ալ պիտի կորսնցնես: Որ տեղը գայ, Տէնը չես հաւնիր: Ինչքա՜ն ալ գէշ մարդ ըլլայ, նորէն գիտէ իր գործը:
ԹՕՆԻ — (բարկացած): Ըսել է, Տէնը` էդ շան ձագը, գործը գիտցող մարդ եղաւ, հա՞: Այսօր դատը որ լրանայ, ես կը սորվեցնեմ, թէ ո՞վ է գործը գիտցողը: Այդ անիծուած աւազակը հիմա առիթը գտած է իմ կոկորդին չոքելու: Ես շատ լաւ գիտեմ, որ իմ դէմ ինչ որ կը կատարուի` այդ շան ձագին մատը կայ: Եւ այդ անիծուածը մարդ ես ըրեր, անունն ալ կուտաս:
ՍՈՒԶԱՆ — Շատ գէշ մարդ կրնայ ըլլալ եւ, սակայն, լաւ ամուսին եւ հայր է: Մէկ տղան արդէն քոլէճ կը ղրկէ, իսկ կնկան էնպէս սուղ մուշտակէ վերարկու մը առած է որ…
ԹՕՆԻ — (աւելի բարկացած կը գոցէ րէտիօն): Ինչպէս կը տեսնեմ, Տէնին կնկան վերարկուն գլխիդ մէջ մտեր` քեզ կը նեղէ: Մինչեւ հիմա երեք անգամ ըսիր արդէն. «Տէնը իր կնոջ էնպէս մուշտակէ վերարկու մը առած է որ»… (Այդ ըսած ատեն կ’աշխատի իր ձայնը կնոջ ձայնին նմանեցնել:) Ի՜նչ շուտ մոռցար քու վերարկուդ, որուն մէկ անգամէն 100 տոլար վճարուեցաւ: «Տէնը իր կնոջ էնպէս սուղ վերարկու մը առած է որ»… (Թօնին բարկացած կ’երթայ` պահարանէն կնոջ վերարկուն կը բերէ ու կը նետէ սենեակին յատակը ու կը կրկնէ:) «Տէնը իր կնոջ էնպէս սուղ վերարկու մը առած է որ»… Շատ շուտ մոռցար` երբ գործս լաւ էր, երբ դրան վրայ յաճախորդներու բազմութիւն մը կարգի կը սպասէր: Ինչո՞ւ չէ, Թօնին շատ խելացի էր այն օրերուն, երբ տիկին Մարթինին տղան` Չալին, իր ձեռքին տակ պահեց, հակառակ Տէնի բոլոր աշխատանքներուն: (Թէլէֆոնի զանգ:) Այո, այո՛, մարդ հեղ մը չսայթաքի. այն ատեն ոչ միայն դրացիի ամուսինը, այլ նոյնիսկ թշնամին լաւ մարդ կ’ըլլայ կնոջ աչքին: (Խօսելով դէպի թէլէֆոնը կը քալէ:) Հէլօ, հէլօ, այո՛, այ եղբայր, ո՞ւր մնացիք: (Ձայնին մէջ բարութիւն դնելով:) Անշուշտ, անշուշտ, անմիջապէս կուգաք: Ո՞ւր ես հիմա, ո՞ւր են միւսները: Այսօր թող շատ չերեւան քաղաքին մէջ, թող ագարակը մնան, տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կը վերջանայ դատը: Ի՜նչ, արդէն քաղաքին մէ՞ջն են: Ի՞նչ է պատահեր… Այո, այո՛, կը խօսինք երկար, երբ գաս… Այսօր ես ինքս ալ միտք չունիմ դուրսերը երեւնալու: Նայէ, որ ետեւի դռնէն գաս: Դուռը բաց է միշտ: (Կը գոցէ թէլէֆոնը:)
ՍՈՒԶԱՆ — Նորե՞ն, նորե՞ն Քրիստոսի աշակերտները:
ԹՕՆԻ — Ձէնդ, կնիկ, ձէնդ. թէ չէ…
ՍՈՒԶԱՆ — Գլխիդ փորձանք պիտի բերես: Չեմ ուզեր, Թօնի, չեմ ուզեր: Տէնին կինը մինչեւ տիկին Մարթինին քով եկած է` հասկնալու համար, թէ աշակերտները կուգա՞ն մեր տունը: Տիկին Մարթինը քիչ առաջ այստեղ կ’ըսէր, որ Թօնին թող զգուշանայ աշակերտներէն:
ԹՕՆԻ — Տիկին Մարթինին ալ, քեզի ալ: Անցեալ օրը տիկին Մարթինն էր, որ խանութիս մէջ գանգատ կ’ընէր ուրիշ կնոջ մը, որ Չալին լաւ բժշկուած չէ, այսինքն` քալած ատեն ոտքը գետին կը քսէ եղեր: Շատ շուտ մոռցաւ, որ Չալին հաշմանդամ ծնած, գլաններուն վրայ մեծցած է: Նոյն տիկին Մարթինն է, որ ինծի ըսաւ, թէ Տէնը աւելի կը վճարէ Չալիին` եւ ես ստիպուեցայ աւելցնել Չալիի վճարումը: Այո, այո՛, զիս բաւական նեղը դրաւ, երբ գործս լաւ էր: Դժոխք դուն ալ, տիկին Մարթինն ալ… (Աւելի խիստ, սակայն ցած ձայնով:) Նայէ՛, Սուզան, քիչ յետոյ Քրիստոսի աշակերտներէն Միչըլը հոս պիտի գայ: Եթէ դժգոհութեան մէկ խօսք ընես, Թօնիին երեսը այլեւս չես տեսներ: Շէնքը կորսնցուցի, առեւտուրը կորսուելու վրայ է, թող կորսուի նաեւ տունը:
ՍՈՒԶԱՆ — (լալով աթոռին վրայ կը նստի, գոգնոցը աչքերուն): Թօնի, Թօնի, ես չսիրեցի այդ, չսիրեցի ըսելու ձեւդ: Թօնի, իմ սիրելի Թօնի, ինչպէ՞ս համարձակեցար այդ ըսել:
ԹՕՆԻ — (Սուզանի լալէն շուար, պահ մը կը մնայ. յետոյ կը մօտենայ, զգածուած ձայնով մը, ուսերը բռնելով, կ’ըսէ): Հանդարտէ, Սուզան: Ի հարկէ, այդ տեսակ բան չեմ կրնար ընել: (Գրկելով վեր կը հանէ ու թեթեւ մը կը համբուրէ երեսէն:) Այ, էդպէս, իրաւ որ երախայ ես եղեր: Սուզան, այսօր դատավարութեան վերջին օրն է: Եթէ իսկապէս ան Աստուծոյ որդին է, ցոյց կուտայ իր հրաշքը: Այն ատեն շէնքն ալ կը լրացնեմ, եւ կ’ունենաս մուշտակէ վերարկու մը, որ քաղաքին մէջ ոեւէ կին հագած չէ: (Սուզան կը հանդարտի եւ գոգնոցով արցունքները կը ցամքեցնէ:) Հիմա ուր է, ուր չէ կուգայ Միչըլը: Ըսաւ, որ բաւական մօտ տեղէ թէլէֆոն կ’ընէ: (Թօնին յատակէն կը վերցնէ վերարկուն:)
ՍՈՒԶԱՆ — Թերեւս Միչըլը պիտի ուզէ ճաշել:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ:
ՍՈՒԶԱՆ — Ուրեմն սալաթ ալ պատրաստեմ, Միչըլը կը սիրէ սալաթ:
ԹՕՆԻ — Այդ լաւ կ’ընես, Սուզան: (Սուզան կը մտնէ խոհանոց. Թօնին կը բանայ րէտիոն լուրերու համար:)
ՐԷՏԻՕՆ — Nea, nea, said the little fox… Nea, nea, you can’t catch me.
— Լուր Էսոշիէյթըտ Փրէսէն:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ — Լոնտոն բոցերու մէջ է, թափուած է 10.000.000 փաունտ ռումբ:
ԹՈՒՐՔԻԱ — Երկրաշարժի մեծ ցնցում, մարդկային կորուստ` 60000:
ՖՐԱՆՍԱ — Մարդկային կորուստ կը հաշուուի մէկ ու կէս միլիոն: Տիկիններ, դուք շատ լսեցիք Մաժինօ եւ Զիկֆրիտ գծերու մասին: Ձեր ճամբու ուղիղ գիծը կը տանի դէպի Աֆրոդիդ լօշընը: Հարցուցէք բոլոր դեղարաններուն: Աֆրոդիդ լօշընը ձեր ձեռքերը փափուկ կը պահէ, հոտաւետ է: Գեղեցիկ փափուկ ձեռք մը սիրուն կ’երեւի ձեր պարի ընկերոջ ուսին:
ԱՆԳԼԻԱ — Պերլին բոցերու մէջ, Համպըրկ քարուքանդ:
ՌՈՒՍԻԱ — Թիֆօ հիւանդութիւնը տարածուած է բանակի եւ քաղաքներուն մէջ: Զարհուրելի զոհեր կը խլէ:
ՇԻՔԱԿՕ — Ամերիկեան կառավարութիւնը տապալելու դաւադրութիւն մը երեւան հանուած. առ այժմ ձերբակալուածներու թիւը 15 է:
ՍՓՐԻՆԿՖԻԼՏ — Այս վերջին օրն է Քրիստոսի դատավարութեան: Դատարանին մէջ այդ տարօրինակ մարդը կը մերժէ պատասխանել իրեն տրուած հարցումներուն: Շիքակօյի դաւադրութեան լուրը աւելի խոշոր բազմութիւն հաւաքած է դատարանին եւ փողոցներուն շուրջ: Կը պահանջեն Քրիստոսի դատապարտութիւնը: Տիկիններ, փնտռեցէք Աֆրոդիդը, եթէ գործածէք, պիտի տեսնէք, որ ձեր ձեռքերը պիտի ժպտին ձեր շրթներուն նման:
ՆԻՒ ԵՈՐՔ — Շիքակօյի սպանդանոցներու արժեթղթերը սակարանին մէջ մեծ բարձրացում կ’ունենան: Պաշտօնեաները դժուարութեամբ կը հասնին դրամ առնելու: Երկրի չորս կողմերէն կառաշարներով Շիքակօ կը հասնին խոզ, գառնուկ, եզ, հորթ: (Երաժշտութիւն:) Nea, Nea, said the little fox…
Տիկին Սուզան դրան վրայ կերեւի բան մը ըսելու համար: Թօնին կը գոցէ րետիօն:
ԹՕՆԻ — Խոստացիր, Սուզան, որ այլեւս այդ անիծուած Տէնին խօսքը չպիտի ընես այս տունին մէջ:
ՍՈՒԶԱՆ — (մատը բերանին տանելով): Հըշ, Թօնի, Միչըլն է, սանդուխէն վեր կ’ելլէ:
ՄԻՉԸԼ — (սանդուխներէն վեր ելած ատեն): Բարեւ, քոյր Սուզան:
ՍՈՒԶԱՆ — Բարեւ, եղբայր Միչըլ, Թօնին ներսն է:
ՄԻՉԸԼ — (Ա. արարի ծեր վակապոնը ներս կը մտնէ` լայն գլխարկը հանելով: Ճակատին վրայ կապուած վէրք կայ: Յոգնած է): Բարեւ, եղբայր Անտոնիոս:
ԹՕՆԻ — (կ’օգնէ, որ նստի Միչըլը): Նստէ, եղբայր Միչըլ, ի՞նչ պատահեցաւ ճակատիդ: Չըլլա՞յ թէ ճամբան ամբոխի հանդիպեցար:
ՄԻՉԸԼ — Կը պատմեմ, կը պատմեմ, իմ բարի Անտոնիոս: Այս քաղաքին մէջ չպատահեցաւ: Այն տեսակ փողոցներէ անցայ, որ չհանդիպեմ ամբոխին:
ԹՕՆԻ — Հանդարտէ, եղբայր Միչըլ, ես ալ քիչ առաջ դուրսէն եկայ: Ծանօթ ոստիկան մը ըսաւ, որ դուրսերը շատ չերեւիմ: Այսօր Շիքակօյի լուրէն յետոյ, աւելի խոշոր բազմութիւն հաւաքուած է դատարանին շուրջ:
ՄԻՉԸԼ — Իսկ հիմա դուրսը դժոխք է դարձեր. փողոցներուն մէջ տեղ տեղ թափօր կազմակերպած են ու կը պահանջեն Քրիստոսի դատապարտութիւնը: Ինձ ըսուեցաւ, որ թափօր կազմակերպողները եղած են եկեղեցիներն ու վաճառատուները: Կը տեսնե՞ս, եղբայր Անտոնիոս, այս երկուքը որտե՞ղ իրար կը գտնեն. վաճառականներն ու եկեղեցականները…
ԹՕՆԻ — Կորսուած ենք, եղբայր Միչըլ, Քրիստոս կը մերժէ հարցումներուն պատասխանել: Եթէ այսպէս երթայ, մենք կորսուած ենք: Երդուեալները այնպէս պիտի տպաւորուին, որ Քրիստոս յանցաւոր ըլլալուն համար չի պատասխաներ: Դատավարութեան վերջին օրը մէջտեղ եկաւ նաեւ սա Շիքակօյի լուրը…
ՄԻՉԸԼ — (հանդարտ ու ծանր): Մենք դատը շահած ենք, եղբայր Անտոնիոս, որովհետեւ Քրիստոս ինքն է ճշմարտութիւնն ու կեանքը: Ճշմարտութիւնը չի դատապարտուիր, ինչպէս արեւի լոյսը դժուար է տուփին մէջ պահել: Այսօր եկայ ըսելու, եղբայր Անտոնիոս, որ վաղը պիտի մեկնինք այստեղէն, որովհետեւ մեր դեմ եղած հալածանքները աւելի շատցան: Միայն թէ` կ’ուզենք այս գիշեր ձեր յարկին տակ պատսպարուիլ` առաւօտ կանուխ ճամբայ ելլելու համար:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ, եղբայր Միչըլ, իմ տունը բաց է ձեր առջեւ: Քիչ առաջ, կինս` Սուզանը, մտահոգուած էր ձեր մասին: Հարցուց, թէ` ո՞ւր են, չեն երեւիր: Ես լաւագոյնս կ’ընեմ, ձեզ ոստիկանութեան ձեռքը չեմ տար:
ՄԻՉԸԼ — Միայն եօթը հոգի մնացեր ենք, եղբայր Անտոնիոս: Լօրան, Ասկըրը, Էմմանուէլը եւ Պիլը իրենք զիրենք հազիւ կայարան ձգեցին` Քօլօրատօ վերադառնալու համար:
ԹՕՆԻ — Կը տեսնեմ, որ բան մը պատահած ըլլալու է, եղբայր Միչըլ:
ՄԻՉԸԼ — Այս առաւօտ Շիքակօյի այսպէս կոչուած դաւադրութեան լուրը շատ արագ տարածուեցաւ ագարակի բնակիչներուն մեջ: Նորէն X Boro-ի պատուելիի գլխաւորութեամբ, ամբոխի աղմուկ մը, շուներու հաջոցներով շատցավ մեր շուրջ: Հասկցանք, որ վտանգը մօտեցած է: Բարի քրիստոնեայ կին մը նախապէս լուր տուած էր եղբայր Թովմասին, որ զգոյշ ըլլանք, որովհետեւ X Boro-ի պատուելին իր ժողովուրդով աշակերտներուն վրայ կուգայ: Այդ որ իմացանք` դուրս թափուեցանք փրկելու համար նաեւ բարի Թովմասին տունը: Լուրը արդէն ուշ ստացած էինք, սիրելի Անտոնիոս: Վազվզելով ճամբաներուն ու անտառներուն մէջ ինկանք, մինչ ամբոխը մեր կրունկին ետեւն էր` զինուած քարով ու փայտով: Նետուած քարէ մը ստացայ սա ճակատիս վէրքը: Լօրան, Ասկըրը, Էմմանուէլն եւ ես միասին էինք: Բարի քրիստոնեայ մը մեզ իր օթոմօպիլին մէջ առաւ` ազատելու համար բարկացած ամբոխէն: Երբ քաղաք մտանք, անոնք ուղղակի կայարան գացին, իսկ ես բաժնուեցայ` միւսներուն միանալու համար: Չէի կրնար հեռանալ, սիրելի Անտոնիոս: Կ’ուզէի դատավարութեան վերջին օրն ալ տեսնել մեր սիրելի վարդապետը: Առայժմ մէջտեղ չկան Լուին, Լոյտն ու Մարիօն: Անոնք հալածանքի ընթացքին անտառ մտան: Երէկ գիշեր երեւան եկաւ Մայքը, որ կորսուած էր երկար ատեն:
ԹՕՆԻ — Մա՞յքը, այդ ի՞նչպէս: Կասկած կար, չէ՞, որ ան մատնած է տէրը: Գասպար Սմիթհը խօսած է բանտարկեալի մը, թէ ինչպէ՜ս տեսած է իր աչքով…
ՄԻՉԸԼ — Այո, այո՛, երէկ գիշեր ինքն այդ բոլորը խոստովանեցաւ, եւ քիչ մնաց, որ բարի Թովմասին տան մէջ կռիւ ըլլար:
ԹՕՆԻ — Կռի՞ւ, աշակերտներո՞ւ մէջ:
ՄԻՉԸԼ — Տեսանք, որ ներս մտաւ Մայքը` վրան գլուխը պատռտած ու անօթի. ամբողջ երկու շաբաթ անտառներուն մէջ ապրած էր: Կերակուր տուինք, կերաւ: Յետոյ, խոստովանեցաւ Լօրային, արցունքոտ աչքերով: Տեսանք, որ Լօրան, այդ բարի հրեշտակը, Մայքի վրայ յարձակեցաւ ազնուական վագրի մը պէս: Մայքը հազիւ ազատեցինք Լօրայի զայրոյթէն, եւ Մայքը գիշերով դուրս ինկաւ: Յաջորդ օր Լօրան կասկած յայտնեց, որ այդ առնէտը կրնայ մեզ ալ մատնած ըլլալ X Boro-ի պատուելիին:
Կը լսուի դրան զանգը: Սուզան դուրս կուգայ խոհանոցէն:
ՍՈՒԶԱՆ — Թօնի, դուռը անմիջապէս մի՛ բանար: Կրնայ ըլլալ, որ ոստիկան է:
ՄԻՉԸԼ — (արտորանքով): Ուրեմն, աճապարեմ: (Ոտքի կ’ելլէ, Սուզան փողոցի պատուհանէն դուրս կը նայի:)
ՍՈՒԶԱՆ — Երկու մարդեր են քաղաքացիական տարազով:
ՄԻՉԸԼ — Ես պէտք է հեռանամ ետեւի դռնէն: Ես պէտք է հեռանամ:
ԹՕՆԻ — Սուզանը քեզ համար ճաշ պատրաստած է, եղբայր Միչըլ:
ՄԻՉԸԼ — Յետոյ, յետոյ, ես պէտք է հեռանամ, շնորհակալութիւն:
ԹՕՆԻ — (դուրս նայելով): Բայց անոնք ոստիկաններու չեն նմանիր: (Նորէն զանգի ձայն:) Նայէ, Միչըլ, եթէ զիս ձերբակալեցին, տունը այստեղ է…
ՄԻՉԸԼ — Միայն այս գիշեր, միայն այս գիշեր: Դուրսը ոեւէ տեղ ապահով չէ մեզ համար: Այս տունէն զատ ամէն մարդ թշնամի է մեզի: Պիտի աշխատիմ տեսնել վարդապետը դատապարտութենէն վերջ:
ԹՕՆԻ — Միայն թէ, զգոյշ, չհետապնդուիք ճամբարներու մէջ: Ետեւի դուռը միշտ բաց պիտի գտնէք:
ՄԻՉԸԼ — (խոհանոցի դռնէն դուրս ելլելով): Ուրեմն, ցտեսութիւն, բարի Անտոնիոս եւ բարի Սուզան: (Նորէն զանգի ձայն:)
ՍՈՒԶԱՆ — (վախցած): Թագնուէ, Թօնի, կրնայ ըլլալ, որ գաղտնի ոստիկաններ են:
ԹՕՆԻ — Չէ, Սուզան, թող գան, բաց դուռը, Թօնին թագնուող չէ: Թագնուիլը տղամարդու գործ չէ:
Կինը կ’երթայ դուռը բանալու, մինչ Թօնին չորս կողմ կը նայի թագնուելու համար: Դժուարութեամբ կը մտնէ սոֆային ետեւ: Սանդուխէն կը լսուի ոտքերու ձայներ: Կը խօսի օտարականներէն մէկը:
ՕՏԱՐԱԿԱՆ — Անշուշտ, անշուշտ ծանօթ ենք ամուսինիդ` Անթօնի Սըլէրի:
ՍՈՒԶԱՆ — (թեթեւ ձայնով ներս մտած պահուն): Օհ, Թօնի…
Թօնին սոֆայի տակէն դուրս կ’ելլէ այն երեւոյթով, որ կարծես բան մը կը շինէր այնտեղ: Ներս մտնողները չտեսնալ ձեւացնելով:
ԹՕՆԻ — Հա, Սուզան, սոֆայի այդ ոտքը ճեղքուած էր:
ՍՈՒԶԱՆ — Թօնի, այս երկու պարոնները Հոլիվուտէն եկած են, կ’ուզեն քեզ տեսնել:
ԹՕՆԻ — (աչքերը բաց, զարմացած): Խնդրեմ, նստեցէք, պարոններ: Հոլիվուտէ՞ն, Թօնի Սըլէրիի տո՞ւնը: Պարոններ, շատ քիչ անգամ ձեզ նման հիւրեր մեզի այցելելու պատիւը կ’ընեն:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԵԿԸ — Բայց դուք Քրիստոսը հիւրասիրեր էք ձեր այս յարկին տակ:
ԹՕՆԻ — (կասկածելով): Ճիշդ էք, Քրիստոսը… Բայց դուք ըսիք, որ Հոլիվուտէն էք:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԵԿԸ — Անշուշտ, ճիշդ երէկ հասանք սաւառնակով: Կասկածելու ի՞նչ կայ:
ԹՕՆԻ — Ի հարկէ, ի՞նչ կայ կասկածելու: Ուրեմն, ճիշդ եւ ճիշդ Հոլիվուտէն: Խնդրեմ, նստեցէք:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԵԿԸ — (երկուքն ալ նստելով): Ճիշդ ու ճիշդ Հոլիվուտէն: Դուք ի՞նչպէս էք, պարոն Սըլէրի: (Սիկար մը կ’երկարէ:)
ԹՕՆԻ — (տակաւին զարմացած): Ուրեմն, դուք անձամբ կը ճանչնաք Քլարկ Կէյպըլը, Չարլի Չէփլինը: (Մտածելով:) Սուզան, ի՞նչ էր անոր անունը, որ անցեալ օր մեզ շատ խնդացուց:
ՍՈՒԶԱՆ — (վարագոյր, աթոռներ շտկելով զբաղած): Ճան Պէրիմօ՞րը ըսել կ’ուզես:
ԹՕՆԻ — (գոհ սիկարը խածնելով): Այո, այո՛, ան ի՞նչպէս է:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Ան նորէն ամուսնացաւ իր առաջին կնոջ հետ:
ԹՕՆԻ — Իր առաջի՞ն կնոջ հետ:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Այնքան մոռցած էր իր առաջին կինը, որ ան ծանօթացաւ որպէս նոր բարեկամի եւ ամուսնացաւ: (Օտարականը կ’աշխատի Թօնին լաւ տրամադրութեան մէջ դնել:)
ԹՕՆԻՆ եւ ՍՈՒԶԱՆԸ — (կը խնդան):
ԹՕՆԻ — Իրաւ, տարօրինակ է սա Հոլիվուտը:
ՍՈՒԶԱՆ — Ուրեմն, կը ճանչնաք նաեւ Կրէտա Կարպօն:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Ի հարկէ, ան վերջին անգամ տայըթիշընի մը հետ տեսնուած է: Այս տարի տարօրինակ բան մը պատահեցաւ անոր…
ՍՈՒԶԱՆ — Ամուսնացա՞ւ:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Օհ, եթէ ամուսնանար, այլեւս ըսելիք, խօսելիք բան չէր ըլլար, եթէ անմիջապէս ամուսնալուծումի խօսք չըլլար:
ՍՈՒԶԱՆ — Ուրեմն, ի՞նչ կարեւոր բան պատահեցաւ:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Կարպօն խնդաց:
ԹՕՆԻ — Մի՞թէ ան բնաւ չի խնդար:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — Օհ, ոչ, այնքան լուրջ է, որքան հաւկիթի վրայ նստած հաւ մը:
ԹՕՆԻ — Հա, հա, իրաւ տարօրինակ է սա Հոլիվուտը:
ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ — (ձայնը լրջացնելով): Պարոն Սըլէրի, մենք շատ կարեւոր գործի համար եկած ենք հոս: Մեզ վստահացուցին, որ միայն դուք կրնաք օգտակար ըլլալ: Իմ անունը Fred Ward է, ներկայացուցիչ Իւնիվըրսըլ արտադրողական տան: Ընկերս, Րոպըրթ Ֆիշըրը, նոյն տան փաստաբանն է:
ԹՕՆԻ — Փաստաբա՞ն, բայց պարոններ, Քրիստոսի դատավարութեան համար ես յոգնեցայ փաստաբաններ փնտռելէ:
ՖՐԷՏ — Պարոն Սըլէրի, պարոն Ֆիշըրը այն փաստաբաններէն է, որ քեզմէ դրամ չի պահանջեր, այլ, ընդհակառակը, ինք կը ծախսէ դրամը:
ԹՕՆԻ — Ուրեմն, սխալ բան մը կայ:
ՖԻՇԸՐ — Սխալ ոչինչ կայ, պարոն Սըլէրի:
ՖԻՇԸՐ — Մենք եկած ենք, որ օգնես մեզի: Օգնութեանդ համար միայն պիտի վարձատրուիս մեծ գումարով: (Թօնին եւ կինը իրարու երես կը նային:) Մենք եկած ենք սաւառնակով մինչեւ Քալիֆորնիայէն` յատկապէս տեսնելու համար Քրիստոսը: Մեզի ըսին, որ այս քաղաքին մէջ ան միայն ձեր յարկին տակ եղած է, եւ միայն դուք էք անոր մօտիկ բարեկամը:
ԹՕՆԻ — (ուրախ): Անշուշտ, անշուշտ, ան իմ հիւրն էր: Ան նախապէս գիտէր իմ անունը: Ան երկար խօսեցաւ ինծի: Յիշեց 2000 տարի առաջուան բեթանիացի սանդալ շինող Սիմոնը: Բայց Քրիստոս բանտարկեալ մըն է այսօր եւ կը դատուի:
ՖՐԷՏ — Այդ բոլորը գիտենք, պարոն Սըլէրի: Այս առաւօտ կանուխ ուզեցինք տեսնել զինքը:
ԹՕՆԻ — Բանտի՞ն մէջ: Բայց ինձմէ զատ ոեւէ մէկին թոյլ չեն տար, որ տեսնուի Քրիստոսին հետ:
ՖՐԷՏ — Պարոն Սըլէրի, մենք գիտենք, թէ ինչպէս պէտք է բանալ բանտին դռները:
ԹՕՆԻ — Ուրեմն, դուք տեսա՞ք Քրիստոսը:
ՖՐԷՏ — Մենք տեսանք Քրիստոսը եւ, սակայն, մեր բոլոր աշխատանքները ապարդիւն անցան: Ան մեզի հետ չխօսեցաւ` թերեւս կարծելով, որ մենք կասկածելի մարդիկ ենք: Իրեն հետ խօսեցայ Իւնիվըրսըլ արտադրողական տան կողմէ: Ինձ այնպէս նայեցաւ, որ կարծես թէ իմացած չէր այդ նշանաւոր ընկերութեան անունը: Ընկերութիւն մը, որուն տարեկան գործառնութիւնը հարիւր միլիոնի կը հասնի:
ԹՕՆԻ — Ըսի՞ք որ Հոլիվուտէն էք:
ՖԻՇԸՐ — Ես ինքս խօսեցայ, որ եկած ենք իր դատը պաշտպանելու, զինքը բանտէն ազատելու, եթէ Իւնիվըրսըլ ընկերութեան հետ ստորագրէ պայմանագրութիւն մը:
ԹՕՆԻ — Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս, դուք պիտի կրնա՞ք ազատել Քրիստոսը, երբ այսօր արդէն դատին վերջին օրն է:
ՖԻՇԸՐ — Շատ հեշտ է, պարոն Սըլէրի: Այդ մեր` փաստաբաններուս գործն է, եթէ միայն Քրիստոս ուզէ ստորագրել 500.000 տոլարի պայմանագրութիւն մը:
ԹՕՆԻ — (զարմացած, աչքերը բաց): Հինգ հարիւր հազար տոլար:
ՖՐԷՏ եւ ՖԻՇԸՐ — (միասին): Այո, այո, հինգ հարիւր հազար տոլար:
ՖԻՇԸՐ — Եւ ամերիկեան դրամ:
ՖՐԷՏ — Ալ կրնաս երեւակայել, պարոն Սըլէրի, թէ ան ի՞նչ տեսակ մէկը պիտի ըլլայ, որ մերժէ ստորագրել 500.000 տոլարի պայմանագրութիւն մը:
ՖԻՇԸՐ — Մենք արդէն իր դատը շահեցանք այն ատեն, երբ այդ մարդը բանտին մէջ մերժեց մտիկ ընել մէզ, նոյնիսկ 500.000 տոլարանոց պայմանագրութիւնը ներկայացնելէ յետոյ: Այլ խօսքով` այդ մարդը բնական մէկը չէ: Չգիտեմ, չգիտեմ, բան մը կայ պակաս պարոն Սըլէրի, այսինքն… (Զգուշութեամբ կ’ըսէ:) Կիսախելագար է:
ԹՕՆԻ — (թեթեւ խստութեամբ): Չէ, պարոն փաստաբան, այդ անկարելի է: Թերեւս լաւ բացատրուած չէ, թերեւս հաւատացեր է, որ դուք կասկածելի մարդիկ էք: Իսկապէս ցոյց տուի՞ք պայմանագրութիւնը` ընկերութեան կողմէ ստորագրուած:
ՖՐԷՏ — (պայմանագրութիւնը դուրս հանելով թղթապանակէն): Անշուշտ, այնպէս, ինչպէս հիմա ձեզի ցոյց կուտամ: 500.000 տոլար` ստորագրուած ընկերութեան կողմէն: Մեզ լսելէ յետոյ, ան նոյնիսկ չնայեցաւ թուղթին վրայ: Եւ ես կը կասկածիմ, որ ան մեր խօսածն իսկ չիմացաւ:
ԹՕՆԻ — Այդ կրնայ ըլլալ: Այլապէս անկարելի է, պարոններ, 500.000 տոլար: Շատ հաւանական է, որ ան հասկցած չէ: Այո՛, այո, ինձ ըսին, որ ոստիկանները զինք շատ են չարչարեր: Անոնք երէկ գիշեր անքուն պահած են Քրիստոսը ու ծեծած են, պարոններ, ծեծած են խեղճ Քրիստոսը: Իրեն հետ եղած բանտարկեալ մը, որ գողութեան յանցանքով դատապարտուած է, ինձ պատմեց, որ Քրիստոսի մարմնոյն վրայ կապոյտ գծեր կան: Ես տեսայ զինքը բանտին մէջ. ան ոչինչ ըսաւ ինծի, չդժգոհեցաւ: Ես նոյնիսկ տեսայ կապտութիւնը անոր սիրուն, բարակ դէմքին վրայ: Ան միայն լացաւ, պարոններ, ու խօսեցաւ. «Անտոնիոս, ես միայն կը կարեկցիմ մարդոց վրայ, անոնք չգիտեն, թէ ի՞նչ կ’ընեն. կը կարեկցիմ մանաւանդ անոնց, որոնք բանտարկեցին ու չարչարեցին զիս»: Ես այդ վիճակին մէջ տեսայ զինքը: Հիւանդ էր, հիւանդ, պարոններ: Թէ չէ` ի՞նչպէս պիտի չուզէր ստորագրել կէս միլիոն տոլարի պայմանագրութիւն մը: Այդ անկարելի է, անկարելի: Պէտք է տեսնել, պէտք է խօսիլ եւ կարգադրել: Միայն թէ` անոր դատին վերջին օրն է այսօր:
ՖՐԷՏ — Ոչինչ, այդ կարեւորութիւն չունի մեզի համար, պարոն Սըլէրի: Ինչպէս կ’երեւի, կորսուած դատ է: Ան թող ստանայ վճիռը, յետոյ մենք կը դիմենք բարձրագոյն դատարանին: Այնտեղ է, որ պիտի արդարացնենք զինքը: Պիտի ազատենք բոլոր տեսակի ամբաստանութիւններէն եւ տէրը պիտի դարձնենք 500.000 տոլարի պայմանագրութեան: Նման դատեր շատ եմ ունեցեր, պարոն Սըլէրի: Այս առաւօտ կարդացի՞ր թերթերուն մէջ: Ինչպէս կ’երեւի, Քրիստոսի դէմ պիտի բերեն նաեւ Շիքակօյի դաւադրութիւնը: Հա, կը տեսնէ՞ք, որ մենք յանձն կ’առնենք նաեւ այդ դատն ալ պաշտպանելու գործը:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ, կը հասկնամ այդ բոլորը:
ՖՐԷՏ — Կը տեսնեմ, որ բաւական խելացի մէկը կ’երեւիս: Ի զուր չէ, պարոն Սըլէրի, որ այսօր քեզի եկած ենք շատ կարեւոր գործի մը համար, եւ դուն գործ ունիս Հոլիվուտի ամենահարուստ ընկերութեան հետ:
ԹՕՆԻ — (հպարտանքով): Խելացի՞: Ի հարկէ, պարոններ. եթէ Քրիստոսի ձերբակալութիւնը չկատարուէր. ես այսօր քաղաքի հարուստ առեւտրականներէն մէկն էի:
ՖՐԷՏ — Ահա թէ ինչու ձեզի եկանք, մանաւանդ հնարաւորութիւն չունէինք Քրիստոսի աշակերտներէն մէկն ու մէկը տեսնելու: Մեզ ըսուեցաւ նաեւ, որ աշակերտները այս առաւօտ յարձակումի ենթարկուած են ինչ որ պատուելիի մարդոց կողմէն:
ԹՕՆԻ — Ճիշդ է, ճիշդ, քիչ առաջ աշակերտներէն մէկուն հետ տեսնուեցայ:
ՖՐԷՏ — Ուրեմն, դուն կը տեսնուի՞ս անոնց հետ: Գիտե՞ս, թէ ուր թագնուած են:
Ֆրէտ եւ Ֆիշըր իրարու կը նային:
ԹՕՆԻ — Դուք շատ շիտակ տեղ եկած էք, պարոններ: Եթէ ես չկարգադրեմ, ոչ ոք պիտի կրնայ կարգադրել:
ՖՐԷՏ — Նայէ, պարոն Սըլէրի, եթէ այս գործը գլուխ հանես, ես հեղինակութիւն ունիմ քու անունին բաւական կարեւոր գումար մը, 5000 տոլարի չէք մը ստորագրելու: (Թօնիին աչքերը կը փայլատակին:) Ուրիշ գործ չունիս ընելիք: Կը բաւէ Քրիստոսի ստորագրութիւնը միայն այս պայմանագրութեան ներքեւ դնել: Այդքան, այդքան միայն:
ԹՕՆԻ — (ուրախ): Տունը պատրաստուած լաւ գինի ունիմ, իտալական գինի: Հըմ, լաւ գինի է: (Տիկնոջը ձայն կուտայ:) Սուզան: Այդ ինծի ձգեցէք եւ շատ ապահով եղէք: (Թօնին ինք ներս կ’երթայ գինի բերելու:)
ՖՐԷՏ — Կարծեմ պիտի կրնանք յաջողիլ:
ՖԻՇԸՐ — (կամաց): Ինձ կը թուի, որ կերպով մը պէտք է հասկնալ նաեւ աշակերտներուն տեղը եւ անոնց հետ ալ խօսիլ: Կ’ըսեն, որ առհասարակ աղքատ մարդիկ են:
ԹՕՆԻ — (ներսէն իր կնոջը): Այն ատեն ես ցոյց կուտամ Տէնին իր տեղը: Էնպէս ընեմ, որ ինքն ալ չգիտնայ, թէ ուրկի՞ց եկած է: Սուզան, այն ատեն կը լրանայ շէնքը: Ես վաղն իսկ կը խօսիմ պանքային հետ:
Թօնի եւ Սուզան ներս կը մտնեն գինիի կազմածներով:
ՖՐԷՏ — Տիկին, ամուսինդ բախտաւոր մէկն է: Ան պիտի ստանայ շատ կարեւոր գումար մը եւ կամ, եթէ ուզէ, (խմելով գաւաթ մը գինին) ան կրնայ Քրիստոսի հետ Հոլիվուտ երթալ եւ դեր ստանձնել այն խաղին մէջ, ուր Քրիստոս պիտի կատարէ գլխաւոր դերը: Հըմ, լաւ գինի Է:
ՍՈՒԶԱՆ — (հաճելի ժպիտով): Թօնին դերասա՞ն:
ԹՕՆԻ — Ի հարկէ, կատակ է որ կ’ըլլայ, ես առեւտրական եմ: Հաւատացէք, պարոններ, դերասանութիւնը իմ գործը չէ: Հա, սիրեցի՞ք գինին: Ուրախ եմ, ես ինքս պատրաստեր եմ:
ՖՐԷՏ — Դերասան դառնալ դժուար բան չէ, պարոն Սըլէրի բաւական է, որ մարդ տայրէքթըրներու ըսածին պէս շարժի: Ի հարկէ, ընկերութիւնը կը հաւատայ, որ քանի մը միլիոններ պիտի շահի ժապաւէնի մը մէջ` Քրիստոսին տալով գլխաւոր դերը: Նոյնիսկ իմացայ, որ Քրիստոսին պիտի տան սիրահարի դեր: Յետոյ մեր ընկերութիւնն ունի նաեւ բազմաթիւ թատրոններ: Յիշուած է պայմանագրութեան մէջ, որ ան պիտի այցելէ թատրոնները:
ԹՕՆԻ — Ժողովուրդին քարոզելու համար անշուշտ:
ՖՐԷՏ — Օհ, ո՛չ, ի՜նչ հետաքրքրական է այդ, մանաւանդ որ վտանգաւոր են անոր քարոզները, եւ այսօր այդ քարոզներուն համար է, որ կը դատուի: Անոնք կը պատրաստեն վոտըվիլի համար` սորվեցնելով քանի մը երգեր…
ԹՕՆԻ — Բայց Քրիստոսին երգելը բնաւ լսած չեմ:
ՖՐԷՏ — (կարծես թեթեւ մը տաքցած գինիէն): Ինչպէս դատը փաստաբանինն է, այդ գործն ալ տայրէքթըրներունն է: Եթէ երգ չեղաւ, տեսնես նաւաստիի հագուստ կը հագցնեն ու պատմել կուտան քանի մը անէքթոտներ` խառնելով հետը քանի մը ոտաբախ պարեր: Կը տեսնե՞ս, որ դժուար չէ անոր դերը: Ի՜նչ դժուար է, օրինակ, անոր հագցնել նիկրօյի դիմակ եւ երգել տալ Ալ Ճանսընի Սընի Պոյը: Ամէն օր իրարու վրայ թերեւս ժամ մը աշխատանք հազիւ ունենայ: Ժապաւէնէն եւ վոտըվիլէն ան ոչ միայն պիտի առնէ կէս միլիոն, այլ ամբողջական մուտքէն պիտի առնէ տասանորդ: Այդ բոլորը յիշուած է պայմանագրութեան մէջ: Եւ պիտի տեսնես, պարոն Սըլէրի, որ կարճ ժամանակին մէջ Քրիստոս պիտի կրնայ մաքրել մէկ միլիոն զուտ շահ:
ԹՕՆԻ եւ ՍՈՒԶԱՆ — (զարմացած): Մէկ միլիո՜ն…
ԹՕՆԻ — (խանդավառ): Այո՛, այո՛, ես անձամբ պիտի տեսնեմ Քրիստոսը եւ պիտի պատմեմ ամէն ինչ: Մէկ միլիո՜ն, մէկ միլիո՜ն: Ան ուրախութեամբ պիտի ուզէ ստորագրել: Էհ, յաջողութիւն: (Կը խմեն գինին` գաւաթները իրարու զարնելով:) Քրիստոս այն ատեն լաւ պիտի հասկնայ, որ ես եմ իր միակ բարեկամը: Խօսք տուէք, պարոններ, որ այս գործը ըլլայ միայն իմ միջոցով:
ՖՐԵՏ եւ ՖԻՇԸՐ — Անշուշտ, անշուշտ:
ՖԻՇԸՐ — Ճիշդ ատոր համար ալ եկած ենք հոս: Անշուշտ, պարոն Սըլէրի, գինի խմելու համար չեկանք: Իրաւ, լաւ գինի ունիս:
ԹՕՆԻ — Շատ հեշտ է պատրաստել այդքան լաւ գինի: Կ’առնես խաղողը…
ՖՐԷՏ — (կտրելով Թօնիի խօսքը): Աշխարհի վրայ տակաւին տեսնուած չէ այսքան բախտաւոր մէկը, որ մէկ անգամէն իրեն առաջարկուէր կէս միլիոնի պայմանագրութիւն մը: Երեւակայէ, պարոն Սըլէրի. երէկ մեր իջեւանած հօթէլին մէջ հանդիպեցայ Պարնըմ Սըրքըսի ներկայացուցիչին: Ան ալ նոյն գործով եկած էր: Այսինքն` Սըրքըսի կողմէն բերած էր պայմանագրութիւն մը` Քրիստոսին ստորագրել տալու համար;
ԹՕՆԻ — (անհամբեր): Ան որքա՞ն կ’առաջարկէ:
ՖՐԷՏ — Ծիծաղելի է, երբ ըսեմ, որ եկած էր 6000 տոլարի պայմանագրութիւնով: (Թօնին կը սկսի խնդալ փորով, գինին թափելու աստիճան:) 6000 տոլար:
Կը խնդան ե՛ւ միւսները:
ՍՈՒԶԱՆ — Այդ նոյնիսկ վիրաւորական է Քրիստոսի պէս մէկին համար:
Թօնին կը շարունակէ խնդալ:
ՖՐԷՏ — Ինձ ցոյց տուաւ պայմանագրութիւնը: Կատակ չէ, ես աչքովս տեսայ: Միայն թէ` չէր գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Քրիստոսի դերը Սըրքըսին մէջ: Կ’ենթադրեմ, թե շատ աւելի ծանր աշխատանք պիտի տան:
ՖԻՇԸՐ — (գինիի գաւաթը ձեռքը, նոր խնդուք մը մէջտեղ ձգելով): Կըրնայ ըլլալ, որ գետաձիի մը վրայ նստեցնեն:
Կը խնդան բոլորը:
ՖՐԷՏ — Կրնայ ըլլալ, որ տրապէզի վրայ ցատկել վարժեցնեն: Անշուշտ շատ վտանգաւոր աշխատանք է:
Կը խնդան:
ԹՕՆԻ — Եւ էս բոլորի համար` 6000 տոլար, հա՜, հա՜, հա՜:
ՖՐԷՏ — Կրնայ ըլլալ, որ քլաւուն դարձնեն եւ գլխարկէն հանել տան նապաստակ կամ առնէտ: Հա՜, հա՜, հա՜, երբ ես ցոյց տուի իմ կէս միլիոնի պայմանագրութիւնը, տեսայ, որ կամաց մը կծկուեցաւ Պարնըմի ներկայացուցիչը եւ անմիջապէս գնաց կայարան` մեկնելու համար:
Կը լսուի դրան զանգակը: Բոլորն ալ կը լռեն յանկարծ եւ կ’առնեն լուրջ երեւոյթ, կարծես բնաւ գինի խմած չըլլային:
ՍՈՒԶԱՆ — Կրնայ ըլլալ որ ոստիկան է:
ԹՕՆԻ — Անգամ մը նայէ, պատուհանէն: Թերեւս աշակերտներն են որ սխալմամբ առջեւի դռնէն կուգան:
ՖՐԷՏ եւ ՖԻՇԸՐ — Աշակերտնե՞րը:
ԹՕՆԻ — (հպարտանքով): Այո, այո՛, պարոններ: Ահա թէ ինչո՞ւ հարիւրին հարիւր վստահ եմ, որ պիտի կրնամ յաջողցնել ձեր գործը, եւ դուք շատ շիտակ տեղն եկած էք:
ՖՐԷՏ — (Ֆիշըրին): Էհ, գործերնիս լաւ է, քանի որ աշակերտներ ուն հետ ալ գործ պիտի ունենանք:
ԹՕՆԻ — (շատ լուրջ): Բայց դուք, պարոններ, գործ չունիք աշակերտներուն հետ: Ես է որ պիտի յաջողցնեմ ձեր գործը. ես է որ պիտի ստանամ իմ արդար բաժինը, միայն թէ կ’ուզեմ անոնց ալ բացատրել` ցոյց տալով 500.000-ի պայմանագրութիւնը:
ՖՐԵՏ եւ ՖԻՇԸՐ — Այդ հասկնալի է, պարոն Սըլէրի:
ՖՐԷՏ — Մենք թուղթ կը ստորագրենք, որ այս աշխատանքը պիտի ըլլայ միայն ձեր միջոցով:
ՍՈՒԶԱՆ — (պատուհանէն նայելէ յետոյ): Անծանօթ երիտասարդ մըն է:
ԹՕՆԻ — Գնա՛, տես, թէ ի՞նչ կ’ուզէ: Եթէ զիս հարցնելու ըլլայ, ըսէ՛, որ շատ է զբաղած: (Դառնալով Ֆրէտին եւ Ֆիշըրին:) Ես կը հաւատամ ձեր խօսքերուն, պարոններ: Քիչ վերջ դուք կը տեսնուիք Քրիստոսի աշակերտներուն հետ:
ՍՈՒԶԱՆ — (ձայնը վարէն կուգայ): Բայց ան այս պահուս շատ է զբաղած: Կրնաք ուրիշ օր մը գալ:
ԱՆԾԱՆՕԹ — (արագ խօսելով վեր կ’ելլէ): Բայց, տիկին, շատ պատւաւոր մէկը ինձ քու ամուսինիդ անունն ու հասցէն տուաւ: Ամուսինիդ անունը Անթօնի Սըլէրի է: Այո՞:
ՍՈՒԶԱՆ — Այո, այո՛:
ԱՆԾԱՆՕԹԸ — (կը խօսի արագ): Այո, այո՛, ճիշդ տեղը եկած եմ, կարեւոր, շատ կարեւոր գործի համար է: Ան պիտի ուզէր տեսնել զիս: Ես ներկայացուցիչն եմ Very Best ընկերութեան: Very Best-ը ամերիկեան առաջնակարգ ընկերութիւն մըն է: (Արագ խօսելով հետզհետէ կը մօտենայ:) Բարեւ, պարոններ: (Տեսնելով ճաղատները:) Հա, կը տեսնեմ, որ ուրիշներ ալ ինծի պէտք ունին: Բարեւ պարոններ, իմ անունը Սէմ Ճանսըն է, Very Best ընկերութեան ներկայացուցիչը: Ընկերութիւն մը, որ ամենավերջին գիտական մեթոտներով կը բուսցնէ գլխի մազեր: Անկարելի է, որ լսած չըլլաք Very Best-ը: Ան րէտիօյին վրայ որոշ ժամեր ունի. կը մասնակցին Ամերիկայի լաւագոյն արթիստները: (Ժամացոյցին նայելով:) Very Best-ի յայտագրին տակաւին 2 ժամ 15 վայրկեան կայ: Չէ, ներողութիւն, 17-ը: Կօնֆիկիոս կ’ըսէ. «Լաւագոյնէն օգտուիլ իմաստութիւն է»: Այս երկու պարոններն արդեօ՞ք լսած չեն Very Best-ը: (Ցոյց տալով Ֆիշըրի եւ Ֆրէտի ճաղատները ու գրպանէն խոշորացոյց մը հանելով` կը քննէ փաստաբանին ճաղատը, որ աւելի խոշոր է:) Այո, այո՛, ուշ չէ, պարոն, հաւատացէք, 10 շիշ գործածելով պիտի կրնաք ձեր մազերը ետ ստանալ: Robert Taylor միշտ այս շիշէն գործածեր է: Մէկ շիշ որպէս նմոյշ կուտամ ձեզի: (Պայուսակը բանալով` կը հանէ շիշ մը ու տրցակ մը գրականութիւն եւ կը ցրուէ ներկաներուն` կարեւոր մէկ մասը դնելով սեղանին վրայ: Ներկաներուն մէջ անհանգստութիւն: Թօնին անհամբեր բան մը կ’ուզէ ըսել:) Հա, ներողութիւն, պարոններ, կարծեմ չխանգարեցի ձեզ: Կ’ուզեմ ըսել, որ Very Best-ը կարեւոր է, ըսել կ’ուզեմ, գլխի վրայ մազ ունենալը աւելի կարեւոր է, քան գլխի մէջ խելք:
ՖՐԷՏ — Այդ լաւ ըսիք, պարոն. կը տեսնեմ որ բաւական մազեր ունիք:
ՍԷՄ — Անշուշտ, անշուշտ, այդ կը պարտիմ Very Best-ին: Կրնայի՞ պարոն Սըլէրիի ձեռքը սեղմելու պատիւն ունենալ:
ԹՕՆԻ — (բարկացած): Ի՞նչ կ’ուզէք, պարոն, բաւական գլխի ցաւ պատճառեցիք: Կինս ըսաւ կարծեմ, որ զբաղած եմ:
ՍԷՄ — Հա, դուք էք, պարոն Սըլէրին: Այդպէս ալ կը կարծէի, իսկ եւ իսկ դուք: Ինձ կը թուի, որ տեսած եմ ձեզ ուրիշ անգամներ: Շատ ուրախ եմ ծանօթանալուս: (Ձեռքը ժիր սեղմելով:) Ես շատ կարեւոր գործով եկած եմ ձեզ տեսնելու, միայն ձեզ: Իմ անունը Սէմ Ճանսըն է, Very Best ընկերութեան ներկայացուցիչը, որ հեղինակութիւն ունի կարեւոր գործեր կատարելու: Ինձ ըսին, պարոն Սըլէրի, որ ձեր միջոցով կարելի է Քրիստոսի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել: Մեր ընկերութիւնը որոշած է Քրիստոսի առատ ու գեղեցիկ մազերով գլուխը որպէս նկար գործածել շիշերու վրայ: Այո, այո, ճիշդ այս շիշին պէս, որուն վրայ առիւծի մը բաշը կայ: Կ’ըսեն, որ Քրիստոս շատ գեղեցիկ մազեր ունի: Կ’ըսեն նաեւ, որ դժուար է անոր նկարն ունենալ: Իրաւ, զարմանալի է, պարոններ, չէ՞ք կարծեր: Ոչինչ, ոչինչ, նկարիչները կ’աշխատին անոր նկարը պատրաստել Very Best-ի շիշերուն համար: Անշուշտ, է՛ն կարեւորը, կ’ուզեն նկարին տակ դնել Քրիստոսի բառերը թէ` «Մազերուս համար կը գործածեմ Very Best-ը»: Այդքան, այդքան միայն: Այդ նկարին եւ մէկ նախադասութեան համար կ’ուզեմ արտօնութիւն ստանալ Քրիստոսէն: Փաստաբաններով թուղթեր պատրաստել եւ վճարել լաւ գումար մը: Իրաւ, զարմանալի մէկն է այդ Քրիստոսը, չէ՞ք կարծեր: Քիչ մնաց, որ ես ինքս ալ հաւատայի, եթէ երկու օր առաջ, այս քաղաքը եկած ատենս չհանդիպէի Քրիստոսի հօրը, գինով վիճակի մէջ:
ՖԻՇԸՐ — (հետաքրքրուած, յանկարծ): Դուք ըսիք, որ Քրիստոսի գինով հօ՞րը հանդիպեցաք:
ՍԷՄ — Այո, այո՛, ես ըսի, որ Քրիստոսի հօրը հանդիպեցայ:
ԹՕՆԻ — Ի՞նչ կը խօսիս, պարոն. գլխէդ վեր բաներ դուրս մի՛ տար: Մի՞թէ հայր ունի Քրիստոսը: Անոր հայրը Աստուած է: Հասկցա՞ր: Ինչպէ՞ս կը տեսնեմ, you are nut: Անմիջապէս կը հեռանաք այս տեղէն:
ՖԻՇԸՐ — Համբերեցէք, պարոն Սըլէրի, այս պարագան շատ է հետաքրքիր մեր վաղուան դատին համար, մանաւանդ որ հայրը գինով եղած է: (Դառնալով Սէմին, մեղմ ձայնով:) Ըսէ, երիտասարդ, ինչպէ՞ս հանդիպեցար Քրիստոսի գինով հօրը:
ՍԷՄ — (տեղաւորուելով աթոռին վրայ): Ինձ ըսաւ, որ անունը Փիթր է: Թերեւս ինքն ալ չի գիտեր մականունը: Երեք ամիս առաջ միայն կ’իմանայ, որ Քրիստոս իր զաւակն է եւ ճամբայ կ’իյնայ այս քաղաքը գալու համար: Պատահաբար վերցուցի ճամբայէն, երբ տեսայ, որ ծեր էր, յոգնած եւ մանաւանդ գինով:
ԹՕՆԻ — Ոչ, պարոններ, այս մարդը կը ստէ:
ՖԻՇԸՐ — Հանդարտէ, պարոն Սըլէրի, կ’ուզե՞ս, որ բարձրագոյն ատեանին առջեւ դատը մենք շահինք, այո՞: Կ’ուզե՞ս, որ ազատուի Քրիստոսը, այո՞:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ:
ՖԻՇԸՐ — (խորհրդաւոր): Ուրեմն, մտիկ ըրէ: Աւելի կարեւոր է մեր դատին համար, երբ ան գինովի մը զաւակն է: (Դառնալով երիտասարդին:) Շարունակէ, երիտասարդ:
ՍԷՄ — Ներեցէք, պարոն Սըլէրի, ես ձեզ բարկացնելու համար չեկայ այստեղ: Ես եկայ Very Best ընկերության կողմէ: Very Best-ը…
ՖԻՇԸՐ — Շարունակէ, թէ ինչպէ՞ս տեսար Քրիստոսի հայրը, եւ ո՞ւր է ան այժմ:
ՍԷՄ — Բայց ես չեմ ուզեր բարկացնել պարոն Սըլէրին: Ես Քրիստոսի հօրը խմիչք հասցնելու համար բաւական դրամ ծախսեցի` հաւատալով, որ պիտի կրնամ օգտագործել զայն իմ գործին համար: Ըսել կ’ուզեմ, թէ ան պիտի տեսնուէր իր զաւկին հետ եւ պիտի յաջողցնէր իմ գործը: Ինձ կը խոստանար այդ ամէն անգամ, որ կոկորդը ցամքէր: Իմացեր էի, պարոններ, որ Քրիստոսի հետ տեսնուիլը դժուար է, մանաւանդ բանտի եւ դատավարութեան ընթացքին:
ՖԻՇԸՐ — Դուք գիտէ՞ք, թէ ուր է հիմա անոր հայրը:
ՍԷՄ — Ան հիմա ինծի այլեւս օգտակար չէ. գինետուններէն դուրս չի գար: Ըսեմ, որ իմ մօտ դրամ ալ չմնաց: Յետոյ ստիպուեցայ ես ինքս միջոցներ փնտռել` Քրիստոսի հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու համար: Եւ ահա այստեղ եմ: Կը յուսամ, թէ պարոն Սըլէրին պիտի ուզէ կատարել իմ այդ խնդրանքը:
ՖԻՇԸՐ — Իմ անունը Րոպըրթ Ֆիշըր է, փաստաբան: (Քարդը տալով:) Իսկ ընկերս` Ֆրէտ Վարտ` Հոլիվուտէն է, ներկայացուցիչը Իւնիվերսըլ արտադրողական տան:
ՍԷՄ — (անակնկալի եկած): Հոլիվուտէ՞ն, եւ Իւնիվերսըլ արտադրողական տա՞ն կողմէն: Պարոններ, ինչքա՜ն բախտաւոր եմ, որ ձեզի այստեղ կը տեսնեմ: Իմ անունը Սէմ Ճանսըն է, Very Best ընկերութեան ներկայացուցիչը: Very Best-ը… Օ՜հ, ներողութիւն, կը տեսնեմ, որ չեմ կրնար ազատուիլ իմ վաճառորդի խօսքերէն եւ յաճախ իմ երազները խանգարողները այս խօսքերն են, պարոններ: Ամէն օր շան պէս կը թափառիմ եւ լեզուս յոգնեցնելէն երեկոյ կ’ընեմ, մինչեւ որ կարենամ ապրուստ մը ճարել: Պարոններ, Very Best ընկերութիւնը զիս այս կողմերը ղրկած է Քրիստոսը տեսնելու եւ նկարի արտօնութիւնը յաջողցնելու համար: Եւ ի՞նչ կը կարծէք որ ինձ կը վճարէ, շաբաթը միայն 40 տոլար: Եւ ես կը տեսնեմ, որ հազար ու մի դժուարութիւններ կան Քրիստոսի հետ տեսնուելու: Հեղ մը որ տեսնեմ եւ կամ խօսիմ հետը` վստահ եմ, որ պիտի կրնամ յաջողցնել: Գիտեմ խօսիլ, մանաւանդ գիտեմ համոզել: Փողոցին մէջ կրնամ իմ շուրջ ահագին ժողովուրդ հաւաքել եւ խօսիլ Very Best-ի հրաշքներուն մասին: Պարոններ, կ’ուզեմ ձգել գործս եւ միշտ ալ ուզած եմ բախտ փորձել Հոլիվուտի մէջ եւ, սակայն, ոչ առիթն ունեցած եմ եւ ոչ ալ դրամը: Հասակս լաւ է, մազերս, ինչպէս կը տեսնէք, շատ շատ լաւ: Զիս յաճախ Տիք Փավէլին հետ շփոթած են: Աղջիկները կը սիրեն զիս: Նայեցէ՛ք: (Գրպանէն փոքրիկ տետրակ մը հանելով:) Ցանկիս մէջ առայժմ ունիմ 15 աղջիկներու անուններն ու հասցէները եւ կը ջանամ բոլորին հետ պահել ժամադրութիւնս: Կրնամ պարել, կրնամ լողալ, կրնամ ձի հեծնել, կրնամ երգել ամենավերջին երգերը: Նայէ այս մէկը: (Կը փորձէ երգել վերջին երգերէն մէկը:)
ՖԻՇԸՐ — (միջամտելով ու կէս ձգելով ձայնը): Նայէ, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ պարոն փաստաբանը: Յետոյ դժուար չէ քեզ փորձի ենթարկել Հոլիվուտին հետ:
ՍԷՄ — Ես պատրաստ եմ կատարելու ինչ որ ինձ հրամայէ պարոն փաստաբանը:
ՖԻՇԸՐ — Հա, այն պիտի ըսէի, որ Քրիստոսին հայրը կը գտնես ու անմիջապէս այստեղ կը բերես:
ՍԷՄ — (կը մեկնի ամէն բան ձգած): Անմիջապէս եւ թէքսիով: Երկու գինետուններէն մէկուն մէջ ըլլալու է: Այստեղ կ’ըլլանք շուտով:
ՖԻՇԸՐ — Այդ բոլորին ծախսերը կը վճարուին, երիտասարդ պարոն, մինչ ես թէլէֆոն կ’ընեմ տեղական օրաթերթ Սընին, որ անմիջապէս թղթակից մը ուղարկէ: (Թօնիին.) Սընէն ոեւէ թիւ կա՞յ այստեղ: Հա, գրքին մէջ ալ կարելի է գտնել:
Տիկին Սուզան խոհանոցէն կը բերէ «Սըն»ին մէկ թիւը, որուն խորագիրն է` «Քրիստոսի դատի վերջին օրը: Նոր յայտնութիւններ»: Փաստաբանը կը հարցնէ Թօնիին, թէ կարելի՞ է գործածել թէլէֆոնը:
ԹՕՆԻ — Ի հարկէ, պարոն Ֆիշըր, այդ ալ խօ՞սք է:
ՖԻՇԸՐ — Արդէն պէտք է ընդհանրացնել մեր դատավարութեան հիմունքները եւ դարձնել ճշմարտութիւն: Եւ այս` գլխաւոր հիմունքներէն մէկն է: (Կը կանչէ թիւը:) Հէլօ: Այս Րոպըրթ Ֆիշըրն է, Հոլիվուտէն: Այո, ուրախ եմ, որ իմացեր էք: Կ’ուզեմ, որ անմիջապէս թղթակից մը ուղարկէք: Զգայացունց տեղեկութիւններ ունինք տալիք Քրիստոսի մասին: Անշուշտ կը հասկնամ, որ Հոլիվուտէն յետոյ, էն կարեւորը այս քաղաքն է դարձեր: Բայց այս մէկը շատ կարեւոր է, բոլորովին նորութիւն: Քրիստոսի հայրը երեւան եկած է: Այո՛, այո՛, իսկ եւ իսկ հայրը: Հա, կը տեսնէք, որ շատ է կարեւոր: Մէկն է, որ կեանքին մէջ միշտ գինով եղած է: Այո՛, այո՛, ձեր թղթակիցը հօրը հետ է որ պիտի խօսի: Անշուշտ, կարելի է առնել նաեւ լուսանկարը: Ուրեմն, այդպէս: (Թօնիին հարցնելով` կուտայ տան հասցէն:)
ԹՕՆԻ — Խնդրեմ, հարցուցէք, թէ դատը մինչեւ ո՞ւր հասաւ:
ՖԻՇԸՐ — Հէլօ: Հէլօ, հետաքրքիր է` դատը ի՞նչ վիճակի մէջ է: Ուրեմն, պաշտպան փաստաբանը իր ճառը լրացնելու վրա՞յ է: Անշուշտ, անշուշտ, կը հասկնամ, այս ձեւով դատը կորսուած է: Շնորհակալութիւն, Good by: (Անմիջապէս դառնալով Ֆրէտին, խանդավառուած:) Հա, պիտի տեսնէք, Ֆրէտ, թէ ինչքա՜ն ճիշդ պիտի հիմնաւորուին իմ նախապէս քեզի բացատրած տեսակէտներս:
ՖՐԷՏ — Ուրեմն, լրացած չէ դատը:
ԹՕՆԻ — Ըսել է` պիտի կորսնցնենք դատը:
ՖԻՇԸՐ — Ոչինչ, պարոն Սըլէրի, կրնան դատապարտել եւ այդ, բան մըն ալ ըսել չէ: Մեր վաղուան դատը ապահովուած դատ է: Դատապարտուելէ յետոյ անմիջապէս դիմումնագիր կը ներկայացնենք երկրորդ դատավարութեան մը համար: Արդէն սկսանք մեր աշխատանքին: Պէտք է ընդհանրացնել, որ Քրիստոս հայր ունի, եւ, որ է՛ն կարեւորն է, հայրը գինով եղած է իր կեանքին մէջ:
ԹՕՆԻ — Բայց, պարոն փաստաբան…
ՖԻՇԸՐ — (խօսելով Ֆրէտին, ոգեւորուած): Հիմա, այսպէս է, գինով հօր պարագան շատ պիտի ուժեղացնէ մեր դատը: Եւ ես առիթով մը պիտի աշխատիմ հայրը նստեցնել վկայի աթոռին վրայ եւ գինով վիճակին մէջ: Ընդունուած է, որ գինովի մը զաւակը բնական չէ եւ շատ անգամ խելագարի նշաններ ցոյց կուտայ: Յետոյ, տակաւին չ’գիտենք, թէ ի՞նչ բաներ կան կապուած: Այդ ցոյց պիտի տայ արիւնի եւ ուղեղային քննութիւն մը:
ԹՕՆԻ — (յուզուած): Բայց, պարոն փաստաբան… (Կինը` Սուզան, Թօնիին փէշը կը քաշէ, հանդարտեցնելու համար:) Բայց ան երբեք խելագար չէ: Քրիստոս, Աստուծոյ զաւակը, չի կրնար խելագար ըլլալ: Երբեք, երբեք:
ՖԻՇԸՐ — Մի՛ յուզուիք, սիրելի Սըլէրի, այդ արդէն բոլորովին գիտութեան գործն է: Գիտութիւնը շատ անգամ մեր բաղձանքին բոլորովին հակառակը ցոյց կուտայ: Մենք յաճախ կը խորհինք եւ կը սիրենք հաւատալ, որ ունեցածնիս թեթեւ գլխու ցաւ է եւ էսփիրին կը գործածենք: Եւ, սակայն, լաւ բժիշկ մը կուգայ ապացուցանելու, որ ուղեղի ուռուցք ունինք, եւ շատ է մահացու: Այդ պարագային իսկ չենք ուզեր հաւատալ բժիշկին:
ՍՈՒԶԱՆ — Ճիշդ էք, պարոն փաստաբան, անգամ մը Թօնին այնպէս կարծեց, որ վարունգ կերաւ եւ իրեն անմարսողութիւն տուաւ: Երբ բժիշկը եկաւ, անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրեց կոյրաղիքի գործողութեան համար:
ՖԻՇԸՐ — Այդպէս է, տիկին: (Դառնալով Ֆրէտին եւ Թօնին` ձայնին ճառի շեշտ տալով:) Երբ ես առաջին անգամ տեսայ Քրիստոսը, իմ տպաւորութիւնը այն էր, որ այս մարդը կիսախելագար է եւ շատ ալ պատասխանատու չէ իր ըրածներուն եւ ըսածներուն: Ես պիտի ուզեմ աչքէ անցընել նաեւ դատարանի արձանագրութիւնները: Ինչ որ գիտենք, առայժմ, թերթերու տեղեկագրութիւններն են: Թերթերը կը գրեն, որ Քրիստոս չի պատասխաներ դատարանին մէջ: Ուրեմն, երդուեալներուն վրայ այնպէս պիտի տպաւորէ, որ յանցաւոր է: Չէ՛, այդպէս չէ:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, այդպէս չէ, ես կրնամ աւելի յանցաւոր ըլլալ, քան Քրիստոսը: Սարքեցին, պարոն փաստաբան, սարքեցին…
ՖԻՇԸՐ — Պարոն Սըլէրի, ոեւէ դատարան, երբ լսէ վկաները, կը դատապարտէ ոեւէ յանցանք, որովհետեւ դժուար է սարքուած ըլլալը ապացուցանել: Եւ, սակայն, խելագար մը ապացուցանել գիտութեան գործն է, եւ դժուար է հակառակը ապացուցանել: Քրիստոսի ունեցածը տեսակ մը մտային շփոթ վիճակ է, որ ոչ կրնայ խօսիլ եւ ոչ կրնայ պատասխանել: Անոր միտքը տկար է եւ ընդունակ է նման շփոթներու: Կ’ըսեն, որ ան կուլայ, երբ տեսնէ մարդկային թշուառութիւնը: Պարոն Սըլէրի, արդէն դուք ըսիք, որ ան լացաւ, երբ քեզ տեսաւ բանտին մէջ ու ներեց զինք բանտարկողներուն եւ չարչարողներուն:
ԹՕՆԻ — (յուզուած): Քրիստոս խելագար, տկարամիտ: Երբեք, պարոն փաստաբան: (Սուզան կը սեղմէ Թօնիի ուսը:) Եթէ տկար է, հապա ինչպէ՜ս անոր քարոզները, մանաւանդ անոր բժշկութիւնը:
ՖԻՇԸՐ — Կը տեսնեմ, որ շատ կը յուզուիք, սիրելի Սըլէրի: Հաւատացէք, որ այդ ձեւով կը վնասէք դատին: Դուք կ’ուզէք, որ ազատի Քրիստոսը, այո՞, եւ մանաւանդ, սիրելի Սըլէրի, դուք կ’ուզէք որ ստորագրուի այս 500.000 տոլարի պայմանագրութիւնն եւ Քրիստոս Հոլիվուտ տարուի: Այո՞: Մենք եկած ենք շատ հարուստ ընկերութեան մը կողմէ քու սիրելի բարեկամդ` Քրիստոսը ազատելու:
ՖՐԷՏ — Սիրելի Սըլէրի, դուք պիտի վնասէք անոր դատին, եթէ ըսէք, որ ան խելագար չէ: Մի՛ մոռնաք, որ մենք եւ դուք շատ ենք մտահոգուած 500.000 տոլարի պայմանագրութեամբ:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, անշուշտ, ես ինչպէ՞ս կրնամ վնասել անոր դատին: Դուք կը վիրաւորէք զիս:
ՖԻՇԸՐ — Այ, հիմա խելօք կը խօսիք: Ուրեմն, կ’ընդունէք, որ Քրիստոս խելագար է:
ԹՕՆԻ — (մտածելով եւ դժուարութեամբ ըսելով խօսքերը): Է՜հ, հասկացող մարդ էք, փաստաբան մարդ էք, մանաւանդ Հոլիվուտէն: Կը ներէք, որ կը յուզուիմ, պարոն փաստաբան: Մենք նպարավաճառ ենք, մեր խելքը մինչեւ այդ տեղուանքը չի հասնիր: Իսկապէս ես ինքս ալ զարմացայ, երբ ան լացաւ ու ներեց իր թշնամիներուն:
ՖԻՇԸՐ — Հա, հիմա աւելի լաւ հասկցաք: Կը տեսնեմ, որ բաւական հասկցող մարդ էք, եւ մենք ուրախ ենք, որ խելացի մէկու մը հետ գործ ունինք:
ՍՈՒԶԱՆ — Թօնի, սիրելիս, դուն օր մը պիտի ուզէի՞ր ներել Տէնին:
ԹՕՆԻ — (բարկութեամբ ոտքի ելլելով): Ներե՞լ Տէնին: Չէ, Թօնին խելագար չէ: Ես պիտի հասկցնեմ ան անիծեալ յիմարին իմ ո՛վ ըլլալը:
ՖԻՇԸՐ — (Ֆրէտին): Ինչպէս կը տեսնեմ, մեր բարեկամ Թօնիի միտքը մէկ բան միայն կը շփոթէ, թէ ինչպէ՞ս ան կը բժշկէ եւ կը քարոզէ: (Ճառի շեշտով խօսելով թէ՛ Թօնիին եւ թէ՛ Ֆրէտին:) Անտարակոյս, Քրիստոս մեծ հանճար մըն է: (Թօնիին.) Ապացոյց, որ ընկերութիւնը այսօր եկած է 500.000 տոլարի պայմանագրութիւն մը ստորագրելու: (Ֆրէտին.) Խելագարին եւ հանճարին միջեւ կայ շատ կարճ գիծ մը, եւ այդ երկուքը կրնան յաճախ խառնուիլ իրար: (Թօնիին.) Երբ դուք ներկայ ըլլաք իմ պաշտպանողական ճառին, պիտի տեսնէք, որ իմ փաստերէն էն շատը խօսած քարոզներէն վերցուցած եմ` մեծ մասով անհասկնալի եւ տկար մտքի գործ: Արդէն երեւան եկաւ, որ անոր հայրը գինովին մէկն է: Ի՞նչ պիտի ըսես, պարոն Սըլէրի, երբ օր մը տիկինդ ելլէ ըսէ, որ զաւկիդ հայրը դուն չես, այլ Աստուած է:
ԹՕՆԻ — (յուզուած): Ինչպէ՞ս թէ… Ինչպէ՞ս թէ…
ՖԻՇԸՐ — Ներողութիւն, իբր օրինակ միայն բերի, մի՛ յուզուիք: Այդ տեսակ պարագայի մը, եթէ դուք ձեր կինը դատարան տանիք, դատարանը պիտի ըսէ, որ ձեր կինը խելագար մըն է:
ԹՕՆԻ — Ի հարկէ, ի հարկէ:
ՖԻՇԸՐ — Ուրիշ հարցում մըն ալ, պարոն Սըլէրի: Եթէ Ձեզի ապակի եւ ադամանդ հրամցնեն, ո՞րը կ’առնէք:
ԹՕՆԻ — (խնդալով): Բա, պարոն փաստաբան, սկսաք զիս խե՞նթի տեղ դնել: Անշուշտ ադամանդը կ’առնեմ: Էնքան յիմար չեմ, որ ձեռքս ապակիին երկարեմ: Իրա՞ւ Քրիստոս ըսած է, թէ ինք կը նախընտրէ ապակին:
ՖԻՇԸՐ — Ճիշդ նոյն իմաստով արտայայտուած է ճամբուն վրայ խօսած քարոզին մէջ: Նման օրինակներ շատ ունիմ, որ միայն խելագար մը կրնայ ըսել այդպիսի բան մը: Մեր ընկերութիւնը պատրաստ է 100.000 տոլար ծախսել Քրիստոսի դատին համար` ապացուցանելու համար, որ ան պատասխանատու չէ իր ըրածներուն կամ ըսածներուն:
ՖՐԷՏ — Ի հարկէ, այդ բոլորը կ’ըլլան, եթէ միայն յաջողուի այս պայմանագրութիւնը ստորագրել տալ:
ԹՕՆԻ — (վճռական): Դուք այդ մասը ինծի ձգեցէք: Վստահ եղէք, որ արդէն յաջողուած է: Աշակերտները կուգան հիմա, եւ ես առանձինն Միչըլին ալ կը խօսիմ: Ան ամենասիրելի աշակերտն է Քրիստոսին եւ իմ մտերիմ բարեկամը: Քիչ առաջ այստեղ էր: Երեւակայեցէք, որ նախկին վակապոն մը եղած է եւ նոյնիսկ գիշեր մը այս մեր Լինքըն հրապարակը քնացեր է: Վստահ եմ, որ ան շատ լաւ կը հասկնայ պայմանագրութեան արժէքը:
Դուրսէն զանգ կը լսուի:
ԵՐԵՔԸ ՄԻԱՍԻՆ — Եկան, կարծեմ:
ՍՈՒԶԱՆ — (պատուհանէն դուրս կը նայի): Երկու հոգի են:
ՖԻՇԸՐ — Սէմը եւ Քրիստոսի հայրն ըլլալու են:
ԹՕՆԻ — (դուրս նայելով): Չէ, չէ, ինչպէս կ’երեւի, թերթին կողմէն են:
Սուզան վարէն կը բանայ դուռը: Ներս կը մտնեն թղթակիցն ու պատկերահանը: Պատկերահանը աճապարանքով իրարու ետեւէ քանի մը պատկերներ կը հանէ` «այս կողմ», «ժպիտ», «հանդարտ», ըսելով: Պատկերները հանելէն վերջ կը նայի սենեակին մէջ եղողներուն:
ՊԱՏԿԵՐԱՀԱՆԸ — (աճապարանքով): Ձեզմէ ո՞րն է Քրիստոսի հայրը:
ՖՐԷՏ — Քիչ մը համբերեցէք, հիմա կուգայ: Նստեցէք, խնդրեմ:
ԹՕՆԻ — Նստեցէք, խնդրեմ:
ԹՂԹԱԿԻՑ ՃՕ — Կը յուսամ թէ չ’ուշանար: Այսօր մանաւանդ այնքա՜ն աշխատանք կայ: Իսկապէս աշխատանքներն իրար են անցեր, եւ մենք հազիւ ժամանակ կը ճարենք հասնելու: Նախընտրեցի այստեղ գալ, թեթեւ ինծի ըսուեցաւ, որ Թովմասի Ագարակը երթամ:
ԹՕՆԻ — (անհամբեր): Ի՞նչ է պատահեր Թովմասի Ագարակը:
ՃՕ — Այնտեղ, անտառին մէջ աշակերտներէն մէկուն դիակը գտնուած է` ծառէն կախուած:
ԹՕՆԻ — Ի՞նչ ըսիք, պարոն թղթակից, Քրիստոսի աշակերտներէն ո՞ր մէկն է ծառէն կախուած:
ՃՕ — Մայքն է, Լօրայի սիրահարը:
ԹՕՆԻ — Կը ճանչնամ, կը ճանչնամ…
ՃՕ — Ի հարկէ, դուք լաւ կը ճանչնաք ատոնք բոլորը, պարոն Սըլէրի: Լինքըն հրապարակը բաւական բաժին ունի էս Քրիստոսի շարժման մէջ:
ԹՕՆԻ — Ի՞նչ կը մտածեն այդ դիակի մասին, պարոն թղթակից:
ՃՕ — Իրաւ, մանրամասնութիւններ չեմ գիտեր, դիակը կէս ժամ առաջ գտնուած է: Երէկ Քրիստոսի աշակերտները այնտեղ եղած են: Ագարակապան Թովմասը պատմած է ոստիկանութեան, որ ուշ ատեն Մայք տունէն ներս կը մտնէ, կը խոստովանի աշակերտներուն եւ Լօրային, թէ ինք մատնած է Քրիստոսը: Այս որ կը լսէ Լօրան` Մայքին վրայ կը յարձակի: Էդքան, էդքան: Ատեն մը վերջ ագարակապան Թովմաս իր անտառէն անցած ատեն կը գտնէ Մայքի դիակը: Նախ` այն կարծիքը կար, որ Լօրան կատարած է այդ ոճիրը: Վերջէն դիազննութիւնը ցոյց տուած է, որ եղածը ինքնասպանութիւն է:
ԹՕՆԻ — Անշուշտ, ինքնասպանութիւն ըլլալու է: Կ’երեւի, մատնութիւնը իր գլխուն զարկած է:
ՃՕ — (ժամացոյցը նայելով): Կը յուսամ, թէ երկար չպիտի սպասեմ, որովհետեւ կ’ուզեմ հասնիլ Թովմասի Ագարակը` այդ կարեւոր պատահարին մանրամասնութիւնները տալու համար: Իսկապէս այնքա՜ն աշխատանք կայ, որ շնորհքով ճաշ մը ընելու իսկ ժամանակ ունեցած չեմ: Կը տեսնէք, որ Սընը կրկնակ ծաւալով հիմա լոյս կը տեսնէ, եւ այնքան պահանջ կայ, որ օրական 5 անգամ տպագրութիւն կ’ունենայ: Եւ նոյնիսկ ժամանակ չունեցայ ձեզի հանդիպելու, պարոններ, թէեւ հօթէլը հեռախօսեցի քանի մը անգամ: Եթէ չեմ սխալիր, Հոլիվուտէն, Իւնիվըրսըլ ընկերութեան ներկայացուցիչներէն էք եւ եկած էք մեծ գումարով մը պայմանագրութիւն կնքելու Քրիստոսի հետ: Ուրախ եմ ծանօթանալուս: (Կը սեղմէ ձեռքերը:) Ձեր գալու լուրը արդէն երեւցաւ մեր թերթին մէջ: (Լուսանկարիչը նորէն քանի մը լուսանկարներ կը հանէ: Թղթակիցը, սեղանին վրայ տեսնելով պայմանագրութիւնը, կը վերցնէ:) Հա, կ’երեւի, այս է պայմանագրութիւնը: Բա, 500.000 տոլար… Իսկապէս հետաքրքիր է: Միայն խնդրանք մը: Կրնա՞նք պայմանագրութիւնը գործածել մեր թերթին համար:
Թղթակիցը լայն կը բանայ պայմանագրութիւնը տեսնելու հետաքրքրութեամբ եւ առիթ կուտայ, որ պատկերահանը լուսանկարէ: Պատկերահանը այնքան արագ կ’ընէ, որ չի նկատուիր, որ լուսանկարուած է պայմանագրութիւնը:
ՖԻՇԸՐ — (յուզուած): Կը յուսամ չլուսանկարեցիք պայմանագրութիւնը:
ՊԱՏԿԵՐԱՀԱՆԸ — Օհ, ոչ, նկարը պիտի ըլլայ` «Սըն»ի թղթակիցը բռնած է պայմանագրութիւնը:
ՖԻՇԸՐ — Առայժմ կարիք չկայ պայմանագրութիւնը դնելու թերթին մէջ, մանաւանդ որ ստորագրուած չէ Քրիստոսի կողմէ: Այդ կարելի է ստորագրուելէ յետոյ միայն:
ԹՕՆԻ — Հա, իսկապէս Մայքի ինքնասպանութիւնը ուշացուց իմ հարցումը: Ինչպէս կ’երեւի, դուք ուղղակի դատարանէն կուգաք:
ՖԻՇԸՐ — Այո, այո՛, ինչպէ՞ս անցաւ դատավարութիւնը:
ՃՕ — Ճառերը լրացան, եւ դատը արդէն երդուեալներուն ձեռքն էր, երբ ես այստեղ ղրկուեցայ հեռախօսով: Իմ եւ բոլորին տպաւորութիւնն այն էր, որ դատը կորսուած է: Քրիստոսի պաշտպան փաստաբանը, ո՛ր կողմ դարձաւ, նպաստաւոր բան մը չկրցաւ մէջտեղ բերել: Իսկ դատարանը իր ճառին մէջ այնպէս ներկայացուց, որ այդ մարդը գաղթային օրէնքի հակառակ այս երկիրը մտած է, որ եկած է երկրի բարոյականը քանդելու պատերազմի դէմ. որ ղրկուած է թշնամի պետութեան մը կողմէն. որ եկած է քայքայելու նաեւ երկրի տնտեսութիւնը…
ԹՕՆԻ — Ես գիտէի, ես գիտէի, որ պաշտպան փաստաբանը կարող մէկը չէր:
ՃՕ — Զուր տեղը, պարոն Սըլէրի, պարոն Պրաուն քաղաքի լաւ փաստաբաններէն է, եւ, սակայն, աշխարհի լաւագոյն փաստաբանն ալ ըլլար, աւելին չպիտի կրնար ընել:
ՖԻՇԸՐ — Հիմա որ հայրը գտնուած է, դատախազի խօսած ճառին կէս մասը այլեւս ջուրը կ’իյնայ: Դուք այն ըսէք, պարոն թղթակից, ուրիշ ի՞նչ բանն էր, որ կորսնցուց դատը:
ՃՕ — Գլխաւոր թերին, ինքը Քրիստոսն էր, այլապէս դատախազին ճառը այդքան մեծ ազդեցութիւն չպիտի ձգէր: Կարծեմ, այս Քրիստոս ըսուածը բաւական խելքէ պակաս մէկն է: (Ֆիշըր եւ Ֆրէտ իրարու կը նային:) Ամբողջ դատի ընթացքին ոչ մէկ պատասխան տուաւ իրեն տրուած հարցումներուն: Այն հարցումին, թէ` «Դո՞ւն ես այն Քրիստոսը, որ երկրորդ անգամ պիտի գար», պատասխանեց, երկու բառով` «Դուք ըսիք»: Այդ լուռ մնալը, արդէն դատը դարձուց անհետաքրքիր: Կրնա՞ք երեւակայել, որ 50.000 ժողովուրդ հաւաքուի կռփամարտ մը տեսնելու եւ կռուողներէն մէկը իյնայ առաջին րաունտին: Հա, երկրորդ անգամ ալ ձայն տուաւ, ան ալ ինքնիրեն, ուրիշներ չլսեցին: Եւ որովհետեւ որպէս թղթակից ես շատ մօտ էի, լսեցի: Ճիշդ այն պահուն, երբ իր պաշտպան փաստաբանը իր պաշտպանողական ճառը կը խօսէր, տեսայ որ այս Քրիստոսը աչքերը վեր վերցուց եւ ըսաւ. «Ներէ, Տէր, որովհետեւ չգիտեն, թէ ի՛նչ կ’ընեն»: I think that man is a nut: (Ֆիշըր այս անգամ Թօնիին կը նայի:) Միայն թէ, պարոններ, ուրիշ շատ հետաքրքիր բան մը կը պատահէր: Ես մօտը ըլլալուս համար նկատեցի, որ այս մարդը հետզհետէ կը տժգունէր ու աւելի որոշ կ’ըլլային դէմքին եւ մանաւանդ փափուկ ձեռքերուն երակները: Այդ մարդը կամաց կամաց կը ցամքէր իր նստած տեղը: Անգամ մը նոյնիսկ նուաղեցաւ: Ես եւ ուրիշներ վրայ հասանք, վրայ հասաւ նաեւ բժիշկը: Զգացի, որ մարմինն ամբողջ կը դողար, աչքերը կարծես մեղրամոմէ շինուած ըլլային: Սթափելէ յետոյ, բժիշկը մնաց մօտը: Այո, այո՛, ան այն երեւոյթն առած էր, որ կարծես այդ մարդը այս աշխարհէն չէր: Ես ստիպուած էի ձգել դատարանը` այստեղ գալու համար: Ալ չգիտցայ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ վերջը: Երեւակայեցէք, պարոններ, ան ոչինչ ըսաւ, երբ ամբաստանուեցաւ նոյնիսկ, թէ` դրամ առած է թշնամի երկիրներէ իր խաղաղասիրական քարոզներուն համար:
ԹՕՆԻ — (անհամբեր եւ մտահոգ): Ըսէ, պարոն թղթակից, յետոյ լաւ կը զգար անշուշտ:
ՖԻՇԸՐ — Արդեօ՞ք նուաղում էր, թէ ընկնաւոր է արդէն: Ընկնաւորները, կ’ըսեն, նման երազանքներ կ’ունենան:
ՖՐԷՏ — Ինչպէս կ’երեւի, այս Քրիստոսը շատ ալ առողջ մէկը չէ:
ՃՕ — Երբ ես դատարանը ձգեցի, ան տակաւին աթոռին վրայ էր: Թերեւս մինչեւ հիմա հիւանդանոց փոխադրեցին: Չգիտեմ, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ընկնաւորը: Իմացայ, որ ոստիկանութիւնը բաւական չարչարեր է այդ խեղճ մարդը:
Դռան զանգ:
ՍՈՒԶԱՆ — (պատուհանէն նայելով): Եկան:
Դուռը բանալու կ’իջնէ: Ներս կը մտնեն Սէմը եւ ծերունի մը` աղտոտ հագուած, գինով, գլխաբաց, խռիւ ու գրեթէ ճերմկած մազերով: Լուսանկարիչը անմիջապէս քանի մը նկարներ կը հանէ ու կը հեռանայ: Ծերունին կը նստեցնեն աթոռի մը վրայ: Թղթակիցը կը մօտենայ` իր հարցումներուն համար թուղթ ու գրիչ ձեռքին:
ՃՕ — Ձեր անունը եւ տարիքը…
ՖԻՇԸՐ — (անմիջապէս վրայ հասնելով): Սպասէք, պարոն թղթակից, ես սկսիմ իմ հարցումներուն եւ դուք օգտուեցէք:
Ծերունին կը նստի ծանր, Սէմի օգնութեամբ արդէն բաւական խմած:
ՖԻՇԸՐ — Դո՞ւք էք Քրիստոսի հայրը, այո՞:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Ես, ես իսկական հայրը չեմ… մայրը արդեն յղի էր, երբ ինծի հետ ամուսնացուցին:
Ներկաները իրարու երես կը նային:
ՃՕ — Ուրեմն, մէկն է, որուն հայրը յայտնի չէ: Չգիտեմ, պարոններ, պիտի ուզէի՞ք այս պատմութիւնը թերթին տալ: Ըսել կ’ուզեմ, մենք իսկական հօրը հետ չէ որ կը խօսինք:
ԹՕՆԻ — Ես գիտէի, որ սխալ բան մը կայ:
ՖԻՇԸՐ — (քիչ մը երկմտած): Ինչպէս կ’երեւի, ծերունին բաւական խմեր է: Համբերեցէք, մենք կ’իմանանք իսկական պատմութիւնը:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Ոչ, պարոններ, մի՛ կարծէք, որ ես գինով եմ: Մայրը 20 տարեկան էր, երբ ինծի հետ ամուսնացուցին: Ագարակապանի մը աղջիկ էր, եւ ես միեւնոյն ագարակին մէջ կ’աշխատէի, որպէս գործաւոր:
ՖԻՇԸՐ — Սպասէ, ծերուկ, այդ ագարակապանին աղջիկը յղի՞ էր, երբ դուք սկսաք հոն աշխատիլ:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Չգիտեմ, չգիտեմ, միայն թէ յղի էր, երբ ինծ ամուսնացուցին:
Փաստաբան եւ թղթակից իրարու կը նային եղածը հասկնալու խելացի ձեւով:
ՖԻՇԸՐ — Իսկ դուք այն օրերուն ալ կը սիրէի՞ք գինովնալ:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Չեմ յիշեր, պարոններ, միայն թէ գաւաթ մը հուիսքի տուէք ինծի:
Սէմ եւ թղթակիցը միեւնոյն ժամանակ իրենց ձեռքերը ետեւի գրպանները կը տանին, մէջտեղ կը բերեն երկու շիշ հուիսքի: Ֆրէտ իր այդ շարժումին մէջ ուշ կը մնայ: Ֆրէտ իր շիշը չհանած` արդէն կը տեսնէ երկու շիշերը: Առաջին անգամ Սէմը կ’երկարէ իր շիշը: Ծերունին, հուիսքին խմելէ յետոյ, կը շարունակէ:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Արհեստով ներկարար էի եւ, որովհետեւ գործ չունէի, գացի գործ գտայ ագարակին մէջ: Սիրուն, շատ սիրուն աղջիկ էր Տիանան եւ, սակայն, քիչ մը տարօրինակ…
ՖԻՇԸՐ — Տարօրինա՞կ: Ըսել կ’ուզէք ոչ-բնական:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Այո՛, այո՛, այդ է բառը` տարօրինակ, ոչ-բնական:
ՖԻՇԸՐ — Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս, ծերունի… (Դառնալով Ճօյին:) Կը հետեւի՞ք, պարոն թղթակից:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Այսինքն` կը սիրէր փօնիի մերկ կռնակին վրայ հեծնել: Կը սիրէր պարել անտառին մէջ, լուսնի լոյսով: (Թեւով բերանը սրբելով:)
ՖԻՇԸՐ — Շարունակէ, շարունակէ:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Էդ աղջիկը ուրիշ տարօրինակ բաներ ալ ունէր: Անձրեւը երեք օր առաջ կը գուշակէր: Գուշակութիւններ կ’ընէր դրացիներուն եւ յաճախ ճիշդ կ’ելլար: Կը սիրէր ուսին վրայ սեւ կատու մը պտըտցնել: Օր մըն ալ կիսամերկ, փօնիի կռնակին հեծած, անտառէն եկաւ եւ ըսաւ, թէ ինչպէս իրեն հրեշտակ մը երեւցած ու ըսած է. «Ս. Հոգիով պիտի յղանաս ու պիտի ունենաս զաւակ մը ու պիտի կատարուի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը»: Մենք բոլորս ալ խնդացինք, դրացիները ծաղրեցին: Եւ, իրաւ, շատ չանցած, այդ տարօրինակ ու գեղեցիկ Տիանան յղի մնաց:
ՖԻՇԸՐ — Ըսէ, ծերուկ, դուն կը սիրէի՞ր այդ աղջիկը:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Չեմ հասկնար, չեմ հասկնար ի՞նչ ըսել կ’ուզէք:
ՖԻՇԸՐ — Ըսել կ’ուզեմ, դուք խմա՞ծ էիք, երբ անտառ գացիք ու տեսաք Տիանային մերկ պարը լուսնի լոյսով:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Չեմ հասկնար, չեմ հասկնար:
ՖԻՇԸՐ — Ըսել կ’ուզեմ, դուք գինո՞վ էիք, երբ մօտեցաք անոր մարմնին:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — (յանկարծ տեղէն վեր ելլելով ու ձայնը բարձրացնելով): Ոչ, պարոններ, ոչ, ես չկրցի հասկցնել այն օրերուն, չեմ կրնար հասկցնել այս օրերուն այս անպիտան, անիծուած մարդոց: Թոյլ տուէք, որ ես երթամ, պարոններ…
ՖԻՇԸՐ, ՖՐԵՏ, ՍԷՄ, ԹՂԹԱԿԻՑ — (ոտքի ելլելով): Ոհ, ոչ, ծերուկ, ներողութիւն, նստեցէք…
ՍԷՄ — (հուիսքին երկարելով): Ոչինչ, ոչինչ, ան հիմա կը հանդարտի:
Ծերունին կը խմէ հուիսքին ու կը նստի նորէն` թեւով բերանը սրբելով:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Այո՛, պարոններ, անոր անպիտան հայրն ալ իմ վրայ կասկածեցաւ, եւ ես կորսնցուցի իմ գործը: (Ֆիշըր եւ թղթակից իրարու կը նային` հասկցնելու համար, որ ճիշդ է եղածը:) Անցաւ երկու ամիս, տեսնեմ Տիանային հայրը եկաւ քաղաք զիս տեսնելու եւ նոյնիսկ ինծի սպառնաց` ըսելով. «Քեզ բանտ կը ձգեմ, եթէ չ’ամուսնանաս Տիանային հետ»: Ինծի կին մը պէտք էր, պարոններ: Աղջիկները ինծի հետ չէին ամուսնանար, որովհետեւ առանց դրամի խեղճ բանուոր մըն էի: Տիանան թէեւ տարօրինակ, բայց գեղեցիկ էր, իմ տեսած բոլոր աղջիկներէն գեղեցիկ, եւ ես ամուսնացայ անոր հետ: Ամուսնանալէ յետոյ, հայրը ինծի օգնեց, եւ ես ներկարարի փոքրիկ խանութ մը ունեցայ: Ես կը սիրէի Տիանան, պարոններ, եւ, սակայն, ան մեռաւ ծննդաբերութեան ժամանակ, ու ես սկսայ աւելի խմել: Եւ, որովհետեւ մայր չունէր երեխան, օր մըն ալ, զայն տարի եւ վանքի դրան առջեւ դրի:
ՃՕ — Ուրեմն, անկէ ի վեր, դուն չտեսա՞ր երեխան:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Անշուշտ, տեսայ, տարին քանի մը անգամ վանք կ’երթայի եւ կը հետեւէի անոր աճումին: Եւ միակ վանահօր պատմած էի այս բոլորը: Վանքի հայրերը զարմանքով կը գովէին եւ կ’ըսէին, որ հրաշք է այս տղան: Դեռ փոքր, կը խօսէր եւ կը վիճէր անոնց հետ: Այն տպաւորութիւնը ձգած էր, որ կարծես ուրիշ անգամ մըն ալ աշխարհ եկած էր: Կը հասկնար հին լեզուները, ինչպէս եբրայերէն, լատիներէն: Եօթ տարի յետոյ, վանքն ալ չգիտցաւ, թէ ո՞ւր կորսուեցաւ այս տղան: Էսքան, պարոններ, էսքան: Կ’ըսէին, որ Արիզոնայի անապատներուն մէջ տեսնուած է:
ՖԻՇԸՐ — Երբ տեսնելու ըլլաս, կը ճանչնա՞ս Քրիստոսը:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — Անշուշտ, անշուշտ, փոքր ժամանակը, այ, էստեղ… (Ականջին վարի մասը ցոյց տալով:) Փոքրիկ խալ մը ունէր, մօրմէն ժառանգած էր: Միայն կ’ուզէի տեսնել հեղ մը: Իմացայ, որ դատը լրանալու վրայ է: Կ’ուզեմ կենալ ճամբուն վրայ, թերեւս տեսնեմ զինք, երբ դատարանէն դուրս հանեն` բանտ տանելու համար: (Ոտքի կ’ելլէ եւ կ’ուզէ երթալ:)
ՖԻՇԸՐ — Սէմ, տար այս ծերուկը եւ օգնէ, որ կենայ ճամբուն վրայ: Նայէ, որ լաւ հոգ տանիս: Ան յետոյ կը տեսնէ իր զաւակը: Անոր համար կը գտնես լաւ սենեակ, կը խմցնես հուիսքիներուն լաւը: Ինչպէս կ’երեւի, Ֆրէտ, ատեն մը պիտի մնանք այս քաղաքին մէջ:
ՖՐԷՏ — Հա, Սէմ, ա՛ռ այս դրամը ծախսերուդ համար: Մեզ տեսնելու համար հօթէլ կը հանդիպիս: (Կ’երկարէ տրցակով դրամ:)
ՍԷՄ — Շատ լաւ, շատ լաւ, այդ ինծի ձգեցէք:
ՃՕ — (իր աշխատանքին մէջ, յանկարծ միտքը կ’իյնայ հարցնելու անունը): Ձեր անունը, ծերուկ:
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — (մտածելով, շփոթ մը դէմքին վրայ): Իմ անունը, իմ անունը: Բա, բա, պարոն, շատ յանկարծ հարցուցիք:
ՖԻՇԸՐ — (ինքնիրեն): Ճիշդ եւ ճիշդ հօրը հիւանդութիւնն է, որ տղան ժառանգած է: (Քիչ մը աւելի բարձր:) Նոյն բանը պատահած է զաւկին, դատարանին մէջ:
ՍԷՄ — Փիթըր, Փիթըր…
ԾԵՐՈՒՆԻՆ — (դէմքին շփոթը քակելով): Այո՛, այո՛, Փիթըր Լազարօրֆ: (Դուրս կ’ելլեն:)
ՖԻՇԸՐ — Կը տեսնե՞ք, պարոններ, աղջկան հայրը այն օրերուն ճիշդ է կասկածէր: Թերեւս աղջիկը խոստովաներ է ամէն բան: Ուրիշ մէկը չէր կրնար ըլլալ, երբ այդ երիտասարդն էր միայն ագարակին մէջ:
Նոյն պահուն Սուզան ետեւի դռնէն ոտքի ձայներ կը լսէ եւ խոհանոցին կողմը կ’երթայ: Թօնին ալ վստահ է, որ եկողները Քրիստոսի աշակերտներն են: Սուզան կը վերադառնայ հիւրանոց եւ Թօնիի ականջին բաներ մը կը փսփսայ` իմացնելու համար Քրիստոսի աշակերտներուն գալը: Թղթակիցը դեռ աշխատանքի մէջ է: Թօնին կամաց ձեւերով կը հասկցնէ Ֆրէտին եւ Ֆիշըրին, որ եկողները աշակերտներն են: Թղթակիցը կը լրացնէ իր աշխատանքը:
ՃՕ — Շնորհակալութիւն, պարոններ, իսկապէս զգայացունց պատմութիւն եղաւ: Պիտի աշխատիմ ժամը հինգին տպագրութեան հասցնել եւ մեծ խորագրով, ըսել կ’ուզեմ, դատարանին վճիռէն առաջ: Նախ, պէտք է հեռախօսեմ` տեղ ապահովելու համար: (Կ’աճապարէ հեռախօսին եւ կը կանչէ թիւը:) Հէլօ, պօս, շատ զգայացունց պատմութիւն եղաւ Քրիստոսի հօրը պատմութիւնը: Շատ հետաքրքիր մանրամասնութիւններ ունիմ եւ նկարներով: Այո, այո՛, յաջորդ տպագրութեան համար: Խորագիրը կարելի է դնել այսպէս. «Յիսուսի հայրը երեւան եկած»…
ՖԻՇԸՐ — Չէ, չեղաւ, «Յիսուսի հայրը գինով գտնուած»:
ՃՕ — Հէլօ, աւելի լաւ կ’ըլլայ ըսել «Յիսուսի հայրը գինով գտնուած»: Ի՞նչ, չէ՞ք կրնար: Բայց արդէն երկու ժամ կայ: Կ’երեւի, դատարանին վճիռը կ’ուզէք խորագիր դարձնել: Ի՞նչ, լաւ չհասկցայ: Դատարանի մէջ ինծի ընելիք չմնաց: Այստեղէն Թովմասին ագարակը կ’ուզէի երթալ, սակայն ուշ մնացի… Դատարանին մէջ ինծի ընելիք գործ չմնաց: Ձեռագիրներս վաղուց հանձնած եմ… Ի՞նչ, for God’s sake, դատարանի՞ն մէջ… (Շուրջինները թէլէֆոնին մօտ կուգան. աւելի անհամբեր է Թօնին:) Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս… Խորհրդաւո՞ր կերպով: Այո՛, այո՛, կարծես գուշակեցի, որ կրնայ այդ տեսակ բան մը պատահիլ:
ՖՐԷՏ, ՖԻՇԸՐ, ԹՕՆԻ — Ի՞նչ է պատահեր, պարոն թղթակից:
ՃՕ — (շարունակելով խօսակցութիւնը): Այո, այո՛, անմիջապէս դատարան կը վազեմ: (Հեռախօսը գոցելով:) Պէտք է դատարան հասնիմ, պարոններ… Երդուեալներու վճիռէն առաջ, Քրիստոս մեռած է, յանկարծամահ եղած:
ԹՕՆԻ — Մեռա՞ծ:
ՃՕ — Այո, այո՛, դատարանին մէջ, աթոռին վրայ, եւ խորհրդաւոր կերպով: (Թօնին կը թուլնայ ու ինքզինք հազիւ կը տեղաւորէ աթոռին վրայ:)
ՖՐԷՏ — (ապշած): Ուրեմն, մեր բոլոր աշխատանքները ի զուր անցան:
ՖԻՇԸՐ — Էս տեսակ բա՜ն…
ԹՕՆԻ — Չէ, պարոններ, այդ անկարելի է, Աստուած իմ, Աստուած իմ…
ՃՕ — Ես գիտէի, ես կը տեսնէի, որ բան մը կը կատարուէր: Կ’զգայի, որ այդ աթոռին վրայ այդ մարդուն արիւնը հետզհետէ կը ցամքէր: Ինչպէս կ’երեւի, այդ մարդը, խորհրդաւոր կերպով ինքնասպան եղած է: Թերեւս թունաւորում: Ցտեսութիւն, պարոններ: (Կ’աճապարէ մեկնիլ:)
ԹՕՆԻ — Չէ, պարոններ, պարոն թղթակից, սխալ լուրեր մի՛ տաք: Սպաննեցին, սպաննեցին Քրիստոսը, չարչարելով սպաննեցին մեր Տէրը, մեր փրկիչը, որդին Աստուծոյ: Ես կապոյտ գծեր տեսայ անոր մարմնին վրայ: Նոյնիսկ ծեծեցին զայն, մեր Տէրը, մեր Քրիստոսը:
ՍՈՒԶԱՆ — Ի՞նչ եղած է, Թօնի:
ԹՕՆԻ — Յիսուս մեռած է դատարանին մէջ: Սպաննեցին, պարոններ, մեր Տէրը, մեր Քրիստոսը:
Ֆիշըր եւ Ֆրէտ իրարու կը նային` միեւնոյն ատեն ժամը ճշդելով:
ՖԻՇԸՐ — Կարծեմ, գիշերուան ժամը 12-ի սաւառնակը առնենք:
ՖՐԷՏ — Իսկապէս սակարանին մէջ ունեցած մեծ կորուստներս այսքան չազդեցին վրաս: (Գրպանէն կը հանէ հուիսքին եւ, խմելէ յետոյ, կուտայ Ֆիշըրին:)
ԹՕՆԻ — Սպասեցէք, պարոններ, ստուգենք հեղ մը: Ճշմարիտ չի կրնար ըլլալ: (Այդ պահուն խոհանոցէն հատ հատ ներս կը մտնեն Քրիստոսի տըժգունած աշակերտները:)
ԱՇԱԿԵՐՏ ՓՈԼԸ — Ինչպէ՞ս եղած է, եղբայր Անտոնիոս:
ՄԻՉԸԼ — (ծանր ձայնով): Այդպէս, այդպէս, կը պաշտեն սպաննելու համար եւ կամ կը սպաննեն պաշտելու համար: (Դուրսը կը լսուի ամբոխի ձայն:) Օհ, մարդը շատ է վտանգաւոր: Ես մեծ չեմ Քրիստոսի չափ` ներելու համար:
Աղմուկը հետզհետէ կը շատնայ:
ՁԱՅՆԵՐ — Հոն են, Թօնիի տան մէջ:
— Աշակերտները…
— Ես աչքովս տեսայ…
— Կը ճանչնամ անոնցմէ երկուքը…
— Պէտք է դուրս հանել այդ սրիկաները:
— Դուրս, դուրս…
— Այո՛, այո՛, Թօնիի տան մէջ են բոլորն ալ:
ՍՈՒԶԱՆ — Աստուած իմ, այդ մէկը Տէնին ձայնն է:
ԲՈԼՈՐԸ — Դուրս, դուրս…
— Պէտք է կոտրել դուռը:
ՖԻՇԸՐ — Մենք պէտք է աճապարենք:
ՖՐԷՏ — Արդէն ուշ ենք մնացեր, կրնայ ըլլալ, որ սխալմամբ ամբոխի զոհ ըլլանք, եթէ հիմա դուրս ելլենք:
ՍՈՒԶԱՆ — (զգուշութեամբ պատուհանէն դուրս կը նայի, եւ ահա կղմինտրի կտոր մը պատուհանը կոտրելով ներս կ’իյնայ): Թօնի, Տէնն է, Տէնը` ամբոխին գլուխն անցած:
ԹՕՆԻ — Այդ առնէտը…
ՖԻՇԸՐ — Պէտք է հեռախօսով լուր տալ ոստիկանութեան, պարոններ: Թէ ոչ` դուռը կոտրելով ներս կը մտնեն:
ԹՕՆԻ — Բայց ոստիկանութիւնը կրնայ ձերբակալել աշակերտները:
ՄԻՉԸԼ — Ոչինչ, պարոններ, դուք ձեր ճարը նայեցէք, սիրելի Անտոնիոս, մենք պատրաստ ենք բանտ երթալու:
ՄԻՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ — Այո, այո՛, թող գան, մենք պատրաստ ենք բանտ երթալու:
Ամբոխը յանկարծ կը հանդարտի:
ՀԱՏ ՀԱՏ ՁԱՅՆԵՐ — Ներս են Քրիստոսի աշակերտները:
ՖՐԷՏ եւ ՖԻՇԸՐ — Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ:
ԹՕՆԻ — (կամաց դուրս նայելով. նայած պահուն ամբոխը կը խլրտայ ու նորէն կը հանդարտի): Էհ, ձերբակալուած ենք, ոստիկանապետն է, պարոններ:
ՄԻՉԸԼ — Բաց դուռը, տիկին Սուզան:
ԹՕՆԻ — Բաց դուռը, ուրիշ ելք չկայ: Այլապէս ամբոխը պիտի վնասէ մէզի:
Սուզան վար կ’իջնէ: Սանդուխէն վեր կ’ելլէ ոստիկանապետը քաղաքացիական տարազով: Վարը ամբոխը նորէն կը հրհռայ:
ՄԻՉԸԼ — Բարի եկար, պարոն ոստիկանապետ, մենք ենք Քրիստոսի աշակերտները:
ՖԻՇԸՐ — (մօտենալով): Իմ անունը Րոպըրթ Ֆիշըր է, Հոլիվուտէն, Իւնիվերսըլ ընկերութեան փաստաբանը: Իմ ընկերը, Ֆրէտ Վարտ, գլխաւոր ներկայացուցիչն է նոյն ընկերութեան: Առեւտրական գործով եկած ենք այստեղ, կ’ուզենք, որ հսկես, պարոն ոստիկանապետ, որ ապահով դուրս գանք այս տունէն: Այս գիշեր ժամը 12-ին կ’ուզենք սաւառնակ առնել:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Ասկէ վերջ, ուրիշ մը ինծի է որ պիտի հսկէ, պարոններ: Ես ոչինչ կրնամ ընել` ամբոխը հանդարտեցնելու համար: Ես այժմ ոստիկանապետ չեմ: Ես տեսայ, պարոններ, ես տեսայ ամէն բան. ես զգացի, որ յարդով լեցուած խրտուլիակ մըն եմ: Ես եկած եմ այժմ Քրիստոսի աշակերտներուն միանալու: Ես մէկն եմ անոնցմէ:
ՄԻՉԸԼ — Նորէն բարի եկար:
Կը լսուի ոստիկանական վակոնի զանգ. հետզհետէ կը մօտենայ ու կանգ կառնէ: Թօնիի դրան առջեւ ամբոխի հրհռոցը կը դադրի: Ոստիկաններու խիստ ձայներ. «Հեռացէք, մաքրուեցէք», ամբոխը հեռացնելու համար: Փողոցը կը հանդարտի: Դրան զանգ: Սուզան վար կ’իջնէ դուռը բանալու համար: Ոստիկաններ են, եկած են աշակերտները ձերբակալելու: Սանդուխներէն վեր կ’ելլեն Քէփթընը եւ քանի մը ոստիկաններ: Անոնց մէջ են երկրորդ արարի ոստիկաններն ու Պիլ Քէլին: Պահ մը լռութիւն, երբ Քէփթընը այնտեղ կը տեսնէ ոստիկանապետը: Պիլ Քէլին, շիտակ կեցած, կօշիկներուն վրայ կը նայի, յետոյ գրպանէն լաթ մը առնելով փոշին կը մաքրէ` միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն տալով իր պարտականութեան:
ՔԷՓԹԸՆ — (ոստիկանապետին): Ինչպէս կը տեսնեմ, դուք ալ այստեղ էք…
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Այո. ես ալ այստեղ եմ, Քէփթըն:
ՔԷՓԹԸՆ — Պարտաւոր եմ ձերբակալել նաեւ Ձեզ:
ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ — Անշուշտ, անշուշտ, եւ պէտք է որ ձերբակալէք: (Խաչաձեւ դրած բազուկները երկարելով:) Խնդրեմ ձեր օղակները:
Մինչ այդ պահուն բոլորն ալ ոտքի կեցած են, կը լսուի ձայն մը մռայլ ու խորհրդաւոր:
ՁԱՅՆԸ — Ինչ որ աշխարհինն էր, աշխարհին ձգեցի: Երկնքէն բերի սերմերը միայն, սերմերը ճշմարտութեան եւ բարութեան…
ՄԻՉԸԼ — (ուրախ արտայայտութիւնով): Ան է, որդին Աստուծոյ, Անոր ձայնն է, Ան մեր մէջ է:
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ.
— Ալէլուեա…
Ան յաւիտենական է…
Ինչպէս ճշմարտութիւնը…
Ան մեռած չէ…
Անոր ձայնն է…
Ան աստուածային կերպարանքով…
ԹՕՆԻ — Հրաշք, պարոններ, անոր ձայնն է:
Աշակերտները անմիջապէս ծունկի կուգան իրարու ետեւէ: Ֆրէտ եւ Ֆիշըր քիչ մը կը յամառին ոտքի կենալ եւ, սակայն, խորհրդաւոր ձայնին տեղի կուտան եւ նոյնպէս ծունկի կուգան:
ՅԻՍՈՒՍԻ ՁԱՅՆԸ — Այժմ դուք պիտի ըլլաք այն հողին ժիր մշակները, ով իմ հաւատարիմ աշակերտներ: Մի՛ վախնաք բանտէն ու չարչարանքէն, վասնզի գեղեցիկ բաները չարչարանքէն կը ստեղծուին: Իմ Հայրը ընտրեց ժամանակը զիս իրեն կանչելու, եւ ես Անոր է, որ կը վերադառնամ:
Ծունկի կուգայ ոստիկան մը: Սանդուխին վրայ կամաց կամաց կ’երեւին դէմքերը առաջին արարուածին` ծերուկը, կօշկակարը, Էմման, կօշիկ ներկող պատանին, տիկին Ժոզեֆը, Չալին: Քէփթընը, պահ մը շուարած, կը կասկածի, որ ձայնը կրնայ րէտիոյէն ըլլալ: Կը կտրէ հաղորդակցութեան թելերը, յետոյ կը նայի անկիւնները, ապա կը վերադառնայ դանդաղ, գլուխը կախ, համոզուած հրաշքին եւ ծունկի կուգայ: Ծունկի կուգան միւս երեք ոստիկաններն եւս: Պիլ Քէլին կ’ընտրէ ծունկի գալու յարմար տեղ մը, որ կօշիկին բան մը չպատահի: Վարագոյրը կ’իջնէ շատ դանդաղ, մինչ կը լսուի այդ լռութեան մէջ Քրիստոսի ձայնը:
ՅԻՍՈՒՍԻ ՁԱՅՆԸ — Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ինչ որ չար է` մարդկային է, ինչ որ բարի է` աստուածային է: Խղճալով օգնեցէք մարդոց ձեր խօսքերով, երկինքի խօսքերով: Օգնեցէք զօրավարին, դատաւորին, յաղթողին ու պարտուողին, օգնեցէք իշխանին, օգնեցէք թագաւորին…
ՎԱՐԱԳՈՅՐ