ՎԱՀԵ ՕՇԱԿԱՆ / «ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ»
ՎԱՀԵ ՕՇԱԿԱՆԻ «ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ» պիեսը տպագրվել է «Դրամատուրգիա» հանդեսի 2000 թ., թիվ 2-ում «Ահաբեկիչը» ֆանթէզի մըն է եւ նաեւ տռամ մը որոնց համերաշխ ագուցումը կը յաջողի եթէ երկուքն ալ լուրջի առնուին թէ հանրութեան եւ թէ բեմադրիչին կողմէ: Մէկ դերասանին նոյն ատեն երկու տարբեր անձերու դերերը խաղալու դժուարութիւնը հարթելու պարտականութիւնն ու հաճոյքը բեմադրիչինն են: «Ահաբեկիչին» վայրին Աւստրալիա եւ Սիտնի քաղաքը ըլլալը պէտք է փոխուի համաձայն այն երկրին ու քաղաքին ուր կը ներկայացուի ան: Նոյնը՝ Բիմպըլ անունը, որ Սիտնիի արուարձաններէն մէկն է:...