Հրանդ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ / «ԵՒ ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԵՐԵՔ ԱԹՈՌ ԻՆԿԱՒ»

Հրանդ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ «ԵՒ ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԵՐԵՔ ԱԹՈՌ ԻՆԿԱՒ» պիեսը տպագրվել է «Դրամատուրգիա» հանդեսի 2008 թ., թիվ 14-15-ում

Հասարակութեան դժբախտութեան պատճառը նոյն այդ ընկերութեան մէջ մարդ արարածի՝ փառքին ձգտելու եւ տիրապետելու կոյր տենդն է:

Փառքի եւ ուժի ձգտող մոլուցքին յանձնուած մարդուն համար խոչընդոտները մացառներ են, որ արմատախիլ կ՚ընէ։ Իր արարքով, ան կը հեռանայ մարդկային բոլոր ազնիւ զգացումներէն։ Կը նոյնանայ իր կառուցելիք փառքին հետ։ Կը դառնայ իր անձին գերին եւ երկրպագուն։ Նիւթականացած փառքին բարձունքը հոգիին անկումն իսկ է։ 

Հրանդ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ԵՒ ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԵՐԵՔ ԱԹՈՌ ԻՆԿԱՒ

Երգիծանք մեր օրերէն

Գործող անձինք

ՓԱՐՈՍ — Փառնակի ընտրողական յանձնախումբի ատենապետ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Փառնակի գործաւոր, հաշուապահ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — Փառնակի մօրեղբայրը 

ԱՆԹԱՌԱՄ — Աբիկի կինը 

ԱԲԻԿ — Փառնակի գործաւորներէն

ՓԱՌՆԱԿ — քաղաքապետարանի թեկնածու 

ԳԵՂԵՑԻԿ — Փառնակի քարտուղարուհիներէն

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Փառնակի քարտուղարուհիներէն

ԹԱԳՈՒՀԻ — Փառնակի կինը

ԾԱՂԻԿ — Փառնակի դուստրը, գեղարուեստի ուսանող 

ՎԱՐՈՒԺ — Փառնակի տղան, հոգեբանութեան ուսանող 

ՔՆԱՐ — Մաթիկի դուստրը, քաղաքական գիտութեանց ուսանող 

ՄԱԹԻԿ — Փառնակի մրցակից

ԴԵՐԱՍԱՆ

Ժամանակ՝ ներկան։

Վայր՝ հոն ուր նման դէպքեր տեղի կ՚ունենան։ 

Թատերասրահը զարդարուած է ընտրական նկարներով եւ լօզունքներով։ 

ԱՐԱՐ ԱՌԱՋԻՆ 

Տեսարան առաջին

Ընտրական կեդրոնատեղի։ Ընտրական լոզունքներ։ Գոյնզգոյն փուչիկներ։ Խմիչք։ Նուագ։ Յաղթանակ ակնկալող խանդավառ տրամադրութիւն։

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ եւ ծափահարելով լռութիւն կը հաստատէ)։ Սիրելինե՜ր, սիրելինե՜ր։ Ընտրութեան առաջին արդիւնքը հասաւ։ Գիտէ՞ք ով է յաղթողը։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ – Փառնա՞կն է։

ՓԱՐՈՍ – Պռաւօ՜, պռաւօ՜։ Յաղթանակը ձե՜րն է։ Փառնակը 70 տոկոս ստացաւ։ Խմեցէ՛ք ու վայելեցէ՛ք։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Մաթիկը ի՞նչ ստացաւ։ 

ՓԱՐՈՍ — (հեգնելով)։ Մաթիկը… Հը՛… միա՛յն 30 տոկոս։ Փառնակցինե՛ր, վայելեցէ՛ք։ Շամփէյնը շուտով կուգայ։ (Ներկաներէն ոմանց կը բարեւէ։ Դուրս։)

Տիպարներ — ծափողջոյններ:

ԵՐՋԱՆԻԿ — (հարբած է)։ Ո՞վ յաղթեց։ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Փառնա՛կը, Փառնա՛կը պիտի յաղթէ, պարոն Երջանիկ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ո՞վ պիտի յաղթէր հապա։ Անկէ աւելի լաւ մա՞րդ կայ։ Ո՞ւր է շամփէյնը։

ԲԱՐՈԻՆԱԿ — Քիչ վերջը կը խմենք, երբ ընտրութիւնը վերջանայ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ի՞նչ տեսակ շամփէյն է։ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Փառնակին կինը Տօմ Փէրինիոն շամփէյն կը սիրէ։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Պռաւօ՛ Փառնակ, ճի՛շտ իմ ճաշակը ունի։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Փառնակին կի՛նը ընտրած է շամփէյնը, ինչո՞ւ Փառնակին պռաւօ կ՚ըսես եւ կնոջը չես ըսեր։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Պռաւօ՛ Փառնակի ճաշակին, որ՝ ճաշակ ունեցող կին առած է։ (Կը նկատէ Գաբրիէլը որ մօտեցած է։) Դո՞ւն ալ հոս ես։

ԳԱԲՐԻԷԼ – Ո՛ւր Փառնակ, ե՛ս՝ հոն։ Ես միշտ բարեկամներուս հետ եմ, պարոն Երջանիկ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Դուն Գաբրիէլ հրեշտակապետին ճի՛շտ հակառակն ես, հոգի առնելուն տեղ՝ հոգի՜ կը ներշնչես։

ԳԱԲՐԻԷԼ – Է՛հ, ես ալ ա՛յդ շնորհքը ունիմ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Պռաւօ՛ քեզի։ Հաւատարմութիւն ասո՛ր կ՚ըսեն։ (Գրպանէն թուղթ մը կը հանէ։) Այս ուրախ առիթով մուսաներս եկան… 

ԳԱԲՐԻԷԼ — Արդէն ամէն ուրախ առիթով մուսաներդ կու գան։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ի՜նչ ճիշդ նկատեցիր։ Կրնա՞մ իմ նոր գրած բանաստեղծութիւնը կարդալ ձեզի։ (Առանց պատասխանի սպասելու բարձրաձայն կ՛արտասանէ։)

Յաղթանակի օ՛ր է այսօր,

Խմե՛նք շամփէյնը 

Գովե՛նք Փառնակը։

Նոր գրեցի։ Սիրեցի՞ք։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ եւ ԳԱԲՐԻԷԼ – Շա՜տ աղուոր է, պարոն Երջանիկ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ուրեմն երգե։ (Կը սկսի անկապ եղանակով մը երգել։)

ԲԱՐՈՒՆԱԿ եւ ԳԱԲՐԻԷԼ – (կ՚ ընդհատեն)։ Ան մնա՝ յետո՛յ։

ԵՐԶԱՆԻԿ – Լա՛ւ, լաւ, լաւ, երթամ քիչ մըն ալ խմեմ, որ աւելի լաւ բան մը գրեմ։ Կը խոստանա՞ք մտիկ ընել երգս։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Գնա քիչ մըն ալ խմէ, յետո՛յ կը խօսինք։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Քիչ մըն ալ խմեմ որ ձայնս լաւ բացուի։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Երջանիկ ես, պարոն Երջանիկ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Ինչո՞ւ երջանիկ չըլլամ։ Քրոջս տղան նորէն յաղթեց։ Ձեզի պէս անկեղծ մարդոցմով շրջապատուած է, եւ ամենէն կարեւորը… Տոմ Փէրինիոն շամփէյն պիտի խմեմ։ Ալ ինչ կ՚ուզեմ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Պարոն Երջանիկ, Փառնակը դեռ չէ՜ յաղթած։

ԳԱԲՐԻԷԼ — Խելքդ անո՞ր հետ կը դնես։ Ձգէ՛ որ իր երջանկութիւնը վայելէ։

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ՝ նորէն ծափահարելով լռութիւն կը հաստատէ)։ Սիրելինե՛ր, սիրելինե՛ր, ընտրութեան երկրորդ արդիւնքը հասաւ։ Յաղթողը նորէն դո՛ւք էք, սիրելի՛ Փառնակցիներ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Տոկոսները, տոկոսները, ինչպէ՞ս են։

ՓԱՐՈՍ — Փառնակը՝ 60, Մաթիկը՝ (հեգնելով) միա՜յն՝ 40։ Յաղթակա՛ն էք, յաղթակա՛ն։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Նորէ՞ն յաղթեցինք։ Ի՜նչ լաւ բան է ասիկա։ Քանի՞ անգամ պիտի յաղթենք։ Շամփէյնը ո՞ւր է։

ՓԱՐՈՍ — Շամփէյնը շուտով կու գայ պարոն Երջանիկ, շուտով կու գայ։ (Դուրս։) 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — (Աստղիկին՝ մտահոգ)։ Փառնակին քուէն 70-էն իջաւ 60-ի եւ դեռ միայն երկրորդ փուլն ենք։

ԱՆԹԱՌԱՄ — (Բարունակին)։ Ձայնդ կտրէ՛ հիմա։ (Բաժակը բարձրացնելով եւ բոլորին լսելի ձայնով։) Կեցցե՛ս, Փառնա՛կ։ Չորս տարի եւս կրնանք հանգիստ ապրիլ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Ապրի՞լ։ Տեսա՞ր մեր հակառակորդ Մաթիկը ինչքան մարդ հաւաքեր էր։ Երբ ընտրութեան վայրը հասայ եւ անոր մարդիկը տեսայ անկեղծ ըսեմ՝ քրտինքը վրաս կոխեց։ Մտքովս ըսի՝ «յաղթուեցանք, վերջացանք»։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Վախկո՛տ։ Այդ մարդը՝ ո՜ւր, մեր Փառնակը՝ ո՜ւր։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Ամէն մարդ գիտէ, որ Մաթիկը՝ Փառնակէն աւելի՛ ուսեալ է։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ամէն մարդ գիտէ որ Փառնակը, շուկայի՛ մարդ է։ Տասը հատ Մաթիկ մէկ մատի վրայ կը խաղցնէ։ Սիրելի՛ս, այս մարզին մէջ (բութմատը ցացամատին քսելով) ա՛ս է իշխողը եւ ոչ թէ՝ գլուխը։ (Ումպ մը կը խմէ։) Ինծի՛ ալ շնորհաւորէ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Ինչո՞ւ, դո՞ւն ինչ ըրիր։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ընտրութիւններուն նժարը մե՛ր կողմը դարձուցի։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Ինչպէ՞ս։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Կախարդական տոլարին ուժը գիտե՞ս:

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Ընտրողները կաշառեցի՞ր։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Նուէ՜ր տուի նուէ՜ր ու փոխարենն՝ քուէ՜ առի։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Դրամը ուրկէ՞։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Փառնակի գրպանէ՛ն։ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Քանի՞ քուէ բերիր։

Անթառամը հպարտ ձեռքով «երկու» կը ցուցնէ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Երկո՞ւ հագար։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ո՜չ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Երկո՞ւ հարիւր։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ո՜չ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Երկո՞ւ քուէ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Այդքան ալ վստահութիւն չունի՞ս։ Երկու տասնեակ։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Քսան քուէն ինչի՞ կը բաւէ։ Փառնակը ընկղմելու վրայ:

ԱՆԹԱՌԱՄ – Է՜, գոնէ չի՛ խեղդուիր։ 

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ)։ Սիրելինե՛ր, սիրելինե՛ր, ընտրութեան երրորդ արդիւնքը հասաւ։ Փառնակը՝ 51 տոկոս։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Մաթիկը քանի՞։

ՓԱՐՈՍ — (հեգնելով): Միա՜յն 49։ Յաղթանակը ձե՛րն է, ձե՛րն է։

ԵՐԶԱՆԻԿ — Շամփէյնը, շամփէյնը ո՞ւր մնաց։ 

ՓԱՐՈՍ – Քի՜չ մըն ալ համբերէ պարոն Երջանիկ, քի՛չ մըն ալ համբերէ։

ԵՐԶԱՆԻԿ — Ես կը համբերեմ, բայց մուսաներս չեն համբերեր։

ՓԱՐՈՍ – Անո՛նց ալ ըսէ որ համբերեն։ (Դուրս։)

Անթառամ եւ Աբիկ կը յառաջանան։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Լսէ՛ Աբիկ, երբ Փառնակ յաղթական թագաւորի պէս ներս մտնէ, ի՞նչ պիտի ընենք։

ԱԲԻԿ — Կ՚ընենք, ինչ որ ամէն մարդ պիտի ընէ։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Նորէ՞ն խոնարհինք։

ԱԲԻԿ — Ո՜չ։ Ծափահարե՛նք, պոռա՛նք մանաւանդ լա՜յն, լայն ժպտինք։ Այսօր Փառնակի յաղթանակին օրն է, թո՛ղ վայելէ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ութը տարի է կը վայելէ, ա՛ն ալ առանց գործ մր տեսնելու։

ԱԲԻԿ – Անթառա՛մ, շը՜շ…

ԱՆԹԱՌԱՄ — Իսկ իր յարգելի տիկինը, ի՛նչ յարմար անուն ալ ունի՝ Թագուհի…

ԱԲԻԿ – Անթառա՛մ, լո՜ւռ…

ԱՆԹԱՌԱՄ — Նախագահի կնոջ հովեր կ՚առնէ եւ մեր մուխը կը մարէ։

ԱԲԻԿ – Անթառա՛մ, կը լսե՜ն, զգոյշ։ Տո՛ւնը խօսէ։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Թո՛ղ լսեն։ Ի՞նչ ըսի որ։ (Ումպ մը խմելէ ետք։) Աբի՛կ, ըսէ՛ նայիմ, Փառնակը ի՞նչ առաւելութիւն ունի որ դուն չունիս։ Հը՞։ Շուկայի մա՞րդ է։ Դո՛ւն ալ շուկայի մարդ ես։

ԱԲԻԿ – Հոգի՛ս, այսօր տեղը չէ՛։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Քեզմէ խելացի՞ է։

ԱԲԻԿ — Ո՜չ։ Անթառա՛մ, ցա՜ծ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Քեզմէ աւելի կրթութի՞ւն ունի։ 

ԱԲԻԿ — Ո՜չ։ Ըսի՝ ցա՛ծ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Իր կինը քու կնոջմէդ աւելի՞ գեղեցիկ է։

ԱԲԻԿ – Հարկա՛ւ ո՜չ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Նախակրթարանէն ելած, անո՛ւս, տգէ՛տ մարդ մըն է։ Ըսէ՛ նայիմ, ի՞նչ ունի որ դուն չունիս։

ԱԲԻԿ – Դրա՛մ, դրա՛մ ունի։ Մարդ ըսածդ դրամին ուժով կ՚ապրի։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Փառնակը իր դրամով ի՞նչ ըրաւ ժողովուրդին համար։

ԱԲԻԿ — Անթառամ, շը՛շ։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Բա՛ն մըն ալ չըրաւ։ Հա՜, լսեցի որ նոր գրասենեակ մը պատրաստած է արդէն։ Աթոռ մըն ալ շինել տուած է։ Փայտն ալ մահակոնի՝ Չինաստանէն։

ԱԲԻԿ – Անթառա՛մ, հոգի՛ս շատ խմեցիր։ Աւել-պակաս մի՛ խօսիր, յետոյ Փառնակը ինծի զործէս կը հանէ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Համաձայն չե՞ս ըսածիս։

ԱԲԻԿ — Համաձայն ըլլալս ի՞նչ օգուտ ունի։ Մենք պէ՛տք ունինք անոր։ Հիմա տեղը չէ խօսելու։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Փառնակը իր աթոռին փակած է, դուք բոլորդ ալ՝ իր պոչին։

ԱԲԻԿ — Ամէն մարդ բանի մը կը կառչի ապրելու համար։ Այս մարդուկը մեր քարն է։ Հիմա անոր կառչած ենք, մինչեւ որ նո՛րը գտնենք։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — Դուն սիրելիս նորը պիտի չգտնե՛ս։ Հանգիստդ պիտի չխանգարե՛ս, միշտ անո՛ր պոչին կառչած պիտի մնաս։ (Ումպ մը կը խմէ։) 

ԱԲԻԿ – Անթառա՛մ, շատ խմեցիր։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — Գաղտնիք մը ըսե՞մ քեզի։ 

ԱԲԻԿ – Գաղտնի՞ք մնաց, ամէ՛ն ինչ ըսիր, ա՛յդ ալ ըսէ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ես քուէս Փառնակին չտուի՛, Մաթիկի՛ն տուի։

ԱԲԻԿ — (սարսափած): Շը՜շ…

ԱՆԹԱՌԱՄ – Շը՜շ, մ՚ըսե՛ր։ Ես այս մարդէն ձանձրացա՛յ։ Նոր դէմք կ՚ուզեմ տեսնել։ Օրինակի համար՝ դո՛ւն։

ԱԲԻԿ — Օրինակը մոռնա՛նք… թերեւս օր մը։ (Անթառամին ձեռքը կը բռնէ եւ քիչ մը կը հեռացնէ ներկաներէն։)

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ո՞ւր կ’երթանք, դեռ չեկաւ։ 

ԱԲԻԿ — (կնոջը ականջին)։ Հոգի՛ս, ես ալ քեզի գաղտնիք մը պիտի ըսեմ։ Ե՛ս ալ քուէ Մաթիկին տուի։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Խենթեցա՞ր։

ԱԲԻԿ — Ուզածդ այդ չէ՞ր։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Դուն ե՞րբ ըսածիս կարեւորութիւն տուած ես որ հիմա կու տաս։ Հապա եթէ քեզի գործէդ հանէ, ո՞վ պիտի քատիլաքին վճարումները ընէ։ Եթէ քատիլաքը մեր ձեոքէն առնեն ի՞նչ պիտի ընենք։ Գիտցա՛ծ ըլլաս, ես Թոյոթա չե՛մ քշեր։

ԱԲԻԿ – Մտի՛կ ըրէ, Անթառա՛մ։ Այս մարդուկը իր փառքի վերջին օրերը կ՚ապրի։ Քուէները չլսեցի՞ր։ Ո՜ւր որ է, պիտի իյնայ։ Ես պիտի չըլլամ զինքը գետնէն վերցնողը։ (Ուշադիր որ մէկը չլսէ։) Արդէն Մաթիկին դիմեցի գործի համար եւ ընդունեց՝ յաւելեա՛լ վճարումով։ Քանի մը օրէն, «մնաս բարեաւ, Փառնակ» եւ վե՛րջ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — (ամուսինը գրկելով)։ Իմ հերո՜ս ամուսինը։ (Թեւանցուկ, հպարտ կը քալեն բեմի ձախ կողմէն աջ՝ արհամարհական նայելով Գեղեցիկին և Դայլայլիկին։)

Գեղեցիկը եւ Դայլայլիկը կը յառաջանան Անթառամի եւ Աբիկի հակառակ ուղղութեամբ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Դայլայլիկ, նայէ՛, նայէ՛։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ո՞ւր նայիմ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Անթառամը ինչպէ՜ս ամուսնուն վզին փաթթուած է։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Անպայման Փառնակին յաջողութիւնը կը տօնեն։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ի՜նչ միամիտ ես, ի՜նչ միամիտ։ Այստեղ, այսօր, ամէն անձ իր յաջողութիւնը կը տօնէ։ Խենթեցե՞ր է որ Փառնակին յաջողութիւնը տօնէ։ Անպայման Անթառամը «մինք քոթ» մուշտակէ վերարկու կ՛ուզէ ամուսնէն։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Պռաւօ՛ Անթառամին։ Ձեռքերնիս անանկ ամուսին մը չանցաւ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Դուն քո՛ւ մասին մտահոգուէ։ Ես ամուսին չե՛մ ուզեր։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Հը՞հ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ըսի, ես ամուսին չեմ ուզեր։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Ինչո՞ւ։

ԳԵՂԵՑԻԿ – Տա՜սը հատ ուզածիդ պէս տղամարդ կայ ձեռքիս տակ։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Ես կը կարծէի՝ ո՜ւթ տղամարդ էր։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Անունս պարապ տեղր չէ որ Գեղեցիկ դրած են։ Երկու հատ ալ նո՜ր ճարեցի։ 

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ։ Ծափահարելով։ Կը կենայ եւ դէպի դուրս նայելով)։ Ահա՛ եւ մեր թեկնածուն։

Փառնակը, Թագուհին, Վարուժը, Ծաղիկը կը մտնեն։ Զուսպ ժպիտ մը կայ դէմքերնուն։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ծափողջոյններ, բացականչութիւններ)։ Փա՛ռ-նա՛կ… Փա՛ռ-նա՛կ… 

ՓԱՐՈՍ — (ժպտուն։ Արագօրէն կը ծափահարէ՝ ձեռքերը միշտ Փառնակին կողմը պահելով։ Ձեռքի նշանով կը լռեցնէ ներկաները, հանդիսաւոր)։ Սիրելի՜ Փառնակցիներ։ (Փառնակին՝ ցած։) Սիրեցի՞ք այս բառը, նոր հնարեցի։

ՓԱՌՆԱԿ — (քաղաքավարօրէն կը ժպտի)։ 

ՓԱՐՈՍ – Սիրելի՜ Փառնակցիներ։ Դո՜ւք՝ հաւատարիմ եւ հարազատ աշխատակիցներ։ Տասներկու ամիսէ ի վեր ձեր քունը խանգարեցիք եւ աշխատեցաք այսօրուան յաղթանակին համար։ Տարբեր տեսակի յաղթանակներ կան։ Կան՝ փառաւո՜ր յաղթանակներ։ Կան՝ վրիժառո՜ւ յաղթանակներ։ Կան՝ մտայի՜ն յաղթանակներ։ Կան՝ հոգեկա՜ն յաղթանակներ։ Կան՝ ձախողա՜ծ յաղթանակներ։ Կան…

ՓԱՌՆԱԿ – Կա՛րճ կապէ։

ՓԱՐՈՍ – Լսեցի՞ք գործի՛ մարդը։ «Կարճ կապէ» ըսաւ։ Ա՛յս եղած է Փառնակի կեանքին փիլիսոփայութիւնը, զոր ես այսօր, հպարտութեամբ կը կոչեմ՝… կը կոչեմ… Փառնակականութիւն։ Եւ… 

ՓԱՌՆԱԿ – Կա՛րճ կապէ։

ՓԱՐՈՍ — (հռետորական ոճով։ Փառնակականութի՜ւն… Այո՛։ Դուք հո՛ս էք, որովհետեւ ձեզմէ ամէն մէկուն մէջ՝ Փառնակականութի՜ւն կայ։ (Փառնակը մատնանշելով։) Այս մա՜րդը, այս մա՜րդը, այս մա՜րդը…

ՓԱՌՆԱԿ – Յաղթուեցա՜ւ։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — Ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ ըսաւ։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Յաղ-թը-ւե-ցայ։

ՓԱՐՈՍ — Կրնայ ըլլալ որ Փառնակը որպէս ա՜նձ յաղթուեցաւ։ Բայց Փառնակականութի՜ւնը, Փառնակականութի՜ւնը, յաղթե՛ց։

ՓԱՌՆԱԿ — Կը բաւէ՛ այլեւս։ Փառնա՛կն ալ ես եմ, Փառնակականութի՛ւնն ալ ես եմ։ Յաղթուեցա՛յ։ Վե՛րջ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — (ձեռքի շիշը վեր կը բարձրացնէ)։ Կեցցէ՛ Փառնակ։ (Տատանելով կը մօտենայ։ Գրպանէն թուղթ մը կը հանէ։)

ՓԱՌՆԱԿ – Մօրեղբա՛յր։

ԵՐՋԱՆԻԿ — (առանց սպասելու կը սկսի կարդալ).

Կեցցե՛ս Փառնակ, ի՜նչ յաղթանակ։ 

Ոսոխներդ դուն ճզմեցիր, 

գլուխները լաւ փշրեցիր, 

յաղթանակի դափնին առիր, 

վեհ զլուխդ պը-սա-կե-ցիր։

Տիպարներ — անորոշութեամբ կը ծափեն։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Սիրեցի՞ք։ Ուրախ եմ որ սիրեցիք։ Երթամ երրորդ տունը գրեմ։ (Կը հեռանայ։)

ՓԱՌՆԱԿ – Մօրեղբա՛յր, գնա վերջի՛նը գրէ, վերջի՛նը։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Լա՛ւ, լա՛ւ, լա՛ւ։ Մէյ մը երրորդը գրեմ, յետոյ վերջինն ալ կը գրեմ։

ՓԱՌՆԱԿ – Յաղթուեցա՛յ, բարեկամներ։ Ե՛ս ալ, դո՛ւք ալ, բոլո՛րս ալ։ Վերջին ութ տարիներուն լաւ մը կերցուցի, խմցուցի եւ հարստացուցի ձեզ։ Ձեզմէ ամէն մէկը ինքնաշարժ գնեց, տուն գնեց։ (Մէկը մատնանշելով։) Քեզի խմբագրապետ կարգեցի։ (Ուրիշի մը.) Քեզի՝ հիմնարկի ղեկավար։ (Ուրիշի մը.) Քեզի՝ հոգաբարձու։ (Ուրիշի մը.) ֊Քեզի՝ երեսփոխան։ (Ուրիշի մը.) Քեզի՝ տնօրէն… (Ձայնը տակաւ կը մարի բայց ձեռքի շարժումներով դեռ անձայն կը խօսի։)

ԳԵՂԵՑԻԿ — (Դայլայլիկին)։ Ինծի ալ ադամանդ մատանի խոստացաւ եւ չտուաւ։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Ինծի՛ ալ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — (զարմացած)։ Հը՞… Դայլայլիկ, ես քեզի հրեշտակ կը կարծէի։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Է՜, հրեշտակներն ալ երբեմն ադամանդ կ՚ուզեն։

ԳԵՂԵՑԻԿ – Վա՜յ, խորամա՛նկ հրեշտակ։ Երթա՛նք։ Այս մարդը վերջացաւ։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ո՞ւր երթանք։

ԳԵՂԵՑԻԿ – Յաղթողի՛ն քով։ Նոր տղամարդ որսանք։

Գեղեցիկ եւ Դայլայլիկ դուրս: Անթառամ եւ Աբիկ կը յառաջանան։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — (Աբիկին)։ Ի՜նչ լաւ ըրիր, Աբիկ, որ հակառակորդի՛ն դիմեցիր։

ԱԲԻԿ – Հոգի՛ս, մարդ ըսածդ քիչ մըն ալ շան հոտառութիւն պէտք է ունենայ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Հիմի թող Թագուհին, Տիկին Փառնակը տեսնէ, թէ ո՜վ պիտի ըլլայ ատենապետուհի։

ԱԲԻԿ – Ինչի՞ ատենապետուհի։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Տիկնանց միութեա՛ն։ Թող Տիկին Փառնակը տեսնէ, որ ե՜ս ինչպիսի շամփէյն պիտի տանիմ։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Շամփէ՞յն, շամփէյնը հասա՞ւ։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — Շուտով կը հասնի, պարոն Երջանիկ, շուտո՛վ կը հասնի։ Երթա՛նք, իմ խոհո՛ւն ամուսինս։

ԱԲԻԿ – Երթա՛նք, իմ անթառամ տիրուհիս։ 

Անթառամ եւ Աբիկ դուրս։ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — (կը մօտենայ Փառնակին)։ Պարոն Փառնակ, լաւ ու վատ օրերուն համար շնորհակալութի՛ւն։

ՓԱՌՆԱԿ — Ամենէն քիչը դո՛ւն օգտուած ես ինծմէ եւ միակն ես որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ 

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Տիկի՛ն Փառնակ, ձեզի ալ համբերութիւն։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Շնորհակա՛լ եմ։

Բարունակ դուրս։ Տիպարներ դուրս։ Երջանիկ պատին տակ նստած կը խմէ եւ ծոցի տետրակին մէջ բաներ մը կը գրէ:

ՓԱՐՈՍ — (Փառնակին)։ Ցաւակցութիւներս՝ Փառնակին, ողջոյններս՝ փառնակականութեան։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ալ կը բաւէ՛ սա փառնակականութիւնը հոլովես։ Չե՞ս տեսներ ձախողեցանք։ 

ՓԱՐՈՍ — Պզտիկ ճշդում մը կրնա՞մ ընել։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ըրէ, միայն թէ նոր ճառ չը սկսի՛ս։ Ձախողեցա՛նք:

ՓԱՐՈՍ — Ձախողեցար, պարոն Փառնակ։ Մարդիկ առանձի՜ն կը ձախողին։ Մի՞թէ չէիր գիտեր։

ՓԱՌՆԱԿ — (շուրջը նայելով)։ Չէի՛ գիտեր։ Ես կը կարծէի՝ ինչպէս յաջողութեանս, այնպէս ալ ձախողութեանս ատեն, մարդիկ հե՛տս պիտի ըլլան։

ՓԱՐՈՍ — Մարդիկ անխելք են, որ ձախողածին հետ ըլլան։ Ես ալ երթամ գործերս կարգի դնեմ։ Սակայն գիտցիր, պարոն Փառնակ, ինծի մի՛շտ կրնաս ապաւինիլ։

ՓԱՌՆԱԿ – Քեզի՞, ապաւինի՞լ։

ՓԱՐՈՍ — Շուրջդ նայէ՛, պարո՛ն Փառնակ։ Ինծմէ զատ, ո՞վ մնաց։ (Երջանիկը մատնանշելով։) Ահ, ա՜ն, այդ ողորմելին։ Ո՛չ գիտէ ո՛ւր է, ո՛չ գիտէ՝ ի՜նչ է պատահած, ո՛չ ալ գիտէ թէ՝ ի՜նք ո՛վ է։ Կ՛ենթադրեմ՝ երջանկութեան մէկ ձեւն ալ ա՛յս է։ Ցտեսութի՛ւն։

ՓԱՌՆԱԿ — Հիմա որ ես չկամ, դուն ի՞նչ պիտի ընես։

ՓԱՐՈՍ — Դուն՝ չկաս, բայց ե՛ս՝ կա՛մ։ Ես մի՜շտ կամ, պարո՛ն Փառնակ։ (Փառնակին ձեռքը առնելով։) Ձեզի մխիթարութիւն։ (Թագուհիին.) Ձեզի համբերութիւն։

ԹԱԳՒԻՀԻ – Շա՜տ, շա՜տ համբերութիւն։ 

ՓԱՐՈՍ — (Վարուժին)։ Քեզի ալ՝ նո՜ր ասպարէզ, նոր կեանք, նոր… եւ մնացեալները… 

ՎԱՐՈԻԺ – Շնորհակա՛լ եմ, պէտք ունիմ՝ նո՜ր ասպարէզի, նո՜ր կեանքի…

ՓԱՌՆԱԿ — (խէթ նայուածքով)։ Գործերս ո՞վ պիտի վարէ։

ՎԱՐՈՒԺ — Նոր… մնացեալնե՛րը։

ՓԱՐՈՍ – Ծաղի՛կ, քեզի չեմ գիտեր ի՜նչ բաղձամ։ 

ԾԱՂԻԿ – Ամուսի՛ն։

ՓԱՐՈՍ – Ճի՛շդ բերնէս առիր։ Քեզի ալ՝ լա՛ւ ամուսին մը։ (Դուրս։)

ԹԱԳՈՒՀԻ — Աստուած բերնէ՛դ լսէ։

ԾԱՂԻԿ — Մամա, տունէն կը վռնտե՞ս ինծի։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Ո՛չ, աղջիկս, որքան կ՚ուզես տունը կեցիր, միայն ամուսի՛ն գտիր, ժամանակդ հասաւ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ո՞ւր է պսակը, երթանք շամփէյն խմենք։

ՓԱՌՆԱԿ — Պսակ չկա՛յ, Մօրեղբա՛յր։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Լա՜ւ, ինչո՞ւ չենք խմեր։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Մօրեղբա՛յր, յաղթուեցա՛յ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Շա՛տ լաւ եղաւ։ Հապա ի՞նչ կը կարծէր, պիտի յաղթէ՞ր։

ՓԱՌՆԱԿ – Մօրեղբա՛յր, ե՛ս, ե՛ս յաղթուեցայ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — Հապա ես ալ յաղթանակդ տօնելու համար եկած եմ։

ՓԱՌՆԱԿ – Կը ցաւիմ որ յուսախաբ ըրի քեզ։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — (հեկեկալով)։ Վա՜յ, վայ, վայ, վայ, քրոջս տղան յաղթուեցաւ։ Հիմա պէտք է երթամ սգալո՛ւ համար խմեմ։ (Շուրջը կը նայի։) Փառնակ, երբ ներս եկանք հոս շատ մարդ չկա՞ր։

ՓԱՌՆԱԿ – Շա՜տ մարդ կար, Մօրեղբա՛յր։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ – Անո՞նք ալ գացին խմելու։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ո՜չ։ Անոնք գացին ձախողանքս տօնելու։ Գացին յաղթողի՛ն հետ ըլլալու։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ո՞վ է յաղթողը։

ՓԱՌՆԱԿ – Մաթի՜կը։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Մեր Մաթի՞կը, կնքահօրդ տղա՞ն։ Ո՞ւր է տօնախմբութիւնը։

ՓԱՌՆԱԿ — Իր կեդրոնատեղին։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Մե՜ղք այս ոտանաւորին։ Ինչպէս կ՚ըլլայ երթամ, ոտանաւորս հո՛ն կարդամ։ Միայն թէ ասոր վրայ քու անունդ դրած եմ։

ՓԱՌՆԱԿ — Անունս փոխէ եւ Մաթիկին անունը դիր։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Հոյակա՛պ գաղափար։ Եղա՛ւ։ Երթա՛մ։ Փառնա՛կ, մի յուզուիր։

ՓԱՌՆԱԿ – Մօրեղբա՛յր, քու յուզումը բոլորիս կը բաւէ։

ԵՐՋԱՆԻԿ — (դէպի դուրս ուղղուելով)։ Փառնա՛կ, մտածէ՛, եթէ յաղթէիր, նորէ՛ն ամէն մարդու պիտի կերակրէիր… Բեռդ թեթեւցա՛ւ։ (Դուրս։) 

ՓԱՌՆԱԿ — (մտածկոտ)։ Չե՛մ հասկնար։ Չե՜մ հասկնար՝ ինչո՞ւ յաղթուեցայ։ Թագուհի՛, դո՞ւն ինչ կը մտածես։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ի՞նչ պիտի մտածեմ, ամօթէս գետինին տակը պիտի անցնիմ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես յաղթուեցայ, դո՞ւն գետնին տակը պիտի անցնիս։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Մեր միութեան անդամուհիներուն քով սեւերե՛ս պիտի մնամ։ Մեր յաջորդ ժողովին շամփւէյն եւ քէյք պիտի տանէի։

ՓԱՌՆԱԿ – Ինչո՞ւ շամփէյն եւ քէյք պիտի տանէիր։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Մեղա՜յ, մեղա՜յ, մեղա՜յ, հապա ինչպէ՞ս տօնէի յաղթանակդ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ձեր ժողովի օրակարգին վրայ թեկնածութեանս հարցը դրի՞ք։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Ո՛չ։ Յարմար չտեսայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Այն ատեն շամփէյնի եւ քէյքի արժանի չէի՛ք։ Աժա՛ն գինին կը բաւէր։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Ըսէ՛ նայիմ, ինչպէ՞ս թեկնածութեանդ հարցր դնէի։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես ձեր կազմակերպութեան դրամ կը նուիրե՞մ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Այո՛։

ՓԱՌՆԱԿ — Ձեր ձեռնարկներուն կուգա՞մ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Այո՛։

ՓԱՌՆԱԿ — Ձեր վիճակահանութիւնը կը գնե՞մ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Այո՛։

ՓԱՌՆԱԿ — Ձեր ամէն մէկ ցուցահանդէսին գոնէ նկար մը կը գնե՞մ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Այո՛։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (բարկութեամբ)։ Է, մե՞ղք կ՚ըլլար, որ օրակարգի վրայ թեկնածութեանս հարցը դնէիր։ Յիսո՜ւն անդամ ունիք։ Եթէ ամէն մէկը իր ընտանիքով գար, գիտե՞ս քանի հոգի կ՚ըլլար։ Ծաղիկ քանի՞ հոգի պիտի ըլլար։

ԾԱՂԻԿ – Ըըը՜… Չո՛րս։

ՓԱՌՆԱԿ — Համալսարան մտած ես եւ հաշիւ ընել չե՞ս գիտեր։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, ես տիզայնըր եմ, հաշիւի հետ ի՞նչ գործ ունիմ։

ՓԱՌՆԱԿ – Վարո՛ւժ, քանի՞ հոգի պիտի ըլլար։ 

ՎԱՐՈԻԺ – Ըըը՜…

ՓԱՌՆԱԿ – Ինչո՞ւ քարքիւլէթըր չունիս։ Գործդ ինչպէ՞ս կ՚ընես։

ՎԱՐՈՒժ — Հոգեբանութեան մէջ, մտքո՛վ կ՚աշխատինք։ Քալքիւլէթըր չենք գործածեր։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Մէկը կըսէ չորս, միւսը քալքիւլէթըր չունի։ (Մատներուն վրայ հաշիւ կը փորձէ ընել, չի յաջողիր։) Ամէն մէկ ընտանիք չորս անդամ եթէ հաշուենք, 50 անդամ 4 կ՚ընէ 327… ըը՜… Շատ մարդ կ՚ըլլար, տիկի՛ն, շատ մարդ։ Ընտրութիւնը ե՛ս կը շահէի եւ դո՛ւն ալ տիկի՛ն, ձեր անդամուհիներուն քով ամօթով չէի՛ր մնար։ Արդէն թեկնածութեանս դէ՛մ էիր դուն։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ե՞ս ալ թշնամիդ եղայ։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ինծի չօգնեցի՛ր որ ընտրութիւնը շահիմ։ Ի՞նչ անուն կ՚ուտաս ասոր։ Թշնամի՛ս ես, հապա ի՞նչ ես։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, մամային պիտի սպաննե՞ս։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Չէ՛, զաւա՛կս, պապադ երբ ջղայնանայ, պարապ-պարապ կը խօսի։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, պարապ-պարապ մի՛ խօսիր։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Դո՛ւն ալ մօրմէդ պակասը չես։ 

ԾԱՂԻԿ – Ես ի՞նչ ըրի։

ՓԱՌՆԱԿ — Ո՞ւր են թեկնածութեանս յայտարարութիւնները, հը՞։

ԾԱՂԻԿ — Մահճակալիս տա՛կը։

ՓԱՌՆԱԿ — Մահճակալիդ տակը ի՞նչ կ՚ընեն, փոշի՞ կը հաւաքեն։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՜, մահճակալիս տակը, իմ անձնական, գաղտնի անկիւնն է։ Ի՞նչ իրաւունքով հոն կը նայիս։

ՓԱՌՆԱԿ – Ա՛ռ քեզ նորութիւն։ Մահճակալին տակը աղջկաս գաղտնի անկիւնն է։ Ինչո՞ւ գաղտնի է։

ԾԱՂԻԿ – Չե՛մ ըսեր։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Փառնա՛կ, աղջիկը հանգի՛ստ ձգէ։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Օ՜հ, պաշտպան փաստաբան ալ ունի աղջիկս։ Ինչո՞ւ յայտարարութիւններս ձեր ուսանողական միութեան չտարիր։

ԾԱՂԻԿ – Ամչցա՛յ։

ՓԱՌՆԱԿ – Հը՞, ա՜ս լաւ է։ Մայրդ կ՚ամչնայ, դուն կ՚ամչնաս…։ Ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ կ՚ամչնաս։ 

ԾԱՂԻԿ — Գաղափարներդ… հինցա՜ծ, մաշա՜ծ գաղափարներ են, ուսանողներուն չեն խօսիր։

ՓԱՌՆԱԿ — Ձայնդ կտրէ՛։

ԾԱՂԻԿ — Մամա, պապան ինծի պիտի սպաննէ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Աղջի՛կս, պապադ ջղայնացած է, կը նետէ… Փառնա՛կ, աղջիկը մի՛ վախցներ։ (Ծաղիկին.) Քա՛ջ եղիր աղջի՛կս, խօսէ՛, մի՛ վախնար։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Հիմա աղջի՞կս դէմս կը հանես։ 

ԾԱՂԻԿ — Իմ սերունդը նորութի՜ւն կ՛ուզէ եւ ոչ թէ՝ ժանգոտած գաղափարներ։

ՎԱՐՈՒԺ – Պռաւօ՛, Ծաղիկ։

ՓԱՌՆԱԿ — Դուն իր ստորագրութի՞ւնն ես։ 

ՎԱՐՈԻԺ — (վիրաւորուած): Հա՛յր։

ՓԱՌՆԱԿ — Բերանդ մի՛ բանար։ Դաւաճաններուն է՛ն մեծը, դո՛ւն ես։

ՎԱՐՈՒԺ – Դաւաճա՞ն, ե՞ս։ Ինչո՞ւ, ես ի՞նչ ըրի։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Դաւաճա՛ն ես, անմեղ մի՛ ձեւանար։ Գացիր հակառակորդիս՝ Մաթիկին աղջիկը սիրեցիր։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (ուրախ, Վարուժը գրկելով)։ Վա՜յ, Փառնա՜կ, տղաս սիրահարուա՜ծ է։ Փառնա՜կ, տղաս պիտի պսակուի՜։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, պսակի մասին մի՛ խօսիր։ Տղադ դաւաճաներ է ինծի։

ԾԱՂԻԿ – Վարո՛ւժ, պապան քեզի՞ ալ պիտի սպաննէ։

ՓԱՌՆԱԿ — (Ծաղիկին)։ Դուն ալ ի՞նչ վայրկեանը մէկ սպաննելու մասին կը խօսիս։ Այո՛, եղբայրդ դաւաճան է։

ՎԱՐՈԻԺ – Հա՛յր, դուն չէի՞ր ըսեր՝ «սէրը աշխարհի ամենէն գեղեցիկ զգացումն է»։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Հակառակորդին աղջիկը սիրելը մահացու մե՛ղք է։

ՎԱՐՈԻԺ – Լա՛ւ, երբ քու մարդիկը քեզի յայտնեցին որ ես Քնարը կը սիրեմ, ինչո՞ւ դէմ չեղար։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես կը յուսայի, որ՝ քու սիրելով, աղջիկը կը համոզես եւ ի՛մ կողմը կը բերես։

ՎԱՐՈԻԺ – Միթէ սէրս այդքան աժա՞ն է։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Սէրդ աժան չէ՜, սէրդ՝ խաբուա՜ծ է։ Աղջիկը քեզմէ աւելի ճարպիկ եղաւ։ Քեզի խաբեց եւ իր հօր կողմը տարաւ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Փառնակ, կը բաւէ՛։ Ամէն մարդու սկսար վիրաւորել։

ՓԱՌՆԱԿ – Օ՜հ, ներողութի՜ւն։ Վիրաւորուեցա՜ք։ Ե՜ս եմ վիրաւորը։ Ո՜ւթը տարի այս պաշտօնին վրայ յարգանք ու պատիւ վայելելէ ետք, յաղթուեցայ։ Ուրիշ մէկը ինծի յաղթած ըլլար, այսքան չէի ազդուեր։ Բայց Մաթի՜կր… Մաթի՜կը… տարիներու ի՜մ թշնամին…

ԾԱՂԻԿ – Մամա՛, պապան Մաթիկին ալ պիտի սպաննէ՞…

ՓԱՌՆԱԿ – Ոճրագո՞րծ եմ, աղջի՛կ։ Է՜, ինչո՞ւ պիտի չյաղթուէի։ Բարեկա՞մ ունիմ։ Քուէ տուո՞ղ ունիմ։ Թերեւս դո՛ւք՝ ի՜մ հարազատ ընտանիքի անդամնե՛րը, ինծի քուէ չտուիք։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ես շուկայ գացեր էի՝ նոր հագուստ գնելու։

ԾԱՂԻԿ — Ես տղու մը նամակ կը գրէի։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (ուրախ Ծաղիկը գրկելով)։ Վա՜յ, Փառնա՜կ, աղջիկս վերջապէս ամուսին պիտի գտնէ։

ԾԱՂԻԿ – Մամա՛, ամուսին չէ՜, պարզ ընկեր է։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ես ցաւս կ՚ուլամ, ասոնք հարսանիք կ՚ընեն։ (Վարուժին.) Իսկ դուն՝ դաւաճա՛ն տղաս, ի՞նչ պիտի ըսես։

ՎԱՐՈՒԺ – Քնարի՛ն հետ մինչեւ հասանք, քուէարկութիւնը փակուած էր։

ՓԱՌՆԱԿ — Քուէարկութան օրը տղաս Քնա՜ր կը խաղցնէ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (ուրախ Վարուժը գրկելով)։ Վա՜յ, Փառնա՜կ, տղաս… պիտի պսակուի…

ՓԱՌՆԱԿ — (ընդհատևլով): Կը բաւէ՝ «վայ Փառնակ» ըսես… Ինչո՞ւ կը զարմանամ։ Ինչո՞ւ կը նեղուիմ։ Ի՜մ ընտանիքէն… երէ՜ք քուէ կորսնցուցի։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Փառնա՛կ, ո՜ւշ է, երթանք։ Գիշերը հոս պիտի չ՚անցնենք։

ՓԱՌՆԱԿ — Դուք գացէ՛ք։ Ես յետոյ կու գամ։

ՎԱՐՈՒԺ – Հա՛յր, երթա՛նք։ Նոր զբաղում մը կը գտնես։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Փառնա՛կ, զաւկիղ մտի՛կ ըրէ, երթա՛նք։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, մեծնաս կը մոռնաս։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (ընկճուած)։ Նոր զբաղո՜ւմ։ Մեծնամ կը մոռնա՜մ։ Գաց՛էք, գացէ՛ք։

Թագուհի, Վարուժ եւ Ծաղիկ դուրս։

ՓԱՌՆԱԿ — (շուրջը կը նայի։ Փուչիկները ոտքով կը հարուածէ։ Լօզունքներուն կը նայի։ Կը նայի աթոռին)։ Յաղթուեցա՜յ, յաղթուեցա՜յ։ Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ յաղթուեցայ։ Նոյն ընտրողներն էին, նոյն մարդերն էին, նոյն խօսքերը կրկնեցի, նոյն խոստումերը տուի, ամէ՜ն ինչ նո՛յնն էր, ես ալ նո՜յնն էի, եւ… յաղթուեցա՜յ։ Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ յաղթուեցայ։ («Կարապի լիճը» երաժշտութիւնը կը սկսի։ Շուրջը լօզունքներուն կը նայի։ Փուչիկները ոտքով կը հարուածէ։ Կը նայի աթոռին։ Կը շոյէ։) Իմ միա՜կ, հաւատարի՜մ բարեկամս։

Լոյսը դանդաղօրէն կը կեդրոնանայ իր վրայ եւ կը մարի։

Տեսարան երկրորդ

Ղեկավարական դպրոցի դասարան։ Աթոռները շեղակի շարուած են։

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ արագ)։ Խնդրեմ, նստեցէ՛ք։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Ներողութի՛ւն, երկու տարի առաջ դուք հոս չէի՞ք։

ՓԱՐՈՍ – Էի՛։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Թեկնածուի մը ընտրութիւներուն պատասխանատուն չէի՞ք։

ՓԱՐՈՍ – Էի՛։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Այդ Թեկնածուի յաղթուելուն պատճառը դուք չէի՞ք։

ՓԱՐՈՍ – Չէի՛։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Դուք Փարոսը չէ՞ք։

ՓԱՐՈՍ – Էի՛։

ՎԱՐՈԻԺ — Հիմա չէ՞ք։

ՓԱՐՈՍ – Բացատրե՛մ։ Երկու տարի առաջ համալսարան գացի եւ մասնագիտացայ ղեկավար դառնալու գիտութեանց եւ արուեստից մարզին մէջ։ Հիմա ձեզի կը ներկայանամ որպէս ղեկավարական գիտութեան մասնագէտ՝ տոքթոռ։

ԱԲԻԿ – Դո՞ւք էք, որ մեզի ղեկավար պիտի դարձնէք։

ՓԱՐՈՍ — Ո՜չ։

ԲՈԼՈՐԸ — Հապա ո՞վ է։

ՓԱՐՈՍ – Յետո՛յ կ՚ըսեմ։ Սիրելիներս, (իր գլուխը ցոյց տալով) կը տեսնէ՞ք այս զլուխը, ասոր մէջն են՝ ղեկավար դառնալու նորագո՛յն տեսութիւնները եւ արդիական բոլոր միջոցները։ 

ԵՐՋԱՆԻԿ — Քու գլխուն մէջինը ինչպէ՞ս մեր գլխուն մէջ պիտի անցնի։

ՓԱՐՈՍ – Յետո՛յ կ՚ըսեմ։ Սկսի՛նք եւ կեդրոնանա՛նք։ Ղեկավար դառնալը մէկ պայման ունի՝ բացարձակ անկեղծութիւն։ Կոպի՛տ եղէք բայց անկե՛ղծ եղէք։ Աներե՛ս եղէք բայց անկե՛ղծ եղէք։ Եթէ պիտի կեղծէք անգամ, անկեղծօրէ՛ն կեղծէք։ Հիմա՛։ Եթէ այստեղ կեղծաւոր մէկը կայ, խնդրեմ հիմակուընէ թող դո՛ւրս ելլէ։ (Մէկդի կը կենայ եւ աչքին տակէն գաղտագողի կը նայի։)

Տիպարներ իրարու կը նային։ Ոչ ոք կը շարժի։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։ Դուք եկած էք ձեր մարզերուն մէջ յաջողելու, այնպէս չէ՞։

ՓԱՐՈՍ — (անորոշ ու ցած)։ Այո։

ՓԱՐՈՍ — (բարձրաձայն)։ Այնպէս չէ՞: 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (քիչ մը բարձրաձայն)։ Այո։ 

ՓԱՐՈՍ — (բարձրաձայն)։ Այնպէս չէ՞։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (բարձրաձայն եւ միաբերան)։ Ա՛-յո՛։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։ Եթէ եկած էք յաջողելու, ուրեմն դուք ձախողածներ էք։ Այնպէս չէ՞։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (անորոշ ու ցած)։ Այո։

ՓԱՐՈՍ — (բարձրաձայն)։ Այնպէս չէ՞։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (քիչ մը աւելի բարձրաձայն)։ Այո։

ՓԱՐՈՍ — (բարձրաձայն)։ Այնպէս չէ՞։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (բարձրաձայն եւ միաբերան)։ Ա՛-յո՛։

ՓԱՐՈՍ — Դուք յստակօրէն ձախողածնե՛ր էք։ Յաջողութեան ելարանի ամենէ՛ն վարի աստիճանին վրայ էք։ Այսինքն՝ արժէ՛ք չունիք, հմա՛յք չունիք, փա՛ռք չունիք։ Ճի՞շտ եմ։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (երկմիտ եւ անորոշ)։ Այսինքն։

ՓԱՐՈՍ – Արթնցէ՛ք, բարեկամներ։ Ձախողանքը ամօթ չէ։ Հոն մնա՛լն է ամօթը։ Դուք կ՛ուզե՞ք հոն մնալ։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (առանձնակի եւ բարձր)։ Ո՛չ։ 

ՓԱՐՈՍ — Եկած էք վե՛ր ելլելու։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ինքնավստահ): Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Եկած էք դիրքի՛ հասնելու։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ինքնավստահ)։ Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Ուրեմն քա՛ջ էք։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ինքնավստահ)։ Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Վախկոտ չէ՛ք։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ինքնավստահ)։ Ո՛չ։

ՓԱՐՈՍ — Ո՞ւր են վախկոտները։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (ինքնավստահ եւ հանդիսատեսը մատնանշելով): Հո՛ն։

ՓԱՐՈՍ — (խանդավառուած)։ Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ (Թագուհիին.) Տիկին, դուք ի՞նչ էք։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ես տիկնանցի պա՜րզ անդամուհի մըն եմ։

ՓԱՐՈՍ — (Տիպար 1-ին)։ Դո՞ւք։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Ես պա՜րզ գանձապահ եմ: 

ՓԱՐՈՍ — (Աբիկին)։ Դո՞ւք։

ԱԲԻԿ — Ես պա՜րզ խմբագիր եմ։

ՓԱՐՈՍ — (Գեղեցիկին)։ Դո՞ւք։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ես պարզապէս զեղեցի՜կ եմ։ 

ՓԱՐՈՍ — (Դայլայլիկին)։ Դո՞ւք։ 

Դայլայլիկ ոտքի եւ ամչկոտ սակայն չի խօսիր։

ՓԱՐՈՍ — Ժամանակը կարճ է, խնդրեմ աճապարեցէք։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ես կոյս եմ եւ անյո՜յս եմ։ 

ՓԱՐՈՍ — (Փառնակին)։ Դո՞ւք։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես պետ էի, հիմա՝ անպետ եմ։ 

ՓԱՐՈՍ — (խանդավառուած)։ Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ըսի՝ անպե՜տ եմ։

ՓԱՐՈՍ — Լսեցի։ Այսօր անպետ ես, բայց օր մը, բան մը պիտի ըլլաս։

ՓԱՌՆԱԿ — (ուրախ ակնկալութեամբ)։ Ի՞նչ պիտի ըլլամ։

ՓԱՐՈՍ — Յետոյ կ՚ըսեմ։ Սիրելիներս, կարեւորը այն չէ թէ՝ ինչ պիտի ըլլաք, այլ՝ ինչ կ՚ուզէք ըլլալ։ (Թագուհիին.) Տիկի՛ն, դուք ի՞նչ կ՚ուզէք ըլլալ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Ատենապետո՛ւհի։

ՓԱՐՈՍ — (Բարունակին)։ Դո՞ւք։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Գանձապե՛տ։

ՓԱՐՈՍ — (Աբիկին)։ Դո՞ւք։

ԱԲԻԿ – Խմբագրապե՛տ։

ՓԱՐՈՍ — (Տիպար 3-ին)։ Դո՞ւք։

ՄԱԹԻԿ – Վարչապե՛տ։

ՓԱՐՈՍ — (Տիպար 4-ին)։ Դո՞ւք։

ՏԻՊԱՐ 4 – Հազարապե՛տ։

ՓԱՐՈՍ — (Գեղեցիկին)։ Դո՞ւք։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Պետերուն սիրուհի՛ն։

ՓԱՐՈՍ — (Դայլայլիկին։) Դո՞ւք։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — (ոտքի ել ամչկոտ)։ Ես դեռ անյո՜յս եմ։

ՓԱՐՈՍ — (Երջանիկին)։ Դո՞ւք։

ԵՐՋԱՆԻԿ – Խմիչքապե՛տ։

ՓԱՐՈՍ — (Փառնակին)։ Պարո՛ն Փառնակ, դո՞ւք։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Քաղաքապե՛տ։

ԹԱԳՈԻՀԻ – Փառնա՛կ, քանի որ կը հարցնէ աւելի բա՛րձր պաշտօն մը ուզէ։ Ըսէ քաղաքապետ։

Մաթիկ ձեռքը կը բարձրացնէ։

ՓԱՐՈՍ — Այո, պարո՛ն Մաթիկ։ Դուք ի՞նչ կ՚ուզէք ըլլալ։

ՄԱԹԻԿ — Պետերուն պե՛տը։

ԹԱԳՈԻՀԻ — (ոտքի, Փառնակը վեր քաշելով)։ Ամուսի՛նս պիտի ըլլայ պետերուն պետը։ 

ՄԱԹԻԿ — Ես պետերուն պետին պե՛տը պիտի ըլլամ։

ԹԱԳՈԻՀԻ — Դուն պետերուն պետին՝ «չեմ գիտեր ի՛նչը» պիտի ըլլաս։

Տիպարներ՝ իրարանցում, պոռչըտուք, աղմուկ, մէկը միւսի վրայ կը պոռայ…։

ՓԱՐՈՍ – Հանդարտեցէ՜ք, հանդարտեցէ՜ք։ Ասիկա պարզապէս դա՜ս է։ Ասիկա պարզապէս փո՜րձ է։ Կեանքը հո՜ն է։ (Պահ մը։) Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։ Ո՞վ մնաց որուն հարցում չհարցուցի։

Դերասան ձեռքը կը բարձրացնէ։

ՓԱՐՈՍ — Ըսէ նայիմ դո՞ւն ինչ կ՚ուզես։ 

ՏԻՊԱՐ — Ես կի՛նդ կ՚ուզեմ։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ – Անամօ՛թ։ Անպատի՛ւ։ Անշնո՛րհք։ Սրիկա՛։ Խուլիկա՛ն…

ԴԵՐԱՍԱՆ — Մարդը ըսաւ ազատօրէն արտայտուեցէք։ Ես ալ իր ըսածը ըրի։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (կը շարունակէն իրենց զայրոյթը)։ Անամօ՛թ։ Անպատի՛ւ։ Անշնո՛րհք։ Սրիկա՛։ Խուլիկա՛ն, կորսուէ ասկէ…

ՓԱՐՈՍ – Վայրկեա՛ն մը, վայրկեա՛ն մը։ Անկե՜ղծ ըսի, չէ՞։ Մարդը անկեղծօրէն իր մի՛տքը յայտնեց։ Ես նեղուեցա՞յ։ Ջղայնացա՞յ։ Ղեկավարը իր ջիղերուն տէ՛րը պէտք է ըլլայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Այս մարդը քեզի անպատուե՛ց։ 

ՓԱՐՈՍ — Ես այս դասը հիմա՛ կ՛ուտամ, անոր դասը յետո՛յ կ՚ուտամ։ Դառնա՛նք դասին։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Նախ շամփէյն մը չխմե՞նք։ 

ՓԱՐՈՍ – Պարո՛ն Երջանիկ՝ յաղթանակին օ՛րը կը խմենք։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ամէն մարդ այդպէս կ՚ըսէ, բայց շամփէյն բերող չկայ։ Ե՞րբ է այս յաղթանակին օրը։

Յոյսս սկսայ կտրել։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Դո՞ւք ալ անյոյս էք։

ՓԱՐՈՍ — Յոյսին օրը կ՚ուգայ, օրիորդ Դայլայլի՛կ։ Հիմա դառնանք դասին։ Սկսելու համար, պէտք է ընդունիք որ դուք բոլո՛րդ ալ ոչնչութիւններ էք։ Կրկնեցէ՛ք խնդրեմ… ես աննշա՛ն եմ։ 

ԲՈԼՈՐՐ — Ես աննշա՛ն եմ։ 

ՓԱՐՈՍ — Ես անշո՛ւք եմ։

ԲՈԼՈՐԸ — Ես անշո՛ւք եմ։

ՓԱՐՈՍ — Ես դի՛րք չունիմ։

ԲՈԼՈՐԸ – Ես դի՛րք չունիմ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։ Ուրեմն Դի՛րք կ՚ուզէք։ Դի՛րք, որ հաւասար է՝ Ուժի՛։ Ո՜ւժ, որ հաւասար է՝ Փա՛ռքի։ Փա՜ռք, որ հաւասար է… հաւասար է…

ԲՈԼՈՐԸ – Ինչի՞։

ՓԱՐՈՍ – Յետո՛յ կ՚ըսեմ։ Հիմա դուք ձեր աչքերով պիտի տեսնէք կախարդական այս երրեակը՝ ՈՒԺ, ԴԻՐՔ, ՓԱՌՔ։ ՈԻԺ, ԴԻՐՔ, ՓԱՌՔ։ ՈԻԺ, ԴԻՐՔ, ՓԱՌՔ։ (Մատնանշելով աթոռը։) Ա՛յս է ուժը, ա՛յս է դիրքը, ա՛յս է փառքը։ Այս կախարդական երեքը կը կազմեն ա՛յս աթոռը… ա՛յս աթոռը… ա՛յս աթոռը… Ի՞նչ է այս։

ԲՈԼՈՐԸ – Աթո՛ռ է, աթո՛ռ է, ասիկա աթոռ է։ 

ՓԱՐՈՍ — Ըսէք ինծի ի՞նչ է այս։

ԲՈԼՈՐԸ — Աթոռ է, աթոռ է, ասիկա աթոռ է։ 

ՓԱՐՈՍ — Ըսէք ինծի ինչ է այս։

ԲՈԼՈՐԸ – Ո՛ւժ, դի՛րք, փա՛ռք։ Ո՛ւժ, դի՛րք, փա՛ռք։ Ո՜ւժ, դի՜րք, փա՜ռք։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակապ, հոյակա՜պ։ Աթոռը, սիրելիներ, թշնամիներու դէմ՝ պարի՜սպ է։ Աթոռը՝ օրինաւոր զէնք է, որով մարդ կարելի է սպաննել առանց բանտարկուելու։ Աթոռը հմա՜յք է, որուն մարդիկ կը խոնարհին։ Ուրեմն դուք՝ բոլորդ, ի՞նչ կ՚ուզէք։

ԲՈԼՈՐԸ — Ա-թո՜ռ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Սիրելինե՜ր։ Այդ երրեակ կախարդանքին տիրանալու համար, դուք պէտք է սիրէք՝ նախ ձե՛զ, ապա՝ աթոռը։ Ուրեմն դուք կը սիրէ՞ք ձեզ։

ԲՈԼՈՐԸ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Ուրեմն կը սիրէք նաեւ աթոռը։ 

ԲՈԼՈՐԸ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Եւ ամէն ինչ պիտի ընէք հասնելու Ուժի՛ն։

ԲՈԼՈՐԸ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ – Դիրքի՛ն։

ԲՈԼՈՐԸ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ – Փառքի՛ն։

ԲՈԼՈՐԸ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Սիրելինե՛ր, դուք հիմա կը պատկանիք մարդկութեան այն ընտրանիին, որ կը կոչուի՝ ա՛-թո՛-ռա՛– պա՛շտ։

Բոլորը ուրախ կը ծափահարեն։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՛պ, հոյակա՛պ, հոյակա՛պ։ Հիմա։ Գիտէ՞ք թէ քանի տեսակ աթոռ կայ։ 

Դայլայլիկ ձեռքը կը բարձրացնէ։ 

ՓԱՐՈՍ – Այո՞, քանի տեսակ։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Չեմ գիտեր։

ՓԱՐՈՍ – Ինչո՞ւ ձեռքդ բարձրացուցիր։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ես աթոռը այնքա՛ն կը սիրեմ, երբ բառը լսեցի, ձեռքս ինքնաբերաբար վեր բարձրացաւ։

ՓԱՐՈՍ — Լաւ, նստէ՛ եւ մտի՛կ ըրէ։ Ո՞վ գիտէ, թէ քանի տեսակ աթոռ կայ։

ԳԵՂԵՑԻԿ – Շա՜տ։

ՓԱՐՈՍ – Այսի՞նքն։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Հինգ հարիւր։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ – Ի՞նչ՝ հինգ հարիւր, հինգ հազար։ 

ՄԱԹԻԿ – Հազարնե՜ր։

ՓԱՐՈՍ – Սխա՛լ։ Սիրելինե՛ր, միայն երե՛ք տեսակ աթոռ կայ։

ԲՈԼՈՐԸ – Միա՞յն երեք։

ՓԱՐՈՍ – Երե՜ք։ Մտիկ ըրէ՛ք։ Առաջինը, այն աթոռն է, որուն վրայ ամէն մարդ կրնայ նստիլ։ Սովորակա՜ն, պա՜րզ, անշո՜ւք։ Դի՛րք չունի։ Ո՛ւժ չունի եւ Փա՛ռք չունի։ Ատիկա, սիրելի աթոռապաշտներս, ԱՊԱԹՈՌ-ն է։ Կ՚ուզէ՞ք այս աթոոը։ 

ԲՈԼՈՐԸ — (միաբերան)։ Ո՛չ։

ՓԱՐՈՍ – Որո՞ւ տանք։

ԲՈԼՈՐԸ — (միաբերան եւ հանդիսատեսը մատնանշելով)։ Անո՛նց։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Երկրորդ աթոռը, սիրելինե՜ր, հմայք ունի բայց ուժ չունի։ Պատի՜ւ ունի բայց ո՜ւժ չունի։ Յարգա՜նք ունի բայց ո՜ւժ չունի։ Այս աթոռին վրայ նստողին կը ժպտին, կը բարեւէն, անկէ կ՚օգտուին, խորհուրդ կ՚առնեն, կը շահազործեն, յոբելեան մըն ալ կը տօնեն ու մէկդի՛ կը շպրտեն։ Այս աթոռը, ՊԱՏՈՒԱԹՈՌ-ն է։ Դուք կ՚ուզէ՞ք այս աթոռը։ 

ԲՈԼՈՐԸ – (միաբերան)։ Ո՜չ։

ՓԱՐՈՍ – Որո՞ւ տանք։

ԲՈԼՈՐԸ — (միաբերան եւ հանդիսատեսը մատնանշելով)։ Անո՛նց։

ՓԱՐՈՍ — Ա՜հ, երրո՜րդը, երրո՜րդը։ Ա՛յս է ո՛ւժը, դի՛րքը, փա՛ռքը։ Ո՞վ կ՛ուզէ այս աթոռը։

ԲՈԼՈՐԸ — (միաբերան)։ Ե՛ս։ Ե՛ս։ Ե՛ս։ Ե՛ս։ 

ՓԱՐՈՍ — Ո՞վ կ՛ուզէ այս աթոռը։

ԲՈԼՈՐԸ — (միաբերան)։ Ե՛ս, ե՛ս, ե՛ս։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Այսօրուան այս դասը վերջացաւ։ Գացէք ձեր սորվածները կրկնեցէք։

ՎԱՐՈԻԺ — Ուրիշ բանե՞ր ալ պիտի սորվինք։ 

ՓԱՐՈՍ – Օհօ՜, դեռ ինչե՜ր ունիք սորվելիք։

ՎԱՐՈԻԺ — Ե՞րբ պիտի սորվինք։

ՓԱՐՈՍ – Յետո՛յ կ՚րսեմ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ։ Յաջորդ դասը գալ շաբաթ է։ Ցտեսութի՛ւն։

Տիպարներ իրար հետ խօսելով դուրս կ՚ելլեն։ Գեղեցիկ եւ Դայլայլիկ իրար հետ կը խօսին, կ՚ուշանան։

ՓԱՐՈՍ — (դերասանին)։ Դո՛ւն։ Վայրկեան մը հոս եկուր։ (Գրպանէն դրամ կը հանէ եւ գաղտնօրէն Տիպար 5-ին ափը կը դնէ։) Առ սա դրամը։ Նայէ՛, դերդ լաւ խաղցար բայց չափը անցուցիր։ 

ԴԵՐԱՍԱՆ — Դուն ըսիր որ դերասանութիւն ընեմ։

ՓԱՐՈՍ — Դերասանութիւն կայ, դերասանութիւն կայ։ Դուն այնպէ՜ս մը խաղցար դերդ, որ ես անգամ հաւատացի թէ կի՛նս կ՛ուզէս։ 

ԴԵՐԱՍԱՆ — (Փարոսի ձեւերը կապկելով)։ Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ…

ՓԱՐՈՍ — Չափը կ՚անցընես…

ԴԵՐԱՍԱՆ – Չըսե՜ս, այդքան լաւ դերասա՞ն եմ։ 

ՓԱՐՈՍ — Լաւ որ ամուսնացած չեմ, ապա թէ ոչ քեզ շան սատակ կ՚ընէի։ Երթաս բարով։

ԴԵՐԱՍԱՆ – Պարոն Փարոս, երբ որ պէտք ունենաս, պատրաստ եմ… Ցտեսութիւն։ (Դուրս։)

ԳԵՂԵՑԻԿ — (Դայլայլիկին)։ Դայլայլիկ, ըսաւ ամուսնացած չէ՞։ Վազէ՜, վազէ հետը խօսէ։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ամօթ չէ՞։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ամօթը տունը մնալն է։ Առիթը մի՛ փախցներ։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Բայց ամօթ է։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Եթէ դուն չերթաս, ես կ՚երթամ։ 

Դայլայլիկ ամչկոտ կը մօտենայ Փարոսին միշտ Գեղեցիկին նայելով։ Գեղեցիկ հպարտօրէն քալելու ցուցմունքներ կ՛ընէ՝ ձեռքերով իր կուրծքերը վեր սրելով։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — (հազիւ լսելի ձայնով): Պարո՛ն Փարոս։ (Գեղեցիկին կը նայի թէ ուրիշ ինչ ընէ։)

ԳԵՂԵՑԻԿ — (քաջալերելով)։ Բարձր խօսէ, բարձր։ Մի՛ ամչնար։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — (Փարոսին, աւելի բարձր բայց դեռ հազիւ լսելի)։ Պարոն Փարոս։

ԳԵՂԵՑԻԿ — (իր վանդակը ցոյց տալով՝ որ աւելի ցցուն եւ տեսանելի կենայ)։ Ուղիղ կեցիր, մի՛ ամչնար։ Բա՛րձր խօսէ։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — (շատ բարձր պոռալով)։ Պարո՛ն Փարոս։ (Փարոս ցնցուած ետ կը նայի)։ Պարո՛ն Փարոս, արդեօք ճի՞շդ լսեցի, դուք ամուսնացած չէ՞ք։

ՓԱՐՈՍ — Ե՞ս։ Օր մը՝ ե՛մ, օր մը՝ չե՛մ։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ուրեմն յոյսս կտրե՞մ։

ՓԱՐՈՍ – Չէ՜, չէ՜, չէ՜։ Չըլլայ որ ատանկ բան ընէք։ Ձեր յոյսը երբե՛ք մի կտրէք։ Չէք գիտեր քամիները ի՜նչ ուղղութեամբ կը փչեն։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ուրեմն յոյսս քամիներուն վրա՞յ դնեմ։

ՓԱՐՈՍ — Է՜հ։ (Դուրս։)

ԳԵՂԵՑԻԿ — (արագ մօտենալով Դայլայլիկին)։ Ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ ըսաւ:

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — (ուրախ)։ Ըսաւ որ՝ յոյսս քամիներուն վրայ դնեմ։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ի՞նչ, դուն առագաստանա՞ւ ես։ 

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ – Առագաստանա՞ւը ինչ զործ ունի հոս։

ԳԵՂԵՑԻԿ – Առագաստանաւե՛րը իրենց յոյսը քամիներուն վրայ կր դնեն։ Կին ըսածդ՝ իր յոյսը իր հմայելու ուժին վրայ պէտք է դնէ։ Քալէ՛, քալէ՛ քեզի շատ սորվեցնելիք ունիմ։ 

Գեղեցիկ եւ Դայլայլիկ դուրս։ Փառնակ, Թագուհի, Ծաղիկ եւ Վարուժ նստած կը մնան։

ՓԱՌՆԱԿ — (դանդաղօրէն ոտքի կ՚ելլէ։ Կը շրջի։ Խէթ կը նայի իր ընտանիքի անդամներուն։ Կը փորձէ բան մը ըսել, բայց չ՛ըսեր։ Ջղային, Ծաղիկին)։ Ծաղի՛կ, գիտցանք, որ մայրդ ատենապետուհի կ՛ուզէ ըլլալ, ըսէ նայիմ, դո՞ւն ինչ կ՚ուզես ըլլալ։

ԾԱՂԻԿ — Ես նախագահական թեկնածու եմ։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Գո՞րծս կ՚ուզես։

ԾԱՂԻԿ — Այդ պարապ գործը ձրի տան, չե՛մ առներ։

ՓԱՌՆԱԿ – Օ՜հ, գործս պարա՜պ եղաւ, հա՞։ Ի՞նչ նախագահութեան մասին կը խօսիս։

ԾԱՂԻԿ — ԱՀՄՀՈԻԿ-ի նախագահութիւն։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Աղմուկն ի՞նչ է։

ԾԱՂԻԿ — Ահ-մը-հուկ։

ՓԱՌՆԱԿ – Ահմհո՞ւկը ինչ է։

ԾԱՂԻԿ – Վարո՛ւժ, ըսէ։

ՓԱՌՆԱԿ – Փաստաբա՛ն, խօսէ՛։

ՎԱՐՈԻԺ – Այբ՝ Ազգային, Հո՝ Հարցերով, Մեն՝ Մտահոգ, Հո՝ Համալսարանական, Ու՝ Ուսանողներու, Կեն՝ Կազմակերպութիւն։

ՎԱՐՈՒԺ եւ ԾԱՂԻԿ — (միասին)։ Ահ-մը-հուկ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Պռաւօ՛ աղջիկս։ Ա՜խ, երիտասարդ մըն ալ գտնէիր ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար։

ԾԱՂԻԿ – Մամա՛, ես երիտասարդ պիտի չգտնեմ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Աղջի՛կս, ատանկ մ՚ըսեր, յետոյ կը մարի՛մ։

ԾԱՂԻԿ — Երբ նախագահ ընտրուիմ, արդէն բոլոր երիտասարդները ետեւէս պիտի վազեն։

ՓԱՌՆԱԿ — (զարմացած Ծաղիկին կը նայի)։ Այս ի՜նչ հեռատես ծրագրում է։ Ծաղիկ, ականջներուս հաւատա՞մ։

ԾԱՂԻԿ — Կուզես հաւատա, կ՚ուզես մի հաւատար, ես թեկնածո՛ւ եմ։

ՓԱՌՆԱԿ — Տիկին Փառնա՛կ, պռաւօ՛ աղջկադ։ Տեսա՞ր ինչպէս հօրը կ՛ուզէ օգնել։ Եթէ իմ թեկնածութիւնը… ը… ը… այդ քու ըսած… ը… Ի՞նչ էր անունը։

ԾԱՂԻԿ – Վարո՛ւժ, ըսէ՛։

ՎԱՐՈՒԺ — Ահմհուկ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ահմհուկին մէջ անցընել տաք, քայլ մըն ալ կը մօտենամ քաղաքապետարանի յաղթանակին։ (Ծաղիկին կը մօտենայ։) Իմ անո՜ւշ աղջիկս, շնորհակալ եմ որ թեկնածութիւնս հոն պիտի դնես։ (Կը համբուրէ։)

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, ո՞վ ըսաւ որ դուն պիտի ըլլաս մեր թեկնածուն։

ՓԱՌՆԱԿ — Հապա ո՞վ պիտի ըլլայ։ 

ԾԱՂԻԿ — Մենք երիտասա՛րդ մէկը կ՚ուզենք։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ահա դաւաճան մըն ալ մտաւ ընտանիքիս մէջ։

ՎԱՐՈՒԺ – Հա՛յր, հերի՛ք է դաւաճան բառը գործածես։

ՓԱՌՆԱԿ — Օ՜հ, անունդ գիտե՞ս։ Ըսէ՛ նայիմ, դուն ինչո՞ւ եկար, որ հակառակորդիս կո՞ղմը զօրացնես։

ՎԱՐՈՒԺ — Եկայ տեսնելու՝ թէ ի՜նչ նորութիւններ կրնամ սորվիլ Ահմհուկին համար։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Դո՞ւն ալ այդ… «ահմհուկ»–ին մէջն ես։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, Վարուժը կազմակերպիչներէն է։

ՓԱՌՆԱԿ – Օհօ՜, կազմակերպի՜չ։ Սիրած աղջիկդ ալ բերէիր դասընթացքին։

ՎԱՐՈՒԺ – Ա՛ն ալ հոս էր։

ՓԱՌՆԱԿ — Ա՞ն ալ ահմհուկցական է։ 

ԾԱՂԻԿ – Ա՛ն ալ կազմակերպիչներէն է։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (Վարուժին)։ Ան ինչո՞ւ եկած էր, որ քեզի՞ ղեկավարէ։

ՎԱՐՈՒԺ — Առանց աղջիկը ճանչնալու, ինչո՞ւ այդպէս կը խօսիս։

ՓԱՌՆԱԿ – Ես անոր որո՛ւն աղջիկը ըլլալը գիտեմ։ Խնձորը ծառէն շատ հեռու չ՚իյնար։

ՎԱՐՈՒԺ – Սխա՛լ է տպաւորութիւնդ։ Գոնէ ճանչցիր աղջիկը, յետոյ վճիռդ տուր։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես մարդը գործէն կը ճանչնամ։ Ընտրութեան օրը քեզի խաբեց, ուրիշ տեղ տարաւ եւ քուէէդ ինծի զրկեց։ Ալ ինչո՞ւ պիտի հանդիպիմ թշնամիիս աղջկան։

ՎԱՐՈՒԺ — Կը վախնաս որ՝ քեզի՞ ալ իր հօր կողմը դարձնէ։

ԾԱՂԻԿ — Ճիշդ կ՚ըսէ, պապա՛։ Մէ՛յ մը հանդիպէ, շատ խելօք աղջիկ է։

ՎԱՐՈՒԺ — Շնորհակալ եմ, Ծաղիկ, այդ կարծիքիդ համար։

ԾԱՂԻԿ — Չ՚արժե՛ր։ Եւ՝ գեղեցիկ է։ Անոր հարսանեկան հագուստը ես «տիզայն» պիտի ընեմ։

ԹԱԳՈԻՀԻ – Ապրի՛ս, աղջիկս։ Տղայ մըն ալ դուն գտնէիր երկուքիդ հագուստներն ալ միասին «տիզայն» ընէիր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար։

ԾԱՂԻԿ — Անանկ աղուոր հարսի հագուստ մը պիտի պատրաստեմ, որ ամէն մարդ զարմանայ։

ՎԱՐՈՒԺ — Ծաղիկ, շնորհակալ եմ, Քնարը շատ պիտի ուրախանայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես ցաւս կու լամ, ասոնք հարսանիք կը տօնեն։

ԾԱՂԻԿ – Պապա՛, Քնարին հանդիպիս, ցաւդ կը մոռնաս։ Հանդիպէ, ինչէ՞ն կը վախնաս։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Վախնա՞լ։ Ինծի Փառնա՜կ կ՚ըսեն։ Հրաւէ՞ր կը կարդաք։ Լաւ, հանդիպինք։ Ըսէք՝ ե՞րբ, ո՞ւր, ո՞ր ժամին։

ԹԱԳՈԻՀԻ – Վա՜յ Փառնակ, ապագայ հարսիս պիտի հանդիպիմ, ատկէ աւելի լաւ բան կրնա՞յ ըլլալ։

ՓԱՌՆԱԿ — Սա հարսանիքը մէկդի՛ դրէք։ Մ՜էյ մը հանդիպինք գոնէ։

ՎԱՐՈՒԺ – Լա՛ւ, ես կը կարգադրեմ։ Հիմա պէտք է համալսալան երթամ…

ՓԱՌՆԱԿ — Որ սիրած աղջկադ հետ ձախողա՞նքս ծրագրես։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Տղա՛ս, ականջ մի՛ կախեր։ Ջղայնացած է, թո՛ղ խօսի։

ՎԱՐՈՒԺ — Ցտեսութիւն։ (Դէպի դուրս։)

ԾԱՂԻԿ – Վարո՛ւժ, ինծի Staples կը տանի՞ս, յայտարարութիւններու «տիզայն»ի վրայ պիտի աշխատիմ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Վարո՛ւժ, ինծի ալ շուկան հասցուր, գնումներ պիտի ընեմ։

ՓԱՌՆԱԿ – Վայրկեա՛ն մը Թագո՛ւկ։ Դուն ինչո՞ւ ղեկավարական դպրոց կ՚երթաս։

ԹԱԳՈԻՀԻ – Մեղա՜յ, մեղա՜յ, մեղայ։ Չլսեցի՞ր։ Եթէ դուք բոլորդ՝ քաղաքապետ, նախագահ, չեմ գիտեր ինչ պիտի ըլլաք, մե՞ղքս ինչ է որ տունը նստիմ։ Ես ալ ատենապետուհի կ՚ըլլամ։ Երթա՛նք, Վարուժ։

ՓԱՌՆԱԿ — (ելլողներու ետեւէն կը նայի։ Լոյսերը կը կեդրոնանան իր վրայ)։ Նորէն, նորէն, մենակ մնացի։

Լոյսերը դանդաղօրէն կը մարին։

ԱՐԱՐ ԵՐԿՐՈՐԴ 

Առաջին տեսարան

Գրասենեակ մը պարզ կահաւորումով։ Դրան զանգ։

ՓԱՐՈՍ — (կ՚արձանանայ՝ թեւերը լայն կը բանայ՝ դիմաւորողի դիրքի մէջ։ Դէմքին լայն ժպիտ)։ Մտէ՛ք։

ՓԱՌՆԱԿ — (կը մտնէ)։ Բարե՛ւ Ձեզ։

ՓԱՐՈՍ — (արձանացումէն կ՚ելլէ)։ Աստուծո՜յ բարին։ Հրամեցէ՜ք, հրամեցէք պարոն Փառնակ, նստեցէ՜ք։

ՓԱՌՆԱԿ — Շնորհակալ եմ, որ ընդունեցիք ինծի մասնակի դասեր տալ։

ՓԱՐՈՍ — Օ՜հ, հաճո՜յք է, հաճո՜յք է, պարոն Փառնակ, հաճո՜յք։ Ղեկավար դառնալու ձեր տենդը, գերազանցապէս կը գնահատեմ։ Դուք միակն էք որ փափաքեցաք մասնակի ղասընթացքի հետեւիլ։ (Ժամացոյցը կը նայի։) Որպէս առաջին դաս, սկսինք պարոն Փառնակ, «հանդիպագիտութեամբ»։

ՓԱՌՆԱԿ — (զարմացած)։ Ինչո՞վ սկսինք։ 

ՓԱՐՈՍ — Հան-դի-պա-գիտութեամբ։ (Փառնակի զարմանքը նկատելով։) Չհասկցա՛ք։ Բացատրեմ։ Հանդիպագիտութիւնը, պարոն Փառնակ, այն արուեստն է՝ որ կ՚ուսումնասիրէ հանդիպումի մը առաջին տպաւորութիւնը։ Պարզ ըսած՝ «բարեւ-Աստուծոյ բարի»–ին գիտարուե՛ստն է։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ։

ՓԱՐՈՍ — Ուրախ եմ որ հասկցաք։ Հիմա՛։ Երբ առաջին անգամ մէկու մը հանդիպիք, ի՞նչ կ՚ըսէք։

ՓԱՌՆԱԿ — Պարզապէս կը բարեւեմ եւ կ՚ըսեմ՝ հրամեցէ՛ք, նստեցէ՛ք։

ՓԱՐՈՍ – Պարզապէ՜ս կը բարեւէ՛ք եւ հրամեցէք նստեցէ՞ք կ՚ըսէք։ Դուք գիտէ՞ք ինչ ըրիք։ Դեռ մարդուն չծանօթացած, ձեզի թշնամի դարձուցիք։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Մեղա՜յ, ինչպէ՞ս, ե՞րբ ըրի այդ։ 

ՓԱՐՈՍ — Ձեր բարեւելուն ձեւը՝ կոպի՛տ, անտա՛շ եւ մանաւանդ՝ անտեսո՛ղ է։ Գիտէ՞ք, ա՛յդ ձեւով, ձեր բիւրաւո՜ր թշնամիներուն վրայ մէկն ալ աւելցուցիք։ Ձեր վիճակին հասած մարդը միմիայն բարեկամ պէտք է շահի, հասկցա՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ։ Է՜, ինչպէ՞ս սրբագրեմ։ 

ՓԱՐՈՍ — Դուք պիտի չսրբագրէ՛ք։ Ե՛ս պիտի սրբագրեմ։ Ատոր համար քովս եկած էք։ Լա՛ւ։ Խնդրեմ նորէն դուրս ելէք եւ ներս գալու համար դուռը զարկէք։ (Կը բազմի աթոռին։)

ՓԱՌՆԱԿ — (կ՚երթայ անկիւն մը կը կենայ եւ կը նայի Փարոսին)։ Մտնե՞մ։

ՓԱՐՈՍ — Ժամանակիս վճարողը դուք էք։ Կ՚ուզէք մտէք, կ՚ուզէք սպասեցէք։ (Փառնակ կը մտնէ: Փանոս ոտքի կ՚ելլէ եւ թեւերը լայն տարածած:) Օ՛հ, Փառնակըը՜ս, Փառնակըը՜ս։ (Ջերմօրէն ձեռքը կը թոթուէ։) Փառնակըը՜ս։ (Զուսպ։) Տեսա՞ք ինչ ըրի։

ՓԱՌՆԱԿ — (Փարոսի ձեւերը ընելով)։ Նախ թեւերնիդ տարածեցիք, յետոյ ձեռքս ուժգին թօթուեցիք։

ՓԱՐՈՍ — Պարոն Փառնակ, պարոն։ Աւելի ուշադիր պէտք է ըլլաք։ Կը ցաւիմ որ՝ ամէն ինչ չնկատեցիք։ Ճի՛շդ է, ձեռքերս տարածեցի, յետոյ բարեւեցի… բայց ուրիշ բան մըն ալ ըրի։ Ըսի՝ «Փառնակը՜ը՜ը՜ը՜ս»։ Մտի՛կ ըրէք։ Հանդիպագիտութեան առաջին հիմնաքարը, կախարդական «Ը՜Ը՜Ը՜Ս»–ն է։

ՓԱՌՆԱԿ — Կախարդական ի՞նչը։

ՓԱՐՈՍ — Կախարդական «Ը՜Ս»–ը։ Երբ առաջին անգամ մէկու մը հանդիպիք, որմէ շահ մը ունիք կամ շահ մը կ՚ակնկալէք, եւ ըսենք՝ անունը… Վարդան է, չէք ըսեր՝ «բարեւ Վարդան»։

ՓԱՌՆԱԿ — Հապա ի՞նչ ըսեմ։

ՓԱՐՈՍ — Կ՚ըսէք՝ «Բարեւ, Վարդանը՜ը՜ը՜ս»։ Ո՛չ թէ կարճ, Վարդանս, այլ երկար՝ Վարդանը՜ը՜ը՜ս։ Հասկցա՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Հիմա՛։ Եթէ մարդուն անունը բաղաձայնով չի վերջանար, կախարդական «ԸՍ»–ը չէք գործածեր։ Օրինակ չէք կրնար ըսել՝ Կարօ՜օ՜ԸՍ։ Այն ատեն կախարդական «Մ»–ն կը շեշտէք։ Կ՚ըսէք՝ Կարօ՜սսս։ Ձայնաւորը կ՚երկարէք եւ «Ս»–ն կը շեշտէք։ Հասկցա՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ:

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Այս՝ (արագօրէն արտասանելով) «Ս»–ն ու «ԸՍ»–ը… միայն ձեր բարեկամներուն համար չէ, թշնամիներուն ալ, մանաւանդ ձեր ամենէն շատ ատած թշնամիներուն։ Օրինակ… (շեշտակի) դուք թշնամի ունի՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ – Շա՜տ։

ՓԱՐՈՍ — Մէկուն անունը տուէք։

ՓԱՌՆԱԿ – Ամբակո՛ւմ։

ՓԱՐՈՍ – Վրա՞ս կը խնդաք։

ՓԱՌՆԱԿ — Ո՜չ։

ՓԱՐՈՍ — Այդ անունով մարդ կա՞յ այսօր։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Կա՛ր, բայց հիմա չկա՛յ։

ՓԱՐՈՍ — Ըսել կ՚ուզէք մեռա՞ծ է։

ՓԱՌՆԱԿ – Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Մենք մեռածներու հետ գործ չունինք։ Ողջ թշնամի չունի՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ – Շա՜տ։

ՓԱՐՈՍ — Եթէ ողջ թշնամի ունիք, ինչո՞ւ մեռած թշնամիի անուն կու տաք։

ՓԱՌՆԱԿ — Չուզեցի իսկական թշնամիիս՝ Մաթիկին անունը տալ, ատոր համար իր հօրը անունը տուի։

ՓԱՐՈՍ — Փառնակըըս, սիրելիս, կրնա՞մ ձեր հետ եզակի դէմքով խօսիլ։

ՓԱՌՆԱԿ – Ի՛նչ դէմքով կ՚ուզէք խօսեցէք։ 

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՛պ, հոյակա՛պ, հոյակա՛պ։ Մտի՛կ ըրէ։ Թշնամիիդ՝ Ամբակումի մասի՛ն է որ կը խօսինք։ Ա՛ն, որուն անխղճօրէն պիտի ջախջախէս։ Երբ անոր հետ խօսիս, կ՚ըսես՝ «Ամբակումը՜ը՜ը՜ս»։ Այսինքն ըսել կ՚ուզես՝ «քեզի, ողջ-ողջ պիտի թաղե՜մ»։ Հասկցա՞ր։

ՓԱՌՆԱԿ — Բայց մարդը մեռած է։ Ի՞նչ ընեմ, երթամ գերեզմանէն հանեմ, բերեմ, նորէ՞ն թաղեմ…

ՓԱՐՈՍ — Ատոր համար քեզի ըսի ողջի մը անունը տուր։ Հասկցա՞ր։

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ:

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ։ Ուրեմն՝ բաղաձայներուն՝ «ԸՍ», ձայնաւորներուն՝ «Ա»։ Իսկ եթէ մտերմութիւն կ՚ուզես տալ, կը գործածես՝ «ԻԿԸՍ»։ Իսկ եթէ անունը երկար անուն մըն է, կը կրճատես, «ՈՒԿԸՍ» կը փակցնես ու կ՚ըսես…

ՓԱՌՆԱԿ — «ՈՒԿԸ՞Ս», «ԻԿԸ՞Ս»։

ՓԱՐՈՍ – Ո՛ւկըս, ի՛կըս։ Չե՞ս հաւատար, անուն մը տուր։

ՓԱՌՆԱԿ – Ամբակո՛ւմ։

ՓԱՐՈՍ — Դուն ուրիշ անուն չե՞ս գիտեր։ Ի՞նչ վայրկեան մէկ՝ Ամբակում կ՚ըսես։ Լաւ, երբ Ամբակումին հանդիպիս, անունը կը կրճատես ապա «ՈԻԿՍ» կը փակցնես ու կ՚ըսես՝ Ամբուկը՜ը՜ս։ Լաւ, ուրիշ անուն մը տուր։

ՓԱՌՆԱԿ — Պաղտասար։ 

ՓԱՐՈՍ – Ա՜յ մարդ, դուն ալ ի՛նչ տարօրինակ անունով մարդոց կը ճանչնաս։ (Հանդիսասրահին ուղղելով խօսքը։) Հոս Պաղտասար անունով մէկը կա՞յ։ (Եթէ չկայ։) Տեսա՞ր, այդ անունով մարդ չկայ։ (Եթէ Պաղտասար անունով մէկը ըլլայ, պահ մը կը կենայ կը նայի…) լաւ, ըսենք թէ կայ։ Երբ Պաղտասարին հանդիպիս, կ՚ըսես՝ Պաղտուկը՜ը՜ս, կամ՝ Պաղտիկը՜ը՜ս։ «ՈԻԿՍ», «ԻԿՍ», հասկցա՞ր։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ։ Է՜, հիմա կրնա՞մ ամէն մարդու սիրաշահիլ։

ՓԱՐՈՍ — Շատ անհամբեր ես, պարո՛ն Փառնակ։ «Հանդիպագիտութեան» դասէն ետք, «Լեզուաթափութեա՛ն» դասը կայ։

ՓԱՌՆԱԿ — «Լեզուաթափութիւն»–ը ի՞նչ է։ 

ՓԱՐՈՍ — «Լեզուաթափութիւն»–ը շատ հին գիտութիւն է։ Ադամ, Եւայի օրերէն սկսած է։ Առաջին գործածողը Եւա՛ն էր։ Անա՜նկ լեզու մը թափեց, անա՜նկ լեզու մը թափեց, Ադամին խելքէ հանեց եւ դրախտէն ալ վռնտել տուաւ։ Պարզ ըսած, պարոն Փառնակ, «լեզուաթափութիւնը», համոզելու, քաղցր լեզու գործածելու արուեստն է, այսինքն՝ լօլօզելու։

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Այս գիտաարուեստին մէջ, (արագօրէն) եզակի երկրորդ դէմքը, կը փոխարինես՝ յոգնակի առաջին դէմքով։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Չհասկցա՛յ։ Ես դպրոց չեմ գացած։ 

ՓԱՐՈՍ – Մի՛ վհատիր։ Այս օրերուն դպրոց գացողներն ալ քերականութիւն չեն գիտեր։ Պարզ ըսած, «ինչպէս ես» ըսելու փոխարէն, կ՚ըսես՝ «ինչպէս ԵՆՔ»։ Կը նկատէ՞ս, հոս միացումի գաղափար մը կայ։ Մտերմութիւն մը ստեղծելու առիթը կայ։ «ԵՆՔ» բառը, պարո՛ն Փառնակ, հոգեբանական հզօր բանալի մըն է։ Հասկցա՞ր։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Հասկցա՛յ, հոգեբանական բանալի է։ Պարո՛ն Փարոս, դուն իսկական փարոս մըն ես։

ՓԱՐՈՍ – Ե՛նք, պարոն Փառնակ, ե՛նք։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Այո, փարոսներ ե՛նք…

ՓԱՐՈՍ — Այո, ե՛նք, ե՛նք, պարոն Փառնակ… Ըսածներս բոլորն ալ պիտի յիշէ՞ս։

ՓԱՌՆԱԿ — Մի վախնար, պարոն Փարոս: Փորձե՞մ։

ՓԱՐՈՍ – Փորձէ՛ տեսնեմ։

ՓԱՌՆԱԿ — (ձեռքը կ՛երկարէ Փարոսին։ Փաղաքշական)։ Ինչպէ՞ս ենք, Փարոսը՜ը՜ը՜ը՜ս։ Եղա՞ւ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՛պ։

ՓԱՌՆԱԿ — (դէպի հանդիսասրահ եւ ծանօթ անհատներու անունները տալով)։ Սարգիսը՜ը՜ս, Աարգիսուկը՜ը՜ս, Սարգիսիկը՜ս… Վահագըըս, Վահագիկըըս, Վահագուկըըս… (Ուրախ իր արդիւնքէն քանի մը ուրիշ անուններ ալ կը սկսի։) Մարտիրոսըըս, Մարտիրոսիկըըս, Մարտիրոսուկըըս… (Կը շարունակէ հանդիսատեսներէն ուրիշ անուններ տալով։ Դրան զանգ։)

ՓԱՐՈՍ — (ժամացոյցը կը նայի)։ Կը բաւէ՛, կը բաւէ՛։ Պարոն Փառնակ, մնացեալը տունը փորձէ։ 

ՓԱՈՆԱԿ — Ձզէ քիչ մըն ալ վայելեմ, շա՜տ անուշ բան է ասիկա։

ՓԱՐՈՍ — Պարոն Փառնակ, ուրիշ ժամադրութիւն ունիմ։ Կը բաւէ՛։ (Դրան զանգ։)

ՓԱՌՆԱԿ — Հիմա, որ այս կախարդական զէնքերով զինուեցայ, թշնամիս՝ Մաթիկը ի՞նչ կրնայ ընել։ Փարոսը՜ը՜ս…

ՓԱՐՈՍ – Ցտեսութի՜ւն։ (Դրան զանգ։) Ցտեսութի՜ւն։ Առիթը տուէք որ ուրիշներն ալ բան մը սորվին։

ՓԱՌՆԱԿ – Ցտեսութի՜ւն Փարոսիկըըս։ (Դէպի դուրս։) Ցտեսութի՜ւն։

ՓԱՐՈՍ – Ցտեսութի՜ւն։

ՓԱՈՆԱԿ — Փարոսուկըըս։

ՓԱՐՈՍ — Փառնակըըս։

ՓԱՌՆԱԿ — Յաջորդ հանդիպումը ե՞րբ պիտի ըլլայ։

ՓԱՐՈՍ — Յաջորդ հանդիպումդ մէկ շաբաթէն։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Հո՞ս։

ՓԱՐՈՍ — Ո՛չ։ Այստեղ խանգարումները շատ են… յաճախորդներս ըսել կ՚ուզեմ… ը… ը… յաջորդ հանդիպումը՝ «Սիրահարներու պուրակը»… 

ՓԱՌՆԱԿ — «Սիրահարներու պուրա՞կը» ուր է։ 

ՓԱՐՈՍ — Կը զարմանամ, պարոն Փառնակ, ութը տարի քաղաքապետ եղած ես եւ «Սիրահարներու պուրակը» չէ՞ս գիտեր ուր է։

ՓԱՌՆԱԿ – Գիտե՛մ։ Գիտե՛մ։ Ես ամէ՛ն ինչ գիտեմ։ Գալ շաբաթ, ճիշդ այս ժամուն հոն կը տեսնուինք։ Ցտեսութի՛ւն։ (Դէպի դուրս։)

ՓԱՐՈՍ – Ա՛յս կողքի դռնէն ելեք խնդրեմ։ 

Փառնակ դուրս։

ՓԱՐՈՍ – Էօ՜ֆ։ (Արձանացած՝ թեւերը լայն կը բանայ դիմավորողի դիրքի մէջ։ Դէմքին լայն ժպիտ։) Մտէ՛ք։

ՄԱԹԻԿ — (կը մտնէ եւ շատ պաշտօնական)։ Բարե՛ւ ձեզ, պարոն Փարոս։

ՓԱՐՈՍ — (ոտքի կ՚ելլէ եւ թեւերը լայն տարածած)։ Օ՜հ, Մաթիկը՜ը՜ս, Մաթիկը՜ը՜ս։ (Ջերմօրէն ձեռքը կը թօթուէ։) Մաթիկը՜ը՜ս։ Հրամեցէ՜ք, նստեցէ՜ք:

ՄԱԹԻԿ — Շնորհակալ եմ, որ ընդունեցիք ինծի մասնակի դասեր տալ։

ՓԱՐՈՍ — Օ՜հ, հաճո՜յք է, հաճո՜յք է, պարոն Մաթիկ, հաճո՜յք։ Ղեկավար դառնալու ձեր տենդը, գերազանցապէս կը գնահատեմ։ Դուք միակն էք որ փափաքեցաք մասնակի դասընթացքի հետեւիլ։ Որպէս առաջին դաս, պարոն Մաթիկ, սկսինք «հանդիպագիտութեամբ»։ (Դրան զանգ։ ժամացոյցը կը նայի։) Կը ներէ՛ք պարոն Մաթիկ։ Շա՜տ կը ներէք որ ձեզի այս հասարակ գրասենեակին մէջ ընդունեցի։ Ձեր դասընթացքը, կողքի կահաւորեա՜լ գրասենեակին մէջ պէտք էր ըլլար։ Հաճեցէք հո՜ն անցնիլ պահ մը, ես հիմա կու գամ։ 

Մաթիկ դուրս։

ՓԱՐՈՍ — (դէպի դուռը կ՚երթայ, կը բանայ)։ Հրամեցէ՜ք, հրամեցէ՜ք։

ՎԱՐՈՒժ — (կը մտնէ)։ Բարեւ ձեզ, պարոն Փարոս։

ՓԱՐՈՍ – Վարուժը՜ը՜ս։ Երիտասա՜րդ Ուժըըս։ Այս գաղութին ղեկը քու ձեռքը պէտք է ըլլայ այլեւս։ Յոգնեցանք ծերերէն։ (Ժամացոյցը նայելով։) Վարուժըըս, սիրելիս, կը ներես, շատ կարեւոր զործով, կէս ժամուայ համար դուրս պիտի ելլեմ։ Կրնա՞ս կէս ժամ ետք գալ։ Այն ատեն հանդարտօրէն դասին կը սկսինք։ (Դէպի դուռը կ՛առաջնորդէ։ Յիշելով։) Օ՜հ, մոռցայ Մաթիկը միւս սենեակը ինծի կը սպասէ։ (Մաթիկին ելած կողմէն դուրս։)

Լոյսերը դանդաղօրէն կը մարին։

Երկրորդ տեսարան

Հանրային զբօսայգի՝ «Սիրահարներու Պուրակը»։ Նստարան մը։ Թագուհի նստած է, Փառնակ անհանդարտ կ՚երթեւեկէ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Հերի՛ք երթաս, գաս, զլուխս սկսաւ ցաւիլ։

ՓԱՌՆԱԿ – Ե՛ս կը քալեմ, դո՞ւն գլխու ցաւ կ՚ունենաս։ Այնքա՛ն խօսեցաք՝ այնքա՛ն ստիպեցիք…

ԹԱԳՈՒՀԻ – Մեղա՜յ, մեղայ, մեղայ, ո՞վ ստիպեց։

ՓԱՌՆԱԿ — Երրեակ ճակատը՝ «տիզայնըր» աղջիկդ, հոգեբան տղադ եւ անոնց զլխուն՝ Թագուհին, դո՛ւն։ «Ինչո՞ւ կը վախնաս, ինչո՞ւ կը վախնաս» ըսելով գլուխս տարիք։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Է, ինչո՞ւ կը վախնաս։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ե՞ս, վախնամ։ Դուն դեռ ինծի չէս ճանչնար։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (ինքնիրեն)։ Քսանըհինգ տարի է հետդ ամուսնացած եմ, քեզի մատներուս պէս կը ճանչնամ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ի՞նչ ըսիր։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ըսի՝ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, տունը հանդիպէինք։ Գոնէ կը հիւրասիրէի։

ՓԱՌՆԱԿ — Հիւրասիրութեան արժանի չե՛ն։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — Հանրային պարտէզի մէջ ալ հանդիպում կ՚ըլլա՞յ։ Ան ալ «Սիրահարներու Պուրակը»։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, դո՞ւն ուրկէ գիտես որ ասիկա «Սիրահարներու պուրակն» է։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (դուրսը ցոյց տալով)։ Հոն նայէ, սիրահար զոյգ մը ինչպէ՜ս կը համբուրուին։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Թագո՛ւկ, շատ մի՛ նայիր, յետոյ ախորժակդ կը բացուի։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (նստարանին վրայ գրութիւն մը կը կարդայ, հիացած)։ Փառնա՛կ, նայէ ի՜նչ փորագրած են նստարանին վրայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Ի՞նչ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — «Համլէթ՝ Լաուրային կը սիրէ»։ Քեզի կը յիշեցնէ՝ երբ դուն ալ ասանկ բաներ կ՚ընէիր։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես հանրային նստարանները չէի աղտոտեր։ Ծառերուն վրայ կը փորագրէի։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (երազուն)։ «Փառնա՜կ՝ Թագուհին կը սիրէ՜»։ Փառնա՛կ, եկուր քովս նստէ։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Խենթեցա՞ր, Թագո՛ւկ։ Մարդիկ տեսնեն ի՞նչ պիտի ըսեն։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (նստարանը կամաց մը մատնահարելով)։ Հո՛ս։ (Փառնակ նստարանէն հեռու կը կենայ:) Երանի այս օրերուն երիտասարդ ըլլայինք։ Ո՛չ պիտի քաշուէինք, ո՛չ ամչնայինք, ազատօրէն մեր սէրը պիտի յայտնէինք։ Եկո՛ւր, քովս նստէ։

ՓԱՌՆԱԿ — (քայլ մը կը մօտենայ նստարանին)։ Ասկէ աւելի մօտ չե՛մ գար։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Քի՜չ մըն ալ մօտեցիր։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (քայլ մը աւելի կը մօտենայ)։ Այսքա՛ն եւ վե՛րջ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Ձե՛ռքդ տուր։

ՓԱՌՆԱԿ — Ո՜չ։ (Ձեռքը կը դնէ նստարանի թիկնոցին։)

ԹԱԳՈՒՀԻ — (փաղաքշական կը բռնէ Փառնակին ձեռքը)։ Օրերն անցան, մնաց միայն յուշը անդարձ մեր կեանքի։

ՓԱՌՆԱԿ — Օրերն անցան պահը մնաց որպէս ձայնը երազի։ (Տարուած կը մօտենայ պիտի նստի։ Մէկէն։) Է՜հ, ո՞ւր մնացին։ Ըսին որ ժամը մէկին հոս պիտի ըլլան։ Ահա՛ (ժամացոյցը նայելով) ժամը մէկը երկու վայրկեան կ՚անցնի եւ դեռ հոս չեն։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Երկու վայրկեանի համար պիտի սպաննե՞ս տղուդ։

ՓԱՌՆԱԿ — Տղաս խաբեբայ աղջիկ մը գտած է, ճիշդ մեծ հօրը՝ Ամբակումին նման։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Մարդը շատոնց մեռած է։ Մեռելին ետեւէն չե՛ն խօսիր։

ՓԱՌՆԱԿ — Անանկ մեռելին թե՛ ետեւէն թե՛ առջեւէն ալ կը խօսին։ Կնքահայր էր որպէս թէ։ Հօրս մահէն ետք, «ես ձեզի հոգ պիտի տանիմ» ըսաւ։ Հօրս գործը գրաւեց, մօրս բանուորութեան ղրկեց, ինծի ալ դպրոցէն հանեց իր գործին դրաւ։ Ես աշխատեցայ՝ որ Մաթիկը ուսում ստանայ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Գիտե՜մ։

ՓԱՌՆԱԿ – Ինչո՞ւ այսպէս անուս մնայի եւ ճառերս ալ ուրիշներ գրէին։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Քանի անգամ պիտի լսեմ այս պատմութիւնը։

ՓԱՌՆԱԿ – Թագո՛ւկ, ձգէ սի՛րտս պարպեմ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Դէ՛, պարպէ՛։ Միայն թէ խոստացիր որ ասիկա վերջին անգամն է։

ՓԱՌՆԱԿ — Ամբակում կոչեցեալը ի՜մ հօրմէն առած գործը ի՛ր զաւկին տուաւ։ Մաթիկն ալ զիս գործէն հանեց։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Փառնա՛կ, նոր գործ սկսար, դրամի ալ տիրացար։ Ալ ի՞նչ կ՛ուզէս։

ՓԱՌՆԱԿ – Յաղթուա՛ծ եմ տիկի՛ն, յաղթուա՛ծ։ Քանի՞ անգամ մարդ նոյն անհատէն կը յաղթուի։ Ո՞ւր մնացին այս…

ԹԱԳՈՒՀԻ – Հանդարտէ՜, այս աղջիկը հարսդ կրնայ ըլլալ վաղը։

ՓԱՌՆԱԿ — Այնքան ատեն որ ես ո՛ղջ եմ, հարսս չի՛ կրնար ըլլալ։ Մեռնելէս ետք ի՜նչ կ՚ուզէք ըրեք։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Քեզի թոռնիկներ պիտի տայ։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Երբ ես ջղայնացած եմ, խնդրեմ մի՛ երազեր։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (տարուած)։ Ինծի մեծ մայր պիտի ընէ։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, երազներով մի՛ խանգարեր։ Ձգէ՛ բարկութիւնս վայելեմ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ի՞նչ դնեմ թոռնիկիս անունը։ Եթէ տղայ ըլլայ…

ՓԱՌՆԱԿ – Տղա՛յ է, տղա՛յ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Հապա եթե աղջիկ ըլլա՞յ։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Թագուհի, կարծեմ ըսի՝ որ տղա՛յ է։ 

ԹԱԳՈՒԻ — Հապա եթէ աղջիկ ըլլայ։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Մեր գերդաստանին մէջ առջինեկը մի՛շտ տղայ եղած է։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Անդրանի՞կ դնեմ, թէ՝ Արա։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ես Անդրանիկը կը սիրեմ։ 

ԹԱԳՈԻՀԻ — Լաւ, աղջկայ անուն մը տուր։ (Փառնակ խէթ կը նայի:) Երկրորդին համար։

ՓԱՌՆԱԿ – Օֆէլիա՜։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Թշուառ անուն է։

ՓԱՌՆԱԿ – Անուշ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Տխուր անուն է։ Այնպէս անուն մը տուր, որ թոռնուհիս հպարտանայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Իշխանուհի Խոսրովիդուխտ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — (յանդիմանական)։ Կ՚ուզես ամէն մարդ թոռնուհիիս վրայ խնդա՞յ։

ՓԱՌՆԱԿ — Հպարտ անուն ուզեցիր։ Դուն թագուհի, թոռնուհիդ ալ՝ իշխանուհի։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Նո՜ր անուն մը։ Երաժշտակա՜ն, քա՜ղցր…

ՓԱՌՆԱԿ – Էմալեանա՜…

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ունիմ չունիմ մէ՛կ թոռնուհի ունիմ, օտա՞ր անուն պիտի դնեմ։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, ո՛չ թոռնիկ ունիս, ո՛չ ալ՝ թոռնուհի։ Հանրային պարտէզ եկած ենք, որ թշնամիիս աղջկան հանդիպիմ, բարեւ մը ըսեմ եւ կորսուիմ երթամ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Լա՛ւ, անուն մը տուր, անկէ ետք… ո՜ւր կ՚ուզես, գնա՛։

ՓԱՌՆԱԿ — Անի։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Չէի՞ր կրնար սկիզբէն ըսել։ Անի՜… Սեւաչուհի՜, անուշի՜կ թոռնուհիս։ Փառնա՛կ, Փառնա՛կ, տես թոռնուհիդ քեզի պիտի գայ։ (Երեւակայական աղջնակի մը հետ խօսելով։) Գնա՛, գնա՛ մեծ պապայիդ, տես հոն կեցած է։ Փառնա՛կ, քովդ կու գայ, բռնէ, չիյնայ։

ՓԱՌՆԱԿ — (պահ մը ինքզինքը մոռցած կը ծռի եւ կնոջը ըսած կողմր նայելով)։ Եկո՜ւր, եկո՜ւր, իմ անուշ բալիկս, իմ անուշ Անիս…

Աբիկ եւ Անթառամ կը մտնեն, կընկատեն Փառնակը։

ՓԱՌՆԱԿ — (կը նկատէ Աբիկին եւ Անթառամը։ Կացութենէն ազատելու համար խօսքը անոնց ուղղելով)։ Թոռնուհի՜ս է։ (Խօսքը երեւակայական երեխային ուղղելով։) Գնա՛, գնա՛ մեծ մամայիդ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — (երեւակայական աղջնակին հետ խօսելով)։ Եկա՞ր, եկո՛ւր, հոգիս։ (Երեւակայական երեխան կը գրկէ:) Անուշի՜կ ձագուկս։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Աբի՛կ, երթանք։ Ասոնք շնորհքով խենթացեր են։

Աբիկ եւ Անթառամ դուրս։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, այս էր պակաս մեզի խենթ ալ կարծեցին։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Հո՜գս։ Ի՜նչ կ՚ուզեն, թող կարծեն։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ո՞ւր մնացին ասոնք։ (Ժամացոյցը նայելով։) Կէս ժամ անցաւ եւ դեռ հոս չեն։ Այս աղջիկը ճի՛շտ հօրը ելած է, ժամադրութիւն չի՛ յարգեր։

Վարուժ եւ Քնար կը մտնեն։ Փառնակ կռնակը անոնց՝ չի նկատեր։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Եկա՛ն։ Եկա՛ն։

ՎԱՐՈՒԺ – Բարե՛ւ։ Մա՛մ, ծանօթացիր, աս Քնարն է։

ՔՆԱՐ – Բարե՛ւ ձեզ, տիկին Թագուհի։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ – Բարե՛ւ, աղջիկս, (կը գրկէ) շատ ուրախ եմ հանդիպելուս։

ՎԱՐՈՒԺ – Հա՛յր, ծանօթացիր, Քնարն է։ 

ՔՆԱՐ – Բարե՛ւ, պարոն Փառնակ, ինչպէ՞ս էք։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (թեւերը կը տարածէ եւ լայն կը ժպտի)։ Քնարը՜ս, Քնարիկը՜ս, ադջնակը՜ս։ 

ՎԱՐՈՒԺ – Մամա՛, հայրիկին ի՞նչ է պատահած։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — (անզուսպ խնդալով)։ Անիո՛վ տարուած է։

ՎԱՐՈՒԺ — Անին ո՞վ է։

ԹԱԳՈՒԻ – Մեղա՜յ, մեղայ, չե՞ս գիտեր։ 

ՎԱՐՈՒԺ — Ո՜չ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ժամանակը գայ, կը գիտնա՛ս։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (Քնարին ձեռքը կը բռնէ կը տանի նստարանը)։ Աղջի՛կս, քեզի երբեք չեմ տեսած։ 

ՔՆԱՐ — Իսկ ես ձեզի հրապարակի վրայ շատ եմ տեսած։

ՓԱՌՆԱԿ — Ալ պիտի չտեսնես անուշիկը՜ս։ Հիմա, հա՛յրդ գրաւած է հրապարակը։

ՔՆԱՐ — Է՜, մէ՛յ մը դո՛ւն, մէ՛յ մը՝ ա՛ն, մէ՛յ մըն ալ՝ ուրի՜շ մէկը, այսպէս է կեանքը։ Պարոն Փառնակ, անկեղծ բան մը ըսե՞մ։

ՓԱՌՆԱԿ — Աղջիկս, անկեղծութիւնը հիմքն է բոլոր յարաբերութիւններուն։ 

ՔՆԱՐ — Չեմ հասկցած հօրս ու ձեր տարակարծութիւնը ինչի՞ համար է։

ՓԱՌՆԱԿ – Սկզբունքի՛ համար։

ՔՆԱՐ — Ի՞նչ սկզբունք։

ՓԱՌՆԱԿ – Հօ՛րդ հարցուր։

ՔՆԱՐ — Հօրս կը հարցնեմ, ան ալ կ՚ըսէ «Փառնակի՛ն հարցուր»։

ՓԱՌՆԱԿ — Օ՜հ, ա՞ն ալ այդպէս կ՚ըսէ։

ՎԱՐՈՒԺ — Այս ի՞նչ սկզբունք է, որ չէք կրնար արտայայտուիլ։ Ձեր երկուքի վարւելակերպէն գաղութը կը տուժէ եւ մանաւանդ՝ մեր սերունդը։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (հատիկ, հատիկ)։ Վարո՛ւժ, մեր ընտանեկան հարցերը մեր ընտանիքին մէջ կը լուծենք։

ՎԱՐՈՒԺ — Ես Քնա՛րն ալ ընտանիքի անդամ կը սեպեմ։

ԹԱԳՈՒՀԻ — (ոտքի եւ ուրախ)։ Հարսը՜ս, աչքիս լո՜յսը։ Վա՜յ, Փառնա՛կ, լսեցի՞ր ինչ ըսաւ Վարուժը։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Լսեցի՛, լսեցի՛։

ՔՆԱՐ — (պայուսակէն նկար մը կը հանէ)։ Պարո՛ն Փառնակ, նայեցէք այս նկարը՝ դուք, հայրս եւ մեծ հայրս միասին էք

ՓԱՌՆԱԿ – Այո՛, շա՜տ նկարներ ունինք միասին։ (Նկարը ետ կու տայ եւ կռնակը նորէն կը ղարձնէ։)

ՔՆԱՐ — Հայրս կ՚ըսէ, որ մեծ հայրս ձեր երկուքին հաւասար սիրած է։ Քեզի աւելի շատ սիրած է քան թէ իրեն։ Եւ միշտ հօրս ըսած է որ քո՛ւ օրինակին հետեւի։

ՓԱՌՆԱԿ — Ես հօրդ եղբօ՜ր մը պէս կը պաշտպանէի։

ՔՆԱՐ — Հայրս ալ այդպէս կ՚րսէ։ Պարո՛ն Փառնակ, ձեր երկուքի հարազատութեան համար կրնա՞մ ձեզի հօրեղբայր ըսել։

ՎԱՐՈՒԺ — (զարմացած)։ Հը՞։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Վա՜յ, Փառնա՛կ, լսեցի՞ր ինչ կ՚ըսէ հարսս։

ՓԱՌՆԱԿ – Լսեցի՛, լսեցի՛: (Կը դառնայ։ Թեւերը լայն կը բանայ։ Վարուժին ու Քնարին կը գրկէ։) Ձագուկները՜ը՜ս։ Անուշիկները՜ր՜ը՜ս։ Պուպրիկները՜ը՜ս։ 

ՎԱՐՈԻԺ – Հա՛յր, ձագուկը, անուշը լաւ, բայց պուպրիկը՝ ո՛չ։

ԹԱԳՈՒՀԻ – Տղա՛ս, հայրդ խանդավառութեան մէջ՝ ինչե՛ր չըսեր։

ՓԱՌՆԱԿ — (Քնարին)։ Քնարը՜ը՜ս, դուն անոր մտիկ մ՚ըներ։ Անիկա, մօրը նման շա՜տ զգայուն հոգի ունի։

ՔՆԱՐ – Զգայո՛ւն, ազնի՛ւ ու բարի՛։ Ատո՛ր համար սիրեցի։

ՓԱՌՆԱԿ — Շատ լա՛ւ ըրիր։ Հիմա, դո՛ւն ալ՝ մերը եղար։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Սիրտս կը կռահէր, որ այսօր աղուոր բան մը պիտի պատահի։

ՓԱՌՆԱԿ – Տիկի՛ն, եթէ սիրտդ կը կռահէր, ինչո՞ւ տանդ մէջ չհիւրասիրեցիր։ Քանի՞ անգամ տղադ իր նշանուելուն լուրը պիտի յայտնէ մեզի։ Համով-համով քիւֆթէնեը, տօլմաներ չեփէի՞ր։ (Վարուժին եւ Քնարին։) Զաւակնե՛րս, այս մէկը ընդունելի չէ։ Յաջորդ հանդիպումը մեր տանը մէջ պիտի ըլլայ։ (Թագուհիին, հրամայական եւ յաղթական ոճով։) Թագուհի՛ս, երթա՛նք։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ա՞յդ ինչ հրաման է։ Մարշ մըն ալ կ՚ուզե՞ս։

ՓԱՌՆԱԿ — (մեղմօրէն): Հոգի՛ս, կրնա՞նք երթալ։ 

ԹԱԳՈՒՀԻ — (յաղթական)։ Երթա՛նք։ (Վարուժին եւ Քնարին.) Զաւակնե՛րս, վայելեցէ՛ք։ Այս օրերը մէյ մըն ալ չեն գար։

Փառնակ եւ Թագուհի դուրս։

ՔՆԱՐ – Վարո՛ւժ, հայրդ ու մայրդ շատ ուրախացան։

ՎԱՐՈԻԺ – Հարկա՜ւ: Զաւկիդ նշանուելու լուրը առնես, հօրեղբայր տիտղոս շահիս չե՞ս ուրախանար։

ՔՆԱՐ — Բայց ես իր հակառակորդին աղջիկն եմ։

ՎԱՐՈՒԺ — Ատիկա կրկնակի՛ ուրախութիւն է։ 

ՔՆԱՐ — Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ՎԱՐՈԻԺ — Հայրս, իր հակառակորդին ամենէ՛ն կարեւոր սիւնը շահեցաւ։

ՔՆԱՐ — Յուսամ՝ դո՛ւն այդպէս չես կարծեր։ 

ՎԱՐՈԻԺ — Որ հօրս կողմը շահեցա՞ւ։

ՔՆԱՐ – Այո՛։

ՎԱՐՈԻԺ – Ո՛չ։

ՔՆԱՐ — Ոչ՝ որ չե՞ս կարծեր, թէ, ոչ՝ որ հայրդ չշահեցաւ։

ՎԱՐՈԻԺ — Երկուքն ալ։ Վստահ եմ, որ հայրդ ալ նոյնը պիտի կարծէ, որ ես իր կողմը անցայ։

ՔՆԱՐ — Անկեղծօրէն, ես ալ այդպէս կը կարծեմ։ 

ՎԱՐՈՒԺ — Ի՞նչ՝ որ ես հօրդ կո՞ղմը անցայ, թէ ոչ՝ հա՛յրդ այդպէս կը կարծէ։

ՔՆԱՐ — Ես կը կարծեմ՝ որ հօրդ ու հօրս կարծածը մեր երկուքին կարծածին հակառակ կարծիք է։ 

ՎԱՐՈՒԺ — Ես հօրդ կողմը չանցա՛յ։

ՔՆԱՐ — Ես ալ հօ՛րդ կողմը չանցայ։

ՎԱՐՈԻԺ — (կատակելով)։ Իրա՞ւ։ (Կը գրկէ։) 

ՔՆԱՐ – Վարո՛ւժ, դուն հոգեբանութիւն կ՛ուսանիս, հայրդ ու հայրս իրենց թէ՛ մանկութիւնը, թէ՛ պատանեկութիւնը միասին անցուցած են, այս սուր դառնութիւնը ուրկէ՞ ծագած է։

ՎԱՐՈԻԺ — Հօրս դառնութիւնը այն օրէն սկսած է, երբ հայրդ համալսարան գացած է, իսկ հօրդ դառնութիւնը՝ երբ հայրս, ուսում չունենալով հանդերձ, շուկային մէջ բացառիկ յաջողութիւն գտած է։ Ըսէ՛ նայիմ, դո՛ւն ալ քաղաքագիտութեան կը հետեւիս, այս երկուքին՝ «սկզբունքային» տարակարծութիւնը ի՞նչ է։

ՔՆԱՐ — Մէկ կէտ։ Հայրս կ՚րսէ՝ «մայթը պողոտային ձա՛խ կողմը պէտք է շինուի» իսկ հայրդ կ՚ըսէ՝ «ա՛ջ կողմը»։ 

ՎԱՐՈՒԺ — (հեգնական)։ Բայց ատիկա մե՜ծ տարբերութիւն է։ Երեւակայէ, եթէ մայթը պողոտային ձախ կողմը շինուի, աջէն գացողը ի՞նչ պիտի ընէ, ամբո՜ղջ պողոտան պիտի անցնի, որպէսզի մի՜ւս կողմէն քալէ։ Գիտե՞ս ինչ ըսել է՝ միւս կողմը անցնիլ, մանաւանդ որ՝ ամբողջ կեանքդ ա՛յս կողմէն քալեր ես։ Ո՜ւթ տարի է կը վիճին եւ տակաւին մայթը չեն շինած։

ՔՆԱՐ – Վարո՛ւժ, այս հակառակութեան լուծումը գիտե՞ս ինչ է։

ՎԱՐՈԻԺ – Այո՛։

ՔՆԱՐ – Ըսէ՛ նայիմ իմ հոգեբան սիրելիս։ 

ՎԱՐՈԻԺ — Որ դո՛ւն, անուշիկ թոռնիկ մը տաս հօրդ ու հօրս համար։

ՔՆԱՐ – Չա՛ր։ Ատիկա՝ ի՛ր տեղը։

ՎԱՐՈԻԺ – Միա՛կ լուծումն է։

ՔՆԱՐ – Ուրի՛շ լուծում մըն ալ կայ։

ՎԱՐՈԻԺ – Ըսէ՛ նայիմ իմ սիրելի քաղաքագէտս։

ՔՆԱՐ — Որ դո՛ւն ըլլաս յաջորդ նախագահական թեկնածուն։

ՎԱՐՈՒԺ – Խենթեցա՞ր։

ՔՆԱՐ – Ո՛չ։ Երիտասարդութեան կը մօտենաս եւ այս՝ յիմար «սկզբունքային» մայթի պատմութիւնն ալ կը վերջացնես։

ՎԱՐՈՒԺ – Ինչպե՞ս, մայթը կեդրոնէ՞ն շինելով։ 

ՔՆԱՐ – Ո՛չ։ Մայթը, երկո՛ւ կողմէն շինելով։ Ո՛վ կ՛ուզէ՝ աջէ՛ն թող քալէ, ո՛վ կ՛ուզէ՝ ձախէ՛ն թող քալէ։ Միայն թէ՝ երկուքն ալ նոյն տեղը երթան։ 

ՎԱՐՈԻԺ — Սքանչելի լուծում է։ Միայն թէ գիտցիր, որ հայրդ ու հայրս, ո՛չ աջի, ո՛չ ձախի, ո՛չ մայթի ուր ըլլալուն համար է կը պայքարին։ Անոնք, աթոռի համար կը պայքարին։ Այդպիսի մարդիկ աթոռին հասնելու համար իրենց հարազատ հօր դէմ անգամ կը պայքարին։ (Ժամացոյցը նայելով։) Երթա՛նք։ «Ղեկավարութեան Դասընթացքէն» չ՛ուշանանք։

ՔՆԱՐ – Վայրկեա՛ն մը։ Ինծի չըսիր թէ՝ ինչո՛ւ այս դասընթացքին կը հետեւիս։

ՎԱՐՈԻԺ — Հոգեբանական ուսանողի մը համար, գիտե՞ս ինչ գանձ մըն են հոն հաւաքուած մարդիկը։ Եկո՛ւր, տե՛ս ու զարմացի՛ր։

Վարուժ եւ Քնար դուրս։

Երրորդ տեսարան

Նոյն Հանրային զբօսայգին՝ «Սիրահարներու պուրակը»։ Նստարան մը։ Փառնակ և Մաթիկ կեցած են բեմին աջ ու ձախ ծայրամասերը։

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ, կը նկատէ Փառնակն ու Մաթիկը)։ Յարգանքնե՜րս, յարգանքնե՜րս։ Պարոնայք՝ Փառնակ ու Մաթիկ։ (Դուրս նայելով։) Կը ներէք, այդ սիրահար զոյգերով տարուած ուշացայ։

ՓԱՌՆԱԿ — (Մաթիկը մատնանշելով): Եթէ Ա՛ն հոս է, ես չկա՛մ։

ՄԱԹԻԿ — (Փառնակը մատնանշելով)։ Եթէ Ա՛ն կայ, ես չկա՛մ։

ՓԱՐՈՍ – Հանդարտեցէ՛ք, բարեկամներ։ Դուք հոս էք, որովհետեւ հո՛ս պէտք է ըլլաք։ Չուզեցի գրասենեակիս մէջ հանդիպինք, որովհետեւ ամէն մարդ արդէն գիտէ որ երկուքդ մասնակի դասեր կ՚առնէք:

ՓԱՌՆԱԿ — Դուն ինծի ըսիր՝ որ ես միա՛կ դասս առնողն էի։

ՄԱԹԻԿ — Ինծի ալ նո՛յնը ըսիր։

ՓԱՐՈՍ — Ես ձեզի՜ ըսի, բայց ժողովուրդը լսեց։ Հիմա գրասենեակիս շուրջ ամէն մարդ կը դառնայ տեսնելու համար դուք թէ ի՛նչ կը սորվիք։ 

ՓԱՌՆԱԿ — Ես իմ սորվածով՝ (Մաթիկը մատնանշելով) անո՛ր պիտի ջարդէի։

ՄԱԹԻԿ — Ես իմ սորվածով՝ (Փառնակը մատնանշելով) անո՛ր պիտի ջախջախէի։

ՓԱՌՆԱԿ – Անո՛ր պիտի ջարդէի։

ՄԱԹԻԿ — Պիտի ջախջախէի։

ՓԱՌՆԱԿ — Պիտի ջարդէի։

ՄԱԹԻԿ — Պիտի ջախջախէի։

ՓԱՌՆԱԿ – Ջարդէի։

ՄԱԹԻԿ — Ջախջախէի։

ՓԱՐՈՍ – Հանդարտեցէ՛ք։ Հանդարտեցէ՛ք։ Փառնակը՛ս, Մաթիկը՛ս, դուք օր մը իրարու կը սիրէիք, չէ՞։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (ցած ու անորոշ)։ Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Այսօր իրարու կ՚ատէք, չէ՞։ 

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (ուժգին)։ Այո՛։ 

ՓԱՐՈՍ — Վաղը գիտէ՞ք ինչ պիտի ըլլաք։ 

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ – Ո՛չ։

ՓԱՌՆԱԿ — Վաղը չեմ գիտեր, բայց օր մը պիտի մեռնիմ։

ՄԱԹԻԿ – Ե՛ս ալ։

ՓԱՐՈՍ – Տեսա՞ք։ Քաղաքականութեան մէջ, սէրն ու ատելութիւնը ժամանակաւոր բաներ են։ Օր մը բարեկամ էք, օր մը՝ թշնամի, օր մըն ալ՝ խնամի։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ – Խնամի՞։ Հա՛։ 

ՓԱՐՈՍ — Միթէ չէ՞ք գիտեր՝ որ ձեր տղան ու աղջիկը Սիրահարներու Պուրակի ամենէն նշանաւոր այցելուն են։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (կը քալեն այն կողմը ուր նախօրոք սիրահար զոյգ տեսան։ Միաբերան)։ Անոնք մեր զաւակները չե՛ն։

ՓԱՐՈՍ — Ո՜չ, անոնք ձեր զաւակները չեն։ Ձեր զաւակները իրենց յատուկ վայրը եւ ժամերը ունին։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — Դուն ուրկէ՞ գիտես։ 

ՓԱՐՈՍ — Ե՞ս, ես ամէն բան գիտեմ։ Փառնակը՛ս, Մաթիկը՛ս, հիմա ձգենք ձեր զաւակները։ Դուք գիտէ՞ք թէ՝ քանի նոր թեկնածուներ կան այս ընտրութիւններուն համար։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ – Քանի՞։

ՓԱՐՈՍ – Շա՜տ։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ – Շա՞տ։

ՓԱՐՈՍ — Ընտրութիւնները համով կերակուրի կը նմանին, երբ հոտը ելլէ, մարդոց ախորժակը կը բացուի։ Ես այսօր ձեզի պիտի ծանօթացնեմ նոր զէնքի մը «բա-նա-գի-տութ-եան արուեստին»։ Գիտէ՞ք ինչ է բանագիտութիւնը։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (միասին)։ Ո՜չ։ 

ՓԱՐՈՍ — «Բանագիտութիւն» կը նշանակէ այնպէս խօսիլ՝ որ մարդ բա՛ն չհասկնայ։ Օրինակ, երբ մէկը ձեզի հարցում հարցնէ եւ դուք պատասխանը չէք գիտեր, չէք ըսեր՝ «չե՛մ գիտեր», այլ հարցումին հարցումով կը հարցնէք՝ «իրա՞ւ», «ինչպէ՞ս», «ի՞նչ կ՚ըսէք»։ Իսկ եթէ ըսուածին համաձայն չէք, չէք ըսեր՝ «ո՛չ», «չըլլա՛ր, «չե՛մ կրնար»։ Կ՚ըսէք՝ «տեսնեմ», «թերեւս», «նայիմ»։ Իսկ, եթէ տեսաք որ չէք յաջողիր… Փրկութիւնը այս պարագային մէկ բառ է՝ (Ձեռքերը կը տարածէ եւ ուսի անորոշ շարժումով։) «Է՜հ» կ՚ըսէք…։ Հասկցա՞ք։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (միասին նոյն շարժումը ձեռքերը կը տարածէն եւ ուսի անորոշ շարժումով:) Է՜հ։

ՓԱՐՈՍ — Ուրեմն, այսօր, ձեր մասնակի դասերը վերջացան։ Յուսամ ամէն ինչ կը յիշէք։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (միասին, նոյն շարժումով)։ Է՜հ։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՜պ, հոյակա՜պ, հոյակա՜պ։ Ցտեսութիւն ձեզ իմ սիրելի՜ ղեկավարները՜ը՜ս։

ՓԱՌՆԱԿ — Դուն ո՞ւր կ՚երթաս։

ՓԱՐՈՍ — Սիրահարներու պուրակը եկողին կը հարցնե՞ն թէ ուր կ՚երթայ։ Է՜հ։ (Դուրս.)

Փառնակ եւ Մաթիկ կը նստին նստարանին երկու ծայրամասերը, մէկը միւսին աչքին տակով կը նայի։ Փառնակ գրպանէն իր բանալիներու տրցակը կը հանէ և իր քովը կը դնէ որպէս վրայ սահմանի գրաւում։ Մաթիկ իր բանալիներու տրցակը կը հանէ, Փառնակի բանալիները անդին կը հրէ և նստարանի վրայ կը դնէ իր սահմանը ճշդելով։ Երկուքը իրենց բանալիները դէմ-դիմաց կը հրեն, վերջապէս սահմանի մը վրայ կը յամաձայնին։ Լուռ են։ Փառնակ մէկ ոտքը միւսին կը դնէ։ Մաթիկր նոյնը կ՚ընէ սակայն հակառակ ոտքը դնելով։ Իրար կը նային պահ մը ապա դէպի դուրս սիրահար զոյգերու կողմը։

Աբիկ եւ Անթառամ կը մտնեն բեմի խորքէն։ Կը նկատեն Փառնակն ու Մաթիկը։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Աբի՛կ, նայէ՛։

ԱԲԻԿ – Ասո՞նք ինչ կ՚ընեն հոս։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Անպայման նոր բան մը կը ծրագրեն։ Դուն հո՛ս կեցիր եւ մտիկ ըրէ թէ ինչ կը խօսին։

ԱԲԻԿ – Ամօ՛թ է, Անթառամ։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Ամօ՞թ։ Գործդ ասոնցմէ կախուած է։ Յիշեցնե՞մ՝ Քատիլաքի եւ Թոյոթայի պատմութիւնը։

ԱԲԻԿ — Բայց այս մարդիկը ինծի կը ճանչնան։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ — (գլխարկը կը հանէ, Աբիկին գլխուն կը դնէ)։ Հիմա չեն ճանչնար քեզի։ Այդ անկիւնը կեցիր։ Կռնակդ իրենց, ականջդ ալ իրենց։ Չեն տեսներ քեզի։ (Դուրս։)

Աբիկ բեմին խորքը կը կենայ եւ թուղթի մը վրայ գրելով։

ՄԱԹԻԿ — (Աբիկը ցոյց տալով)։ Հո՜ն։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Ըհը՛։

ՄԱԹԻԿ – Միթէ՞:

ՓԱՌՆԱԿ – Թերե՛ւս։

ՄԱԹԻԿ — (գրպանէն թերթ մը կը հանէ եւ յօդուած մը կը մատնանշէ): Յօդուածը տեսա՞ր։

ՓԱՌՆԱԿ – Ըհը՛։ Կարդացի՞ր։

ՄԱԹԻԿ – Ըհը՛։ Դո՞ւն։

ՓԱՌՆԱԿ – Անշո՛ւշտ։ Համաձա՞յն ես։

ՄԱԹԻԿ – Տդո՞ւդ։

ՓԱՌՆԱԿ – Աղջկա՛դ։

ՄԱԹԻԿ — Շատ չէ՞ ըսուածը։

ՓԱՌՆԱԿ — Թերեւս։ Ի՞նչ կ՚ըսես։

ՄԱԹԻԿ — Ո՞վ։

ՓԱՌՆԱԿ – Դո՛ւն։

ՄԱԹԻԿ – Ինչո՞ւ։

ՓԱՌՆԱԿ – Որովհետե՛ւ։

ՄԱԹԻԿ – Պատճա՞ռ։

ՓԱՌՆԱԿ – Ոչի՛նչ։ Մայթերու մասին տեսա՞ր։ 

ՄԱԹԻԿ – Անշո՛ւշտ։

ՓԱՌՆԱԿ – Համաձա՞յն ես։

ՄԱԹԻԿ – Տդո՞ւդ։

ՓԱՌՆԱԿ – Աղջկա՛դ։

ՄԱԹԻԿ – Տղա՛դ է խանգարողը։

ՓԱՌՆԱԿ – Աղջի՛կդ է աւրշտկողը։

ՄԱԹԻԿ – Նորէ՞ն վիճինք։

ՓԱՌՆԱԿ – Չարժէ՛ր։

ՄԱԹԻԿ — Ի՞նչ պիտի ընես։

ՓԱՌՆԱԿ — Է՜հ։ Դո՞ւն։

ՄԱԹԻԿ — Է՜հ։

ՓԱՌՆԱԿ – Եղա՞ւ։

ՄԱԹԻԿ – Ինչո՞ւ պիտի չըլլար։

ՓԱՌՆԱԿ – Եղա՛ւ։

ՄԱԹԻԿ – Եղա՛ւ։

ՓԱՌՆԱԿ – Անկե՞ղծ։

ՄԱԹԻԿ – Անշո՛ւշտ։

ՓԱՌՆԱԿ – Վստա՞հ ես։

ՄԱԹԻԿ – Հարկա՛ւ։

ՓԱՌՆԱԿ – Վերջապէ՜ս։

ՄԱԹԻԿ – Վերջապէ՜ս։

Փառնակ եւ Մաթիկ կը բարեւեն իրարու եւ ցած կը շարունակեն խօսակցութիւնը։

ԱՆԹԱՌԱՄ — (կը ճգնէ)։ Աբի՛կ, շո՛ւտ ըսէ նայիմ, ի՞նչ լսեցիր։

ԱԲԻԿ — (կը յառաջանայ բեմին աջ անկիւնը եւ թուղթին վրայ գրածը կը կարդայ): Ինչո՞ւ։-Որովհետեւ:-Ո՞վ։-Ե՛ս։-Դո՞ւն։-Ինչո՞ւ։-Բա՞յց։-Եթէ՞։-Հո՜ն։-Վերջապէ՜ս։ (Գիւտ մը ըրած։) Օ՜հ, վերջապէ՜ս։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Խենթեցա՞ր։

ԱԲԻԿ — Ո՞վ։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Դո՛ւն։

ԱԲԻԿ – Ինչո՞ւ։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Որովհետեւ։

ԱԲԻԿ – Բա՜յց։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ի՞նչ խենթ բաներ գրած ես։ 

ԱԲԻԿ — Ո՞վ։

ԱՆԹԱՌԱՄ – Դո՛ւն, դո՛ւն։

ԱԲԻԿ — Ի՞նչ որ ըսին, այդ ալ գրեցի։ 

ԱՆԹԱՌԱՄ – Քալէ՛, քալէ՛, մարդ, տուն երթանք որ խելքդ գլուխդ գայ։

Անթառամ եւ Աբիկ դուրս։ Փառնակ եւ Մաթիկ բարձրաձայն կը խնդան։ Վարուժ եւ Քնար կը մտնեն։

Փառնակ եւ Մաթիկ ոտքի։

ՎԱՐՈԻԺ եւ ՔՆԱՐ — (միասին)։ Դուք հոս ի՞նչ կ՚ընէք։ Ասիկա սիրահարներու պուրակն է։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — Ը՜… (Իրար կը նային եւ…)

ՓԱՌՆԱԿ – Քնարը՜ը՜ս։

ՄԱԹԻԿ – Վարուժը՜ը՜ս։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (նստարանը ցոյց տալով)։ Եկէ՜ք, հո՜ս նստեցէք։

ՎԱՐՈԻԺ — (Քնարին ձեռքը կը բռնէ)։ Քնա՛ր, քո՛վս կեցիր։ Ասոնք բան մը կը ծրագրեն։ 

ՓԱՌՆԱԿ – Հարսը՜ս։

ՄԱԹԻԿ – Փեսա՜ս։

ՓԱՌՆԱԿ — (Վարուժին)։ Քաղաքապետը՜ս։ 

ՄԱԹԻԿ — (Վարուժին)։ Նախագահը՜ս։ 

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ – Ձագուկները՜ը՜ս։ 

ՎԱՐՈԻԺ եւ ՔՆԱՐ — (բարձրաձայն եւ միասին)։ Կը բաւէ՛։

Փառնակ եւ Մաթիկ շշմած կը լռէն։ 

ՓԱՌՆԱԿ — (Մաթիկին)։ Տեսա՞ր, ղեկավար տղաս։

ՄԱԹԻԿ — Աղջիկս չըլլար, տղադ ղեկավա՞ր կ՚ըլլայ։

ՓԱՌՆԱԿ — Տղաս մայթը աջէ՛ն պիտի շինէ։ 

ՄԱԹԻԿ – Ո՛չ, ձախէ՛ն։

ՓԱՌՆԱԿ – Աջէ՛ն։

ՄԱԹԻԿ – Ձախէ՛ն։

ՔՆԱՐ — (Մաթիկին, բարձրաձայն)։ Հա՛յր։ 

ՄԱԹԻԿ – Այո՛, անուշիկը՜ս։

ՔՆԱՐ – Լռէ՛։

ՄԱԹԻԿ — (յանդիմանուած մանուկի մը պէս)։ Լա՜ւ։

ՓԱՌՆԱԿ — (յաղթական)։ Պռաւօ՛, հարսիս։ 

ՔՆԱՐ — (Փառնակին, բարձրաձայն)։ Պարոն Փառնա՛կ։

ՓԱՌՆԱԿ – Անուշիկը՜ս։

ՔՆԱՐ – Լռէ՛։

ՓԱՌՆԱԿ — (յանդիմանուած մանուկի մը պէս)։ Լա՜ւ։

ՔՆԱՐ – Վարո՛ւժ։

ՎԱՐՈԻԺ– — Հոգի՛ս։

ՔՆԱՐ – Խօսէ՛։

ՎԱՐՈԻԺ — Քաղաքապետարանի թեկնածուն Քնա՜րս է։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (զարմացած)։ Հը՞։ 

ՎԱՐՈԻԺ – Քնա՛րն է։ Ձեր ժամանակը…

ՔՆԱՐ եւ ՎԱՐՈՒԺ — (միասին)։ Վերջացա՛ւ։ 

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (իրարու կը նային զարմացած։ Ձեռքերը կը տարածեն եւ ուսի անորոշ շարժումով։) Է՜հ։ (Իրարու կը նային ապա Վարուժին եւ Քնարին։) Քնարը՜ս, Վարուժը՜ս, ձագերը՜ս, անուշիկները՜ս…

Քնար եւ Վարուժ կամաց կամաց կը փորձեն փախիլ։

ՓԱՌՆԱԿ եւ ՄԱԹԻԿ — (անոնց կը հետեւին կրկնելով)։ Քնարը՜ս, Վարուժը՜ս, ձագերը՜ս, անուշիկները՜ս…

Լոյսը տակաւ կը մարի բայց մթութեան մէջ կր լսուին Փառնակին եւ Մաթիկին խօսքերը։

Չորրորդ տեսարան

Սրահ մը փուչիկներով զարդարուած։ Շրջանաւարտական տօն։

ՓԱՐՈՍ — (կը մտնէ պաշտօնական տարազով։ Ժպտուն եւ ուրախ կ՚ողջունէ ներկաները։ Դէպի սրահ)։ Եկէ՛ք, եկէ՛ք, իմ սիրելի աթոռապաշտներս։ (Տիպարներ շրջանաւարտութեան ուրախ տրամադրութեամբ կը մտնեն:) Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ, իմ դպրոցի առաջի՛ն շրջանաւարտները։ (Տիպարներ կը ծափահարեն:) Ձեզի սորվեցուցի աթոռին առաւելութիւնները։ Բայց կ՚ուզեմ գիտնաք՝ որ աթոռը քանի մը չնչին վնասներ ալ ունի։ Օրինակի… արեան ճնշում։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան եւ ինքնավստահ)։ Գիտե՜նք։

ՓԱՐՈՍ — «Քոլէսթըրոլ»-ի բարձրացում։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան եւ ինքնավստահ)։ Գիտե՜նք։

ՓԱՐՈՍ — «Ալսըր»։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան եւ ինքնավստահ)։ Գիտե՜նք։

ՓԱՐՈՍ — Խենթութիւն։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան եւ ինքնավստահ)։ Գիտե՜նք։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՛պ, հոյակա՛պ, հոյակա՛պ։ Ուրախ եմ, որ այս գիտէք։ Հիմա՛։ Կ՚ուզեմ վստահ ըլլալ՝ որ գոց գիտէք աթոռապաշտին պատուիրանները։ Ի՞նչ է աթոռապաշտին առաջին պատուիրանը։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ՔՆԱՐ — Ո՜չ… սիրաշահիլ։

ՓԱՐՈՍ — Երկու։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ՎԱՐՈԻԺ — Ո՜չ… շոյել։

ՓԱՐՈՍ – Երեք։

ՓԱՌՆԱԿ – Կաշառել։

ԾԱՂԻԿ — Ո՜չ… համոզել։

ՓԱՐՈՍ — Չորս։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԹԱԳՈՒՀԻ — Ո՜չ… անուշի՛կս, շողոքորթէ՛լ։ 

ՓԱՐՈՍ — Հինգ։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԴԱՅԼԱՅԼԻԿ — Ո՜չ… խաբե՜լ։ Եւ արդարութիւնը դրամով գնել…

ՓԱՐՈՍ — Վեց։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԳԵՂԵՑԻԿ — Ո՜չ… ստե՜լ։

ՓԱՐՈՍ – Ե՞օթը։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԱՆԹԱՌԱՄ — Ո՜չ… խոստանալ եւ չկատարել։ 

ՓԱՐՈՍ — Ութ։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԱԲԻԿ — Ո՜չ… քուէները կեղծել։

ՓԱՐՈՍ — Ինը։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԵՐՋԱՆԻԿ — Ո՜չ… Լա՜ւ մը հարբեցնել եւ քուէն առնել։

ՓԱՐՈՍ — Տասը։

ՓԱՌՆԱԿ — Կաշառել։

ԲԱՐՈՒՆԱԿ — Ո՜չ… ճշմարտութիւնը ըսել։ 

ԲՈԼՈՐԸ – Լռէ՛, գործդ չէ ասիկա։ Դուն հոս գործ չունիս։ Գնա ուրիշ բան մը ըրէ։

ՄԱԹԻԿ – Մտի՛կ ըրէք, առաջին եւ վերջին պատուիրանը՝ Փառնակին ըսածը ընելն է։

ՓԱՌՆԱԿ – Կաշառե՛լ, կաշառե՛լ, կաշառե՛լ… եթէ կաշառն ալ չեղաւ…

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — Է՞։

ՓԱՌՆԱԿ – Լա՜ւ մը ծեծել։

Տիպարներ կը ծափահարեն։

ՓԱՐՈՍ – Հոյակա՛պ, հոյակա՛պ, հոյակա՛պ։ Դուք այսօր դարձաք հաւատաւո՜ր աթոռապաշտներ։ Հիմա կրնամ ձեզ ազատ արձակէլ։ Ո՞ւր պիտի երթաք։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (հանդիսասրահը մատնանշելով)։ Հո՜ն։

ՓԱՐՈՍ — Ի՞նչ ընելու։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան): Խոստումնե՛ր տալու…

ՓԱՐՈՍ — Եւ…

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Չկատարելու։ 

ՓԱՐՈՍ — Ուրեմն՝ քանի՞ տեսակ աթոռ կայ։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Երե՜ք։

ՓԱՐՈՍ — Առաջինը…

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Ապաթո՜ռ։ 

ՓԱՐՈՍ – Պռաւօ՜… Ապաթոռը որո՞ւ պիտի տաք։ 

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Ինծի՛։ Ինծի՛։ Ինծի՛։ 

ՓԱՐՈՍ – Ո՛չ, ո՛չ։ Ապաթոռը ուժ չունի։ Խնդրե՛մ, ուշադիր եղէք։ Լա՞ւ։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան): Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Երկրորդ աթոռը…

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան): Պատուաթո՜ռ։ 

ՓԱՐՈՍ — Պռաւօ… Պատուաթոռը որո՞ւ պիտի տաք։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Ինծի՛։

ՓԱՐՈՍ — (ջղայնացած)։ Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ։ Այդ երկու աթոռները ո՜ւժ չունի՛ն։ Հասկցա՞ք։

ՏԻՊԱՐՆԵՐ — (միաբերան)։ Այո՛։

ՓԱՐՈՍ — Ահաւասիկ՝ երրորդը… որ ուժ, դիրք եւ փառք ունի…

ՏԻՊԱՐՆԵՐ – (կ՛ընդհատեն)։ Ի՛նծի՛, ի՛նծի՛, ի՛նծի՛… (Կրկնելով կը քալեն դէպի հանդիսատեսը եւ հանդիպած անձին կը խօսին…) եկուր դուն ալ աթոռապաշտ դարձիր։ 

Աթոռը շատ անուշ բան է։

Ինչ որ ուզես կրնաս ընել 

դիրքի կը տիրանաս 

ամէն մարդ քեզի կը բարեւէ։ (Դուրս։)

ՓԱՐՈՍ — (պահ մը տիպարներուն ետեւէն կը նայի, կը ժպտի ապա կը սկսի խնդալ)։ Թշուառականնե՜ր։ Կը կարծեն որ՝ միայն երեք տեսակ աթոռ կայ։ Չեն գիտեր որ չորրորդ աթոռ մըն ալ կայ, որու մասին բա՛ն մը չըսի։ Ա՜հ, այդ չորրորդ աթո՜ռը… ա՛ն է իսկական աթոռը։ (Խորամանկ կը նայի հանդիսատեսներուն։) Օ՜հ, դո՞ւք կ՚ուզէք իմանալ այդ չորրորդ աթոռի մասին: (Գլխու ժխտական շարժումով։) Ո՛չ, ո՛չ…։ Այդ աթոռը ի՜մս է… ի՜մս… միայն իմս… (Կը խնդայ։ Խնդուքը տակաւ կը զարգանայ ու ամբողջ սրահը կը լսեցնէ։) 

Լոյսեր կը մարին։

Առաջին անգամ ներկայացուած է Հայաստանի Թատերական ինստիտուտի շրջանաւարտներուն կողմէ Կոլիա Ծատուրեանի բեմադրաթեամբ 1992ին, նախ ինստիտուտին մէջ, ապա՝ Սունդուկեանի անուան բեմին վրայ, Սփիւռքահայ Ա Փառատոնին, ապա՝ Մետրօ Թատրոնին մէջ։ 

Ծատուրեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած է նաև Հալէպ եւ Պէյրութ։

Ամերիկայի մէջ ներկայացուած է՝ 2007ին Նիւ Եորք, Ֆիլատէլֆիա եւ Նիւ Ճըրզի, 

Հրանդ Մարգարեանի բեմադրութեամբ: 

You may also like...

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։